ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (26)
Նորան մտեր էր Զանայի կեանքէն ներս։
Մտեր էր աւելի առաջ անշուշտ, դեռ շուկայի մէջ իր յայտնութեան ընթացքին։ Բայց բան մըն էր մոլութեան հասնող հեռակայ եւ անծանօթ հետաքրքրութիւնն ու անվերջ տենչանքը, եւ բոլորովին ուրի՛շ բան՝ մարդկային իրական յարաբերութիւնը, կապը, հաղորդակցութիւնը։
Բոլորովին անսպասելի, գրեթէ յուսահատ ու պարտուած իր վիճակին մէջ յանկարծ ետեւէն կանչեր էր Նորան այդ երեկոյ, եւ փոխադարձ լեզուական ուսուցման օգնութեան առաջարկով կամուրջ մը կապեր էր իր հետ։ «Ես քո հայերէնին կ՚օգնեմ, դու իմ պարսկերէնին»։ Համաձայնե՞ր էր Զանան։
Կրնա՞ր չհամաձայնիլ։
Յափշտակութեան իր այդ վիճակին մէջ մտքէն իսկ չէր անցած այն հարցումը, որ կէս ժամ ետք, մզկիթ մտնելուն պէս տուեր էր ինքն իրեն։ «Պարսկերէն ինչո՞ւ կը սորվէր»։ Երեք օր վերջ, շաբաթ օր կանուխ յետմիջօրէին, իրենց առաջին հանդիպումին պիտի հարցնէր ու հասկնար, թէ Պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժնի մէջ Իրանագիտութեան ուսանողուհի՞ էր Նորան։
Առաւօտուն արթնցաւ ժամը տասի կողմերը, ինչպէս ամէն շաբաթ։ Շէյխն ալ այդ օր համեմատաբար ուշ կ՚արթննար։ Պարտէզի գործերով զբաղեցաւ, գնաց շուկայ, վերադարձաւ, ճաշը պատրաստեց ու շէյխին հետ նստան ուտելու։
-Զանա՛... ըսելիքս սխալ մի հասկնար, հոս Ալլահին տունն է։ Գիտնալու համար կը հարցնեմ միայն... մինչեւ ե՞րբ կը մտածես մնալ։
Զանան պատասխան չունէր։ Տարօրինակօրէն երբեք այդ մասին չէր մտածած իսկ։
-Մնալ մզկի՞թ, թէ՞ Երեւան...
-Երեւան... քանի հոս ես, քեզի վարձով ուրիշ տեղ ղրկողը չեմ, հոգ մի՛ ըներ....
-Երեւան... դեռ նոր եկայ... դեռ մնամ...
Եւ գալէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով ապագայի մասին մտածեց Զանան։ Ինչո՞ւ եկեր էր. պատասխանը ինք ալ չունէր։ Մինչեւ ե՞րբ պիտի մնար, իրապէս... ալ երբեք պիտի չվերադառնա՞ր Պամ... Դիմացի պատին ժամացոյցը զնգաց։ Նայեցաւ. կէսօր էր։ Անմիջապէս դուրս ելաւ մտածումներէն ու վերադարձաւ այն գրեթէ մշտական վիճակին ու հոգեբանութեան, որ ունէր երեք օրէ ի վեր. երկու ժամէն Նորայի հետ առաջին ժամադրութիւնն էր։
Շէյխի բարձրացուցած հարցը շատ անյարմար ատեն եկեր էր։ Այդ ամէնուն մասին հիմա չէր ուզեր ու պէտք չէր որ մտածեր ինք։ Այդ հարցումներուն պատասխանները, ի վերջոյ, թերեւս կախում ունենային այսօր սկսելիք պատմութենէն...
Երկու ժամէն Նորայի հետ առաջին ժամադրութիւնն էր։
ԵՐԱՄ
•շարունակելի