Ի՞ՆՉ ԿԸ ԽՆԴՐԵՆՔ ՏԻՐՈՋՄԷ

Սովորաբար մարդիկ կը սիրեն Տիրոջ դիմել խնդրանքներով:

Առհասարակ, մենք՝ մահկանացուներս, Բարձրեալը կը յիշենք մեր նեղութեան, երբեմն ալ ուրախութեան պահերուն: Այնպիսի ուրախութեան, որ ծնունդն է նեղութեան: Այսինքն այդ ուրախութիւնը հաւասարազօր է հրաշքի, գրեթէ անհնարին, անսպասելի էր անոր իրագործումը, սակայն տեղի ունեցաւ: Իսկ մեր կեանքի միապաղաղ ընթացքին մոռացութեան կը մատնենք հոգեւորը: Մինչդեռ Տիրոջմով, Յիսուս Քրիստոսով պէտք է ապրիլ ամէն օր ու ժամ, ամէն վայրկեան. փառաբանելով ու օրհնելով զԱստուած ու Իր միածին որդին:

Իսկ ինչպիսի՞ն են մեր խնդրանքները: Շահադիտական: Սովորաբար մենք Տիրոջմէ կը խնդրենք՝ առողջութիւն, փող, հարստութիւն, անհոգ ու բարեկեցիկ կեանք, երազներու իրականացում... Կը խնդրենք ամէն բան, բացի հոգեւորէն: Թերեւս շատ քիչեր կ՚աղօթեն իրենց հոգիի փրկութեան, արդարամտութեան, հոգիի մաքրութեան ու բժշկութեան, մտքի իմաստութեան համար: Քիչեր կ՚աղօթեն սրբանալու եւ Աստուծոյ արքայութեան արժանանալու համար:

Շատ յաճախ մեր ցանկութիւնները չեն համընկնիր մեր հնարաւորութիւններու հետ: Կը տենչանք աւելիին, առանց երեւակայելու, թէ ինչպէս պիտի կարենանք դուրս գալ այդ ծանրութեան, պատասխանատուութեան տակէն:

Մեր մտքի մէջ ունենալով Աստուածաշունչէն քանի մը աղաւաղուած տող, կը փորձենք դատողութիւններ ընել: Առանց զԱստուած ճանչնալու միտքեր կ՚արտայայտենք Բարձրեալի մասին: Մեր հաւատքը ամենաբարակ դերձանի ամրութիւնն անգամ չունի, ան մազի չափ է. թեթեւ մը ուժի կիրառութեան պարագային կը փրթի անմիջապէս:

Մեզմէ ոչ մէկը ունի Հրէաստանի թագաւոր՝ Սողոմոն իմաստունի հաւատքը: Շատերս լսած են Դաւիթի որդի՝ Սողոմոն իմաստունի անունը, սակայն՝ այդքանը միայն: Մեզի յայտնի ու հետաքրքրական չէ, թէ ինչպէ՞ս պատանի Սողոմոն իմաստացաւ, բազմազգ ժողովուրդի թագաւոր կարգուեցաւ: Մինչդեռ այս հարցերու պատասխանը պահուած է Սուրբ Գիրքի մէջ: Աստուած ինքը կը պատմէ: Հին Կտակարանի (Թագաւորութիւններ Գ 3) գլուխին մէջ կը պատմուի, թէ ինչպէս Աստուած պատանի Սողոմոնը օժտեց իմաստութեամբ.

«Արքան ելաւ գնաց Գաբաւոն՝ այնտեղ զոհ մատուցելու, քանզի այդտեղ աւելի բարձր էր ու մեծ: Սողոմոնը Գաբաւոնի մէջ գտնուող այդ զոհասեղանի վրայ հազար ողջակէզ մատուցեց:

«Տէրը Սողոմոնին երեւաց գիշերուայ քունին մէջ: Տէրն ըսաւ Սողոմոնին. «Որեւէ բան խնդրէ ինքզինքիդ համար»: Սողոմոն ըսաւ. «Դուն մեծ ողորմածութիւն ըրիր իմ հայր Դաւիթին: Եւ ան ալ քեզի հետ, քու առջեւէդ ընթացաւ ճշմարտութեամբ, արդարութեամբ ու սրտի մաքրութեամբ, եւ ատոր համար ցուցուցիր սա մեծ ողորմածութիւնը՝ անոր որդին նստեցուցիր անոր գահին, ինչպէս որ է այսօր: Արդ, իմ Տէ՛ր Աստուած, դուն քու ծառան դրիր իմ հայր Դաւիթի փոխարէն, իսկ ես տակաւին պատանի եմ եւ չեմ գիտեր իմ ընելիքը: Քու ծառան քու ընտրած ժողովուրդի մէջ է. ժողովուրդ մը, որ բազմամարդ է, անթիւ ու անհամար: Իմաստութիւն տո՛ւր քու ծառային, որ ան կարենայ արդարութեամբ մտիկ ընել ու դատել քու ժողովուրդը, ունենայ խելամտութիւն զանազանելու բարին ու չարը, որովհետեւ ո՞վ կրնայ ղեկավարել քու այս բազմամարդ ժողովուրդը»: Տիրոջ հաճելի եղաւ Սողոմոնի այս խնդրանքը, եւ Տէրը ըսաւ անոր. «Քանզի դուն այդ բանը խնդրեցիր ինձմէ, խնդրեցիր ոչ թէ կեանքի երկար օրեր, հարստութիւն կամ քու թշնամիներուն մահ, այլ խնդրեցիր խելամտութիւն՝ դատ ընելու, ուստի կը վարուիմ քու ըսածիդ համաձայն։ Քեզի կու տամ իմաստուն ու հանճարեղ միտք, այնպէս որ ո՛չ քեզմէ առաջ կար քեզի պէս մէկը, եւ ո՛չ ալ քեզմէ ետք կը յայտնուի քու նմանը: Քեզի կու տամ նաեւ այն, ինչ դուն չխնդրեցիր՝ հարստութիւն ու փառք, այնպէս որ քու ապրած կեանքի օրերուն թագաւորներէն ոչ մէկը պիտի ըլլայ քեզի նման: Եւ եթէ ընթանաս իմ ճանապարհով, կատարես իմ հրամաններն ու պատուիրանները, ինչպէս ընթացաւ քու հայր Դաւիթը, ապա քու կեանքի օրերը կ՚երկարացնեմ»: Սողոմոն զարթնեց եւ տեսաւ, որ այդ երազ էր: Ան եկաւ Երուսաղէմ, կեցաւ Սիոնի մէջ գտնուող Տիրոջ ուխտի տապանակին դէմ յանդիման, զոհասեղանի առջեւ, ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցեց եւ մեծ խրախճանք մը սարքեց իր եւ իր բոլոր ծառաներու համար»:

Դաւիթ թագաւորի որդին ու յաջորդը՝ Սողոմոն Հրէաստանի թագաւոր եղած է նախքան Քրիստոս, մօտաւորապէս 970 թուականին: Ան յաղթած է թագաժառանգ եղբօրը՝ Ատոնիային, իրականացուցած է շարք մը վերափոխումներ: Սողոմոն իմաստուն ժողովուրդին ծանօթ է առաւելաբար իր առակներով։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 26, 2021