«ԺԻՒՐԱՅԻ ՇՐՋԱՆԻ ԱՇԽԱՐՀԸ 3» ԺԱՊԱՒԷՆԸ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ Է ԹՈՂԱՐԿԵԼ 2021 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՅՈՒՆԻՍԻ 11-ԻՆ
«Ժիւրայի շրջանի բնայգին» շարժանկարներու շատ դիտուած շարքի շարունակութիւնը՝ «Ժիւրայի շրջանի աշխարհը 3»ը, ճերմակ պաստառ կը բարձրանայ 2021 թուականի Յունիսի 11-ին: Այս մասին, վերջրես յայտնած է Universal Pictures սթիւտիոն։ ««Ժիւրայի շրջանի աշխարհը»ը, ճերմակ պաստառ կը բարձրանայ 2021 թուականի Յունիսի 11-ին», Twitter-ի մէջ իրազեկած է սթիւտիոն: Արտադրիչ Էմիլի Քարմայքըլին եւ բեմադրիչ Քոլին Թրեւորրոուին յանձնարարուած է գրել շարժանկարի բեմագրութիւնը: Թրեւորրոուն նկարահանած է «Ժիւրայի շրջանի աշխարհը» (2015 թ.):
«Ժապաւէնի առաջին ցուցադրութեան ամսաթիւը յայտարարուած է «Ժիւրայի շրջանի աշխարհը 2»ի թողարկումէն չորս ամիս առաջ: Ժապաւէնի գործադիր արտադրողը ամերիկացի հռչակաւոր բեմադրիչ Սթիւըն Սփիլպէօրկն է, բեմադրիչը՝ քաթալոնացի Խուան Անթոնիօ Պայոնան: Դերասանական կազմին մէջ ընդգրկուած են Քրիս Փրաթ, Ճեֆ Կոլտպլում, Պրայս Տալլաս Հոուարտ, Ճասթիս Սմիթ, Ճէյմս Քրոմուէլ եւ Թոպի Ճոնս»։
«Ժիւրայի շրջանի աշխարհին» նախորդած են «Ժիւրայի շրջանի բնայգին» (1993 թ.), «Ժիւրայի շրջանի բնայգին 2. Մոռացուած աշխարհ» (1997 թ.) եւ «Ժիւրայի շրջանի բնայգին 3»ը (2001 թ.): 2015 թուականի դրութեամբ, աշխարհի մէջ առաջին շարժանկարի վարձոյթէն միագումար դրամական մուտքերը հասած են 1.67 միլիառ ամերիկեան տոլարի: Այդ ցուցանիշով «Ժիւրայի շրջանի բնայգին» չորրորդ տեղը կը զբաղեցնէ սինեմաթոկրաֆիի պատմութեան մէջ։