ՀԱՒԿԻԹ ՆԵՐԿԵԼՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Զատ­կի տօ­նի առ­թիւ սո­վո­րու­թիւն է եւ ժո­ղովր­դա­կան-մշա­կու­թա­յին ա­ւան­դու­թիւն՝ հաւ­կիթ ներ­կե­լը, ձուա­խա­ղը կամ հաւ­կիթ­ներ ի­րար զար­նե­լով մրցե­լու սո­վո­րոյ­թը։ Ար­դա­րեւ Զատ­կի տօ­նը եւ հաւ­կի­թը կար­ծես նոյ­նա­ցած է թէ՛ ըն­կե­րա­յին եւ թէ ըն­տա­նե­կան կեան­քէն ներս եւ այս սո­վո­րու­թիւ­նը, սե­րուն­դէ սե­րունդ շա­րու­նա­կուե­լով «ա­ւան­դու­թեան» ար­ժէք է ստա­ցած։

Թէեւ մեր վեր­նա­գիրն է «Հաւ­կիթ ներ­կե­լու խոր­հուրդ»ը, բայց այս­տեղ «խոր­հուրդ» բա­ռը ո՛չ թէ իր յա­տուկ, կրօ­նա­կան ի­մաս­տով, այլ ընդ­հա­նուր առ­մամբ պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ, «ի­մաստ» նշա­նա­կու­թեամբ։

Սա­կայն «հաւ­կիթ»ը որ­պէս խորհր­դան­շան՝ կրօն­նե­րու եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու սո­վո­րու­թիւն­նե­րու մէջ ընդ­հան­րա­պէս տեղ գրա­ւած է եւ յա­ճախ ալ օգ­տա­գար­ծուած։

Այս պատ­ճա­ռով, հաւ­կիթ ներ­կե­լու սո­վո­րու­թիւնն ալ պէտք չէ հե­ռու նկա­տուի «խոր­հուրդ» ո­րա­կու­մէն։

Հաւ­կի­թը բեղմ­նա­ւոր մաս, աճ­ման եւ մա­նա­ւանդ սերն­դա­գոր­ծու­թեան խորհր­դա­նիշ հա­մա­րուած է տար­բեր շրջան­նե­րու եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կեան­քին մէջ։ Ուս­տի շատ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մէջ, բո­լո­րո­վին ան­կախ մէկզ­մէ­կէ՝ եւս ու­նե­ցած են հաւ­կիթ ներ­կե­լու սո­վո­րու­թիւ­նը, ինչ­պէս կը վկա­յեն պատ­մու­թեան զա­նա­զան ի­րո­ղու­թիւն­ներ։

Հաւ­կիթ ներ­կե­լու սո­վո­րու­թեան, եւ հետզ­հե­տէ ա­ւան­դու­թեան ա­տեն, ընդ­հան­րա­պէս գոր­ծա­ծուած է կար­միր գոյ­նը՝ որ­պէս ա­րեան խորհր­դա­նիշ, բայց ու­րիշ տար­բեր գոյ­ներ ալ օգ­տա­գոր­ծուած է պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին, եւ ինչ­պէս մին­չեւ մեր օ­րե­րը։ Զոր օ­րի­նակ, ե­գիպ­տա­ցի­նե­րը որ­պէս «նուի­րա­կան ըն­ծայ»՝ ի­րա­րու ներ­կուած հաւ­կիթ կը փո­խա­նա­կէին։ Ի­րա­նի մէջ Նոր տար­ւոյ առ­թիւ, որ­պէս նուէր՝ ներ­կուած հաւ­կիթ կը փո­խա­նա­կեն։ Հրեայ ժո­ղո­վուր­դը Պա­սե­քի, այ­սինքն հրէա­կան զա­տի­կի ժա­մա­նակ հաւ­կիթ կը գոր­ծա­ծէին։

Իսկ հա­յե­րու մօտ ճրա­գա­լոյ­ցի ե­րե­կո­յան տօ­նա­ցոյ­ցի հա­մա­ձայն՝ ընթ­րի­քը կը կա­յա­նար ձու­կէ եւ շո­մի­նէ (=սպա­նախ)՝ վ­րան հաւ­կիթ կոտ­րուած։ Ի­րա­նա­հա­յե­րը սո­վո­րու­թիւն ու­նին «քու­քու փլաւ» պատ­րաս­տել։ Հնդիկ­նե­րու մէջ եւս խորհր­դան­շա­կան կեր­պով հաւ­կի­թի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը տա­րա­ծուած է։

Թէ եր­բէն ի վեր սկսած է հաւ­կիթ ներ­կե­լու սո­վո­րու­թիւ­նը՝ այդ մա­սին յստակ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը պակ­սին դժբախ­տա­բար։ Այս մա­սին կա­րե­լի է թուել հե­տե­ւեալ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը.

ա) Ա­ւան­դու­թեան մը հա­մա­ձայն՝ Մա­րիամ Մագ­դա­ղի­նա­ցին կը մեկ­նի Հռոմ՝ Ա­ւե­տա­րա­նը քա­րո­զե­լու հա­մար։ Այս առ­թիւ կը ներ­կա­յա­նայ Տի­բե­րիոս կայս­րին եւ ա­նոր կը նուի­րէ կար­միր հաւ­կիթ, ը­սե­լով՝ «Քրիս­տոս յա­րեաւ ի մե­ռե­լոց», եւ յե­տոյ կը սկսի Ա­ւե­տա­րա­նը քա­րո­զել։ Ան­շուշտ, այս ի­րո­ղու­թիւ­նը լոկ ա­ռաս­պել կա­րե­լի է հա­մա­րել։

բ) Բո­լոր կրօն­նե­րու մէջ հաւ­կի­թը կա­րե­ւոր տեղ մը կը գրա­ւէ. մին­չեւ իսկ հին հռո­մա­յե­ցի­նե­րը եւ յոյ­նե­րը հաւ­կիթ կը նուի­րէին ի­րենց չաս­տուած­նե­րուն՝ սրբուե­լու եւ մաք­րուե­լու հա­մար։

գ) Հրեա­նե­րը Պա­սե­քի տօ­նին կը պատ­րաս­տուէին բա­ղարջ հաց, այ­սինքն անխ­մոր հաց, զատ­կա­կան գա­ռը եւ պինդ խա­շած հաւ­կի­թը ան­պա­կաս ը­նե­լով ի­րենց սե­ղա­նէն։

դ) Կա­թո­լիկ հա­մայ­նա­գի­տա­րա­նը «ձու», այ­սինքն «հաւ­կիթ» բա­ռի դի­մաց կու տայ նաեւ հե­տե­ւեալ բա­ցատ­րու­թիւ­նը։ «Հին ժա­մա­նակ հաւ­կի­թը գար­նան եւ պտղա­բե­րու­թեան խորհր­դա­նիշն էր, գար­նան սկիզ­բին մար­դիկ ի­րա­րու հաւ­կիթ կը նուի­րէին։ Մի­ջին դա­րե­րուն, պա­սի ժա­մա­նակ, երբ հաւ­կիթ ու­տե­լը ար­գի­լուած էր, հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը հաւ­կիթ ու­տե­լու եւ նուի­րե­լու սո­վո­րու­թիւ­նը վե­րա­պա­հե­ցին Կի­րա­կի օ­րուան։ Իսկ զատ­կա­կան հաւ­կի­թը այժմ խորհր­դա­նիշն է այն ժայ­ռէ գե­րեզ­մա­նին, ուր­տե­ղէն Քրիս­տոս յա­րու­թիւն ա­ռաւ։ Քրիս­տո­նեա­նե­րը հաւ­կի­թը կը ներ­կէին, կ՚օրհ­նէին՝ օրհ­նել կու տա­յին, յե­տոյ կ՚ու­տէին եւ որ­պէս նուէր՝ կու տա­յին ի­րենց բա­րե­կամ­նե­րուն»։­

ե) Կրօն­նե­րու մէջ, ընդ­հան­րա­պէս հաւ­կի­թը կը հա­մա­րուի նաեւ «յա­րու­թեան խորհր­դա­նիշ», քա­նի որ իր մէջ կը պա­րու­նա­կէր «կեան­քի նոր սերմ»ը, այլ խօս­քով՝ ծնունդ կ՚ու­նե­նար իր­մէ։ Հաւ­կի­թը կը ներ­կէին կար­միր գոյ­նով՝ որ­պէս ու­րա­խու­թեան խորհր­դան­շան։ Կար­մի­րը կը խորհր­դան­շէ նաեւ «զո­հի ա­րիւն»ը, հե­տե­ւա­բար՝ հաւ­կի­թը որ­պէս խորհր­դա­նիշ՝ կը պատ­կա­նի նա­խաք­րիս­տո­նէա­կան շրջա­նին, իսկ «հաւ­կիթ ներ­կել»ը մաս կը կազ­մէր գար­նան, այ­սինքն բնու­թեան վե­րա­կեն­դա­նա­ցու­մին հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն։

Քրիս­տո­նեա­նե­րու մօտ գոր­ծա­ծա­կան դառ­նա­լէն յե­տոյ՝ կար­մի­րը, կար­միր գոյ­նը խորհր­դան­շեց Քրիս­տո­սի խա­չին վրայ հե­ղած ա­րիւ­նը։

զ) Զրա­դաշ­տա­կան­նե­րու մօտ (=հրա­պաշտ, մազ­դե­զա­կան, կրա­պաշտ) ցարդ ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին կը գոր­ծա­ծուի հաւ­կիթ. իսկ պար­սիկ­նե­րը «Նո­րու­զի հաֆթ­սին»ի սե­ղա­նի վրայ կը դնեն նաեւ հաւ­կիթ։ Եւ հա­ւա­նա­բար, հա­յե­րու մօտ եւս գոր­ծա­ծա­կան էր հաւ­կիթ ներ­կե­լու սո­վո­րու­թիւ­նը եւ գար­նա­նա­յին տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին հաւ­կի­թը կը ներ­կէին որ­դան կար­մի­րով՝ որ­պէս ու­րա­խու­թեան նշան։ (Որ­դան=կար­միր որդ՝ որ­մէ կար­միր ներկ կ՚ար­տադ­րուի)։­

է) Ս. Գրի­գոր Տա­թե­ւա­ցին հաւ­կի­թը ներ­կե­լու մա­սին հե­տե­ւեալ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը կու տայ։

«Զատ­կի այս ա­ռա­ջին Կի­րա­կիի Շա­բաթ օ­րը կար­միր հաւ­կիթ կը ներ­կենք, եւ ա­նոր խոր­հուր­դը այն է, որ միա՛յն Զատ­կին հաւ­կիթ կը ներ­կենք, եւ ա­նոր խոր­հուր­դը այն է, ո­րով­հե­տեւ հաւ­կի­թը (ձուն) օ­րի­նակն է ամ­բողջ աշ­խար­հի, ինչ­պէս որ ի­մաս­տուն­նե­րը կ՚ը­սեն՝ դուր­սի կե­ղե­ւը կը նմա­նի եր­կին­քին, մղզնա­ձե­ւը (թա­ղան­թա­ձե­ւը՝ նուրբ մաշ­կը, բա­րակ մոր­թը) օ­դի, սպի­տա­կու­ցը՝ ջու­րի, դե­ղինն ալ եր­կիրն է, այ­սինքն՝ մէ­ջը։ Իսկ կար­միր ներ­կե­լը կը նշա­նա­կէ, թէ ամ­բողջ աշ­խար­հը գնուե­ցաւ Քրիս­տո­սի ա­րիւ­նով։ Եւ մենք կար­միր հաւ­կի­թը մեր ձեռ­քե­րուն մէջ առ­նե­լով՝ կը հռչա­կենք մեր փրկու­թիւ­նը։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռով է, որ նախ կար­միր գոյ­նով ներ­կուած հաւ­կիթ կ՚ու­տենք եւ յե­տոյ միւս կե­րա­կուր­նե­րը կը ճա­շա­կենք»։­

Առ­հա­սա­րակ, հնա­գոյն շրջան­նե­րուն եւ հին կրօն­նե­րու մէջ հաւ­կի­թը որ­պէս օ­րի­նակ՝ օգ­տա­գոր­ծուած է «տիե­զեր­քի էու­թիւ­նը բա­ցատ­րել»ու հա­մար։

Հնդիկ­նե­րը այն կար­ծի­քը ու­նէին, թէ՝ ամ­բողջ տիե­զեր­քը ծած­կուած է հաւ­կի­թի կե­ղե­ւի նման եւ դուր­սի կող­մին վրայ կը գտնուի ջուրն ու կրա­կը, օդն ու ե­թե­րը։ (Ե­թեր=օ­դի նօս­րա­գոյն մա­սը՝ եր­կինք, անջր­պետ)։

­Հաւ­կիթ ներ­կե­լը կրօ­նա­կան ո­րե­ւի­ցէ հի­մունք մը ու­նի՞, թէ ո՛չ։ Կա­րե­լի է ը­սել, որ քրիս­տո­նէա­կան վար­դա­պե­տու­թեան տե­սան­կիւ­նէն ո­րե­ւի­ցէ հի­մունք չու­նի՛, այլ՝ պար­զա­պէս ժո­ղովր­դա­կան «սո­վո­րու­թի՛ւն» մըն է, եւ հաւ­կի­թը որ­պէս խորհր­դա­նիշ՝ բո­լոր կրօն­նե­րու մէջ գոր­ծա­ծա­կան ե­ղած է։

Իր ընդ­հա­նուր գի­ծե­րով այս է հաւ­կի­թին խոր­հուր­դը եւ «հաւ­կիթ ներ­կել»ու սո­վո­րու­թիւ­նը…։

- Օգ­տուե­ցանք՝ Ար­տակ Ար­քե­պիս­կոս­պոս Մա­նու­կեա­նի «Շո­ղա­կաթ» գիր­քի Ա. հա­տո­րէն։

ԳՐԻ­ԳՈՐ ՍԱՐ­ԿԱ­ՒԱԳ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 22, 2016, Լիոն

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016