ԱՐԱՐԱՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի Ագեան պատկերասրահն ու Անտիկեան պատկերասրահը ներկայացուցին Արարատ Սարգսեանի «Ո՛ւր փնտրել դրախտը» խորագրեալ ցուցահանդէսը։
««Ո՛ւր փնտրել դրախտը» շարքի աշխատանքներուս սկսայ այն ժամանակ, երբ նկատեցի, որ հայերը կը լքեն Հայաստանը՝ պատճառաբանելով վատ պայմանները։ Կարճ ժամանակ անց հանդիպելով անոնց երկրէն դուրս՝ կը լսէի՝ «սա ալ վատ երկիր է, շուտով ետ Հայաստան պէտք է երթանք...»։
«Այսինքն՝ մարդը իր ամբողջ կեանքին մէջ կը փորձէ դրախտ գտնել. այս ձեւով մտայղացայ «դրախտ»ի գաղափարը։ Արեւմտեան եկեղեցիները դրախտը կը տեղադրէին հայկական լեռնաշխարհին մէջ, քանի որ, ըստ Հին կտակարանի, դրախտը այնտեղ է, ուրկէ կը սկսին բոլոր ջուրերը։ Առանցքը դրի անոր վրայ, որ բոլոր ազգերը դրախտը կը փնտռեն հայկական լեռնաշխարհին, իսկ հայը՝ օտար երկիրներու մէջ», ըսած է Արարատ Սարգսեան։
Արարատ Սարգսեան տասներկու տարուան ընթացքին հաւաքած է խաչքարերու նկարներ ու տպագրած իր ձեռքով պատրաստած թուղթի վրայ: Բացման երեկոյթի ընթացքին նկարիչը ներկայացուցած է թուղթ պատրաստելու դարերէ եկած աւանդոյթը:
Նկարիչ եւ քանդակագործ Արարատ Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ է, Բնական գիտութիւններու եւրոպական ակադեմիոյ եւ Արուեստի միջազգային ընկերակցութեան անդամ:
Ըստ «tert.am»ի, ցուցահանէսի ընթացքին տեղի ունեցած է նաեւ վաճառք, որու հասոյթի 40 առ հարիւրը նուիրաբերուած է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի Հայ դասական գրականութեան թուային գրադարանին, հայկական մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու նպատակով։
Ամերիկեան համալսարանի հասարակայնութեան կապերու, շրջանաւարտներու եւ քարիէրի զարգացման բաժնի ղեկավար Զարմինէ Զէյթունցեանն ալ նշած է, որ ցուցահանդէսները կը կրեն շարունակական բնոյթ։
«Ագեան պատկերասրահն ու Անտիկեան պատկերասրահը միասին այս տարուան ընթացքին կը ներկայացնեն մօտ չորս խմբային կամ անհատական ցուցահանդէս։ Երկու ամիս վերջ տեղի կ՚ունենայ յաջորդ ցուցահանդէսը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Ամերիկեան համալսարանի 25-ամեակին», նշած է Զարմինէ Զէյթունցեան։