ՄԷԿ ՀԱՐԹԱԿԻ ՎՐԱՅ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Photopodium.com կայքը, որ մէկ հարթակի վրայ համախմբած է աշխարհի տարբեր ծայրերուն մէջ ստեղծագործող հետաքրքրական լուսանկարիչները, կը տօնէ իր հիմնադրման 10-րդ տարին: Երեւանի մէջ կազմակերպուած կայքի յոբելենական ցուցահանդէսին ներկայացուեցաւ ութսուն աշխատանք աշխարհի եօթ երկիրներէ: Լուսանկարներուն մէջ վառ արտայայտուած է մեզ շրջապատող գեղեցիկ, զարմանալի իրականութիւնը՝ հեղինակներու ընկալմամբ: Լուսանկարչական նիւթերու բազմազանութեամբ արտացոլուած է մոլորակի տարբեր անկիւններու գունագեղութիւնն ու իւրօրինակութիւնը:

«Photopodium.com - Մենք 10 տարեկան ենք» ցուցահանդէսը բացուեցաւ Փետրուարի 22-ին Թէքէեան կեդրոնի երդիքին տակ:

«Արմէնփրէս» գործակալութեան թղթակցին հետ զրոյցի ժամանակ Հայաստանի Photopodium.com-ի ներկայացուցիչ, լուսանկարիչ Արմէն Ենգոյեան ըսաւ, որ ցուցահանդէսին կը մասնակցին հեղինակներ Հայաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Գերմանիայէն, Իսրայէլէն, Լեհաստանէն, Ռուսաստանէն եւ Վրաստանէն: Հայաստանի մասնակիցներու կազմին մէջ են Էտկար Մարտիրոսեան, Յակոբ Պերպերեան, Սամուէլ Սեւատա, Վահան Քոչար, Վիգէն Մնոյեան եւ այլք:

«Այս ցուցահանդէսը նախապէս ներկայացուած է Մոսկուայի մէջ, ուր 150 եւ աւելի նկարներ ցուցադրուած են, այնուհետեւ՝ Թիֆլիզի, այժմ՝ Երեւանի մէջ: Շեշտեմ, որ կայքը լուսանկարիչներու հաղորդակցման, փորձի փոխանակման հրաշալի հարթակ մըն է: Ծանօթանալով լուսանկարիչներէ շատերու հետ՝ կապ հաստատած ենք նաեւ առօրեայի մէջ: Այս ձեւով ծանօթացած եմ Ռուբէն Չախմախճեանի հետ», նշեց Ենգոյեան:

Լուսանկարիչ Ռուբէն Չախմախճեան ներկայացուցած էր «Կիւմրիի մէջ» խորագրեալ լուսանկարը: Ան ըսաւ, որ փոքր զբօսաշրջութիւն մը կատարելով Հայաստանի մեծութեամբ երկրորդ քաղաքէն ներս՝ հրապուրուած է լուսանկարին մէջ արտացոլուած տեսարանով եւ անմահացուցած է զայն: Անդրադառնալով կայքին՝ լուսանկարիչը ընդգծեց, որ ութ տարիէ ի վեր արձանագրուած է այնտեղ: «Կայքը աշխարհի տարբեր ծայրերուն գտնուող լուսանկարիչները համախմբած է տեղ մը, եւ իրարու գործերուն ծանօթանալու, մէկզմէկ ճանչնալու հնարաւորութիւն կու տայ: Կը կարծեմ՝ ան կը նպաստէ լուսանկարչական արուեստի զարգացման», շեշտեց Չախմախճեան։

Photopodium.com ռուսական լուսանկարչական կայքը հիմնադրած է Վիքթոր Տանիլով: Ան այլ լուսանկարչական կայքերէն կը տարբերի անով, որ ցուցահանդէսներ կը կազմակերպէ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Կայքի միջոցով կ՚իրականացուին անհատական թեմաթիք եւ այլ ցուցահանդէսներ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 26, 2018