ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԻՆՉՊԷ՞Ս ՇԱՀԱՐԿԵԼ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ
Ղուկասի Աւետարանին 19-րդ գլուխին մէջ կը կարդանք Տէր Յիսուսի պատմած մէկ առակը, այն մասին թէ մարդ ինչպէ՞ս պէտք է շահարկէ դրամը:
Առակին մէջ կը ներկայացուի ազնուական մը, որ թագաւորական իշխանութիւն առնելու համար, հեռաւոր երկիր մը կը մեկնի, եւ իր բացակայութեան ընթացքին համար իր ծառաները կանչելով անոնցմէ իւրաքանչիւրին տասը ոսկի դրամ կու տայ, որպէսզի շահարկեն եւ երբ վերադառնայ՝ իրենց շահած գումարը վերադարձնեն իրեն:
Ազնուական մարդը վերադառնալէն ետք իր ճամբորդութենէն, իր մօտ կը կանչէ իր այն ծառաները, որոնց գումար տուած էր եւ հաշիւ կը պահանջէ: Առաջին իր ստացած գումարին կրկնապատիկը կը վերադարձնէ իր տիրոջ, որով ականջալուր կ՚ըլլայ իր տիրոջ այս խօսքերուն.
«Ապրի՛ս, բարի՛ ծառայ, քանի այդ փոքրիկ բանին մէջ հաւատարիմ գտնուեցար, ահա քեզ տասը քաղաքներու վրայ կառավարիչ կը նշանակեմ» (Ղկ 19.17):
Երկրորդ ծառան ալ մօտենալով իր տիրոջ կը յայտնէ, թէ իր ստացած գումարին դիմաց հինգ անգամը շահած է: Այս ծառան եւս կը լսէ հետեւեալը իր տիրոջմէ.
«Քեզ ալ հինգ քաղաքներու վրայ կառավարիչ կը նշանակեմ» (Ղկ 19.19):
Ապա վեհերոտ կերպով կը մօտենայ երրորդ ծառան ու կ՚ըսէ իր տիրոջ.
«Տէ՛ր, ահաւասիկ տուածդ դրամդ, զայն պահեցի թաշկինակի մը մէջ ծրարած: Կը վախնայի քեզմէ, որովհետեւ խիստ մարդ մըն ես: Կ՚առնես ինչ որ քուկդ չէ եւ կը հնձես ինչ որ չես սերմանած» (Ղկ 19.20-21):
Տէրը լսելով իր ծառային այս խօսքերը՝ կ՚ըսէ.
«Չա՛ր ծառայ, քու խօսքովդ քեզ պիտի դատեմ: Քանի գիտէիր որ խիստ մարդ մըն եմ, կ՚առնեմ ինչ որ իմս չէ եւ կը հնձեմ ինչ որ չեմ սերմանած, ինչո՞ւ դրամս շահարկողներուն չտուիր, քանի գիտէիր նաեւ թէ վերադարձիս զայն տոկոսով միասին պիտի պահանջէի» (Ղկ 19.22-23):
Ապա դառնալով իր միւս ծառաներուն անոնց կ՚ըսէ.
«Առէ՛ք իրմէ դրամը եւ տարէք տուէք անոր՝ որ տասնապատիկը շահած է» (Ղկ 19.24):
Ծառաները կ՚արձագանգեն.
«Տէ՛ր, անիկա արդէն տասնապատիկը ունի»: Տէրը կը պատասխանէ անոնց.
«Գիտցէք, ունեցողին աւելի պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի ունեցած ամենէն փոքր բաժինն ալ» (Ղկ 19.25-26):
Եկեղեցւոյ հայրերն ու գրողները Տէր Յիսուսի պատմած այս առակը բազմաթիւ կերպերով մեկնած են: Այսպէս, ազնուական մարդը՝ նոյնինք Տէր Յիսուսն է, իսկ ծառաները՝ որոնց դրամ տուաւ, մարդիկն են, որոնք նոյն Տիրոջմէ ընդունելով «դրամը», շնորհքը, իւրաքանչիւրը կրնայ տարբեր ձեւերով օգտագործել զայն, պտղաբերելով տասի փոխարէն տասնապատիկ, հնգապատիկ, իսկ շնորհամերժ ըլլալու պարագային՝ կը մնայ նոյն մերկութեան եւ աղքատութեան մէջ:
Արդարեւ, իւրաքանչիւր մարդ կոչում մը ունի այս ժամանակաւոր կեանքին ընթացքին, եւ այդ կոչումը հասկնալու կամ ըմբռնելու համար կարիք ունի Աստուծոյ հետ անմիջական կապի մէջ ըլլալու, իսկ Աստուծոյ հետ անմիջական կապը կ՚իրականանայ Սուրբ Եկեղեցիին միջոցով, այլ խօսքով՝ անդամ ըլլալով Եկեղեցիին, եւ ո՛չ միայն սոսկ անդամ, այլ՝ լիիրաւ անդամ, որ գիտակից է իր անդամակցութեան եւ առ այդ պատասխանատուութիւն ունի եւ կը ստանձնէ արժեցնելու այդ անդամակցութիւնը:
Վերը նշեցինք, որ տրուած «դրամ»ը՝ շնորհքը զանազան կերպերով կրնայ ըլլալ, այսինքն՝ իւրաքանչիւր մարդու կը տրուի իր կարողութեան սահմաններուն չափ, կամ իր ունեցած հմտութեան համաձայն: Այս մասին կը վկայէ Սրբազան Առաքեալը՝ Պօղոս, որ իր Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակին մէջ այսպէս կը գրէ շնորհքի մասին. «Թէպէտ շնորհքները զանազան են, բայց նոյն Հոգին է տուողը։ Զանազան հոգեւոր պաշտօններ կան, այո՛, բայց նոյն Տէրն է զայն բաշխողը։ Նոյնպէս ալ, ծառայելու զանազան կարողութիւններ կան, բայց նոյն Աստուածն է, որ զանոնք կու տայ իւրաքանչիւրին։ Սուրբ Հոգին ամէն մէկուն մէջ կը յայտնուի տարբեր ձեւով մը, հասարակաց օգուտին համար։ Այսպէս, Սուրբ Հոգին մէկուն կարողութիւն կու տայ իմաստութեամբ յորդորելու, միւսին՝ նոյն Հոգին կարողութիւն կու տայ հոգեւոր գիտութեան հասնելու եւ ուսուցանելու։ Նոյն Հոգին երրորդի մը հաւատք կու տայ, ուրիշի մը՝ բժշկելու զօրութիւն. ուրիշի մը՝ հրաշագործութեան կարողութիւնը կու տայ, ուրիշի մը՝ մարգարէական պատգամախօսութիւն, ուրիշ մէկուն՝ Հոգիէն տրուած պարգեւները ճանչնալու կարողութիւն, ուրիշի մը՝ յափշտակութեան մէջ լեզուներ խօսելու շնորհք, իսկ ուրիշի մը՝ այդ լեզուներով խօսուածը մեկնաբանելու կարողութիւն։ Միեւնոյն Հոգին է, որ այս բոլորը կը կատարէ՝ իւրաքանչիւրին յատուկ շնորհք մը տալով, ինչպէս որ ինք կ՚ուզէ» (Ա.Կր 12.4-11): Աստուած Ի՛նք է տուողը, եւ կու տայ ըստ իւրաքանչիւրին կարողութեան:
Մեզի՝ մարդոց կը մնայ մեզմէ իւրաքանչիւրին տրուածը ճիշդ կերպով գործածելն ու պտղաբեր դարձնելը: Մեր կեանքին ղեկը ճի՛շդ է, որ մենք կը կառավարենք, սակայն ան մեզի չի՛ պատկանիր, այլ՝ Յիսուսին, որ մեզ Իր արիւնով գնեց (տե՛ս Գրծ 20.28: Հռ 3.25: Եփ 1.7: Տիտ 2.14: Ա. Պտ 1.18-19), հետեւաբար, պէտք է մեր կեանքին ղեկը այնպէ՛ս կառավարենք, որպէսզի հաճելի ըլլայ մեր Փրկիչին: Արդարեւ, ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի հաճելի դառնանք Տիրոջ՝ եթէ ոչ Իրեն նմանինք, մարդասէր ըլլանք՝ որով ձեռք կը ձգենք ճշմարիտ Աստուածասիրութիւն, քանի որ եթէ մեր նմանը չենք սիրեր, զուր տեղ է, որ կը յոխորտանք՝ թէ զԱստուած կը սիրենք, ըլլանք ողորմած, հոգատար, ներողամիտ, գթառատ, գործադրենք աստուածային պատուիրաններն ու թելադրութիւնները, եւ մեր վարք ու բարքով լաւ օրինակ ծառայենք ուրիշներուն, որպէսզի իրենք եւս գան դէպի Աստուած, հասնին ճշմարտութեան եւ ժառանգակից դառնան Աստուծոյ Արքայութեան: Այսպէս եթէ վարուինք, ապա մեր կեանքը ԼԱ՛Ւ կերպով շահարկած կ՚ըլլանք եւ մեր վարձատրութիւնը ո՛չ թէ այստեղ՝ ժամանակաւոր ու անցաւոր կ՚ըլլայ, այլ՝ յաւիտենականութեան մէջ եւ մնայուն: Որոշողը մե՛նք ենք:
Դրամը շահարկելու մասին ըսուած այս առակին Մատթէոսի Աւետարանին մէջ ալ կը հանդիպինք (Մտ 25.14-30): Այստեղ, ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք երջանկայիշատակ Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի այս առակին մասին կատարած մեկնութիւնը.
«Մարդ մը կար, որ երբ ուրիշ երկիր պիտի երթար…»: Այդ մարդը Յիսուս Ինքն է, իսկ ուրիշ երկիր երթալը՝ ակնարկութիւն է Իր համբարձմամբ Հօր մօտ բարձրանալուն:
Կ՚ըսէ՝ «կանչեց իր ծառաները»: Յիսուս առաջին հերթին նկատի ունի Իր առաքեալները: Ապա՝ Եկեղեցւոյ առաջնորդներն ու հովիւները: Այլ նաեւ՝ բոլոր քրիստոնեաները:
Կ՚ըսէ. «Անոնց յանձնեց իր ստցուածքը, որ շահարկեն»: Ի՞նչ է Յիսուսի ստացուածքը: Երեք տարբեր բացատրութիւններ կարելի է տալ անոր համար:
1. Անիկա Իր Եկեղեցին է: Յիսուս Իր Եկեղեցւոյ աճումը, պահպանութիւնը եւ խնամատարութիւնը վստահեցաւ առաքեալներուն, անոնց հետեւորդներուն եւ հաւատացեալներուն:
2. Անիկա Իր վարդապետութիւնն է կամ Աւետարանը: Յիսուս Իր վարդապետութեան կամ Աւետարանին մատակարարումը վստահեցաւ առաքեալներուն, անոնց հետեւորդներուն եւ հաւատացեալներուն:
3. Անիկա կը խորհրդանշէ Եկեղեցւոյ Խորհուրդները՝ Մկրտութիւնը, Դրոշմը, Ապաշխարութիւնը, Հաղորդութիւնը, Պսակ կամ Ամուսնութիւնը, Վերջին Օծումը եւ Ձեռնադրութիւնը: Այս Խորհուրդները միջոցներ են Աստուծոյ շնորհքները մարդոց փոխանցելու:
Արդ, Յիսուս Իր «ստացուածքը» տուած է եւ կու տայ, որպէսզի «շահարկուի»:
Առակը երեք ծառաներ կը ներկայացնէ մեզի: Տէրը անոնցմէ իւրաքանչիւրին գումար մը կու տայ. առաջինին՝ հինգ հարիւր ոսկի դրամ, երկրորդին՝ երկու հարիւր ոսկի դրամ եւ երրորդին՝ հարիւր: Ապա կը ճամբորդէ:
Ինչո՞ւ ամէն մէկուն տարբեր գումար կու տայ: Յստակօրէն ըսուած է արարքին միտքը. գումարներուն բաշխումը կատարուած է ըստ իւրաքանչիւրի կարողութեան: Տէրը անարդարութիւն չէ ըրած, այլ պարզապէս իւրաքանչիւրին տուած է այնքան գումար, որ կրնայ շահարկել: Այդ փոխաբերութեամբ՝ Յիսուս երբեք ի մտի չէ ունեցած կարողութիւններու նուիրապետութիւն մը: Իւրաքանչիւր կարողութիւն՝ իր ընելիքը ունի, իւրաքանչիւրը՝ իրեն յատուկ ծառայութիւնը մատուցանելու կոչուած է: Ամենէն անտեսուած եւ ամենէն անկարող համարուած մարդը՝ Աստուծոյ ծրագրին մէջ մեծ արժէք կրնայ ունենալ. երբ ան իր կարողութիւնը լիապէս ի բարին կ՚իրագործէ՝ մասնակցած կ՚ըլլայ Աստուծոյ փրկագործութեան: Աստուած մարդիկը չի՛ դատեր իրենց կարողութիւններուն «մեծութեամբ» կամ «փոքրութեամբ», այլ ըստ այն կարողութիւններուն «շահարկման»: «Մեծ» կարողութիւն ունենալը չի բաւեր: Շատեր կան, որոնք այնքան առատ շնորհներ ունին, բայց հասարակաց օգուտին չեն ծառայեցներ զանոնք: Այս առընչութեամբ լուսաբանիչ է կարդալ Պօղոս Առաքեալի Կորնթացիներուն գրած առաջին նամակին ամբողջ 12-րդ գլուխը: Առաքեալին հրաւէրն է, որ իւրաքանչիւր հաւատացեալ իրեն տրուած կարողութիւնը կամ պարգեւը կամ շնորհքը ի սպաս դնէ եկեղեցւոյ:
«Ծառաներէն ան որ հինգ հարիւր ոսկի դրամ ստացած էր, անմիջապէս գանց, շահարկութեան դրաւ եւ հինգ հարիւր եւս շահեցաւ: Նոյն ձեւով, ան որ երկու հարիւր ոսկի դրամ ստացած էր, երկու հարիւր ալ շահեցաւ: Բայց ան որ հարիւր ոսկի դրամ ստացած էր, գնաց հողը փորեց եւ իր տիրոջ դրամը հոն պահեց»: Իւրաքանչիւր հաւատացեալէ հաշիւ պիտի պահանջուի դատաստանի օրը: Ամէն մէկ հաւատացեալ կոչ-ւած է ըստ Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած շնորհքին կամ շնորհքներուն օգտակար ըլլալու եկեղեցւոյ: Այդ ընթացքը հաւատարմութիւն է իւրաքանչիւրին նկատմամբ Աստուծոյ տածած վստահութեան:
Ինչպէ՞ս հասկնալ շահարկումը:
Երեք առումներով կարելի է հասկնալ զայն:
1. Անիկա այն գործունէութիւնն է, որ կը մասնակցի եկեղեցւոյ աճման՝ թէ՛ քանակապէս եւ թէ մանաւանդ՝ որակապէս. եւ կ՚աշխատի անոր շնորհալից պահպանութեան եւ խնամատարութեան համար:
2. Անիկա տարածումն է Քրիստոսի վարդապետութեան կամ Աւետարանին:
3. Անիկա հաւատացեալներու կեանքին մէջ Եկեղեցւոյ Խորհուրդներուն ճշմարիտ մատակարարումն է:
Ծառաներէն երրորդը՝ չար եւ ծոյլ բնորոշուած է: Ինչո՞ւ:
Որովհետեւ ան փոխանակ իր կոչումին պատասխանատուութիւնը քաջութեամբ վերցնելու՝ հրաժարած է անկէ եւ չէ կատարած իրմէ ակնկալուածը: Իր այդ ընթացքով՝ ան ոչ թէ միայն ինքզինքին վնաս հասցուցած է, այլ նաեւ ուրիշներուն համար իր միջոցով բաշխուելիք բարիքը զլացած է: Չար եւ ծոյլ ծառային նման մարդիկը ոչ թէ միայն «չեն շահարկեր» իրենց տրուած շնորհքը կամ շնորհքները, այլ նաեւ այնքան կ՚արհամարհեն ուրիշները, որ անոնց յաջողութեան կասկածելով՝ չեն դիմեր անոնց օգնութեան:
Աստուած աւելի մեծ գործերու պատասխանատու կը կարգէ եւ Իր ուրախութեան մասնակից կը դարձնէ «շահարկող»ները, իսկ իրենց կոչումին անպատասխանատուները կը յանձնէ դատապարտութեան:
«Հիմա առէ՛ք անկէ հարիւր ոսկի դրամը եւ տուէք անոր՝ որ հազար ունի: Որովհետեւ ունեցողին պիտի տրուի՝ նոյնիսկ աւելիով, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի ունեցած փոքր բաժինն ալ»: Ընթերցողներէն ոմանք գուցէ անարդարութիւն տեսնեն այս խօսքին մէջ: Բայց անհրաժեշտ է բառերուն ետին տեսնել անոնց ճիշդ միտքը: Աստուած իւրաքանչիւր հաւատացեալի շնորհք կամ շնորհքներ կու տայ, եւ ամէն մէկուն՝ ըստ իր կարողութեան: Ու կ՚ակնկալէ, որ անոնք ի գործ դրուին եկեղեցւոյ բարիքին համար: Սակայն երբ անոնք «կը թաղուին» կամ «չեն շահարկուիր», փոխանակ օգտակար ըլլալու աստուածային փրկագործութեան՝ օգտակար եղած կ՚ըլլան չարի գործին:
Ունեցողը ան է, որ իրեն տրուած շնորհքները եկեղեցւոյ բարիքին համար ի գործ կը դնէ, եւ եկեղեցւոյ համար աւելին «կը շահի»: Եւ քանի գործով ապացուցած է, թէ ինք «շահարկել» գիտէ՝ «աւելի մեծ գործերու» պատասխանատու կը կարգուի Աստուծոյ կողմէ: Ու անոր կը վստահուի նաեւ այն՝ որ այլոց կողմէ չէ ստանձնուած:
Անարդարութիւն չէ՛ «չունեցող»էն առնել «ունեցած փոքր բաժինն ալ», քանի որ ան արդէն իսկ իրեն տրուած շնորհքը կամ շնորհքները միայն թաղել գիտէ: Հետեւաբար պարզ է: Երբ սերմնահատիկներու պարկը ագարակին մէկ անկիւնը կը ձգուի՝ կը փճանայ: Իսկ երբ դաշտ տարուելով կը ցանուի՝ բազմաթիւ պտուղներ կու տայ: Այն սերմնացանը որ ծոյլ է՝ կարելի չէ անոր դարձեալ գործ վստահիլ: Մինչ այն սերմնացանը որ աշխատասէր է՝ կարելի է անոր դարձեալ ու միշտ աւելի մեծ գործեր վստահիլ:
Կեանքին մէջ տեղքայլ ընելը չէ արտօնուած: Ան որ տեղքայլ կ՚ընէ՝ ետ գացած կ՚ըլլայ: Մանաւանդ այսօր: Քրիստոնեան կոչուած է միշտ առաջ երթալու: Անշուշտ յառաջ երթալ՝ միշտ ըստ Աստուծոյ Կամքին գործելով, երբեք չծուլանալով, այլ աշխատասիրութեամբ:
Պիտանի ծառան կամ աշխատասէրը աւելի մեծ պատասխանատուութեան կը կոչուի եւ մասնակից կը դառնայ Տիրոջ ուրախութեան, մինչդեռ անպիտան ծառան կամ ծոյլը կը մնայ անյուսութեան կամ կորուստի մութին մէջ (Զարեհ Արք. Ազնաւորեան, «Սերտողութիւն Մատթէոսի Աւետարանին», Մոնթրէալ, 2016, էջ 452-455):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
19 դեկտեմբեր 2021, Վաղարշապատ