ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ՝ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՄԱՐԴՈՑ ԿԵԱՆՔԷՆ

ԼՈՒՍԻԿ ՔՈՇԵԱՆ

1959-ը յատկանշական թուական մը եղաւ հալէպահայութեան համար։ Արդարեւ, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի երգի պարի անսամպլը՝ ղեկավարութեամբ Թաթուլ Ալթունեանի,  պիտի այցելէր Հալէպ քաղաքը եւ հոգեզմայլ ելոյթներով հանդէս պիտի գար։

Հոս պէտք է յիշեմ, որ պատմական այս այցելութիւնը կը պարտինք Թէքէեան մշակութային միութեան (ԹՄՄ) իմաստուն եւ հայրենասէր ղեկավարներուն, որոնք Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ մշակութային ձեռնարկներու փոխանակման կամուրջ մը հաստատեցին այս ձեւով։

Հալէպահայութիւնը ցարդ ձայնասփիւռով միայն հետեւած էր հայրենի երգի պարի համոյթի հաղորդումներուն եւ անգիր գիտէր Լուսիկ Քոշեանի, Աստղիկ Քամալեանի, Տաթեւիկ Սազանդարեանի եւ Յովհաննէս Պատալեանի երգերը։

Ուրեմն, հայրենի երգի պարի անսամպլը Պէյրութէն Հալէպ պիտի գար ցամաքի ճամբով։ Այդ օր, հալէպահայութիւնը քաղաքէն դուրս եկած էր դիմաւորելու անսամպլի կազմը։

Խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասած էր երբ անսամպլի անդամները մօտեցան քաղաքին, իջան ինքնաշարժներէն եւ ողջագուրուեցան զիրենք դիմաւորելու եկած պատասխանատուներուն եւ պարզ ժողովուրդի խաւերուն հետ։

Յիշատակութեան արժանի է այն պահը, երբ ոսկերիչ մը փաթթուեցաւ Լուսիկ Քոշեանին եւ դուն իմ քոյրս ես ըսելով, ոսկի մանեակ մը անցուց անոր վզին։ Հայրենի արուեստագէտներուն հանդէպ կուտակուած սէրն ու կարօտը այնքան կլանած էր հալէպահայութիւնը, որ ոսկի նուէրներու տեղատարափը շարունակուեցաւ բոլորին համար, երբ խումբը հասաւ Հալէպ եւ տեղաւորուեցաւ քաղաքի լաւագոյն հայապատկան՝ Պարոն պանդոկին մէջ։

Աւելորդ է ըսել, որ բոլոր հիւրախաղերը տեղի ունեցան լեցուն սրահի մէջ եւ մենք բոլորս ապրեցանք վայելքի անմոռանալի պահեր։ Հայրենի արուեստագէտներուն հանդէպ մեր պապակը լիուլի գոհացաւ եւ մենք երախտագիտութեամբ լեցուեցանք կազմակերպիչ յանձնախումբին նկատմամբ։

Երգի պարի անսամպլի ելոյթներուն յաջորդեց ոտնագնդակի խաղերը, երբ Հայաստանի Արարատ խումբն ալ եկաւ եւ մեր սիրտերը հպարտութեամբ լեցուց։ Ձիւնը հալած էր այլեւս հայրենիքի եւ սփիւռքի հայութեան միջեւ!

ՃԵՔԻ ԿՈԼՏՊԸՐԿ

1993 թուականը երբեք պիտի չջնջուի իմ յիշողութեանս մէջ։ Ինչո՞ւ, թոյլ տուէք, որ բացատրեմ։ Այդ թուականի յուլիս ամսուան սկիզբը ես պաշտօնի կոչուեցայ՝ որպէս օգնական տնօրէն, Հալիվուտի հանրային Լը Քանթ միջնակարգ վարժարանին մէջ, ուր մեծ թիւով հայեր ուսում կը ստանային։

Այդ տարիներուն՝ շատ մեծ էր թիւը հայ աշակերտներուն, որոնք կ՚ուսանէին Լոս Անճելըսի Միացեալ դպրոցներու ցանցի վարժարաններուն մէջ։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախագահուհի Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն մտահոգ էր, որ հայ ուսանողները խորթ աչքով կը դիտուէին պատկան մարմիններուն կողմէ։

Ուստի, որոշեց հրաւիրել քսանի չափ ոչ-հայ տնօրէններ եւ պատասխանատուներ Հայաստան, որպէսզի անոնք մօտէն ծանօթանային մեր կենցաղին, բարքերուն եւ դպրոցական կարգ ու սարքին։ Տիկին Լուիզ Սիմոնի ակնկալութիւնն էր, որ օտար հիւրերը՝ ականատես դառնալով մեր դարաւոր եւ հարուստ ակունքներուն, պիտի փոխեն իրենց հայեցակէտը հայ աշակերտներուն նկատմամբ։ Այդ խումբին միացան նաեւ դպրոցական հինգ հայ ղեկավարներ, ներառեալ համեստս։

Տակաւին նոր անկախութեան տիրացած, ապրելակերպի պայմանները համեստ էին, նոյնիսկ «Արմենիա» պանդոկին մէջ, ուր տեղաւորուեցանք։ Մենք այցելեցինք Հայաստանի տեսարժան վայրերը, դպրոցները եւ ներկայ գտնուեցանք Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի շրջանաւարտից առաջին հանդիսութեան, որուն ներկայ էր նաեւ նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանն ու պետական աւագանիի այլ անդամները։

Երբեք պիտի չմոռնամ այն դրուագը, որ զիս ապշեցուց եւ միեւնոյն ժամանակ ուրախացուց, որ հիւրերու ակնկալութիւնները համընթաց կ՚ընթանային երկրի պայմաններուն հետ։ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճեքի Կոլտպըրկ մաս կը կազմէր հիւրերու այդ խումբին։

Կիւմրի էինք եւ երեկոյեան ճաշարան մը գացած էինք ընթրիքի համար։ Մօտեցայ Ճեքիին եւ կամացուկ մը ականջին փսփսացի, թէ պէտք է աճապարենք վերադառնալու, որովհետեւ պանդոկի տաք ջուրի պահը 7-8 էր։ Who Cares about hot water? Բարձրաձայն ըսաւ, մենք հիմա հոս շատ լաւ ժամանակ կ՚անցընենք եւ չափէն աւելի ուրախ ենք։

Գիտենք, որ ամերիկացիներուն համար օրական լոգանքը հրամայական է, սակայն յայտնի եղաւ, որ զուարթ մթնոլորտն ալ՝ աւելի առաջնահերթ է քան լոգանքի տրամադրած մարմնական հանգիստին…

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Նոր Օր», Պոստոն

Շաբաթ, Մարտ 26, 2022