ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԲԱՐԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԻՒՆ

​«Պահքը միայն Աստուծոյ փառքին համար պէտք է ըլլայ»
(Պօղոս Պատրիարք Ադրիանապոլսեցի)

Վաղը, կիրակի, 27 փետրուար 2020-ին, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Բուն բարեկենդան է: Բուն բարեկենդանի կիրակին ազդանշան է հաւատացեալներուն Մեծ պահքի սկզբնաւորութեան:

Յաճախ Բուն բարեկենդան անունը շատերը կը մոլորեցնէ, կարծել տալով, որ այդ օր կարելի է ամէն տեսակի զուարճանքներու տալ ինքզինք, ուրախանալ, զուարճանալ, որովհետեւ յաջորդ օրն իսկ մուտք պիտի գործէ երկար ճանապարհորդութեան մը մէջ, որ քառասունութ օր պիտի տեւէ, եւ այդ մտայնութեամբ, Բուն բարեկենդանի օրը մարդիկ իրենք զիրենք ամէն տեսակի վայելքներու կու տան, այն ինչ այս մօտեցումը սխալ է: Ինչպէս մեր երկրաւոր կեանքի ընթացքին երբ որեւէ մէկ տեղ պիտի ճամբորդենք, ըստ մեր ճամբորդութեան ուղղութեան մենք մեզ յաւուր պատշաճի կը պատրաստենք, այդպէս եւ առաւել եւս այս ճանապարհորդութեան պէտք է մենք մեզ մեծ ուշադրութեամբ եւ զգօնութեամբ պէտք է պատրաստենք:

Ստեփաննոս Աւագ Քահանայ Մանդինեանցը իր «Աստուածպաշտութիւն Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ» գիրքին մէջ (վերահրատարակուած Անթիլիաս, 2010, էջ 238-239) այսպէս կը բացատրէ Մեծ պահքի սկզբնաւորութիւնը.

«- Եկեղեցին ի՞նչ կը յիշեցնէ մեզի Մեծ պահքի սկզբնաւորութեան:

Մեզի կը յիշեցնէ մեր հօր՝ Ադամին, աստուածային պատուիրաններուն նկատմամբ ունեցած անհնազանդութիւնը, արգիլուած պտուղը ուտելով, եւ անոր զղջալը, դրախտէն արտաքսուելէն ետք, այդ պատճառաւ Բուն բարեկենդանի կիրակիին նախորդող օրը՝ շաբաթ երեկոյեան, խորանը կը ծածկեն վարագոյրով, խորհրդանիշ՝ Ադամի դրախտէն արտաքսուելուն: Երկու կիրակիներուն [Մեծ պահքի առաջին երկու կիրակիներու մասին է խօսքը] շարականները այս խորհուրդը կը պատմեն:

- Ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի այդ նկարագրութիւնը:

Պահքի սկիզբը մեզի կը յիշեցնէ, թէ որքան կորստական է որկրամոլութիւնը, եւ որքան փրկարար են ժուժկալութիւնն ու պահքը. որովհետեւ, զղջալէն առաջ յիշելով մեր բնութեան նախկին կատարելութիւնը, կը ջանանք վերադարձնել կորսուածը»:

Բուն բարեկենդանի կիրակի օրուան ճաշու ընթերցուածները իւրաքանչիւր պահք պահել ցանկացող հաւատացեալին կու տան այն զէնքերը, որոնցմով հաւատացեալը զինուելով կրնայ յաջողութեամբ անցնիլ այդ ճանապարհորդութիւնը:

Այսպէս, Եսայի մարգարէութենէն ընթերցուած հատուածին (Ես 58.1-14) մէջ Տէր Աստուած այսպէս կ՚ըսէ. «Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս՝ անիրաւութեան կապերը քակելը, լուծին կապերը թուլցնելը, հարստահարութիւն կրողները ազատ թողուլը, ամէն լուծ կտրելը, հացդ անօթիին բաժնելը, թափառական տնանկները տունդ ընդունիլը, մերկ մը հագցնելը ու մարմինդ անտեսելն է» (Ես 58.6-7): Ահաւասիկ, մի քանի կարեւոր կէտեր, որ իւրաքանչիւր պահեցող եթէ կ՚ուզէ, որ իր պահքը ընդունելի ըլլայ Աստուծոյ եւ շինութիւն՝ իր հոգիին, ապա պէտք է անպայմանօրէն փորձէ կատարել զանոնք, որովհետեւ «եթէ անօթին յօժարութեամբ կերակրես, եւ կարօտին հոգին կշտացնես, այն ատեն քու լոյսդ խաւարի մէջ պիտի ծագի ու քու խաւարդ կէսօրուան պէս պիտի ըլլայ: Տէրը միշտ քեզի առաջնորդութիւն պիտի ընէ, քու հոգիդ երաշտութեան ատեն պիտի կշտացնէ, ոսկորներդ պիտի զօրացնէ. դուն ջրարբի պարտէզի աղբիւրի պէս պիտի ըլլաս, որուն ջուրը չի պակսիր: Քեզմէ ծնածները հին աւերակները պիտի շինեն: Նախկին դարերուն հիմերը պիտի վերականգնես: Դուն փլածներ նորոգող ու բնակութեան համար ճամբաներ շտկող պիտի կոչուիս» (Ես 58.10-12), այս եւ նման բազմաթիւ խոստումներու պիտի արժանանայ ճշմարիտ պահեցողութիւն կատարողը:

Պօղոս Առաքեալ հռոմայեցիներուն ուղղած իր նամակին 13-14-րդ գլուխներէն առնուած հատուածներուն մէջ կը թելադրէ հաւատացեալներուն, որպէսզի «խաւարի գործերէն հեռանանք եւ լոյսի զէնքերը մեր վրայ առնենք, ապրելու համար այնպէս՝ ինչպէս վայել է լոյսի մէջ քալողներուն, փոխանակ անառակութեամբ, արբեցութեամբ, խառնակեցութեամբ ու պղծութեամբ, կամ նախանձով ու հակառակութեամբ ապրելու: Տէր Յիսուս Քրիստոսի նկարագիրը ձեր վրայ առէք, եւ մարմինի ցանկութիւնները կատարելու հետամուտ մի՛ ըլլաք» (Հռ 13.12-14). պահեցողութեան սկզբնաւորութեան Առաքեալին թելադրութիւնն է հետեւաբար, հեռանալ խաւարի գործերէն, լոյսի զէնքերը առնել. եթէ հարցնենք ի՞նչ են լոյսի զէնքերը, պատասխանը պարզ եւ յստակ է՝ առաքինութեան ամէն տեսակի գործեր՝ աղօթքէն սկսելով հասնելու համար ներողամտութեան եւ ողորմութեան: Աւելին, Առաքեալը կը թելադրէ հեռու մնալ խաւարային ապրելակերպէ, այսինքն՝ անառակութենէ, արբեցութենէ, խառնակեցութենէ, պղծութենէ, նախանձէ, հակառակութենէ եւ զգուշանալ մարմինի ցանկութիւնները կատարելէ: Եւ ամենէն կարեւորը կը պատուիրէ մեր վրայ առնել Քրիստոսի նկարագիրը: Ի՞նչ է Քրիստոսի նկարագիրը. պատասխանը Տէր Յիսուս Ի՛նք կու տայ. «Ձեր վրայ առէք Իմ լուծս եւ Ինձմէ սորվեցէք, որովհետեւ հեզ եմ եւ սիրտով խոնարհ, եւ դուք ձեր հոգեկան հանգստութիւնը պիտի գտնէք: Քանի Իմ լուծս դիւրաւ տանելի է եւ բեռս՝ թեթեւ» (Մտ 11.29-30):

Իսկ 14-րդ գլուխին մէջ Սրբազան Առաքեալը կը զգուշացնէ մեզ մեր եղբայրները՝ նմանները դատելէն: Այս գլուխին սկիզբը Առաքեալը յատկապէս շեշտը ուտելիքի վրայ կը դնէ, ըսելով. «Հաւատքի մէջ տկարացած մէկը ընդունեցէք՝ առանց իր խիղճը տանջող կասկածները քննադատելու: Օրինակ, մէկը կը հաւատայ՝ թէ ամէն ինչ կարելի է ուտել: Ուրիշ մը, որ կասկած ունի այդ մասին, բանջարեղէն կ՚ուտէ միայն: Ամէն ինչ ուտողը թող չարհամարհէ չուտողը, իսկ չուտողը թող չքննադատէ ուտողը, որովհետեւ Աստուած զայն ընդուներ է: Ո՞վ ես դուն որ Աստուծոյ ծառան կը դատես: Տէրը Ի՛նք միայն գիտէ՝ իր հաւատքին մէջ կանգո՞ւն է անիկա, թէ ինկած: Բայց վստահ եղէք որ կանգուն պիտի մնայ, որովհետեւ Տէրը կրնայ զայն կանգուն պահել» (Հռ 14.1-4): Երեւոյթ մը, որ այս օրերուն եւս շատ տարածուած է: Արդարեւ, կը յայտարարենք՝ շատ յաճախ սին հպարտութեամբ, թէ պահք կը պահենք, սակայն միւս կողմէ կը քննադատենք այլ պահեցողի մը վարքն ու բարքը, ուտելն ու չուտելը, շատ յաճախ մանրամասնութեամբ կը քննենք, թէ մեր դրացիները, գործընկերները, կամ ծանօթները ինչպէ՞ս կը պահեն իրենց պահքը, եւ ի՜նչ ըսես չենք ըսեր անոնց հասցէին, անգիտանալով կամ ուշադրութիւն չդարձնելով Առաքեալին վերոնշեալ խօսքերուն: Աւելին, դարձեալ Առաքեալին բառերով՝ «Աստուծոյ Արքայութիւնը կերակուր կամ ըմպելիք չէ, այլ՝ արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ խնդութիւն, Սուրբ Հոգիէն տրուած: Եւ ով որ ասոնցմով կը ծառայէ Քրիստոսի, անիկա Աստուծոյ հաճելի եւ մարդոց գովելի կ՚ըլլայ» (Հռ 14.17-18): Հետեւաբար, ճիշդ չէ՛ Մեծ պահքի ժամանակաշրջանը սահմանափակել միայն ուտելիքով ու խմելիքով, որովհետեւ այդպիսով պահեցողութիւնը կը դատարկուի իր ճշմարիտ իմաստէն եւ կը վերածուի ձեւականութեան մը պարզապէս, այլ՝ պէտք է պահեցողութեան մօտենալ արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ խնդութիւն ձեռք ձգելու մտադրութեամբ:

Իսկ Բուն բարեկենդանի կիրակիի ճաշու ընթերցումներուն Աւետարանական հատուածը առնուած է Մատթէոսի Աւետարանի 6-րդ գլուխէն, 1-21 համարները, ուր Տէր Յիսուս կը խօսի ողորմութեան, աղօթքի, ծոմապահութեան եւ Երկինքի մէջ գանձ դիզելու մասին: Պահեցողութեան պտղաբերութեան կարեւոր երեք զէնքեր՝ ողորմութիւն, աղօթք եւ մտադրութիւն՝ Երկինքի մէջ գանձեր դիզելու: Այսպէս.

ա. Պահեցողը Մեծ պահքի տեւողութեան պէտք է իրեն ընկերակից ունենայ ողորմութիւնը, աշխատիլ իր կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ օգտակար ըլլալ իր նմաններուն, սակայն պէտք է ուշադիր ըլլալ ողորմութիւնը կատարելու եղանակէն՝ ականջալուր ըլլալով Տիրոջ թելադրութեան, որ կ՚ըսէ. «Երբ դուն ողորմութիւն կու տաս, ձախ ձեռքդ թող չգիտնա՛յ թէ ինչ կ՚ընէ աջ ձեռքդ: Այսպիսով ողորմութիւնդ գաղտնի ըրած կ՚ըլլաս, եւ քու երկնաւոր Հայրդ, որ անտեսանելի է եւ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մտ 6.3-4):

բ. Երկրորդ, պահեցողութեան ընթացքին պահեցողը պէտք է ամուր կառչի աղօթական կեանքին, որ Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան ամենէն ապահով, ջերմ եւ մտերիմ կապն է: Աղօթքի պարագային ալ, սակայն, պահեցողը զգոյշ պէտք է ըլլայ եւ չնմանի փարիսեցիին, որ ինքնագովութեամբ կը զբաղէր աղօթքի ժամանակ (Ղկ 18.10-14), այլ՝ «երբ կ՚աղօթես՝ կեղծաւորներուն մի՛ նմանիր, որոնք կը սիրեն ժողովարաններու մէջ եւ հրապարակներու անկիւնները կեցած աղօթել, որպէսզի մարդիկ իրենց աղօթելը տեսնեն: Վստահ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձրատրութիւնը: Դուն երբ կ՚աղօթես՝ մտի՛ր սենեակդ, գոցէ՛ դուռը եւ ծածուկ կերպով աղօթէ քու երկնաւոր Հօրդ: Եւ Հայրդ որ անտեսանելի է ու կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի հատուցանէ յայտնապէս:

Տակաւին, երբ կ՚աղօթէք, մի՛ շատախօսէք հեթանոսներուն նման, որոնք կը կարծեն որ եթէ շատ խնդրեն՝ լսելի պիտի դառնան: Արդ, մի՛ նմանիք անոնց, որովհետեւ ձեր Հայրը գիտէ ինչ որ պէտք է ձեզի, նոյնիսկ երբ տակաւին Իրմէ խնդրած չէք» (Մտ 6.5-8): Իսկ պահեցողին համար պահեցողութեան այս շրջանին եւ ընդհանրապէս իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան աղօթքի ամենէն զօրաւոր զէնքը պէտք է ըլլայ Տէր Յիսուսի սորվեցուցած աղօթքը՝ «Հայր մեր»ը, ուր ամփոփուած կը գտնենք մարդուն ամէնօրեայ կարիքներուն հիմնական կէտերը:

Ի վերջոյ, Մեծ պահքի այս ընթացքը իւրաքանչիւր պահեցող պէտք է նպատակ ունենայ Երկինքի մէջ գանձեր դիզելու՝ հետեւելով Տիրոջ պատուէրին. «Ձեր հարստութիւնը մի՛ դիզէք երկրի վրայ, ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն եւ կամ գողերը պատդ քանդելով ներս կը մտնեն ու կը գողնան զայն: Այլ ձեր հարստութիւնը դիզեցէք երկինքի մէջ, ուր ցեցն ու ժանգը չեն կրնար փճացնել զայն, եւ ոչ ալ գողերը կրնան պատդ քանդելով ներս մտնել եւ գողնալ: Որովհետեւ ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կ՚ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը» (Մտ 6.19-21):

Աւարտենք Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետին հետեւեալ տողերով, մաղթելով բոլոր պահեցողներուն բարի եւ անփորձանք ճանապարհորդութիւն, իսկ փորձութիւններու պարագային չվհատիլ, այլ՝ աղօթքով դիմել Աստուծոյ օգնութեան:

«Պահք պահելուդ փաստը գործերուդ ընդմէջէն ցոյց տուր ինծի: Բերանդ մի՛ պահեր միայն, այլ՝ պահէ աչքերդ, ականջներդ, ոտքերդ, ձեռքերդ եւ մարմինիդ բոլոր անդամները:

Ձեռքերդ պահէ՛ առնելէ, ագահութենէ եւ գէշ գործերէ:

Ոտքերդ պահէ՛ յանցանքներու եւ նեղութիւններու ետեւէ վազելէ:

Աչքերդ պահէ՛ ուրախութեամբ տեսնելէ այն ամէնը՝ ինչ չար է:

Ականջներդ պահէ՛ չար խօսքերէ ու բամբասանքէ:

Բերանդ պահէ՛ ատելութեան խօսքերէ, քննադատելէ եւ անիրաւելէ:

Լաւ է, որ ինքզինքդ կը զրկես թռչուններու եւ անասուններու միս ուտելէ, սակայն վա՛յ անոր որ կը շարունակէ իր եղբայրներուն միսը ուտել»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

19 փետրուար 2022, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Փետրուար 26, 2022