ԶՈՒԱՐՃԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԹԱԳԱԺԱՀՐԻ ՇՈՒՐՋ

Սա լարուած ու ճգնաժամային օրերուն մեր զուարճասէր ժողովուրդը չէ կորսնցուցած կատակելու զգացումը։ Հայերը համաճարակէն պաշտպանուելու լաւագոյն միջոցը կը համարեն ծիծաղն ու բարձր տրամադրութիւնը։ Այդ իսկ պատճառաւ զանազան կատակներ հիւսած են ու կը հիւսեն թագաժահրի շուրջ։

*

Մեր հաւատաւոր ժողովուրդի կենսուրախութենէն նեղուած է նոյնիսկ ինքը՝ աշխարհը ցնցած անզէն վարակը.

Քորոնաժահրը կը դիմէ Բարձրեալին.

-Տէր Աստուած, ես բոլոր աշխարհը տակն ու վրայ ըրի, ամէն մարդ վախէն չի գիտեր, թէ ինչ ընէ, սակայն այս հայերը կը շարունակեն խնդալ ու կատակել։ Բնաւ անհանգիստ չեն ըլլար։ Արդեօք ի՞նչ է պատճառը…

Աստուած.

-Է՜հ, անոնք նորէն իրենց յոյսը կապած են ինծի։

*

Յայտնի է, թէ Հայաստանի մէջ քորոնաժահրի տարածումը կանխարգիլելու համար յայտարարուած է արտակարգ դրութիւն։ Սա խստագոյն միջոցը նոյնպէս անմասն չմնաց զուարճախօսութենէ.

Ահաւասիկ մեր ժողովուրդը այնքան գոհ է, որ հարցում մը յղած ատեն կը պատասխանէ.- Արտակարգ դրութիւն կայ։

*

Ինչպէս իւրաքանչիւր երկիր, այնպէս ալ Հայաստանը ետ կը կանչէ արտասահմանի մէջ գտնուող իր հայրենակիցներն ու 14 օրով կը մեկուսացնէ ժամանողները։ Սակայն ի տարբերութիւն աշխարհի, մեր հոգատար հայրենիքը մեկուսացուածներուն համար կը ստեղծէ լաւագոյն պայմանները. զանոնք կը տեղաւորէ բարձրակարգ պանդոկներու մէջ։ Այս պանդոկներէն ամենայայտնին կը գտնուի Ծաղկաձորի մէջ.

Հարսանիքի մը կնքահայրը փռշտալով ամուսնացող զոյգին վրայ կ՚ըսէ.

-Աս ալ ձեզի նուէր՝ հանգիստ Ծաղկաձորի մէջ։

*

Յաջորդ զուարճախօսութիւնները կը վերաբերին ուսումնական հաստատութիւններու փակման ու անցումը՝ առցանց դասաւանդումի.

Եթէ քիչ մըն ալ երկար դպրոցները գոց մնան, ծնողները աւելի կանուխ պիտի գտնեն պատուաստանիւթը, քան գիտնականները։

*

Դէպք երաժշտանոցի առցանց դասերէն.

-Անահիտ, երգէ՛։

-Չեմ կրնար տիկին Սիմոնեան, մեծ մայրս կը քնանայ։

*

Կատակասէրները չեն անտեսած, թէ ո՞ր երկիրներէն քորոնաժահրը խուժեց Հայաստան.

Ժողովուրդ նկատած էք, որ Հայաստան կրկին յարձակման ենթարկուեցաւ Սասանեան Պարսկաստանի ու Հռոմէական կայսրութեան կողմէ։

*

Զանազան զուարճալի յայտարարութիւններ՝ կապուած թագաժահրի հետ.

Խուճապահար ժողովուրդը խանութներու մէջ գնումներ կատարելու ժամանակ, ապրանքներու հետ տարաւ նաեւ բաժնի աշխատողը։

Կը խնդրենք ետ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼ!!!

*

Կ՚աղաչեմ ըլլալ շատ ուշադիր

Խանութէն նոր եկանք տուն. դիմակները հանեցինք, տեսայ ուրիշի մը տիկինը բերած եմ տուն։

*

Հայաստանի Հանրապետութիւնը պարտաւոր է փոխհատուցում յատկացնել այն տղամարդոց, որոնք մեկուսացած են զոքանչներու հետ։

*

Այլեւս յայտնի է Հայաստանի մէջ քորոնաժահրի առաջին զոհը։

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին մառանի մէջ երեք պարկ ալիւրը դասաւորած ատեն՝ թափեց գլուխն ի վար։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2020