«ԹՐԷՍ»Ի ԿՈՂՄԷ «ԸՆՏՐԱՆԻ»
Երէկ երեկոյեան, Պաքըրգիւղի քաղաքապետութեան առընթեր «Լէյլա Կենճէր» օփերայի եւ գեղարուեստի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ եզակի համերգ մը։ «Թրէս» երաժշտական համոյթը այս առթիւ հանդէս եկաւ յաջող ելոյթով մը, որու մասնակից ունկնդիրները առիթն ունեցան հաղորդ դառնալու բարձրորակ երաժշտութեան։
Ձեռնարկին յայտագիրը գործադրուեցաւ «Ընտրանի» անուան ներքեւ։ «Թրէս»ի երգացանկին մաս կազմեցին ընդհանրապէս վիպապաշտ շրջանի յօրինողներու ստեղծագործութիւնները, որոնք մեկնաբանուեցան զանազան ձեւաչափերու մէջ. ինչպէս՝ մեներգ, զուգերգ կամ երրեակ։
«Թրէս»ի անդամներն են՝ մեցցօ-սոփրանօ Լեռնա Աքպուլութ, կիթարահար Հալուք Օնաթ Աքպուլութ եւ դաշնակահար Ըշըլ Կիրայ։