ՀԵՂԻՆԱԿԱՅԻՆ
Իմ ամենասիրելի զրուցակիցը, ընկերն ու բարեկամը՝ ես եմ:
Կը սիրեմ ժամերով ինքզինքիս հետ զրուցել, բանավիճիլ, որեւէ հարցի շուրջ ծանրութեթեւ ընել: Աւելի շատ կը սիրեմ ինքզինքիս հետ լռել ու վայելել ամենաբարձր ճիչը, ինքը լռութիւնը:
Լռութեան ժամերուն, պահերուն հասու կը դառնայ Աստուծոյ ձայնը, ներկայութիւնը: Երանութեան վայրկեաններ են այս մէկը: Ինքզինքիդ հետ կը դառնաս ներդաշնակ, գոհ ու երջանիկ:
Քիչ առաջ կը շտկէի իմ պահարանի դարակներէն մին, ուր խծկած եմ զանազան փաստաթուղթեր, տետրակներ ու գրքոյկներ: Անոնցմէ մէկուն քովէն չկրցայ անցնիլ անտարբեր: Երբ տետրակին հպայ՝ իմ հոգին ջերմացաւ. այստեղ տեղ գտած են տարբեր տարիներու իմ զանազան խոհեր: Ըսել է, թէ հպայ ես ինծի, իմ հոգիի նրբագոյն թելերուն:
Թերթեցի իմ ուրախ եւ տխուր օրերու ընկերոջ էջերը եւ վերապրեցայ իմ քաղցրաբոյր անցեալէն ակնթարթներ: Ստորեւ կը ներկայացնեմ քանի մը խծբծանքներ, զորս ժամանակին գրի առած էի.
***
Ի՞նչ ըսել է երջանկութիւն.
Երջանկութիւն ըսել է սէր:
Քանզի ան միակ հրաշագեղ զգացումն է,
Զոր մեզի մնացեալ է դրախտէն:
(Այսպիսի տաքուկ զգացում մը ապրեցայ 2013 թուականին՝ Սուրբ Սարգիսի տօնին)
***
Մենք իրերէ չենք փախչիր, մենք իրարմէ կը փախչինք,
Իսկ երբ հեռանանք, զիրար կը կարօտնանք։ (2013 թ.)
***
Մենք պէտք է սիրենք թերութիւններով հանդերձ,
Առաւելութիւններու համար բոլորը կը սիրեն։ (2013 թ.)
***
Յաջողութիւնը կը նմանի ձմրան արեւուն:
Պահ մը կը շողայ, կը ջերմացնէ մեր հոգիները:
Այնուհետեւ, երկարաժամկէտ կը բացակայի։ (2013 թ.)
***
Զարմանալի է... մթութեան մէջ կայ ե՛ւ իմաստութիւն,
Եւ անսահման երջանկութիւն։ (2013 թ.)
***
Այն ամէնը, ինչ որ խօսուն է՝ արուեստ է։ (2013 թ.)
***
Գոյներու թագուհին սպիտակն է, իսկ թագաւորը՝ սեւը։ (2013 թ.)
***
Երջանիկ կեանք չ՚ըլլար,
Կ՚ըլլան երջանիկ օրեր։ (2013 թ.)
***
Ով չի յիշեր իր անցեալը, ապագայ ալ չունի։ (2013 թ.)
***
Յիշողութիւնը կը մոռնայ, սակայն ոչ երբեք սիրտը։ (2013 թ.)
***
Պատերազմի ժամանակ մարդկային կեանքը արժէք չունի։ (2013 թ.)
***
Ամէն մայրամուտ ունի լուսաբաց,
Բայց տարիները չունին վերադարձ։ (2013 թ.)
***
Լռութիւնը ամենաբարձր ճիչն է,
Որ կը խլացնէ ականջներ, կը պայթեցնէ սրտեր։ (2013 թ.)
***
Եթէ օտարի մը զաւակի ձեռքը խաղալիք զէնք տաս, մեծնայ՝ մարդասպան կը դառնայ:
Մինչդեռ հայու զաւակը կը դառնայ ռազմիկ։ (2016 թ.)
***
Մայրս կեղտի մէջ կը փնտռէ մաքրութիւն:
Մինչդեռ ես՝ կեղտ՝ մաքրութեան մէջ։ (2017 թ.)
***
Սէրը հեռադիտակով կը նայի, նախանձը՝ մանրադիտակով։ (2018 թ.)
***
Լաւ գիրքի ընթերցանութեան ընթացքին, կարծես չմուշկով սառոյցին վրայ սահիս:
Իսկ գեղեցիկ խօսքը կը նմանի ճախրանքի։ (2019 թ.)
***
Ո՛չ մէկէ ու ոչինչէ կը դժգոհիմ:
Դժգոհ եմ միմիայն ինձմէ, որ չեմ կրնար ինքզինքս գոհացնել։ (23.9.2020 թ.)
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան