ՀԱՅ ԳՐԱՎԱՃԱՌՔԻ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄ ԽՄԲԱԿԻ ԽԻՍՏ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

Ներկայիս մեր գրական իրականութիւնը, որ, ի դէպ, նոյնն էր երէկ ալ ու նոյնն է նաեւ այսօր, բայց որ, անտարակոյս, կատարելապէս պիտի կերպարանափոխուի ապագային, էր ու կը մնայ վանողական ու մանաւանդ արգահատելի: Խոր ցաւով պէտք է նշել, որ դպրոցական գրասեղաններէն մեծապէս օժտուած աշակերտ-աշակերտուհիներ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք այլեւս չեն յաջողիր առաջուան նման բաւարար ժամանակ տրամադրել գրական աշխատանքներու: Անոնք կամայ-ակամայ ստիպուած են վայրկեան առաջ նետուելու կեանքի ասպարէզ, որպէսզի քար-քարի վրայ դնելով՝ հիմնեն իրենց ապագան: Ի միջի այլոց, նոյնիսկ եթէ անոնք ճակատագրական որոշում տան ու հայագիտութիւնը ընտրեն որպէս կենսուղի, իրենց ստեղծագործութիւններով, թէկուզ բարձրորակ ու արժէքաւոր, բացարձակապէս չեն կրնար մտածել ապագայ հիմնելու մասին: Անոնք պէտք է ընտրեն այլ՝ աւելի շահաբեր ուղի մը՝ անօթի չմնալու համար: Շատ-շատ պիտի դառնան լրագրողներ: Պատկերացուցէ՛ք քսան տարեկան երիտասարդ մը՝ խոստմնալից ու շնորհաշատ, որ մեծն հրամանատարի՝ կեանքի հարկադրանքին տակ կ՚ընդունի դառնալ լրագրող կամ սրբագրիչ՝ իր ուժերը «անխնայօրէն» սպառելով այդ մարզին մէջ:

Նոյնն է պարագան կայացած գրողին: Ան ալ, իր կարգին, պէտք է գլխիկոր զբաղի այլ՝ կողմնակի աշխատանքներով՝ ուսուցչութեամբ, թերթի խմբագրութեամբ ու սրբագրութեամբ եւ այլն, եւ այլն, եւ միայն ու միայն իր հանգստեան ժամերուն է, որ ան «իրաւունք» ունի անցնելու գրասեղանին առջեւ ու գէշ-աղէկ ինչ-որ բաներ մրոտելու: Մինչդեռ, ա՜հ, եթէ գրականութիւնը ըլլար եկամտաբեր ասպարէզ մը, ան նմանօրինակ խնդիրներու երբեք պիտի չբախէր, պիտի ըլլար միայն ու միայն գրող, արհեստավա՛րժ գրող. ո՜հ, ի՜նչ հոյակապ կը հնչէ: Ու եթէ այն ատեն ինչ-որ մէկը ելլէր, իրեն հարցնէր՝ «արդեօք ինչո՞վ կը զբաղիք, ինչպէ՞ս կը ճարէք ձեր օրուան հացը», ան յաղթական պիտի պատասխանէր՝ «ես գրող եմ, իմ եկամուտի աղբիւրս իմ գիրքերս են»:

Անշուշտ այս նախադասութիւնը արտասանելը վարդագոյն ու բաղձալի երազ մըն է,- մենք արդէն երազելը սիրող ժողովուրդ ենք,- այնքան ատեն որ չունինք հայ գիրքի գովազդով, տարածումով ու վաճառքով զբաղող առանձին խմբակներ, մասնաւորաբար սփիւռքի մէջ, ուր հայ գիրքը դարձած է Աստուածաշունչի պէս բան մը, զոր որեւէ ձեւով նիւթական աշխարհին հետ կապելը մեղսագործութիւն կը համարուի: Հիմա այլ հարց, թէ նոյնիսկ այսպիսի խմբակներու կազմութեամբ, հայ գրողին նիւթական վիճակը իտէալական պիտի չդառնայ, յամենայն դէպս պիտի փոխուի վստահաբար:

***

Հայ գրավաճառքի ընկերակցութիւն. ինչպէ՞ս պէտք է գործէ ան, ի՞նչ ընթացակարգով, ինչպէ՞ս եւ ինչի՞ հիման վրայ ընտրութիւն պիտի կատարէ ան հայ ժամանակակից գրողներու գործերուն միջեւ, թէ ո՞րը վաճառել եւ այլն, եւ այլն:

ԸՆԹԱՑԱԿԱՐԳ

Ուրեմն նուազագոյնը ամիսը անգամ մը պէտք է կազմակերպուի հայ ժամանակակից գրողներու (թէ՛ հայրենի ու թէ՛ սփիւռքահայ) գործերուն վաճառքը:

Առաջին հերթին, հազիւ որ գիրքը լոյս աշխարհ գայ, խմբակին անդամները կապ կը հաստատեն ոչ միայն հեղինակին, այլ նաեւ հրատարակչատան հետ՝ եռակողմ պայմանագիր մը ստորագրելու համար (իւրաքանչիւր կողմին շահաբաժինը որոշելու):

Հոս փակագիծ մը բանալով նշեմ, որ նման ընկերակցութիւններ կամ խմբակներ պէտք է գործեն ոչ թէ որպէս կամաւորներ, այլ ձեռնարկութիւններ, որոնք միաժամանակ պարտին ինչ-որ չափով հետապնդել իրենց շահը՝ ոտքի մնալու ու գոյատեւելու համար: Ներկայ դարուս, երբ տասնութ տարեկան երիտասարդէն մինչեւ եօթանասուն տարեկան տարեցը ստիպուած է «եղնիկի պէս» վազելու իր օրուան հացին ետեւէն, ո՞վ, ո՞ր երջանիկը ժամանակ կը վատնէ սիրողական ու ոչ-շահաբեր աշխատանքներու վրայ՝ պարզապէս հայ գիրքը տարածած ըլլալու համար, եւ սա կը վերաբերի առաջին հերթին նոյնինքն գրասէրներուն: Այո՛, անոնք պիտի գովազդեն, տարածեն ու վաճառեն հայ գիրքը, բայց ինչո՞ւ յառաջուց չերաշխաւորել նման խմբակներու յարակայութիւնը, ինչը կարելի կը դառնայ միայն, երբ անոնք ունենան եկամուտի մշտահոս աղբիւր մը: Այս ու նմանատիպ նախաձեռնութիւններու պարագային «կամաւոր» եզրը պէտք է դուրս վանել մեր մտքէն, որովհետեւ այդ կը նախանշէ նոյնինքն խմբակին ձախողութիւնը: Այս գործը կը պահանջէ տեւաբար իրմո՛վ զբաղող մարդիկ, եւ սա ոչ թէ տարին անգամ մը, առիթէ-առիթ, այլ միշտ: Ոչ-առեւտրային ըլլալու պարագային, վստահ եղէ՛ք, անոր անդամները ուշ կամ կանուխ ցիրուցան կ՚ըլլան, ինչը մեր պէտք ունեցածը չէ:

Վերադառնանք մեր նիւթին:

Ուրեմն կը խօսէինք յիշեալ ընկերակցութեան, հեղինակին ու հրատարակչատան միջեւ պայմանագիրի մը մասին, որ խիստ անհրաժեշտ է՝ հետագայ հաւանական խնդիրներէ խուսափելու համար:

Շարունակենք:

Ա՛րդ, վաճառքէն ետք խմբակը պարտի զեկոյց մը պատրաստել թէ՛ հեղինակին ու թէ՛ հրատարակչատան ներկայացնելու համար: Այսպիսով ամէն ինչ յատուկ կշիռ կը ստանայ, ու կատարուած աշխատանքը վեր կը բարձրանայ սիրողական մակարդակէն:

Ի դէպ, այստեղ կայ կէտ մը, որուն կ՚արժէ անդրադառնալ: Աւելի քան միամտութիւն է կարծել, թէ այս ձեւով կարելի պիտի ըլլայ մեծ «յեղաշրջում» յառաջացնել հայ գրավաճառքի պատմութեան մէջ եւ կամ նպաստել «հայ արհեստավարժ գրող»ի ձեւաւորումին: Ճիշդ այս իսկ պատճառով կարեւոր է մտածել այլ ձեւի մը մասին:

Այսի՞նքն:

Փոխանակ սպասելու տուեալ հեղինակին նոր գիրքին՝ լաւ կ՚ըլլայ պարբերաբար կազմակերպել մի քանի հայ գրողի՝ ցարդ հրատարակած գիրքերուն միացեալ վաճառքը: Խօսինք անուններով. օրինակ՝ Գրիգոր Պըլտեան, Յարութիւն Պէրպէրեան, Վեհանոյշ Թեքեան, Հենրիկ Էդոյեան, Ռազմիկ Դաւոյեան, Յուսիկ Արա, Խաչիկ Մանուկեան եւ այլն, եւ այլն. վերոյիշեալները մինչեւ այսօր հրատարակած են բազում գիրքեր, ունին պատկառելի վաստակ, որով նախ իրենք, ապա մենք կրնանք հպարտանալ: Լաւ գաղափար չէ՞ արդեօք, որ անոնց գործերուն՝ առաջինէն մինչեւ վերջինին յատկացուի յատուկ օր մը, դուք ըսէք՝ գիրքի փառատօն: Ոչ միայն երէց ու միջին, այլ նաեւ երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներուն ալ կը վերաբերի այս: Ուշադրութիւնը միայն երէց ու միջին սերունդի գրողներուն վրայ սեւեռելով՝ պէտք չէ անդին աչքաթող ընել երիտասարդները:

Անշուշտ հրաշալի կ՚ըլլար, եթէ գրողները իրե՛նք ներկայ գտնուէին իրենց գիրքերուն վաճառքին, եւ իւրաքանչիւր ընթերցող ստանար իր նախընտրած գիրքը՝ նոյնինքն հեղինակին իսկ մակագրութեամբ:

Ահաւասիկ այս ձեւով է, որ կամաց-կամաց գիրքերը կը դադրին ըլլալէ «անպտղատու ծառեր» ու կը դառնան նա՛եւ ապրուստի թէկուզ երկրորդական միջոց:

Այսինքն՝ ի՞նչ պէտք է հասկնանք այս բոլորէն,- գիրքը պէտք է հասանելի դառնայ իր գնորդին: Թէկուզ գրասէր, բոլորը սովորութիւն չունին ճամբայ իյնալու՝ իրենց սիրած գիրքը գտնելու համար:

Վերջինս ի՛նք պիտի գայ-գտնէ զայն:

ՀԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ Ո՞Ր ԳՐՈՂՆԵՐՈՒՆ ԳՈՐԾԵՐԸ ՎԱՃԱՌԵԼ

Սա լուրջ հարց է:

Այսօր ունինք բազմաթիւ տաղանդաւոր գրողներ, որոնց կողքին բնականաբար կան նաեւ անտաղանդները: Չմոռնանք, որ նման նախաձեռնութիւն մը է՛ ու կը մնայ հայ գրողին դարաւոր երազներէն մէկը: Հետեւաբար պարզ է, որ զայն կեանքի կոչելու պարագային տաղանդաւորն ու անտաղանդը ինքնաբերաբար պիտի ուզեն, որ իրենց գիրքերը գովազդուին ու վաճառուին: Հոս խմբակը պէտք է խոհեմաբար գործէ, այլ խօսքով՝ ունենայ մի քանի խորհրդակիցներ՝ մտաւորական, գրականագէտ, բանասէր եւ այլն, որոնք իրենց անկեղծ կարծիքը տան այս կամ այն գիրքին մասին՝ առանց որեւէ կողմնակցութեան, նախքան որ ան վաճառքի դրուի սեղանին վրայ: Ահաւասիկ այսպիսով լաւ ու որակեալ գիրքերը միայն կը հանրահռչակուին, իսկ ցածորակներն ու անպէտները որպէս զարդ կը մնան իրենց հեղինակներուն գզրոցներուն մէջ:

Այստեղ նշեմ, որ խմբակը ի՛նք պէտք է վերահասու ըլլայ նոր հրատարակութիւններու՝ մամուլի կամ ընկերային ցանցերու միջոցով, մօտէն ծանօթանայ անոնց բովանդակութեան, այնուհետեւ իր խորհրդակիցներուն հետ միասնաբար որոշում կայացնէ գիրքերուն մասին, թէ կ՚արժէ՞ վաճառել զանոնք կամ ոչ:

Հոս միջանկեալ նշեմ, որ «կ՚արժէ՞ վաճառել»ը երբեք պէտք չէ փոխուի «վաճառելի՞ է արդեօք»ի: Ինչո՞ւ,- որովհետեւ խմբակին նպատակը շահոյթը չէ. այո՛, ինչպէս ըսի, անոր գործունէութիւնը կամաւորական պիտի չըլլայ, սակայն նիւթականն ալ պիտի չըլլայ միայն, այլ կարելի եղածին չափով իսկական գրականութիւն տարածել ու այդպիսով եկամուտի դուռ մը բանալ հայ գրողին համար: Ապա թէ ոչ այս ամբողջ «աղմուկը» կը դառնայ անիմաստ, կը վնասէ ի՛նքը՝ գրականութիւնը, ու անիրաւութիւն կ՚ըլլայ իրաւ գրողներուն հանդէպ:

ԱՅԼ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ըստ իս՝ նպատակայարմար կ՚ըլլայ, որ խմբակը օգտագործէ մամուլը եւ ընկերային ցանցերը՝ տեղի ունենալիք վաճառքները ծանուցելու, վաճառուելիք գործերը ներկայացնելու եւ պարբերաբար զեկոյցներ ու հաղորդագրութիւններ հրապարակելու, որպէսզի ընթերցող շրջանակները տեղեակ ըլլան, թէ ի՛նչ գործունէութիւն կը ծաւալէ ան: Ապա թէ ոչ անոնք ինչպէ՞ս պիտի գիտնան, թէ ա՛լ հին օրերը անցած են, կան հայ գիրքի վաճառքով զբաղող մարդիկ, եւ թէ հայ հեղինակը այլեւս «խեղճ» չէ, ինչպէս որ էր անցեալին:

Վերջին նշում մըն ալ. բացի գեղարուեստական գործերէ՝ կարելի է նաեւ վաճառել գրականագիտական, բանասիրական եւ պատմագիտական ուսումնասիրութիւններ, վասնզի սահմանափակուիլ միայն գեղարուեստական հրատարակութիւններով՝ կը նշանակէ լրիւ անտեսել արժէքը միւսներուն, որոնք նոյնքան կարեւոր են եւ արժանի յայտնուելու խմբակին ուշադրութեան կիզակէտին:

***

Որպէս վերջաբան:

Այս ընկերակցութիւնը ձեւով մը պիտի ըլլայ շրջուն գրավաճառ մը: Այսինքն,- սա շատ կարեւոր է,- հրատարակչատունը պէտք է անվճար տրամադրէ հեղինակներուն գիրքերը: Հակառակ պարագային սա ոչ թէ խմբակ կամ ընկերակցութիւն, այլ բարեսիրական միութեան կը վերածուի:

Եւ հուսկ ըսեմ, որ նոյնիսկ այս ընկերակցութեան լոյս աշխարհ գալուստով՝ ամէն ինչ պիտի չաւարտի, սակայն կը վստահեցնեմ, որ հայ գրողին խեղճութեան ու թշուառութեան մասին հին ծանօթ երգերը այլեւս վերջ պիտի գտնեն:

Մենք ալ ազատ շունչ մը պիտի քաշենք...

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 26, 2021