ԱՐԴԻԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑ ՄԸ…
Այս օրերուն Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենան դպրոցական աւարտական հանդէսներ, շրջանաւարտներուն հերթական հունձքերը կեանքի նոր ուղի կը մտնեն: Ահաւասիկ, հրաւիրուած եմ Երեւանի մէջ գործող դպրոցներէն մէկուն աւարտական հանդէսին:
Շուշանիկ եւ Խորէն Աւետիսեան դպրոցն է, որուն մասին բնաւ չէի լսած: Դպրոցը կը գտնուի Երեւանի կեդրոնէն բաւական հեռու՝ Հարաւ-արեւմտեան թաղամասին մէջ: Սիրով կ՚ընդունիմ հրաւէրը եւ կ՚ուղեւորուիմ տրուած հասցէով. գողտրիկ վայրի մը մէջ կը գտնեմ դպրոցին գեղեցիկ եւ արդիական շէնքը, որ կանաչ ու անաղմուկ միջավայրի մը մէջ կառուցուած է եւ որուն տարածքը կը զարմացնէ խիստ մաքրութեամբ, կոկիկութեամբ: Նոյնքան հրաշալի մաքրութեամբ եւ գրաւչութեամբ կը փայլի նաեւ դպրոցին ներսը: Դահլիճին մէջ հաւաքուած են հիւրերը, որոնք ներկայ պիտի ըլլան դպրոցին 12-րդ դասարանի աշակերտներուն վկայականաց բաշխման արարողութեան:
Կը դիտեմ շուրջս՝ ամէն ինչ դասական եւ զուսպ ոճով է, ո՛չ մէկ աւելորդ զարդարանք կայ պատերուն, ոչ մէկ ճչացող գոյն կ՚երեւի, հոգեյոյզ ձեւերէն ու ջանքերէն զերծ միջավայր մըն է, ուր համեստ եւ ազնիւ ուսուցիչներն ու դպրոցի աշխատողները կ՚ընդունին հիւրերը:
Շուտով դահլիճ կը մտնէ թուրք պատմաբան, Փրոֆ. Թանէր Աքչամ, որ օրուան հիւրն է: Անոր կ՚ուղեկցին դպրոցին բարերարները՝ ամերիկահայ Եդուարդ եւ Փամելա Աւետիսեանները: Դահլիճին մէջ լուռ տեղ կը գրաւէ Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նորանշանակ նախարար Արայիկ Յարութիւնեան: Ներկայ են նաեւ այլ հիւրեր՝ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան, դպրոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներ, Հայաստանի Ֆրանսական եւ Ամերիկեան համալսարաններուն ղեկավարները, զանազան համալսարաններու դասախօսներ, եկեղեցականներ, արտասահմանէն ժամանած կարգ մը հիւրեր:
Դահլիճ կը մտնեն շրջանաւարտները՝ տասներեք աշակերտներ, շրջանաւարտի տարազով: Յիրաւի, ամէն մարդու չէ, որ բախտ վիճակուած է իր դպրոցական աւարտական հանդէսին ունենալ նշանաւոր այնպիսի հիւր մը, ինչպիսին Թանէր Աքչամն է: Այս աշակերտները, վստահ, իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին պիտի յիշեն այս վկայականներու բաշխման հանդէսը:
Բեմէն հնչող ելոյթներուն ընթացքին կը ծանօթանամ դպրոցին հետաքրքրական պատմութեան, եւ կը նշմարեմ, որ դպրոցը, իր պատմութեամբ եւ իր տուած կրթութեամբ բացառիկ հաստատութիւն մըն է հայաստանեան կրթական համակարգին մէջ: Ան միեւնոյն ատեն դպրոց եւ համայնքային կեդրոն է եւ կրթութեան զուգահեռ այլ ծրագիրներ կ՚իրականացնէ:
Ան Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան անունով կոչուած է ի յիշատակ բարերար, ամերիկահայ Եդուարդ Աւետիսեանի ծնողաց, որոնք բացառիկ ակնածանք ունեցած են կրթութեան հանդէպ եւ մեծ զոհողութիւններու գնով իրենց զաւակները ճամբած են կրթութեան: Ահաւասիկ, անոնց որդին՝ Էտուարտ Աւետիսեան, 1999 թուականին, Հայաստանի մէջ հիմնելով այս դպրոցը, ոչ միայն յիշատակի տուրք մատուցած է իր ծնողքին, այլեւ՝ այն միլիոնաւոր հայ մայրերուն եւ հայրերուն, որոնք օտար ափերու մէջ ամէն ջանք գործի դրած են իրենց զաւակներուն կրթութեան եւ ճիշդ դաստիարակութեան համար: Այդ հայորդիներէն շատեր այսօր արժանաւոր տեղ կը զբաղեցնեն աշխարհի կարեւոր հաստատութիւններուն մէջ կամ առանձին կայացած անհատներ են եւ միշտ իրենց առջեւ ունին հայրենիքի համար լաւ գործ մը ընելու առաքելութիւնը, իբրեւ իրենց հայրերուն պատգամ:
Նախապէս գործելով ուրիշ շէնքի մը մէջ՝ 2004 թուականին դպրոցը փոխադրուած է ներկայ շէնքը, որ կառուցուած է յատուկ այս դպրոցին համար: Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան դպրոցին կառուցումը նաեւ կ՚առընչուի Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հետ եւ անոր գոյութիւնը կը բխի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան առաքելութենէն, որուն մէկ բաղկացուցիչն է երեխաներու լիարժէք եւ որակեալ կրթութիւնը եւ անոնց ապագան:
Վկայականներու բաշխման հանդիսութեան բացումը կը կատարէ դպրոցի տնօրէն Մելանիա Գեղամեան, որ բարի երթ կը մաղթէ շրջանաւարտներուն, վստահ ըլլալով, որ իրենք գիտելիքի դեսպաններն է, որ կը ճամբեն դպրոցէն, եւ որոնք կեանքի մէջ անպայման պիտի գտնեն իրենց տեղը, քանի որ զինուած են ոչ միայն հայկական եւ քրիստոնէական աւանդներով, այլ՝ համամարդկային արժէքներու կրողն են, ըլլալով Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան դպրոցի շրջանաւարտները:
Ներկայ շրջանաւարտները աւագ դպրոցի երկրորդ հունձքը կը կազմեն, իսկ, մինչ այդ՝ նախկին շէնքին մէջ դպրոցը տուած է իննամեայ կրթութիւն:
Փրոֆ. Թանէր Աքչամը ողջունեցին շրջանաւարտներէն Տաթեւիկ Մելիքսէթեան եւ Մարիէթա Ղազարեան, որոնք սահուն անգլերէնով պատմեցին Աքչամի կեանքին եւ գործունէութեան մասին: Այնուհետեւ խօսք առաւ Փրոֆ. Թանէր Աքչամ, որուն հիմնական ըսելիքը յորդոր մըն էր աշակերտներուն՝ ըլլալ համարձակ ու նորարար, ունենալ սեփական տեսակէտ եւ հարկ եղած պարագային պաշտպանել սեփական մօտեցումը, պայքարիլ իրենց ճամբուն հանդիպող անարդարութիւններուն դէմ: Թանէր Աքչամ նաեւ մանրամասնութիւններ պատմեց իր կեանքէն, որուն ընթացքին միշտ արժեւորած է լաւորակ կրթութիւնը, մարդու իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը, պատմութեան մութ անցքերուն լուսաբանումը:
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան եւ բարերարներ Եդուարդ ու Փամելա Աւետիսեաններ նոյնպէս իրենց բարեմաղթանքի խօսքերը ուղղեցին աշակերտներուն: Վկայականները յանձնեց բարերարը, որմէ ետք Թանէր Աքչամ դպրոցի բարերարներուն եւ միւս պատուոյ հիւրերուն հետ շրջեցաւ դպրոցէն ներս, ծանօթացաւ դասարաններուն, որոնցմէ մին անուանակոչուած է Հրանդ Տինքի անունով: Այս լսարանին բացումը կատարուած է անցեալ տարի՝ 2017-ի աւարտական հանդիսութենէն ետք:
«ԿԱՆԱՉ ԴՊՐՈՑ»
Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան դպրոցը առաջին «կանաչ դպրոց»ը կը նկատուի Հայաստանի եւ տարածքաշրջանի մէջ եւ արժանացած է «Կենսուժի եւ բնապահպանական մշակման առաջատարութեան» վկայագրին, քանի իր պայմաններով կը համապատասխանէ վկայագրի չափանիշներուն: Բնապահպանական մաքուր նիւթերով կառուցուած դպրոցը յագեցած է ժամանակակից լսարաններով, տարրալուծարաններով, մարզադահլիճով, խոհանոցով, գրադարանով, ունի երգչախումբ եւ արուեստի այլ խումբեր: Դպրոցական շինութիւնները կառուցուած են ելեկտրականութեան, ջուրի եւ այլ պաշարներու բարձր խնայողութեան պայմաններով, դալար տանիքներով, կանաչապատ բակերով: Աշակերտները իրենք կը ջրեն բոյսերն ու թուփերը, կը հետեւին անոնց աճման: Միաժամանակ, դպրոցական կրթութեան անբաժան մէկ մասը կը կազմէ բնապահպանութիւնը, իբրեւ նոր ժամանակներու մարտահրաւէր եւ աշակերտները ամբողջ օրուան ընթացքին կը հետեւին այդ գաղափարին: Նմանատիպ բարձր չափորոշիչներ կը գործեն նաեւ ճաշարանին մէջ՝ ճաշը եւ ուտելիքը կ՚ընտրուին յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ՝ առաւելագոյնս թարմ ու առողջապահական: Հարկ է նշել, որ դպրոցը ամբողջութեամբ անվճար է, կը գործէ մարդասիրական սկզբունքով եւ աշակերտներ կ՚ընդունի Երեւանի ծայրամասային այս թաղամասէն՝ Հարաւ-արեւմտեան շրջանէն եւ անոր յարակից բնակավայրերէն, հիմնականօրէն խոցելի խումբերու պատկանող ընտանիքներէն, որոնց երեխաները աւելի արժանի են ուշադրութեան եւ խնամքի:
Սակայն Յարութ Ներսէսեան, մեզի հետ մասնաւոր զրոյցի մը ընթացքին կը նշէ, որ նպատակ չկայ միայն այդ խումբերուն պատկանող երեխաներէն գոյացնել դպրոցի աշակերտութիւնը, ուստի նաեւ՝ ապահով ընտանիքներէն աշակերտներ կան այստեղ:
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ զրոյցին ընթացքին, Յարութ Ներսէսեան կը պատմէ նաեւ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան՝ Հայաստանի մէջ իրականացուցած միւս ծրագիրներուն մասին։ «Աւետարանչական ընկերակցութիւնը կ՚իրականացնէ բազմաթիւ կրթական ծրագիրներ, ունինք չորս մանկապարտէզ՝ Արցախի մէջ, նաեւ ունինք կրթական այլ ծրագիրներ մեր ցերեկային կեդրոններուն մէջ, որոնց նպատակն է ծայրայեղ խոցելի խումբերու երեխաներուն օգնել, որպէսզի լաւ սորվին, եւ լաւ սորվելու համար պէտք է իրենց հիմնական հարցերն ալ կարգաւորուած ըլլան, այսինքն՝ փորերնին կուշտ ըլլայ: Այդ կեդրոնները այդ ծայրայեղ խոցելի խումբերու երեխաներուն համար բոլոր պայմանները կ՚ապահովեն՝ հոգեբաններ, ընկերային աշխատողներ, դաստիարակներ, խոհարարներ եւ այլ անհրաժեշտ մասնագէտներ ներգրաւուած են:
«Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան դպրոցը միայն կրթութիւն փոխանցող դպրոց մը չէ, ապա նաեւ՝ դաստիարակութեան կեդրոն մը: Ճիշդ դաստիարակութիւնը նոյնքան կարեւոր է, եթէ ոչ աւելի կարեւոր, քան՝ գիտելիքն ու կրթութիւնը: Կը գործէ ամբողջական պետական ծրագիրներով, բայց լրացուցիչ բազմաթիւ աշխատանքներ կը տանինք: Եւ այդ լրացուցիչ աշխատանքը կը տանինք ոչ միայն երեխաներուն, այլ՝ ուսուցիչներուն հետ, որպէսզի կարողանան երեխաներուն հետ դաստիարակութեան աշխատանք տանիլ, մարդկային, հայկական, քրիստոնէական արժէքներ որդեգրել եւ անոնցով յառաջանալ: Մենք արդիւնքն ալ կը տեսնենք իրականութեան մէջ՝ կը տեսնենք երեխաներուն կարգապահութիւնը, ազնուութիւնը եւ միւս յատկանիշները, զորս հոս ձեռք կը ձգեն», կ՚ըսէ Յարութ Ներսէսեան:
Յարութ Ներսէսեան կը պատմէ, որ հայոց պատմութեան ընթացքին հայ աւետարանականները մեծապէս կարեւորութիւն տուած են կրթութեան:
1915 թուականին հայ աւետարանականները, պատմական Հայաստանի մէջ, վարած են 8 քոլէճ, 46 արական վարժարան, 16 իգական վարժարան, 369 նախակրթարան, ինչպէս նաեւ կոյր եւ խուլ երեխաներու 2 եւ արհեստագործական 8 դպրոց: Այս կրթական գործունէութիւնը շարունակուած է նաեւ 1915-էն ետք: Ներկայիս, աշխարհի տարածքին, կը գործէ շուրջ 25 հայ աւետարանական դպրոց: Այստեղ հարկ է նշել Հայկազեան համալսարանը՝ միակ հայկական համալսարանը սփիւռքի մէջ, որ հիմնած են Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնն ու Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը:
Ճիշդ է, որ իրենց կրթական գործունէութեան մէջ հայ աւետարանականները ունին մօտեցում մը, որ խարսխուած է Հայ աւետարանչական եկեղեցւոյ պատմութեան եւ անոր աստուածաշնչեան տեսակէտին մէջ, սակայն Շուշանիկ եւ Խորէն Աւետիսեան դպրոցը զերծ է այդ մօտեցումէն: Այդ մէկը կը հաստատէ նաեւ դպրոցի տնօրէն Մելանիա Գեղամեան նշելով, որ դպրոցը ծնած է կրթութեան դարաշրջանին մէջ անընդհատ եւ արագօրէն վերափոխուող աշխարհի մը մէջ ուսեալ, սեփական ակունքներուն հարազատ եւ ապագայի պատասխանատուութիւնը ստանձնող սերունդ մը ձեւաւորելու անհրաժեշտութենէն:
Դպրոցը ոչ յարանուանական է եւ բաց է բոլորին համար:
Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան դպրոցին կից կը գործէ դպրոցին Գրիգոր եւ Պէաթրիս Պիլէզիքեան մասնաշէնքը, ուր տեղակայուած են մանկապարտէզն ու տարրական դպրոցի առաջին-չորրորդ դասարանները: Այս մասնաշէնքի կառուցումն ալ իրականութիւն դարձած է շնորհիւ սփիւռքահայ Պիլէզիքեան ընտանիքին, որոնք իրենց ծնողքին՝ Գրիգոր եւ Պէաթրիս Պիլէզիքեանի յիշատակին նուիրատուութիւն մը իրականացուցած են:
Գրիգոր Պիլէզիքեան, Մարաշէն գաղթած է Հալէպ, այնուհետեւ տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր հանդիպած է Պէաթրիս Գասպարեանին, ամուսնացած են, որդի եւ դուստր ունեցած են: Անոնք ալ կ՚իրականացնեն իրենց ծնողքին փոխանցած աւանդները հայ կրթութեան մէջ:
ԽԱՐԲԵՐԴԷՆ՝ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ
Այս դպրոցին աշակերտները լաւագոյն կերպով սերտած են Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեաններու կեանքին պատմութիւնը, ծանօթացած են ոչ միայն անոնց անուններուն, որոնցմով անուանակոչուած է իրենց դպրոցը, այլեւ՝ կենսագրութիւններուն, որոնք հայու ճակատագրին մէկ մասը կը կրեն իրենց մէջ՝ միշտ նորոգուած հայրենիքի գաղափարով:
Խորէն Աւետիսեան Աւետիս եւ Բադասխան Աւետիսեաններուն որդին է, ծնած է 1894 թուականին՝ Խարբերդ նահանգի Վերին Մեզրէ գիւղին մէջ (Մամուրէթ-իւլ-Ազիզ, ներկայիս՝ Էլազըղ): Հայրը գիւղին մէջ շինարար էր: Խորէն Աւետիսեան տարրական կրթութիւնը ստացած է Մեզրէի կեդրոնական դպրոցը, իսկ 1909 թուականին գաղթած է Միացեալ Նահանգներ, ուր աշխատած է որպէս ջուլհակ՝ Փոքութէք (Ռոտ Այլընտ): 1926 թուականին ստացած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիութիւն:
Կինը՝ Շուշանիկ Ինկիլիզեան, Գրիգոր եւ Աննա Ինկիլիզեաններուն դուստրը, ծնած է 1904 թուականին՝ Խարբերդ նահանգի Կոմք գիւղին մէջ: Ան տարրական կրթութիւնը ստացած է Գերմանական Աւետարանական ընկերութեան դպրոցին մէջ, որ կը գտնուէր Մեզրէ: 1927 թուականին գաղթած է Միացեալ Նահանգներ, ուր նոյն թուականին ամուսնացած է Խորէն Աւետիսեանին հետ: 1931 թուականին ան ստացած է Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիութիւն:
Ամուսինները, Ամերիկայի հեռաւոր ափերուն վրայ, միաւորած են ընդհանուր հետաքրքրութիւնները եւ նոյն արժէքներուն հանդէպ հաւատքը: Իրենց ամուսնութեան սկիզբէն ի վեր, անոնք Սոցիալ Դեմոկրատական Հնչակեան կուսակցութեան (ՍԴՀԿ), Հայկական ընդհանուր բարեգործական միութեան (ՀԲԸՄ) եւ հայկական եկեղեցւոյ անդամներն ու գլխաւոր սատարողներն էին: Շուշանիկը Հնչակեան հայկական դպրոցի ծրագրով աշխատող ուսուցիչ էր Փոքութէքի մէջ եւ հայերէնի մասնաւոր դասեր կ՚աւանդէր իր տան մէջ: Իր ժամանակին մեծ մասը ան տրամադարած է հայկական համայնքի անդամներուն զանազան կերպով աջակցելու, այդ կարգին՝ իրենց հարազատները փնտռող վերապրողներուն նամակները կը կարդար եւ կը գրէր: Կ՚օգնէր հայ գաղթականներուն աշխատանք գտնելու հարցին մէջ:
Շուշանիկ Ինկիլիզեան-Աւետիսեան նաեւ կը գրէր բանաստեղծութիւններ, որոնք կը տպագրուէին հայկական մամուլի էջերուն մէջ: Իրենց անձնուրաց ներդրումներուն շնորհիւ Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեանները հայկական համայնքի յարգուած առաջնորդները դարձած էին: Ունեցած են չորս երեխայ՝ Փարամազ, Զուարթ, Եդուարդ եւ Պօղոս: Իրենց ամուսնական կեանքի ընթացքին բախուելով մեծ ճգնաժամին ու Բ. Աշխարհամարտին յառաջացած դժուարութիւններուն, անոնք քաջարի տոկունութեամբ յաղթահարած են բոլոր դժուարութիւնները՝ Աստուծոյ հանդէպ իրենց ունեցած մեծ հաւատքին շնորհիւ: Խորէն Աւետիսեան կեանքէն հեռացած է 1952 թուականին, իր ետին ձգելով 12-20 տարեկան իր չորս զաւակները, որոնց խնամքը, դաստիարակութիւնը մնացած է կնոջ՝ Շուշանիկի ուսերուն…
Շուշանիկ Աւետիսեան, որ միշտ ունեցած է հայրենիքին երազը իր սիրտին մէջ, առաջին անգամ Հայաստան այցելած է 1967 թուականին, որուն յաջորդած են եւս տասներկու այցելութիւններ, որոնց ընթացքին բարեկամներ ձեռք բերած է, միշտ փորձած է հնարաւորութեան չափով աջակից ըլլալ: 1997 թուականին Շուշանիկ Աւետիսեան հեռացած է կեանքէն եւ անոր հայրենանուէր ճամբան շարունակած են զաւակները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը յոյժ կարեւորութիւն կու տար կրթութեան դերին եւ նշանակութեան: Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան դպրոցը այդ առհաւատչեայի արգասիքն է:
Աւետիսեաներուն զաւակներէն Եդուարդ Աւետիսեան, որ մասնագիտութեամբ երաժիշտ է, կրցած է այլ աշխատանքի մը միջոցաւ իր դրամը վաստկիլ եւ յետագային դառնալ իր ծնողքին անունը կրող դպրոցին հիմնական հովանաւորողը: Ահա թէ ինչ կ՚ըսէ Եդուարդ Աւետիսեան դպրոցը հիմնելուն սկզբնական որոշումին եւ յետագային կատարուած աշխատանքին մասին. «Դպրոցին գաղափարը ծնունդ առած է որպէս համեստ անդրադարձ մը մայրիկիս՝ Շուշանիկի ծննդեան 90-ամեակին: Մայրս, իրապէս, որեւէ հանդիսութիւն չէր ուզեր, բայց քանի որ ընտանիքս վճռած էր անոր յոբելեանը տօնել, ապա խնդրեց այդ մէկը իրականացնել պարզ եւ առանց նուէրներու, ըսելով. «Ինչ որ անհրաժեշտ է, ունիմ, իսկ վաղը թերեւս՝ չըլլամ»:
«Ի՛նչ պիտի ընէինք, որ գոհացնէինք թէ՛ մայրիկս, թէ՛ ալ մեզ: Քրոջս՝ Զուարթին եւ եղբայրներուս՝ Փարամազին եւ Փոլին հետ խորհեցանք եւ վերյիշեցինք անոր ապրած կեանքը՝ տեսնելու, թէ ինչ յարգանք կրնայինք մատուցանել, որպէսզի իրապէս ուրախութիւն պատճառէինք մեր մայրիկին: Գիտէինք, որ մեր ծնողքը կ՚արժեւորէր կրթութիւնը, հայրս վաղ հասակէն հոգեւոր սպասարկութեան պատրաստուած էր, իսկ մայրս տակաւին ջերմ յիշողութիւններ կը պահպանէր Խարբերդի գերմանական միսիոնարական որբանոցէն ներս իր ուսումնառութենէն, որուն սաներուն՝ իր դասընկերներուն, հետ ընկերային կապը պահպանած էր ամբողջ կեանքին ընթացքին: Կրնայի՞նք արդեօք մենք որակեալ կրթութիւնը եւ յարատեւ բարեկամութիւնը պատեհութիւն դարձնել անոնց համար, որոնք կեանքէն մեծ ակնկալիքներ չունէին: Եթէ այո, ապա այդ մէկը վստահաբար կը գոհացնէր մայրս եւ մեզ…
«Շուշանիկին 90-ամեակը լուրջ տօնակատարութիւն դարձաւ հարիւրէ աւելի հրաւիրեալներով, ներառեալ անոր հեռու եւ մօտ երկարամեայ մտերիմներուն: Ներկայ էր նաեւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան ներկայացուցիչը, որուն հետ պիտի քննարկէինք, թէ ինչպէս կարելի էր պատուել մայրիկս եւ յիշատակել հայրս՝ Խորէնը: Հայրս եւ մայրս, ի հեճուկս սուղ միջոցներու, այնքան շատ բան տուած են մեզի, որ մենք երախտապարտ ենք իրենց…»։
Այդ հեռաւոր 1894 թուականէն շատ տարիներ անցած են, եւ այսօր, Երեւանի Հարաւ-արեւմտեան թաղամասին մէջ, իբրեւ հաւատքի եւ տեսիլքի վկայութիւն, տասնհինգ տարիէ ի վեր, կը գործէ համեստ հայերուն անունը կրող այս դպրոցը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ