ՆՈՐ ՇՏԵՄԱՐԱՆ, ՆՈՐ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի Հայ մա­տե­նագ­րու­թեան թուան­շա­յին գրա­դա­րա­նը վեր­ջերս հա­մալ­սա­րա­նի «Մա­նու­կեա­ն» սրա­հին մէջ շնոր­հան­դէ­սի մի­ջո­ցաւ նե­րա­կա­յա­ցուց իր նոր կայ­քէ­ջը՝ նո­րա­ցուած բո­վան­դա­կու­թեամբ եւ ար­դի գոր­ծի­քա­կազ­մով։

Գրա­դա­րա­նը իր նա­խորդ, բայց հարս­տա­ցուած բա­ժին­նե­րուն՝ «Հայ դա­սա­կան մա­տե­նագ­րու­թիւ­ն», «Ա­րեւմ­տա­հայ եւ Սփիւռ­քի գրա­կա­նու­թիւ­ն», ա­ւե­լա­ցու­ցած է եւս մէ­կը՝ «Նա­հա­տակ հայ հե­ղի­նակ­նե­ր» ա­նուա­նու­մով։

Ան կը նե­րա­ռէ Մեծ Ե­ղեռ­նի զոհ դար­ձած գրող­նե­րու, բա­նաս­տեղծ­նե­րու, հրա­պա­րա­կա­խօս­նե­րու, պատ­մա­բան­նե­րու, լե­զուա­բան­նե­րու, ազ­գագ­րա­գէտ­նե­րու եւ այ­լոց, թի­ւով քա­ռա­սուն հե­ղի­նակ­նե­րու շուրջ վաթ­սուն հա­տոր աշ­խա­տու­թիւն­ներ։

Այդ հա­տոր­նե­րու մէկ մա­սը, ինչ­պէս շնոր­հան­դէ­սին նշեց Հայ մա­տե­նագ­րու­թեան թուան­շա­յին գրա­դա­րա­նի տնօ­րէն Մե­րու­ժան Կա­րա­պե­տեան, հրա­տա­րա­կուած ըլ­լա­լով ա­րեւմ­տա­հայ մա­մու­լի է­ջե­րուն մէջ, եր­բեք լոյս չէր տե­սած ա­ռան­ձին հա­տոր­նե­րով։ Աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը օժ­տուած են հա­մա­ռօտ ու ըն­դար­ձակ կեն­սա­մա­տե­նա­գի­տու­թիւն­նե­րով։

Դա­սա­կան հայ գրա­կա­նու­թեան թեքս­տե­րուն զու­գա­հեռ գրա­դա­րա­ննի մէջ կը գոր­ծէ «Նոր բառ­գիրք հայ­կազ­նեան լե­զու»ի ել-տար­բե­րա­կը։

Շնոր­հան­դէ­սի ժա­մա­նակ Յով­հան­նէս Կի­զող­եան ներ­կա­յա­ցուց նաեւ կայ­քէ­ջը՝ ժա­մա­նա­կա­կից դիւ­րա­կիր սար­քե­րու հա­մար:

Նշուե­ցաւ, որ ա­մե­նա­մօտ ա­պա­գա­յին կը բա­ցուի նաեւ գրա­դա­րա­նի ել-յա­ւե­լուա­ծը iOS եւ Android ծրագ­րա­շա­րե­րով աշ­խա­տող դիւ­րա­կիր սար­քե­րու հա­մար։

Շնոր­հան­դէ­սին խօսք ա­ռաւ նաեւ Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի տնօ­րէն Տքթ. Ար­մէն Տէր-Կիւ­րե­ղեան:

Իսկ Մե­րու­ժան Կա­րա­պե­տեան նշեց, որ ծրա­գի­րը ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձած է շնոր­հիւ հո­վա­նա­ւոր­նե­րու՝ Ա­լիս Յով­հա­ննէ­սեա­նի, «Թրփան­ճեան ըն­տա­նիք հիմ­նադ­րա­մ­»ի, «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հաս­տա­տու­թեան, 100-ա­մեա­կի Սան Ֆրան­սիս­քո­յի տա­րած­քա­յին յանձ­նա­ժո­ղո­վի եւ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան:

Շնոր­հան­դէ­սին ներ­կայ էր նաեւ ծրագ­րի հո­վա­նա­ւոր­նե­րէն «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն» հաս­տա­տու­թեան Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քի ղե­կա­վար Ռազ­միկ Փա­նո­սեան, որ կա­րե­ւո­րեց նման ծրագ­րի ի­րա­կա­նա­ցու­մը եւ մե­ծա­պէս գնա­հա­տեց Հայ մա­տե­նա­գի­տու­թեան թուան­շա­նա­յին գրա­դա­րա­նի աշ­խա­տան­քը՝ ա­րեւմ­տա­հայ ժա­ռան­գու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու գոր­ծին մէջ:

*

Հայ­կա­կան ա­մե­նէն մեծ թուան­շա­նա­յին գրա­կան հար­թա­կը՝ Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի Հայ մա­տե­նագ­րու­թեան թուան­շա­նա­յին գրա­դա­րա­նը նո­րա­ցու­ցած է իր կայ­քէ­ջը, ո­րուն մէջ նա­խորդ՝ «Հայ դա­սա­կան մա­տե­նագ­րու­թիւ­ն», «Ա­րեւմ­տա­հայ եւ Սփիւռ­քի գրա­կա­նու­թիւ­ն» բա­ժին­նե­րու քով ա­ւել­ցու­ած է եւս մէ­կը՝ «Հայ նա­հա­տակ հե­ղի­նակ­նե­ր» խո­րագ­րով: Ան կը նե­րա­ռէ Ե­ղեռ­նին զոհ դար­ձած գրող­նե­րու, բա­նաս­տեղծ­նե­րու, հրա­պա­րա­կա­խօս­նե­րու, պատ­մա­բան­նե­րու, լե­զուա­բան­նե­րու, ազ­գագ­րա­գէտ­նե­րու եւ այլ մաս­նա­գէտ­նե­րու՝ թի­ւով քա­ռա­սուն հե­ղի­նա­կի շուրջ վաթ­սուն աշ­խա­տու­թիւն, ո­րոնք ար­դէն բաց ու մատ­չե­լի են օգ­տուիլ փա­փա­քող­նե­րու հա­մար:

Ծրա­գի­րը ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձած է շնոր­հիւ հո­վա­նա­ւոր­նե­րու՝ «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան համայնքներու բա­ժան­մուն­քի, Ա­լիս Յով­հա­ննէ­սեա­նի, «Թրփան­ճեան ըն­տա­նիք հիմ­նադ­րա­մ­»ի, 100-ա­մեա­կի Սան Ֆրան­սիս­քո­յի յանձ­նա­խում­բի եւ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան: Այդ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը կա­րե­ւո­րած են հայ­կա­կան ա­մե­նէն մեծ գրա­կան թուա­յին շտե­մա­րա­նի մէջ նա­հա­տակ հայ հե­ղի­նակ­նե­րու գոր­ծե­րու թուայ­նա­ցու­մը եւ ա­ջակ­ցած են նա­խա­ձեռ­նու­թեա­ն, ո­ր շա­րու­նա­կու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ: Թուայ­նա­ցուած հայ հե­ղի­նակ­նե­րու կար­գին են.

Գրի­գոր Զօհ­րապ
Յա­րու­թիւն Շահ­րի­կեան (Ա­տոմ)
Գա­րե­գին Չա­գա­լեան (Խա­ժակ)
Խա­չա­տուր Մա­լու­մեան (Ակ­նու­նի)
Սիա­ման­թօ (Ա­տոմ Եար­ճա­նեան)
Մել­քոն Կիւր­ճեան (Հրանդ)
Դա­նիէլ Վա­րու­ժան
Ռու­բէն Զար­դա­րեան
Ռու­բէն Սե­ւակ (Չի­լին­կի­րեան)
Նա­զա­րէթ Տա­ղա­ւա­րեան
Կա­րա­պետ Փա­շա­յեան Խան
Լե­ւոն Լա­րենց (Քի­րիշ­ճեան)
Սմբատ Բիւ­րատ (Տէր-Ղա­զա­րենց)
Բար­սեղ Շահ­պազ
Ար­տա­շէս Յա­րու­թիւ­նեան
Ժագ Սա­յա­պա­լեան (Փայ­լակ)
Գե­ղամ Բար­սե­ղեան
Տիգ­րան Չէօ­կիւ­րեան
Յա­կոբ Թէր­զեան (Յակ­թէր)
Տիգ­րան Օ­տեան (Ա­սօ)
Ե­րուանդ Սրմա­քէշ­խան­լեան (Ե­րու­խան)
Թլկա­տին­ցի (Յով­հան­նէս Յա­րու­թիւ­նեան)
Յա­կոբ Պա­պի­կեան
Գա­գիկ Օ­զա­նեան
Յով­հան­նէս Գա­զան­ճեան
Գե­ղամ Տէր Կա­րա­պե­տեան
Մա­րի Պէյ­լէ­րեան
Տի­րան Չրա­քեան (Ինտ­րա)
Յա­րու­թիւն Ճան­կիւ­լեան (Կայ­ծիկ)

Հայ մա­տե­նագ­րու­թեան թուան­շա­նա­յին գրա­դա­րա­նի գի­տա­կան գծով տնօ­րէն Մե­րու­ժան Կա­րա­պե­տեա­ն ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի հետ զրոյ­ցին նշեց, որ այդ հե­ղի­նակ­նե­րու մէկ մա­սին գոր­ծե­րը կը թուայ­նա­ցուին ա­ռա­ջին ան­գամ, եւ աշ­խա­տան­քը վեց-ութ ամ­սուան աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քին ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձած է: Ըստ գրա­դա­րա­նի գի­տա­կան գծով տնօ­րէ­նի, այդ հե­ղի­նակ­նե­րու գոր­ծե­րու թուայ­նա­ցու­մը լոկ պատ­ճէ­նում չ՚են­թադ­րեր, այլ շատ պա­րա­գա­նե­րու քա­նի մը տաս­նեա­կի չափ նոր գիր­քեր ստեղ­ծուած են, եւ գրա­դա­րա­նի աշ­խա­տա­կազ­մը այդ մէ­կը ը­րած է՝ ամ­բողջ ա­րեւմ­տա­հայ մա­մու­լը, այս­պէս ը­սած, քա­մե­լով:

Հայ մա­տե­նագ­րու­թեան թուան­շա­նա­յին գրա­դա­րա­նի Բան­Բեր ա­նու­նով ո­րո­նի­չը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ մի քա­նի վայր­կեան­նե­րու ըն­թաց­քին գտնել անհ­րա­ժեշտ բնա­գի­րը, բա­ռը կամ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը, ին­չ որ, ըստ Մե­րու­ժան Կա­րա­պե­տեա­նի՝ լա­ւա­գոյն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կը ստեղ­ծէ հա­յե­րէն թեքս­տե­րու հետ աշ­խա­տող մաս­նա­գէտ­նե­րուն, հե­տա­զօ­տող­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք այս ճա­նա­պար­հով կրնան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կա­տա­րել:

«Հա­մա­ցան­ցի մէջ հա­յե­րէ­նի՝ գրա­բա­րի ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի լիա­կա­տար առ­կա­յու­թիւ­նը ուղ­ղա­կի պար­տա­դիր է՝ ըլ­լա­լով աշ­խար­հի հնա­գոյն ազ­գե­րէն մին եւ ու­նե­նա­լով գրա­ւոր ահ­ռե­լի ծա­ւա­լով մշա­կոյթ, ո­րուն մէջ ա­մէն օր նոր բան մը կը յայտ­նա­բե­րենք, մենք պէտք է հա­մա­ցան­ցը ուղ­ղա­կի ո­ղո­ղենք հա­յե­րէ­նով: Մես­րոպ Մաշ­տո­ցէն ի վեր հա­յե­րէ­նը չէ ու­նե­ցած զար­գաց­ման ու յա­ռա­ջաց­ման այն­պի­սի հզօր հնա­րա­ւո­րու­թիւն մը, ինչ­պի­սին հա­մա­ցանցն է, եւ այ­սօր պար­զա­պէս պէտք է գոր­ծա­ծել ա­նոր բո­լոր միջոց­նե­րը՝ մեր լե­զուն, մշա­կոյ­թը հա­սա­նե­լի եւ մատ­չե­լի դարձ­նե­լու հա­մա­ր», նշեց Մե­րու­ժան Կա­րա­պե­տան, որ կանգ­նած է Հայ մա­տե­նագ­րու­թեան թուան­շա­նա­յին գրա­դա­րա­նի ստեղծ­ման հիմ­քե­րուն վրայ։

Տա­կա­ւին 1999-2000 թուա­կան­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի մէջ ա­մե­րի­կա­հայ Տի­կին Ա­լիս Յով­հան­նէ­սեա­նի նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ եւ Ե­րե­ւա­նի Մա­տե­նա­դա­րա­նի աշ­խա­տա­կից­նե­րէն ստեղ­ծուած խում­բով մը ի­րա­գոր­ծուե­ցաւ «Ե.-ԺԸ. դա­րե­րու Հայ դա­սա­կան մա­տե­նագ­րու­թեա­ն» ե­լեկտ­րո­նա­յին գրա­դա­րա­նի ստեղծ­ման ծրա­գի­րը: Ան 2000 թուա­կա­նէն մինչ այ­սօր հա­մա­ցան­ցին մէջ կը գոր­ծէ www.digilib.am հաս­ցէով:

2001 թուա­կա­նին «Ե.-ԺԸ. դա­րե­րու Հայ դա­սա­կան մա­տե­նագ­րու­թեա­ն» ե­լեկտ­րո­նա­յին գրա­դա­րա­նը ար­ժա­նա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի մրցա­նա­կին՝ տե­ղե­կա­տուա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան մար­զէն ներս 2000 թուա­կա­նի նշա­նա­կա­լի ա­ւան­դի հա­մար։

Այ­նու­հե­տեւ, 2003 թուա­կա­նին Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան եւ Հա­մաշ­խար­հա­յին դրա­մա­տան պա­տուէ­րով ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձաւ Հա­յաս­տա­նի թան­գա­րա­նա­յին ի­րե­րու շտե­մա­ւոր­ման «Թան­գա­րան-1.0» ծրա­գի­րը, ո­րով այ­սօր շտե­մա­ւո­րում կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն Հա­յաս­տա­նի մօտ ե­րեք տաս­նեակ թան­գա­րան­ներ։

2003 թուա­կա­նին նաեւ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան պա­տուէ­րով ստեղ­ծուե­ցաւ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի «Մա­տեան ող­բեր­գու­թեա­ն» սեղ­մաս­կա­ւա­ռա­կը՝ նուի­րուած «Մա­տեա­ն­»ի 1000-ա­մեա­կին։ «Նա­րե­կ­»ի սեղ­մաս­կա­ւա­ռա­կը ել-բո­վան­դա­կու­թեան հա­մա­հայ­կա­կան մրցոյ­թի ժա­մա­նակ 2006 թուա­կա­նին ստա­ցաւ գլխա­ւոր մրցա­նա­կը։

2002-2005 թուա­կան­նե­րուն Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան եւ «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հաս­տա­տու­թեան պա­տուէ­րով հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­րաս­տուե­ցան եւ լոյս տե­սան «Մա­տե­նա­գիրք հա­յո­ց» մա­տե­նա­շա­րի ա­ռա­ջին հինգ հա­տոր­նե­րը՝ նուի­րուած Հա­յոց գի­րե­րու գիւ­տին։

Իսկ ար­դէն 2007-2008 թուա­կան­նե­րուն «Թրփան­ճեան ըն­տա­նիք հիմ­նադ­րա­մ­»ի ա­ջակ­ցու­թեամբ «Հայ մա­տե­նագ­րու­թեան թուան­շա­յին գրա­դա­րա­ն­»ի մէջ ի­րա­կա­նա­ցուե­ցաւ 1850-2000 թուա­կան­նե­րու Ա­րեւմ­տա­հայ եւ Սփիւռ­քի գրա­կա­նու­թեան թուան­շա­նա­ցու­մը, իսկ 2009-2010 թուա­կան­նե­րուն, կրկին «Թրփան­ճեան ըն­տա­նիք հիմ­նադ­րա­մ­»ի ա­ջակ­ցու­թեամբ՝ նոր կայ­քէ­ջի պատ­րաս­տու­մը:

Այս բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ Հայ մա­տե­նագ­րու­թեան թուան­շա­նա­յին գրա­դա­րա­նի հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւ­նը ե­ղած է ստեղ­ծել նո­րը եւ շա­րու­նա­կել նախ­կի­նը՝ հարս­տաց­նե­լով նոր նիւ­թե­րով եւ նոր բո­վան­դա­կու­թեամբ:

Թուան­շա­նա­յին գրա­դա­րա­նը ա­ռա­ջին ան­գամ փորձ կա­տա­րած է նաեւ հա­յե­րէն բա­ռա­րան­նե­րը կա­պել թեքս­տե­րուն՝ դիւ­րաց­նե­լու հա­մար հե­տա­զօ­տող­նե­րու աշ­խա­տան­քը: Բնագ­րե­րուն կա­պուած են Ա­ճա­ռեա­նի Անձ­նա­նուն­նե­րու բա­ռա­րա­նը, Նոր Հայ­կա­զեան բա­ռա­րա­նը եւ այլ հա­յե­րէն բա­ռա­րան­ներ:

Մե­րու­ժան Կա­րա­պե­տեա­ն տե­ղե­կա­ցուց նաեւ, որ բա­ցի ար­դէն թուայ­նա­ցուած հե­ղի­նակ­նե­րէն, պէտք է թուայ­նա­ցուին նաեւ միւս ա­րեւմ­տա­հայ հե­ղի­նակ­նե­րու գոր­ծե­րը՝ Զա­պէլ Ե­սա­յեան, Ար­շակ Ալ­պո­յա­ճեան, Ար­շակ Չօ­պա­նեան, Օ­տեան եւ այ­լոց գրա­կան, հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան եւ միւս ժա­ռան­գու­թիւն­նե­րը: Հայ գրա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան տա­կա­ւին չնչին մասն է թուա­յին հար­թակ­նե­րու վրայ, եւ ինչ­պէս նշեց Մե­րու­ժան Կա­րա­պե­տան, հայ գրա­կա­նու­թեան թուայ­նաց­մամբ մենք ան­գամ մը եւս կը տես­նենք, որ ա­նի­կա հա­մաշ­խար­հաին ժա­ռան­գու­թիւն է եւ միայն մե­զի անհ­րա­ժեշտ չէ:

Խօ­սե­լով կա­տա­րած վեր­ջին աշ­խա­տան­քի մա­սին, Հայ մա­տե­նագ­րու­թեան թուան­շա­նա­յին գրա­դա­րա­նի գի­տա­կան տնօ­րէ­նը նշեց, որ կա­տա­րած են սրտի աշ­խա­տանք, հո­գիի պարտք:

«Ա­սի­կա գրա­կա­նու­թիւն է, որ պէտք է ու­սում­նա­սի­րուի, իւ­րա­ցուի, տա­րա­ծուի: Կար­դանք, տա­րա­ծենք, հասկ­նանք այս տղա­քը, որ գոր­ծած են մեր պատ­մու­թեան մէջ բա­ցա­ռիկ շրջա­նի մը ըն­թաց­քին՝ 1880-1920 թուա­կան­նե­րուն, որ ի­րաւ բա­ցա­ռիկ տա­րի­ներ էին: Ես մէ­կը չեմ գի­տեր, որ անձ­նա­զոհ չէ ե­ղած կամ իր առ­ջեւ խնդիր մը չէ դրած այդ տա­րի­նե­րու­ն», ը­սաւ Մե­րու­ժան Կա­րա­պե­տեան, դրուագ­ներ յի­շե­լով ան­ցեալ դա­րաս­կիզ­բի եւ նա­խորդ դա­րա­վեր­ջի հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու կեան­քէն:

Հայ մա­տե­նագ­րու­թեան թուան­շա­նա­յին գրա­դա­րա­նի նո­րա­ցուած կայ­քէ­ջի շնոր­հան­դէ­սին ներ­կայ էր նաեւ «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն» հաս­տա­տու­թեան Հայ­կա­կան բա­ժան­մուն­քի տնօ­րէն Ռազ­միկ Փա­նո­սեան, որ ող­ջու­նե­լով գրա­դա­րա­նի կա­տա­րած աշ­խա­տան­քը՝ ը­սաւ.

«Նա­յե­լով ետ, ան­ցեալ, սկսե­լով Յա­կոբ Մե­ղա­պար­տեն 1512-էն, երբ ա­ռա­ջին հա­յե­րէն գիր­քը տպուե­ցաւ, կը տես­նենք, թէ ինչ­պէս մենք, իբ­րեւ ժո­ղո­վուրդ, միշտ կրցած ենք ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը եւ մեր մշա­կոյ­թը քով քո­վի բե­րել: Սա­կայն, քսան­մէ­կե­րորդ դա­րուն սկիզ­բը քիչ մը ետ մնա­ցած ենք, ո­րով­հե­տեւ նո­րա­գոյն ե­լեկտ­րո­նա­յին, ար­հես­տա­գի­տա­կան աշ­խար­հը, որ ստեղ­ծուած է, հայ­կա­կան մշա­կոյ­թը ա­նոր ամ­բող­ջու­թեամբ չէ ա­ռըն­չուած ըստ իս, կամ ըստ իմ բա­ժան­մուն­քիս, ինչ­պէս որ պէտք է ըլ­լար, եւ ա­տոր հա­մար, մե­զի հա­մար, այս տե­սա­կի ծրա­գիր­նե­րը շատ կա­րե­ւոր են: Ես Հայ մա­տե­նագ­րու­թեան թուան­շա­նա­յին գրա­դա­րա­նին ը­րած աշ­խա­տան­քը կա­րե­ւոր քայլ մը կը նկա­տեմ մեր մշա­կու­թա­յին գրա­կան հարս­տու­թիւ­նը եւ թուայ­նա­ցուած աշ­խար­հը քով քո­վի բե­րե­լու ա­ռու­մով: Գի­տեմ, որ ու­րիշ ծրա­գիր­ներ ալ կան, Ազ­գա­յին գրա­դա­րանն ալ կ՚ը­նէ այս գոր­ծը, բա­ւա­կան աշ­խա­տանք կը տա­նի այս ուղ­ղու­թամբ, բայց Թուան­շա­նա­յին գրա­դա­րա­նի­նը կա­րե­ւոր է այն ա­ռու­մով, որ կրնանք հե­տա­զօ­տա­կան աշ­խա­տանք կա­տա­րել նիւ­թե­րուն վրայ, ին­չ որ շատ կա­րե­ւոր է:

«Մենք պէտք է ա­ւե­լի շատ մտա­ծենք այն մա­սին, թէ ինչ­պէս այս թուայ­նա­ցուած աշ­խար­հը, ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը կրնանք քով-քո­վի դնե­լով նոր մշա­կոյթ եւ նոր գրա­կա­նու­թիւն ստեղ­ծե­լու մէջ օգ­տա­գոր­ծել: Որ­պէս­զի լե­զուն, գրա­կա­նու­թիւ­նը մա­նա­ւանդ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը զար­գա­նան, պէտք է կա­րո­ղա­նանք շա­ղել ան­ցեա­լը, ներ­կան ու ա­պա­գա­յի գրա­կա­նու­թիւ­նը:

«Կը խօ­սինք ար­ւեմ­տա­հա­յե­րէ­նը որ­պէս վտան­գուած լե­զու պահ­պա­նե­լու մա­սին, ես կ՚ը­սէի, որ պէտք է նոյն­չափ շեշ­տը դնենք լե­զուն յա­ռա­ջաց­նե­լու, աշ­խու­ժաց­նե­լու, ստեղ­ծե­լու գա­ղա­փա­րը ա­նոր մէջ ներդ­նե­լու վրայ, որ­պէս­զի ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը սփիւռ­քի մէջ ըլ­լայ ա­մե­նօ­րեայ, գոր­ծա­ծա­կան լե­զու:

«Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նար­կու­թիւ­նը այս տե­սակ բա­նե­րու վրայ ու­շադ­րու­թիւն կը դարձ­նէ եւ այդ ա­ռու­մով, կը տես­նեմ, որ Հայ մա­տե­նագ­րու­թեան թուան­շա­նա­յին գրա­դա­րա­նի աշ­խա­տա­կազ­մը խոր յար­գանք ու­նի ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հան­դէպ, ին­չ որ ող­ջու­նե­լի է: Ստեղ­ծուած է հիմք մը, կամ հիմ­քե­րէն մին, որ կրնայ իր կար­գին հիմք ըլ­լալ ու­րիշ գոր­ծիք­ներ ստեղ­ծե­լու հա­մար: Ա­սի­կա հսկա­յա­կան աշ­խա­տանք մըն է ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի մար­մին (corpus) ստեղ­ծե­լու հա­մա­ր»։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016