Գրականութեան եւ Թատրոնի Առընչութիւնները

«Թատ­րո­նի լե­զու»ի մա­սին «կլոր սե­ղան»ի մը ըն­թաց­քին եւ ան­կէ վերջ ար­տա­յայ­տուած միտ­քեր, ո­րոնք սփիւռ­քեան կա­ցու­թեան նա­հան­ջի ա­րա­ձա­գանգ են նաեւ:

Թատ­րո­նը լուրջ ա­րուեստ է, ան­մի­ջա­կան եւ կեն­դա­նի: Տի­րա­ցուա­կան բա­րո­յա­խօ­սու­թիւն չէ եւ ոչ ալ մար­սո­ղու­թիւ­նը դիւ­րաց­նե­լու զուար­թա­բա­նու­թիւն: Ան բազ­մե­րես ա­րուեստ է, գրա­կա­նու­թիւն եւ կեանք, ան­մի­ջա­կա­նու­թիւն:

Փոք­րիկ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, կա­մայ եւ ա­կա­մայ, են­թա­կայ են մե­ծե­րու ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րուն եւ ի­րենք ի­րենց նոյն­քան կա­մայ ա­կա­մայ պար­տադ­րած դէ­պի վար պատ­շա­ճե­ցում­նե­րը, նուա­զա­գոյ­նով բա­ւա­րա­րե­լու եւ բա­ւա­րա­րուե­լու ճապ­կում­նե­րով:

Յա­ճախ կը մոռ­նանք, որ թատ­րո­նը գրա­կա­նու­թիւն է. լե­զու, ոճ, մար­դը եւ ա­նոր աշ­խար­հը: Ան պատ­կե­րուող պա­տում է: Հոն կան ի­րա­կա­նու­թիւն, ե­րե­ւա­կա­յու­թիւն, պա­տում եւ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն, լե­զուի հնա­րանք­նե­րով մթնո­լոր­տի ստեղ­ծու­մը:

Ինչ­պէս վէ­պի, պատ­մուած­քի եւ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան, թա­տե­րա­կան եր­կի ան­ցա­գի­րը լե­զուն է, իր բա­ռե­րու ե­րանգ­նե­րով, ե­րաժշ­տա­կա­նու­թեամբ, թե­լադ­րա­կա­նու­թեամբ: Թարգ­մա­նու­թիւ­նը, վէպ կամ թատ­րոն, նոր վեր­ծա­նում է լա­ւա­գոյն­նե­րու պա­րա­գա­յին, նոյ­նիսկ կրնայ ա­ւե­լի գե­ղե­ցիկ ըլ­լալ, բայց իր հա­րա­զա­տու­թե­նէն բան մը կը կորսնցնէ: Թարգ­մա­նու­թիւն­ներ կան, ո­րոնք բնագ­րէն ա­ւե­լի կը տպա­ւո­րեն, բայց բնագ­րէն ստա­ցուած «պատ­գամ»ը այլ է, քա­նի որ լե­զուի բա­ռը ի­րեն հետ կը բե­րէ յի­շո­ղու­թիւն, գա­ղա­փար, խոր­հուրդ:

Թատ­րո­նը ներ­կա­յա­ցուող պա­տում է, ի­րա­կա­նի եւ ե­րե­ւա­կա­յա­կա­նի, պատ­մու­թիւն եւ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն: Տե­սա­նե­լի: Հէ­քիա­թա­սա­ցու­թիւ­նը թատ­րոն էր, այ­սօր ան բե­մի վրայ է, մե­նա­թատ­րո­նի ձե­ւով: Եր­կը կը ներ­կա­յա­ցուի կեն­դա­նի ըլ­լա­լու խաբ­կանք ստեղ­ծե­լով:

Տօ­նե­րու եւ տօ­նա­վա­ճառ­նե­րու զուար­ճաց­նող խեղ­կա­տա­կու­թեանց կող­քին, ե­ղած են ներ­կա­յա­ցում­ներ, ո­րոնք պատ­մու­թիւն վեր­ծա­նած, ան­ցեա­լը գե­ղեց­կա­ցու­ցած, մար­դը ան­ցեա­լին հետ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մէջ պա­հած, իշ­խող­նե­րու փառ­քով ժո­ղո­վուր­դը հմա­յած են, ա­նոնց իշ­խա­նու­թիւ­նը ամ­րաց­նե­լով, ա­նոնց ծա­գու­մը կա­պե­լով աս­տուած­նե­րու: Միշտ ե­ղած է­ գե­ղե­ցի­կի մի­տու­մը, ա­րուես­տի ըմբռ­նու­մով, ոչ պա­տէն կախուած պատ­կեր:

Թա­տե­րա­կան կեանք եւ մշա­կոյթ ու­նե­ցող եր­կիր­նե­րու մէջ բազ­մե­րանգ են բե­մե­րը. եր­գա­խառն խա­ղեր, զա­ւեշտ, կա­տա­կեր­գու­թիւն, ող­բեր­գու­թիւն: Եր­գա­խառն թատ­րո­նը այլ մարզ է, իր եր­կու ճիւ­ղե­րով. օ­փե­րէթ եւ օ­փե­րա: Ա­ռա­ջի­նը ան­մի­ջա­կան է, հա­ճե­լի, զուարթ, յա­ճախ սրա­միտ: Օ­փե­րան կը շեշ­տէ ե­րաժշ­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը:

Մաս­նա­ւո­րե­լով մեր խօս­քը, մեզ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն հե­տաքրք­րո­ղը թատ­րոնն է, որ կեան­քի ե­րե­ւա­կա­յուած կամ ի­րաւ ներ­կա­յա­ցումն է, ինչ­պէս վէ­պը կամ պատ­մուած­քը: Ան ըլ­լայ կա­տա­կեր­գու­թիւն թէ ող­բեր­գու­թիւն, բե­մի վրայ խաղ­ցուող գրա­կա­նու­թիւն է, որ կը ձգտի ար­տա­յայ­տել զգա­ցում, սէր, ա­տե­լու­թիւն, կիրք, փա­ռա­սի­րու­թիւն, ըն­չա­քաղ­ցու­թիւն, նա­խանձ եւ վա­տու­թիւն, այդ բո­լո­րին հետ ե­սը, բա­րին, չա­րը, ո­ճի­րը, զո­հա­բե­րու­թիւ­նը, մա­կե­րե­սայ­նու­թիւ­նը, պատ­մու­թիւ­նը, քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ի­մաս­տա­սի­րու­թիւ­նը, օ­րի­նակ յանձ­նա­ռու թատ­րո­նը, ինչ­պէս Սարթ­րի եւ Ժան Ա­նու­յի, ին­չո՞ւ ոչ նաեւ Լե­ւոն Շան­թի:

Կա­տա­կեր­գու­թիւն թէ ող­բեր­գու­թիւն, յանձ­նա­ռու թէ բա­նաս­տեղ­ծա­կան (յի­շել Հա­մաս­տե­ղը) թատ­րո­նը կը յատ­կան­շուի իր ո­րա­կով, որ խորք է, խօսք եւ բեմ: Ա­նո­րակ, թատ­րո­նը կ՚ըլ­լայ գի­նար­բու­քի ան­պէտք զրոյց, որ բե­մի վրայ կը շա­րու­նա­կուի:

Թատ­րո­նը, թա­տե­րա­գի­րին եւ բե­մադ­րի­չին ՄԻ­ՏՈՒ­Մին մի­ջոցն է: Ին­չո՞ւ գրուած է, ին­չո՞ւ ընտ­րուած է: Ամ­բոխ զուար­ճաց­նե­լու եւ ե­կա­մուտ ա­պա­հո­վե՞­լու, թէ այլ բան:

Հար­ցե­րը գիր­քի մը մէջ կամ բե­մի վրայ փո­խադ­րող ՄԻ­ՋՈ­Ցը լե­զուն է, ո­րուն վրայ կը պա­տուաս­տուի մնա­ցեա­լը: Մեծ թա­տե­րա­գիր­նե­րու կտա­կը եւ մեծ բե­մադ­րիչ­նե­րու փոր­ձը ի՞նչ կ՚ը­սեն: Անգ­լիան լե­զուի ա­կա­դե­միա չու­նի: Լեզուի կա­նոն­նե­րը հիմ­նուած են գրող­նե­րու եւ ժա­ռան­գու­թեան վրայ: Շէյքս­փիր, ստեղ­ծած է ժո­ղովր­դա­կան եւ ար­քա­յա­կան տի­պար­ներ, բայց ո­րե­ւէ պա­րա­գա­յի ա­նոնց լե­զուն, ազ­նուա­կան կամ պարզ, կո­յու­ղիէ կամ աղ­բա­նո­ցէ չի գար: Մեծ կա­տա­կեր­գակ Մո­լիէ­րի ծա­ռան եւ կամ կեղծ ազ­նուա­կա­նը, գռեհ­կու­թեամբ խնդուք չեն յա­ռա­ջաց­ներ, բո­լո­րի լե­զուն ալ ճիշդ դա­սա­կան է, ա­նոնց յա­ջո­ղու­թիւ­նը կա­ցու­թիւն­նե­րու, պատ­կեր­նե­րու կամ ար­տա­յայ­տու­թեան գիւ­տե­րու մէջ է: Այդ գիւ­տերն են թատ­րո­նի լե­զուն, ոչ աս­կէ ան­կէ որ­սա­ցուած խայ­տա­ռակ բա­ռը: Երբ Մո­լիէ­րի «Ա­գա­հը» կը կաս­կա­ծի, որ իր ծա­ռան գող է, կ՚ը­սէ՝ «Ցոյց տուր ձեռ­քերդ» եւ ան կը պա­տաս­խա­նէ՝ «Ա­հա­ւա­սիկ ձեռ­քերս»: «Ա­գա­հը»՝ «Միւս ձեռ­քերդ» եւ ան ցոյց կու տայ նոյն ձեռ­քե­րը՝«Ա­հա­ւա­սիկ ա­նոնք», կա­տա­կեր­գու­թիւ­նը իր նրբու­թեամբ եւ խա­ղով կը յա­ջո­ղի: Կաս­կա­ծա­մի­տը կը պատ­կե­րա­նայ:

Հա­յաս­տան եւ սփիւռք­ներ, հնա­րած ենք սխալ գոր­ծադ­րուող ճիշդ միտք մը. կ՚ը­սենք՝ «թատ­րո­նի լե­զու»: Ի՞նչ բան է ան: Ան ոճ է, ա­րագ հա­կազ­դող, ոչ մանուա­ծա­պատ, նոյ­նիսկ պարզ, հարկ ե­ղած պա­րա­գա­յին բարդ, բայ­ց ան­խար­դախ եւ ճշգրիտ, ըլ­լայ ող­բեր­գու­թիւն թէ կա­տա­կեր­գու­թիւն: Մո­լիէ­րի թա­տե­րա­խա­ղե­րը դա­սա­գիր­քե­րու մէջ են, լե­զու սոր­վեց­նե­լու հա­մար: Հա­րա­զա­տու­թիւն կամ տի­պար ստեղ­ծե­լու հա­մար լե­զուն զեղ­ծե­լու կամ ամ­բո­խի բա­ռե­րը գոր­ծածե­լու կա­րիք չկայ: Կա­ցու­թիւ­նը եւ խորքն են կա­րե­ւոր, ի­րաւ սրամ­տու­թիւ­նը, պայ­ծա­ռու­թիւ­նը, տպա­ւո­րի­չը, գե­ղե­ցի­կը:

Ին­չո՞ւ խոր­հիլ, որ կո­յու­ղիէն բե­րուած օ­տար բա­ռը, յա­ճախ թրքե­րէն, «թատ­րո­նի լե­զու» է: Իբ­րեւ թէ հասկ­նա­լի ըլ­լա­լու հա­մար լե­զուա­կան սխալ­նե­րը ին­չո՞ւ կու­տա­կել: Օ­րի­նակ. Մե­զի պի­տի գա՞ս / Չէ, պի­տի չգամ: Մի­թէ՞ ճիշդ «Ոչ»ը նուա՞զ հասկ­նա­լի է եւ նուա՞զ ժո­ղովր­դա­կան… Ին­չո՞ւ «վազ ան­ցիր»ը ա­ւե­լի թա­տե­րա­կան է քան «ձեռք քա­շէ»ն կամ «թող»ը:  Ին­չո՞ւ «չո­ճուխ»ը, «ա­րա­պա»ն, թա­տե­րա­կան ըլ­լան… Լե­զուին տի­րա­պե­տո­ղը ա­նով կրնայ ար­տա­յայ­տել լացն ու ծի­ծա­ղը: Պէտք չէ զրպար­տել հան­դի­սա­տե­սը, որ ան ճշգրի­տը չի հասկ­նար կամ կը մեր­ժէ: Ընդ­հա­կա­ռակն. Ա­նոնք կրնան հիա­ցում պատ­ճա­ռել:

«Թա­տե­րա­կան լե­զու»ի հա­մար ին­չո՞ւ սխալ գրել եւ խօ­սիլ: Օ­րի­նակ, «քե­զի կը սի­րեմ», «Ան­ժէ­լին կը ծե­ծեմ» փո­խա­նակ ը­սե­լու՝ «քեզ կը սի­րեմ», «Ան­ժէ­լը կը ծե­ծեմ», ճիշ­դը կը վնա­սէ՞ «թատ­րո­նի լե­զուին»:  Կամ այն է որ թա­տե­րագ­րին կամ բե­մադ­րի­չին հա­յե­րէ­նի ի­մա­ցու­թիւ­նը կաղ է, եւ կամ ալ տա­ղան­դը՝ Շէյքս­փիր կամ Մո­լիէր ըլ­լա­լու… այ­սինքն թա­տե­րա­կան գիւ­տեր ը­նե­լու՝ ըստ պա­հու:

Թատ­րո­նը մշա­կոյթ է, մար­դոց հո­գե­կան եւ ո­գե­կան աշ­խար­հը կը փո­խան­ցէ: Ան ան­մի­ջա­կան յա­ջո­ղու­թեան եւ ժա­մա­նա­կա­ւո­րի մէջ ինք­զինք պէտք չէ բան­տար­կէ, ըլ­լայ ա­րուեստ եւ ծա­ռա­յու­թիւն, նուա­ճէ ո­րա­կը ա­րուես­տին եւ փո­խան­ցէ ժո­ղո­վուր­դին: Ան ե­թէ իւ­րա­քան­չիւր վայ­րի լե­զուի խա­թար­ման հե­տե­ւի, կը դառ­նայ փո­ղոց, ար­կօ, սլանկ… Երբ ֆրան­սա­ցին եւ անգ­լիա­ցին բե­մէն խօ­սին, քե­րա­կա­նու­թիւն եւ խո­նար­հում չեն խա­չեր, նոյ­նիսկ փո­ղո­ցա­յին տի­պար­նե­րը:

Ի՞նչ է «թատ­րո­նի լե­զու»ն, հոս, Նիւ Եորք, Փա­րիզ. մաս­թըրտ, մու­թարտ, խար­տալ… Հա­յե­րէ՞­նը: Հա­յե­րէ­նը չենք ը­սած, որ­պէս­զի ըն­թեր­ցո­ղը եւ հան­դի­սա­տե­սը սոր­վին:

Նա­հանջ­նե­րու աղ­բիւ­սին վրայ մշա­կոյթ կը ստեղծուի՞, լե­զու կը շի­նուի՞: Մա­միկ մը կ՚ը­սէր, ջար­դի սե­րուն­դէն, միայն ման­կա­պար­տէզ տե­սած, որ ա­մէն ան­գամ որ ուղ­տը ծուն­կը գե­տին դնէ հոն քար­վան­սա­րայ չի շի­նուիր: Մտա­ծել՝ ուղտ եւ քար­վա­նա­սա­րայ, ա­ժան եւ դիւ­րին պատ­շա­ճե­ցում­նե­րու կը հե­տե­ւինք:

«Քահ-քահ»ը յա­ջո­ղու­թեան նշան չէ, նոյ­նիսկ երբ ծա­փա­հա­րուի, հա­կա-թատ­րոն է, հա­կա-ա­րուեստ:

Ո­րա­կա­ւոր լե­զուն կը մեծց­նէ թա­տե­րա­գի­րը, եր­կը, բե­մադ­րի­չը եւ սրա­հի թա­տե­րա­սէ­րը:

Բո­լոր բե­մադ­րիչ­նե­րը թա­տե­րա­գիր չեն: Թա­տե­րա­գի­րը բե­մի հա­մար գրա­կա­նու­թիւն կը մշա­կէ:

Ո­մանք դեռ կ՚ը­սեն, գէթ մեր պա­րա­գա­յին, դաս­տիա­րա­կիչ է:

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015