ՄԱՐԴ ԱՐԱՐԱԾԸ ՍՏԻՊՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՆՈՐ ՎԱՐՔ ՄԸ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒ…

Ամուր, կազմակերպուած եւ կուռ թուացող աշխարհը մուտք գործած է անկանխատեսելիութեան ժամանակաշրջան մը: Վաղը ի՞նչ պիտի ըլլայ: Պարզ ու համառօտ հարցում մը, որուն այսօր ոչ ոք կրնայ պատասխանել: Խելացի թուացող աշխարհը այսօր ամենապարզ հարցումներուն պատասխանը չունի: Կարծես շարժանկարի մը հերոսներ ենք կամ մեր առջեւ կարծես բացուած են նախորդ դարաշրջանէն գրողի մը երեւակայական վէպի մը էջերը եւ մուտք գործած ենք այդ վէպին մէջ:

Աշխարհավարակը, որուն գոյութեան չէինք ուզեր հաւատալ, այլեւս իրականութիւն է: Երկրագունդը այսօր մեր աչքներուն առջեւ կը ներկայանայ պսակը գլխուն գունդ մը, այսօրուան դերակատարը ոչ թէ մարդիկն են՝ քաղաքական գործիչները, աստղերը, մարզիկները, երգիչները, այլ՝ թագը գլխուն վարակ մը, որ բեմին վրայ է այսօր եւ կը կատարարէ բոլոր դերերը՝ բոլորին փոխարէն:

Աշխարհին մէջ տեղի ունենալիք եւ ծրագրուած ամէն բան չեղեալ է այսօր: Տնտեսական մեծ կորուստները, զորս այս պահուն կը կրէ ամէն ոք, պիտի վերաձեւակերպեն մարդուն յառաջիկայ վարքը: Ամենաքաղքենի եւ անիմաստ գործողութիւնները այլեւս նախորդ ժամանակներուն կը պատկանին: Մարդը ստիպուած պիտի ըլլայ նոր վարք որդեգրելու:

Կեանքը կը բաժնուի երկու մասի՝ քորոնայէն առաջ եւ քորոնայէն ետք: Ինչպէ՞ս էր կեանքը քորոնայէն առաջ, գիտենք բոլորս, ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ քորոնայէն ետք՝ չենք գիտեր, բայց յստակ գիտենք, որ միշտ պատերազմներէն, ճգնաժամերէն, համաճարակներէն եւ աղէտներէն ետք կեանքը շարունակուած է: Այժմ քորոնային ժամանակն է:

Քորոնային տարածումը աշխարհի մէջ լուրջ ազդեցութիւն ձգած է համաշխարհային եւ տեղական ծաւալի բոլոր միջոցառումներուն վրայ: Ամէն ինչ չեղեալ յայտարարուած կամ անորոշ ժամանակով մը յետաձգուած է: Քաղաքական, մշակութային, մարզական եւ այլ ձեռնարկներ, որոնք նախատեսուած էին նոյնիսկ հինգ տարի առաջ եւ որոնց համար մարդիկ տոմսեր գնած էին՝ երկրէ երկիր երթալու եւ այդ ձեռնարկներուն մասնակցելու համար, տեղի պիտի չունենան:

Յայտարարուած է, որ Ամառնային ողիմպիական խաղերը, որ այս տարի Թոքիոյի մէջ պիտի ըլլային, կը յետաձգուին եւ հաւանաբար տեղի պիտի ունենան 2021 թուականին, եթէ աշխարհի մէջ ամէն բան լաւ ընթանայ: Իր պատմութեան ընթացքին Ամառնային ողիմպիական խաղերը չեղարկուած են երկու անգամ եւ մէկ անգամ յետաձգուած՝ երեքն ալ Առաջին եւ Երկրորդ աշխարհամարտերուն պատճառով: Մինչ կը քննարկուէր Ողիմպիական ամառնային խաղերը յետաձգելու հարցը, Գանատայի, Աւստրալիոյ, Նորվեկիոյ եւ ուրիշ երկիրներու Ազգային ողիմպիական կոմիտէները յայտարարած էին, որ կը պոյքոթի կ՚ենթարկեն խաղերը եւ մարզիկներ չեն ղրկեր, եթէ չյետաձգուին:

Զուիցերիոյ մէջ մայիսի 8-24 թուականներու միջեւ նախատեսուած հակիի՝ ճոկանախաղի աշխարհի առաջնութիւնը նոյնպէս յետաձգուած է:

Քորոնավարակի տարածման պատճառով անորոշ ժամկէտով յետաձգուած են ժիւտոյի՝ ճաբոնական ըմբշամարտի վարկանշային բոլոր մրցաշարերը։

Չեղարկուած է Գեղասահքի աշխարհի առաջնութիւնը, որ պէտք է կայանար Մոնթրէալ՝ մարտի 16-22 թուականներուն միջեւ:

ՈՒԷՖԱ-ի որոշմամբ՝ մէկ տարիով յետաձգուած է ֆութպոլի Եւրոպայի ախոյենութիւնը եւ տեղի պիտի ունենայ 2021-ի 11 յունիս-11 յուլիս թուականներուն միջեւ։

Դադրեցուած են նաեւ Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Ֆրանսայի եւ այլ եւրոպական երկիրներու ֆութպոլի ախոյենութիւնները։

Չեղեալ նկատուած են Աւստրալիոյ մէջ կայանալիք Կրան-փրի մցոյթը եւ Ֆորմուլա 1-ի մրցավազքերը՝ Պահրէյնի եւ Վիեթնամի մէջ:

Քորոնավարակին պատճառով մեծ վնասներ, կորուստներ կրած է շարժանկարային աշխարհը: Ամենաշահաբեր նկատուող ասպարէզներէն մէկը այնպիսի անսպասելի հարուածներ ստացած է, որ նշանաւոր արտադրիչներ, դերասաններ եւ բեմադրիչներ, որոնք սովոր էին մեծ հոսքով եկամուտներու, ընկճախտի մէջ են այսօր:

Բեմադրիչ Քեւըն Մաքտանըլտ հաշուարկած է, թէ աշխարհավարակը ինչ կործանարար ազդեցութիւն կը ձգէ շարժանկարային արդիւնաբերութեան վրայ, քանի որ ոչ ոք կրնայ վստահ ըսել, թէ ե՛րբ կը բացուին շարժանկարի սրահները: Այդ սրահներն են, որ հիմնական եկամուտները կ՚ապահովեն շարժանկարային արդիւնաբերութեան:

«Universal» սթիւտիոն յայտարարած է, թէ նոր շարժանկարներու առաջնախաղերը, որոնք պիտի ըլլային մեծ պաստառներու վրայ, ան պիտի փորձէ կազմակերպել համացանցի վրայ, բայց վստահ չէ, թէ ինչ արդիւնքներ կ՚ունենայ այդ մէկը:

Բրիտանական անկախ Light House cinema շարժանկարի ղեկավարը յայտարարած է, որ իրենց եկամուտը 90 տոկոսով նուազած է։

Յետաձգուած են նաեւ նշանաւոր իրադարձութիւններ, ինչպէս՝ Քաննի շարժանկարային փառատօնը: Ֆրանսան նոյնպէս միացած է այն երկիրներուն, որոնք համավարակին վտանգները դիմակայելու համար աննախադէպ միջոցառումներ ձեռնարկած են:

Մայիսին կայանալիք փառատօնին համար նոյնպէս հսկայական գումարներ ծախսուած էին, շարժանկարներ նկարահանուած էին. ողջ աստղային աշխարհը ամէն տարի Օսքարի պէս կը սպասէ նաեւ Քաննի փառատօնին: Կազմակերպիչները նշած են, որ փառատօնի կայացման համար յարմար տարբերակներ կը քննարկուին եւ եթէ համաճարակը դադրի, ապա չի բացառուիր, որ այս տարուան մէջ կայանայ փառատօնը:

Նոյն հարուածները կրած է նաեւ միջազգային երաժշտական աշխարհը: Աստղերու համերգներու եւ շոուներու յետաձգման մասին յայտարարած են իրենք՝ երգիչներն ու կազմակերպիչները: Մինչդեռ մարդիկ այդ համերգներուն տոմսերը գնած էին տակաւին մէկ տարի առաջ, իսկ կազմակերպիչները համերգներուն համար նախօրօք վճարած էին դահլիճներուն:

Բրիտանացի երգիչ Կրէյս Քարթըր յայտարարած է, որ ինք անձամբ չեղարկած է Եւրոպայի տարածքին իր համերգային շրջագայութիւնը եւ հակառակ որ երկրպագուները պատրաստ էին այս պայմաններուն երթալ համերգներուն, բայց երգչուհին խելացի գտնուած է զանոնք չեղարկելու:

Եւրոպայի մէջ փառատօներու կազմակերպիչները դժգոհած են, որ աշխարհավարակը խաթարած է բոլոր ծրագիրները, ջուրը նետած է բոլոր ծախսուած գումարները, զորս առատօրէն ներդրած են այս տարուան փառատօները շքեղ ու գեղեցիկ կազմակերպելու համար:

Ամերիկացի երաժիշտ Քրիս Ֆորսայթ Միացեալ Նահանգներու մէջ ստեղծուած իրավիճակը համեմատած է 2001 թուականի սեպտեմբերին Նիւ Եորքի ահաբեկչութեան հետ: Ան ըսած է, որ ոչ ոք կրնայ պատկերացնել, թէ որքան փխրուն է երաժիշտներուն նիւթական վիճակը, որ կրնայ փլիլ նման կացութեան ժամանակ:

Մատոննան եւս ստիպուած իր համերգները չեղարկած է: Ան երկար ժամանակէ ի վեր լայնօրէն կը գովազդէր իր նոր ներկայացումը, որ պիտի չկայանայ:

Նոյնն է իրավիճակը բրիտանացի յայտնի ռեփ երգիչ Սթորմզիի ասիական համերգային շրջագայութեան պարագային:

Գերմանիոյ մայրաքաղաքին մէջ չեղարկուած են «Մարտի երաժշտութիւն» խորագրով երաժշտական փառատօնը, միջազգային պարի փառատօնը, ինչպէս նաեւ մարտին Կրոպիուս Պաուի թանգարանին մէջ տեղի ունենալիք կարգ մը ցուցադրութիւններ:

Ձեռնարկներուն համար գնուած տոմսերուն գումարները Գերմանիայէն խոստացած են վերադարձնել։

Քորոնավարակի տարածման պատճառով յետաձգուած մշակութային միջոցառումներու կարգին է Վալենսիոյ «Լաս Ֆոլաս» փառատօնը, որ սովորաբար մարտի կէսերուն տեղի կ՚ունենայ։

Չեղարկուած է նաեւ եւրոպական երգի ամենամեծ ձեռնարկը՝ «Եւրոտեսիլ 2020» երգի մրցոյթը:

Աշխարհավարակին պատճառով շարունակաբար կորուստներ կրող Իտալիան նոյնպէս չեղարկած կամ յետաձգած է բոլոր ձեռնարկները, որոնց կարգին է Վենետիկի «քարնաւալ»ը:

Մշակութային երկիր նկատուող Իտալիան այսօր առողջապահական դէմք մը ունի: Երկիրը կորսնցուցած է իր մշակութային հմայքը: Որքա՞ն ժամանակ կը պահանջուի զայն վերականգնելու՝ ոչ ոք գիտէ: Այս պահուն ամէն մարդ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ իտալացիներուն:

Ոչ միայն մշակութային, այլ նաեւ նորաձեւութեան կեդրոն երկրին մէջ նաեւ իտալական նորաձեւութեան ցուցադրութիւնները չեղարկուած են: Իսկ Ճորճիօ Արմանիի նորաձեւութեան ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է առանց հանդիսատեսի։ Որոշ ցուցադրութիւններ կայացած են համացանցի միջոցով, պարզապէս քանի որ այդ հագուստները գալ տարի այլեւս նորաձեւ չեն ըլլար եւ ստեղծողները իմաստ չեն տեսած զանոնք պահելու:

Այս օրերուն աշխարհը փոխադրուած է համացանց եւ բազմաթիւ թանգարաններ, գրադարաններ եւ այլ մշակութային վայրեր բացած են իրենց առցանց ցուցադրութիւնները՝ հեռուէն ցոյց տալով իրենց ունեցած գանձերը: Պարզապէս, այս մէկը, սովորական ցուցադրութեան համեմատ, անվճար է: Մշակութային աշխարհը նոյնպէս վերափոխման մէջ է:

«Փրատա»ն չեղարկած է մայիսեան շրջագայութիւնը դէպի Ճաբոն, իսկ «Շանել»ը՝ դէպի Փեքին:

Քաղաքական իրադարձութիւններէն չեղարկուած է ԵԽԽՎ-ի գարնանային նստաշրջանը։ Մարտ 13-ին չեղարկուած է նաեւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի նստաշրջանը Ժընեւի մէջ, իսկ Լրատուամիջոցներու ազատութեան համաշխարհային համաժողովը, ոը պէտք է կայանար Հաաքայի մէջ ապրիլ 22-24 թուականներուն, յետաձգուած է:

Մեծն Բրիտանիոյ մէջ քորոնավարակին պատճառով չեղարկուած է Լոնտոնի գիրքի տօնավաճառը: Կազմակերպիչներուն յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ ոչ միայն Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, այլ ողջ աշխարհի տարածքին վարակը ունեցած է իր զօրաւոր ազդեցութիւնը:

Անոնք միաժամանակ յոյս յայտնած են, որ Լոնտոնի գիրքի տօնավաճառը տեղի պիտի ունենայ 2021 թուականի մարտին:

Նախապէս քորոնավարակին պատճառով չեղարկուած էին նաեւ փարիզեան Livre Paris-ը եւ Լայպցիքի գիրքի տօնավաճառը, իսկ Պոլոնիոյ գիրքի ցուցահանդէսը յետաձգուած է: Մանաւանդ Լայպցիքի տօնավաճառին չեղարկումը հրատարակիչներուն մեծ վնասներու դուռ բացած է: Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթի գիրքի միջազգային տօնավաճառէն ետք իր ծաւալով ամենամեծը Լայպցիքի գիրքի տօնավաճառն էր, որուն մասնակցելու համար բազմաթիւ երկիրներ մեծ գումարներ ծախսելով նախօրօք ցուցահանդէս տանելու գիրքեր տպագրած էին:

Ամսուան սկիզբը չեղարկուեցաւ նաեւ Պերլինի մէջ կայանալիք Զբօսաշրջութեան միջազգային տօնավաճառը։ Տօնավաճառին մասնակցելու համար արձանագրուած էր 10 հազար մարդ եւ կը սպասուէր զանազան երկիրներէ 160 հազար այցելուի։

Չինաստանը, ուր սկիզբ առած է քորոնավարակը, այս տարի ոչ մէկ տնտեսական կամ մշակութային ձեռնարկ իրականացուցած է: Չինաստանի իշխանութիւնը տարուան սկիզբէն յետաձգած էր Ասիոյ տնտեսական համաժողովը, որ պէտք է տեղի ունենար մարտի 24-27 թուականներուն Հայնան կղզիին մէջ։ Անժամկէտ յետաձգուած է Փեքինի ինքնաշարժային սրահին մէջ կայանալիք աւանդական ձեռնարկը, որ պէտք է տեղի ունենար ապրիլի 21-30 թուականներուն միջեւ։

Տնտեսական, մշակութային բազմաթիւ ձեռնարկներ չեղարկուած են նաեւ Թուրքիոյ, Լիբանանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի զանազան երկիրներու մէջ:

Հայաստանի մէջ նոյնպէս բոլոր մշակութային ձեռնարկները չեղարկուած կամ յետաձգուած են: Այս շրջանին Հայաստանի ամենամեծ մշակութային իրադարձութիւնը աշխարհահռչակ նկարիչներ Սալվատոր Տալիի եւ Փապլօ Փիքասոյի նկարներու ցուցահանդէսն էր, որ մարտի սկիզբը բացուեցաւ եւ քանի մը օր ետք գոցուեցաւ արտակարգ դրութեան պատճառով: Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը երկրի միւս ցուցասրահներուն եւ թանգարաններուն հետ փակ է: Այս նշանաւոր ցուցահանդէսը Հայաստան բերած օտար կազմակերպիչները խոստացած են նկարները Հայաստանի մէջ պահել մինչեւ որ վիճակը կայունանայ եւ հայ հանդիսատեսը այցելէ ցուցահանդէս: Նախօրօք գնուած տոմսերը ուժի մէջ են տակաւին, բայց ցուցահանդէսը Հայաստանի մէջ պահելու մասին յստակ ժամկէտներ չեն նշուած:

Քորոնավարակին պատճառով Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբը պիտի չմասնակցի Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք «Ալ Պուսթան» միջազգային փառատօնին: Հեղինակաւոր փառատօնը պիտի եզրափակուէր օրերս՝ հայ նուագախումբի ելոյթով:

Որքա՞ն կը դիմանայ մշակութային աշխարհը առանց հանդիսատեսի եւ հանդիսատեսն ալ առանց մշակոյթի, դժուար է գուշակել, բայց մարդիկ այլեւս ծախսատար ձեռնարկներ չեն կատարեր մինչեւ որ աշխարհավարակը դադրի: Նմանապէս՝ դժուար է բան մը նախօրօք կազմակերպել, քանի որ այն կրնայ անմիջապէս չեղարկուիլ:

Կանխատեսումներ կան, որ արտակարգ դրութիւնը կը շարունակուի մինչեւ տարուան վերջը: Ուրիշ կանխատեսումներու համաձայն, ամրան աւարտին կը բացուին կարգ մը կարեւորագոյն կեդրոններ, կը վերականգնին հիմնական ուղղութիւններով թռիչքները: Սպասենք, կը տեսնենք. ահա արտայայտութիւն մը, որ այսօր ամենաայժմէականն է եւ կը գործածուի իր բուն իմաստով: Բոլորը կը սպասեն, որ տեսնեն, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ:

Մարդկութիւնը հասկցաւ նաեւ, որ համաճարակները միայն պատմութեան յատուկ երեւոյթներ չեն: Մարդկութիւնը այսօր պատմական իրադարձութեան մասնակիցն է: Նորէն կը գրուին վէպեր, կը նկարահանուին շարժանկարներ, կը յօրինուին երգեր, բայց բոլորին գլխաւոր նիւթերը բնականաբար կը փոխուին:

Աշխարհահռչակ երաժիշտ, Queen ռաք-խումբի անդամ Պրայն Մէյ այս օրերուն ուղերձ մը յղած է քորոնավարակի համաճարակին եւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ երեք շաբաթով յայտարարուած մաքրանոց շրջանին առթիւ.

«Բոլոր երկիրներու մարդոց կը դիմեմ. հրաշք տեղի կ՚ունենայ, բայց մենք պէտք է օգնենք անիկա կերտելու: Որքան շուտ բոլոր տնային տնտեսութիւնները մեկուսանան իրարմէ, այդքան աւելի ժամանակ կը շահինք: Յիշենք նաեւ, որ փոփոխութիւնները մէկ անգամէն տեղի չեն ունենար. երբ կը փորձես փոխել ովկիանոսային հսկայ նաւին ընթացքը, ղեկը դանդաղ կ՚արձագանգէ: Բայց մենք կարող ենք այս մէկը ընել:

«Եկէք շնորհակալ ըլլանք անոր համար, որ ունինք հնարաւորութիւն: Փորձենք վայելել իւրաքանչիւր օրը: Հանգիստ եղէք եւ ստեղծագործեցէք»։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2020