ԻՆՉՈ՞Ւ ԹՈԼՍԹՈՅ ԿԸ ԹԵՐԱԳՆԱՀԱՏԷՐ ՇԷՅՔՍՓԻՐԸ (Բ.)

Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները Շէյքսփիրի մասին Թոլսթոյի քննադատութիւններուն առընչութեամբ։

Շէյքսփիր, որ մահացած է Թոլսթոյի ծնունդէն քանի մը դար առաջ, բնականաբար չկարողացաւ պատասխանել իրեն ուղղուած մեղադրանքներուն։ Բարեբախտաբար, Շէյքսփիրի հայրենակից, անգլիացի գրող Ճորճ Օրուէլ պատասխան մը գրած է Թոլսթոյին այն մասին, թէ ինչո՞ւ պէտք է կարդալ Շէյքսփիր՝ ներկայացնելով նոյնքան համոզիչ փաստարկներ։ Օրուէլ արուեստագէտի մը լաւ կամ վատ ըլլալու ենթակայականութեան հիմնուելով՝ բացայայտեց Թոլսթոյի հիմնաւորումներու սխալներն ու թերութիւնները։

Մենք բազմիցս լսած ենք նման փաստարկներ, բայց կ՚արժէ կարդալ Օրուէլի Թոլսթոյի մասին այս ուշագրաւ եզրակացութիւնը։ Օրուէլ 1947 թուականին գրի առած «Լիր, Թոլսթոյ եւ ապուշը» խորագրեալ յօդուածին մէջ ըսած է, թէ չկայ գրական արժանիքները ստուգող բան մը՝ բացի ժամանակին ասպարէզ կարդալէն եւ ժամանակին ասպարէզ կարդալը մեծամասնութեան կարծիքի դրսեւորումն է:

Օրուէլ արդարացի չէր նկատած քննադատել այն գրականագէտները, որոնք կը գնահատէին Շէյքսփիրի հանճարը, քանի որ Թոլսթոյ հիմնուած էր այն գաղափարին, թէ գրականութիւնը պէտք է ըլլայ անկեղծ եւ շահաւէտ՝ բոլոր մարդկութեան: Օրուէլ դէմ էր նաեւ Թոլսթոյի՝ Շէյքսփիրի թատրերգութիւններու ամփոփման ու զանոնք համառօտելու փորձերուն, քանի որ ան Քորտելիայի մահէն յետոյ Լիր թագաւորի անկեղծ ելոյթը շատ տարբեր բառերով պատմած էր։

Հաշուի առնելով, որ մարդոց մեծամասնութիւնը Շէյքսփիրը կը գնահատէ ո՛չ թէ անոր պատմուածքներու կառուցուածքին համար, այլ լեզուի գործածման համար. օրինակ՝ Յուլիուս Կեսարի հզօր ելոյթները, խելացի բառախաղերը «Վերոնայէն երկու ազնուական տղաներ»ու մէջ, նաեւ «Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ»ի փոխյարաբերութիւնները։ Այսպէսով, Օրուէլ Թոլսթոյի մօտեցումը կը վերագրէ սեփական անզգուշութեան։

Իր յօդուածին մէջ Օրուէլ Շէյքսփիրը կը ներկայացնէ սենեակի մը մէջ ուրախութեամբ խաղացող երեխայի մը, իսկ Թոլսթոյը՝ որպէս ծերունի մը, որ սենեակի անկիւնը նստած կ՚ըսէ. «Ինչո՞ւ այդպէս կը ցատկռտես, ինչո՞ւ չես կրնար ինծի պէս հանգիստ նստիլ»։ Սա կրնայ ծիծաղելի թուիլ, բայց անոնք որոնք կ՚ուսումնասիրեն Թոլսթոյի կեանքը եւ անոնք, որոնք ծանօթ են իր վերահսկիչ ու լուրջ բնոյթին, լաւապէս կ՚ընկալեն Օրուէլի այս օրինակը եւ կը մտածեն նաեւ այլ քննադատներու մասին, որոնք նման յայտարարութիւններ ըրած են։

Թէեւ Շէյքսփիրի բոլոր կերպարները կրնան զարդարուն եւ շէյքսփիրեան թուիլ, սակայն անոր իւրաքանչիւր թատրերգութիւնը ամբողջովին կը տարբերի իրարմէ եւ իւրաքանչիւրը իւրայատուկ է։ «Աղուեսն ու ոզնին» խորագրեալ յօդուածին մէջ գերմանացի փիլիսոփայ Իսայա Պերլին աւելի դրականօրէն գնահատեց Շէյքսփիրի հետաքրքրութիւնը՝ մէկ ժանրէն միւսը։

Թատերական քննադատ Անաթոլի Լունաչարսքի Շէյքսփիրը անուանած է «չափազանց բազմաձայն»։ Այլ խօսքով՝ Լունաչարսքի հիացած էր Շէյքսփիրի տաղանդով, ստեղծած կերպարներով, որոնք գոյութիւն ունին իրենց ստեղծողէն անկախ եւ կը պայքարին իրենց կեանքի համար։ Այս փաստը կը հակասէր Թոլսթոյին, որ իւրաքանչիւր կերպարին կը վերաբերէր որպէս իր արտացոլումը եւ զանոնք կ՚օգտագործէր որպէս իր համոզումներու խօսնակներ։

Լեւ Թոլսթոյի՝ Ուիլիըմ Շէյքսփիրի մասին քննադատութիւնները ճաշակի խնդիրները մատնանշելէ աւելին էր. սա կեանքին ու արուեստին մասին երկու տարբեր հայեացքներու հակամարտութիւն էր: Օրուէլ այս հանգամանքը իր ուշադրութեան կեդրոնին պահեց: Օրուէլի ամենամեծ ներդրումը, թերեւս, Շէյքսփիրի բոլոր ստեղծագործութիւններու մէջ Թոլսթոյի ամենաատելի կերպարի՝ Լիր թագաւորի եւ անոր հետ նմանութիւններու մատնանշումն էր: Ըստ Օրուէլի, երկու ծերերն ալ կը հրաժարին իրենց կոչումներէն, ունեցուածքէն եւ ընտանիքի անդամներէն՝ մտածելով, որ սա զիրենք կ՚ուրախացնէ, իսկ փոխարէնը կը սկսին խելագարի նման թափառիլ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

•վերջ

Երկուշաբթի, Յունիս 26, 2023