ԼԻԱԹՈՔ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Կը յիշեմ՝ Զաւէնը նոր ծնած էր, հանգուցեալ Մանուշակ թանթիկը մանկան տեսութեան եկաւ: Աստուած հոգին լուսաւորէ, բարի եւ խնդումերես կին մըն էր, միշտ պատրաստ՝ իր մեծական խորհուրդներով ու խրատներով դիմացինին օգտակար ըլլալու:

Ազնիւ քեռկինի մայրիկը՝ հանգուցեալ Մանուշակ թանթիկը, նորածինի փորիկը կշտացնելու համար ձեռքերը դատարկ չէր եկած. ինծի համար բուռ մը արմաւ բերած էր. «Արեւի՛կ, կեր: Արմաւը կաթ կ՚ընէ: Կե՛ր, որ կաթդ շատնայ, մանուկիդ փորիկը անօթի չմնայ», ըսաւ: Այնուհետեւ հաճելի զրոյցի բռնուեցանք.

-Թրքական առած մը կայ, որ կ՚ըսէ՝ «Մէկ երեխան երեխայ չէ, երկուքն ալ՝ աւելի է» (Պիր չոճուք հիչ չոճուք, իքի չոճուք չոք չոճուք), իր խօսքի մէջբերեց ան:

Սա ասացուածքը վայրկենապէս դրոշմուեցաւ իմ ուղեղի մէջ եւ երկար ժամանակ բաւական խորը մտորելու առիթ ստեղծեց: Ան միշտ կը դառնար իմ մտքի մէջ: Կը փորձէի ընկղմիլ այս արտայայտութեան իմաստի յատակը: Հասկնալ, արդեօք ան ինծի համար ընդունելի՞ է, թէ ոչ: Միեւնոյն ժամանակ շատ հաւնեցայ եւ իւրաքանչիւր պատեհ-անպատեհ առիթի կ՚արտաբերէի: Ինչեւէ…

Զաւէնը իր ծնունդով լեցուց իմ կեանքը: Բոլոր վախերս ի չիք դարձան. այլեւս մայրացայ, զաւակի տէր դարձայ: Ողորմած Տիրոջ կամօք արու զաւակ մը ունեցայ՝ առողջ ու այնքան գեղեցիկ, որու նայելով չես կշտանար: Մայրական կաթի ամէն մէկ կումի հետ բալիկս կարծես աւելի կը կոփուէր, կը գեղեցկանար ու կ՚իմաստանար, ձեռք բերելով մարդկային լաւագոյն ու ջերմ յատկանիշներ: Ո՜հ, ինչ երջանկութիւն:

Զաւէնիկի կեանքի առաջին ամիսներուն ու տարիներուն բնաւ չէի խորհեր երկրորդ զաւակի մասին: Եւ իմ մտքի մէջ ընդդիմացայ թրքական այս առածին. «Ո՛չ, մէկ երեխան երեխայ է: Երկրորդի կարիքն ալ չկայ»: Երկար ժամանակ ապրեցայ զաւեշտալի ու տարօրինակ վախեր: Ինծի կը թուէր, թէ առանց Զաւէնիկի համաձայնութեան, ցանկութեան՝ ես չեմ կրնար խորհիլ երկրորդ երեխայի մասին: Երկրորդի ծնունդը կը նշանակէ խնձոր մը հաւասարապէս մէջտեղէն կիսել: Իսկ ես բնաւ պատրաստ չէի իմ սէրը հաւասարաչափ բաշխելու: Կը վախնայի, որ երկրորդ մը պիտի չկրնամ Զաւէնիս չափ սիրել: Իմ ցնորամտութիւններէն մին ալ վախն էր՝ Զաւէնի հանդէպ իմ ունեցած սիրոյ չափաբաժինի պակսելու վախը: Բաց աստի, կը խորհէի, արդեօք Զաւէնիկ պատրա՞ստ է իր ունեցածը, իր բաժինը կիսելու ուրիշի մը հետ... Ցիրուցան, անպատասխան ու անբովանդակ մտքեր ու վախեր, որոնք երկար ժամանակ հանգիստ չէին ձգեր զիս: Եւ այս ամէնի հետ մէկտեղ իմ մտքի մէջ կը շարունակէր պտտիլ վերոնշեալ ասացուածքը. «Մէկ երեխան երեխայ չէ, երկուքն ալ շատ է»: Այդ ինչպէ՞ս...

Ժամանակը, պատերազմը, Հայաստանն ու Արցախը, Աստուածաշունչը փոխեցին իմ մտածելակերպը: Հասկցայ կարեւոր մի բան՝ ես չեմ որոշողը, թէ քանի՞ երեխայ պիտի ունենամ. Աստուծոյ կամքն է: Եւ պէտք չէ խառնուիլ Բարձրեալի գործերուն: Առողջ մտածելակերպի դառնալը առանց վարանելու տուաւ իր բարի պտուղը: Ծնունդը: Ծնունդը Դանիէլի:

Լոյս աշխարհ եկաւ իմ երկրորդ բալիկը: Կրկին մանչուկ մը: Կրկին Տիրոջ կողմէ օրհնուած՝ առողջ ու գեղեցիկ: Կարեւոր բան մը հասկցայ: Երկրորդի ծնունդը կը նշանակէ ո՛չ թէ կիսել, բաժնել, այլ՝ կրկնապատկել, շատցնել, բազմացնել: Զաւակներէս իւրաքանչիւրի նկատմամբ իմ սէրը ոչ թէ պակսեցաւ, այլ կրկնապատկեցաւ: Օրէ օր ան աւելի կը շատնայ: Հրաշք մը, զոր կը դժուարանամ բացատրել, նկարագրել բառերով: Աննկարագրելի ուրախութիւն մը, հրճուանք ու բերկրանք կ՚ապրիմ, երբ երկուքը միատեղ կը գրկեմ, կը համբուրեմ: Դանիէլը իր ծնունդով ամբողջացուց այն, ինչ կիսատ էր:

Կ՚ուզեմ պոռալ, աշխարհին յայտնել իմ երջանկութեան մասին ու վարակել մարդկութիւնը իմ անսահման սիրով եւ ուրախութեամբ: Յիրաւի, մանկան ծնունդը հրաշք մըն է, լի անյատակ ջերմութեամբ ու քաղցրութեամբ: Երբ կ՚ուզես անհատոյց նուիլուիլ, հոգ տանիլ, պաշտպանել ու սիրել:

Դանիէլի ծնունդով ինքզինքիս համար կարեւոր բացայայտում մըն ալ կատարեցի: Ես նուիրուող տեսակ մըն եմ: Կ՚ապրիմ ո՛չ թէ ինծի համար, այլեւ՝ իմ զաւակներու համար: Երկուքն ալ՝ հաւասարաչափ կը սիրեմ անսահման ու անհատոյց սիրով: Անոնցմով կը շնչեմ ու կ՚արտաշնչեմ:

Շնորհակալ եմ Տէր իմ Աստուած, զիս՝ նուաստս, անարժանս նման պարգեւի արժանացնելու համար: Երջանկութիւն է ամէն պահ զգալ քու մէջ կաթիլ-կաթիլ աւելցող սէրն ու հոգատարութիւնը՝ պարուրուած անկեղծ ժպիտով եւ ուրախութեամբ:

Տեսնես ինչպիսի՞ն է զգացումը երրորդ եւ աւելի զաւակներու պարագային...

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունուար 26, 2022