ԻՄ ԿԵԱՆՔԻ ՏՂԱՄԱՐԴԻԿ

Անոնք երկուքն են, թէպէտ իմ մտքի մէջ երրորդ մը նոյնպէս կը բնակի։

Մենք զիրար շատ կը սիրենք։ Միասին կը պառկինք ու կ՚արթննանք։

Անոնցմէ առաջինը շատ խիստ է եւ ուշադիր։

Կեանքի բոլոր պարագաներուն կը գերադասէ լրջութիւնն ու սակաւախօսութիւնը։ Ամէն մէկ բառ ու արտայայտութիւն զէնքի պէս զգոյշ կը գործածէ։

Յաճախ ինծի կը բարկանայ, երբեմն ալ կը սաստէ անուշադիր ըլլալու համար։ Ինքը ուշադիր, ես՝ անուշադիր։ Աւելի յստակ՝ միշտ չէ, որ կը պահեմ իմ զգօնութիւնը։ Զոր օրինակ՝ կը պահանջէ որ բոլոր ծանօթները դէմքով ու անունով յիշեմ, տեղ մը հանդիպած ատեն ալ չմոռնամ բարեւելու… Սակայն ընելիք բան չկայ, իմ տեսողական յիշողութիւնը կը սիրէ ինծի դաւաճանել։

Ահաւասիկ պզտիկ գաղտնիք մը մեր ներքին խոհանոցէն, ուր ժամանակ առ ժամանակ կը մատուցուին դառն ու կծու ուտելիքներ։ Է՜հ կծուն ալ օգտակար է առողջութեան, երբեմն նաեւ անհրաժեշտ։ Ուստի չեմ գանգատիր, պարզապէս կը կիսուիմ։

Սա բացասականը. այժմ անցնինք դրականին… Մենք կը սիրենք միասին զուարճանալ, լիաթոք ուրախանալ, երազել ու վայելել մեր կեանքի ամէն մէկ ակնթարթը։ Շատ կը սիրենք միասին դիտել շարժանկարներ՝ գեղարուեստական ու զուարճալի, կամ պարզապէս խորիմաստ ու հետաքրքրական։ Շատ կը կռուինք, բայց առանց իրարու չենք կրնար ըլլալ։ Ընդհանրապէս մեր խռովայոյզ վիճակը կը տեւէ քանի մը վայրկեան, այնուհետեւ նոր օր մը կը բացուի, կը ծագի արեգակն արդար։

Թէպէտ ան հասակն առած է, սակայն ներքուստ մանուկի մը կը նմանի, որ կը պահանջէ մշտական խնամք, ուշադրութիւն ու սէր… Ճիշդ պատճէնն է մեր տան ուրախութեան՝ իմ երկրորդ յոյժ կարեւոր տղամարդու։

Սա երկրորդին հետ ես շատ երջանիկ եմ։ Առանց անոր ներկայութեան կրնամ դիմանալ առաւելագոյնը ութ ժամ։ Երկար բացակայութեան պարագային անյատակ կարօտ մը կը սկսի կրծել հոգիս. սիրտս կը ճմլուի, շուրջս կը ծածկուի մոխրագոյնի յիսուն երանգներով…

Ամբողջ օրուայ ընթացքին ան հաճելիօրէն կը սպառէ իմ բոլոր եռանդն եւ ուժը։

Օր մը չձգեց, որպէսզի քունս առնեմ։ Երկուքուկէս տարիէ ի վեր, ոչ մէկ օր կրցայ ինքզինքիս հետ առանձին մնալ, ֆիզիքապէս ու մտովի հանգչիլ։ Երբեմն կը զգամ գերյոգնածութիւն, սակայն իմ մարմինը այլեւս կոպուեցաւ, կը տոկայ անոր դէմ։

Առտու կանուխ բիւր համբոյրներով ու գուրգուրանքով ան կ՚արթնցնէ զիս, հերթական անգամ կիսատ ձգելով իմ քաղցր քունը։

Երբ աչքերս բանամ, կ՚առերեսուիմ անոր անկեղծ ու բարի ժպիտին, կը խորասուզուիմ կապուտակ աչուկներուն մէջ ու կը մոռնամ անքնութիւն ու գլխացաւ։ Անմիջապէս կը կայտառանամ, նոր ուժով ու եռանդով կը սկսիմ իմ հաճելի օրուան։

Նախաճաշէ վերջ՝ երբեմն ինքնուրոյն, երբեմն ալ իմ օգնութեամբ, սա փոքրիկ ձեռքերը կը պարուրուին իմ պարանոցին, դառնալով ամենաթանկարժէք ու անգին զարդը, զոր ես երբեք կրած չեմ։

Սա փոքրիկ մարդուկը կ՚ուզէ շփանալ, խաղալ ու ջրիկանալ… Հոգ չէ, որ ես տակաւին չեմ աւարտած իմ նախաճաշը կամ ճաշը։ Ես իսկոյն կը յայտնուիմ գետնի վրայ։ Կը հանեմ իմ գիտցած բոլոր ընտանի ու վայրի կենդանիներու ձայները, քանզի իմ փոքրիկ տղամարդը շատ կը սիրէ անասունները։ Միասնաբար փիսիկի, շունիկի պէս կը քալենք… Կը խաղանք պահուըտուք, գրատախտակին կը գծենք զանազան պատկերներ, մասնաւորապէս կենդանիներու։ Ես կը գծեմ, ան կաւիճով մը աչուկ պատկերելէ վերջ կը սրբէ գծապատկերը։ Կը կառուցենք աւազէ դղեակներ…

Օրուայ վերջին ան կը սկսի աչուկները տրորել։

Ահաւասիկ ժամն է արդէն քնանալու։

Մահճակալի մէջ ալ աղուոր մը շփանալէ, քահ-քահ խնդալէ, նոր բառ մը սորվելէ վերջ, այլեւս ուժասպառ եղած ան ինձմէ կը խնդրէ գաւաթ մը ջուր ու թաթիկները կրկին պարանոցիս կամ իմ այտի վրայ, կը մտնէ խո՜ր քունի։

Ես երկա՜ր, անթարթ հայեացքով կը հսկեմ անոր քունը։ Քնքշաբար ճակատէն կը հեռացնեմ մազերը, գուրգուրանքով կը շոյեմ իրեն մազերն ու կը զգամ, թէ ինչպէս այդ ընթացքին ես կ՚ուժեղաման։ Կը դառնամ անկոտրուն ու հզօր, պատրաստ դիմակայելու աշխարհի բոլոր դժուարութիւններն ու հոգերը։

Գերբնական ուժ մը կը զգամ, կարծես պատրաստ ըլլամ ամէն կերպով պաշտպանելու, մարտնչելու յանուն իմ փոքրիկի բարրօրութեան ու անվտանգութեան։

Կը զարմանամ, թէ ինչպէս սա փոքրիկ արարածը կրնայ պարգեւել այսքան ուժ ու դրական զգացումներ։ Ան իրական հրեշտակ մըն է, որ կը պաշտպանէ թէ՛ քեզ, թէ՛ զինքը։

Իմ երրորդ տղամարդը տարիներ առաջ լքեց զիս, սակայն կը շարունակէ ապրիլ իմ հոգւոյն ու սրտին մէջ։ Ան միշտ ինծի հետ է, զիս չէ մոռցած։ Իմ գիշերային երազներու մշտական հիւրն է։ Անոր յիշատակը վառ պահելու, անոր անունը ապրեցնելու համար ես որդիս կոչեցի Զաւէն։

Ահաւասիկ իմ կեանքի երեք տղամարդիկ՝ ամուսինս, որդիս ու մեծ հայրս։

Ես կը սիրեմ իմ ընտանիքը, կը սիրեմ անոնց համար յոգնիլ, ուժասպառ ըլլալ, եփել-թափել, վերածուիլ խամաճիկի մը, խենթուկի մը, միայն թէ անոնք ժպտան, միշտ ըլլան առողջ ու երջանիկ։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Փետրուար 26, 2020