ԱՄԵՆԱՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐ ԼԻՃԸ

Ա­հա­բեկ­չու­թիւն Նի­սի մէջ, կան զո­հեր: Յե­ղաշրջ­ման փորձ Թուր­քիոյ մէջ, կան զո­հեր։ Պայթ­յիւն Միւն­խի­նի մէջ, կան զո­հեր: Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ հան­րա­կառք մը պայ­թած է, կայ զոհ մը: Ե­րե­ւա­նի մէջ զի­նուած մար­դիկ պա­տանդ վեր­ցու­ցած են զի­նուոր­նե­րը, կայ զոհ մը...: Լրա­հո­սին մէջ, կար­միր քա­ռան­կիւ­նով վա­զող տո­ղե­րը կը գու­ժեն այ­սօ­րուան աշ­խար­հի ան­հան­գիստ կշռոյ­թը: Ու­ղեղդ կը սղո­ցեն քա­ղա­քա­կան լու­րե­րու թո­ղար­կում­նե­րը, ո­րոնց ըն­թաց­քին, կը թուի, թէ միշտ նոյն մար­դի­կը կը խօ­սին՝ նոյն բա­ռե­րով ու նոյն մտա­ծում­նե­րով, եւ ո­չինչ կը փո­խուի խօս­քե­րու այդ հե­ղեղ­նե­րէն ետք: Վթար­ներ ու պա­տա­հար­ներ հա­ղոր­դող կայ­քէջ մը կը գու­ժէ հեր­թա­կան ինք­նաս­պա­նու­թեան փոր­ձի մը մա­սին: Ե­րի­տա­սարդ մըն է կրկին, ինչ­պէս վեր­ջին շրջա­նին յա­ճախ կը պա­տա­հի: Բո­լոր լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը նախ վատ ու սար­սա­փե­լի լու­րե­րը կը հա­ղոր­դեն, յե­տոյ միայն՝ լաւն ու յու­սադ­րի­չը: Ցան­կու­թիւն կը յա­ռա­ջա­նայ լրա­տուա­մի­ջոց մը հիմ­նե­լու եւ զայն կո­չե­լու «Լաւ լու­րե­ր», որ միայն լաւ լու­րեր կը թո­ղար­կէ՝ լաւ ե­րաժշ­տու­թեան մը պէս խա­ղաղ ցոլ­քե­րը սփռե­լով չորս դին: Եւ մար­դիկ, հանգս­տու­թիւն ստա­նա­լու, կեան­քի հան­դէպ դրա­կան լից­քե­րով լե­ցուե­լու հա­մար բա­նան այդ կայ­քէ­ջը եւ առ­տուը­նէ ի­րի­կուն միայն լաւ լու­րեր կար­դան: Որ­քան հրա­շա­լի կ­­՚ըլ­լայ կեան­քը եւ որ­քան՝ գու­նա­գեղ:

Չէ՞ որ վատ լու­րե­րը վատ տրա­մադ­րու­թիւն կը ստեղ­ծեն, իսկ վատ տրա­մադ­րու­թիւ­նը ու­նակ է փո­խան­ցուե­լու դի­մա­ցի­նին, վա­րա­կե­լու շուր­ջին­նե­րը: Նոյ­նիսկ հո­գե­բան­նե­րը խոր­հուրդ կու տան խու­սա­փիլ վատ լու­րե­րէ, պա­տա­հար­ներ ու դժբախտ դէպ­քեր քննար­կե­լէ...: Բայց մեր կեան­քը ան­պա­կաս է գէշ լու­րե­րէ եւ նոյ­նիսկ պահ մը կը թուի, թէ վա­տե­րը ա­ւե­լի ծանր կը կշռեն, քան՝ բա­րի ու գե­ղե­ցիկ լու­րե­րը:

Կ­­՚ու­զես փախ­չիլ քա­ղա­քի տա­պէն, աղ­մու­կէն, Խո­րե­նա­ցիի փո­ղո­ցին շուր­ջը կու­տա­կուած բա­ցա­սա­կան աղ­մու­կէն, եր­թու­ղա­յին կառ­քե­րուն մէջ կու­տա­կուած մար­դոց յոգ­նու­թե­նէն, թաք­սիի վա­րորդ­նե­րուն դժգո­հու­թե­նէն եւ հե­ռա­նալ վայր մը, ուր չկան քա­ղա­քա­կան ճա­կա­տում­ներ, ուր մեր խեղճ ժո­ղո­վուր­դը ամ­րան տա­պին տուն ու տեղ մոռ­ցած՝ փո­շի­նե­րու եւ ոս­տի­կա­նա­կան մա­հակ­նե­րու վտանգ­նե­րուն են­թար­կուե­լով գի­շեր­ներ չի լուսց­ներ՝ հա­ւա­տա­լով, որ բան մը կը փո­խուի երկ­րին մէջ, ա­ռանց գի­տակ­ցե­լու, որ փո­փո­խու­թեան ա­մէն մարդ իր­մէ պէտք է սկսի՝ փոք­րիկ պայ­քար­նե­րով հաս­նե­լով մեծ պայ­քա­րի, չմաս­նակ­ցե­լով կեղ­ծուող ընտ­րու­թիւն­նե­րու եւ գլու­խը կախ՝ չեն­թար­կուե­լով մանր պաշ­տօ­նեա­նե­րու ո­րո­շում­նե­րուն:

Խեղճ մեր ժո­ղո­վուր­դը… ա­մէն տա­րի, ամ­րան տա­պին ան փո­ղոց կ­­՚ել­լէ են­թար­կուե­լով ար­ցուն­քա­բեր կա­զե­րու եւ ջրցան­նե­րու տա­րա­փին, կորսնց­նե­լով քունն ու յա­ճախ նաեւ՝ օ­րուան աշ­խա­տան­քը, հա­ւա­տա­լով որ ո­րե­ւէ ա­նո­րոշ ծագ­ման գոր­ծիչ­նե­րու հրա­հան­գով  փո­ղոց ել­լե­լով, եր­կի­րը կրնայ դրախ­տի վե­րա­ծուիլ:

Այս ան­գամ ալ չկայ պա­կա­սը ա­նո­րոշ ծագ­մամբ գոր­ծիչ­նե­րու, ո­րոնք կ­­՚օգ­տուին ա­ռի­թէն՝ ինք­նա­հաս­տա­տուե­լու, վաստ­կե­լու միա­միտ ժո­ղո­վուր­դին քուէ­նե­րը եւ ի­րենց ամ­բո­խա­հա­ճոյ կե­ցուած­քը ի ցոյց կը դնեն:

Ո՞ւր եր­թալ՝ այս ա­մէ­նը ո­րոշ ժա­մա­նա­կով մոռ­նա­լու եւ օ­րուան տագ­նապ­նե­րուն չեն­թար­կուե­լու հա­մար: Սե­ւա­նայ լիճ: Յա­ճախ խոր­հուրդ կու տան հոն ուղ­ղուե­լու: Սե­ւա­նայ լի­ճը միշտ նկա­տուած է Հա­յաս­տա­նի ամ­րան ա­մե­նէն նա­խընտ­րե­լի վայ­րը, եւ ա­մա­ռը գա­լուն պէս հայ ժո­ղո­վուր­դը փու­թով կը սլա­նայ դէ­պի Սե­ւան, բայց Սե­ւա­նայ լի­ճը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն դար­ձած է իս­կա­պէս դժո­խա­յին վայր մը, ո­րուն կա­րե­լի է անդ­րա­դառ­նալ Սե­ւան տա­նող մայ­րու­ղիէն իսկ, ո­րուն եզ­րե­րուն վա­ճա­ռա­կան­նե­րը կ՚ա­ռա­ջար­կեն խո­րո­վա­ծի փայտ, ոչ­խար ու գառ, որ­պէս­զի հանգս­տա­նա­լու գա­ցող­նե­րը գնեն եւ մեր չքնաղ Սե­ւա­նի ա­փին ու­տեն: Ձկնորս­նե­րը նոյն­պէս ի­րենց ձկնա­գո­ղու­թեամբ վաս­տա­կած ապ­րան­քը վա­ճառ­քի կը հա­նեն եւ ձկան սի­րա­հար­նե­րը ա­նոնց­մէ կը գնեն Սե­ւա­նայ լի­ճի ձու­կը: Սե­ւա­նի ա­փե­րը ի­րենց հա­մար ան­զուսպ վա­յել­քի տեղ մը դար­ձու­ցած են հա­յաս­տան­ցի­նե­րը՝ մե­ծէն պզտիկ:

Ա­փե­րուն կա­յա­նուած ինք­նա­շարժ­նե­րուն մէ­ջէն կը լսուին տհաճ ե­րաժշ­տու­թեանց մե­ղե­դի­ներ, իսկ ինք­նա­շարժ­նե­րու տէ­րերն ու ա­նոնց ըն­տա­նիք­նե­րու ան­դամ­նե­րը, ուղ­ղա­կի Սե­ւա­նի ա­փին խո­րո­ված կ՚ը­նեն՝ աղ­բը ձգե­լով ա­փին եւ անխղ­ճօ­րէն աղ­տո­տե­լով ջու­րը: Ջու­րին մէջ կա­րե­լի է տես­նել կեր­պըն­կալ (փլաս­թիք) շի­շե­րու, մոմ­լաթ­ե­րու, ձմե­րու­կի կե­ղեւ­նե­րու կոյ­տեր, ո­րոնք նման են պզտիկ ե­րա­խա­յի մը աղ­տո­տու­թիւն­նե­րով խեղ­դե­լուն: Սիրտդ կը ցա­ւի, որ հրաշ­քով մը չես կրնար վերց­նել այդ աղ­բը եւ ա­զա­տու­թիւն պար­գե­ւել ջու­րին…:

Եր­բեմն կը թուի, թէ մեր Սե­ւա­նայ լի­ճը աշ­խար­հի ա­մե­նէն համ­բե­րա­տար, ա­մե­նէն լուռ եւ ա­մե­նէն դի­մաց­կուն լիճն է: Որ­քան կը դի­մա­նայ ան բար­բա­րո­սու­թիւն­նե­րու, ո­րոնց կ՚են­թար­կուի պար­բե­րա­բար: Ա­փին վա­ռուած նոյն խա­րոյկ­նե­րուն վրայ նաեւ գառ­նու­կի ու ոչ­խա­րի մի­սեր կ­­՚ե­փին՝ տու­նե­րէն բե­րուած կաթ­սա­նե­րու վրայ, ո­րոնք կը պա­հուին եւ տա­րին ան­գամ մը կ­­՚օգ­տա­գոր­ծուին զբօ­սախն­ջոյք­նե­րու հա­մար, իսկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն ար­դէն կա­րե­լի է տես­նել ցի­րու­ցան ե­ղած մոխ­րա­կոյ­տեր, ոս­կոր­ներ, ո­րոնց մէջ նաեւ նկա­տե­լի է մեծ քա­նա­կու­թեամբ կեր­պըն­կալ… Աս­տուած իմ, քա­նի հա­րիւր տա­րի պէտք է, որ­պէս­զի մայր բնու­թիւ­նը մար­սէ այդ ա­մէ­նը:

Այս բար­բա­րո­սու­թիւն­նե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նան այս­պէս կո­չուած վայ­րի ա­փե­րուն մօտ, ուր հսկիչ­ներ չկան, ա­փե­րուն մօ­տե­նա­լը անվ­ճար է, եւ հանգս­տա­նա­լու գա­ցող­նե­րը յա­ճախ կ՚ընտ­րեն նման վայ­րեր, ուր կա­րող են ան­վերջ ու­տել՝ ա­ռանց յար­գե­լու սնուն­դի պահ­պան­ման ա­մառ­նա­յին կա­նոն­նե­րը եւ ա­րե­ւուն տակ ցու­ցադ­րու­թեան կը հա­նեն տոպ­րակ­նե­րու ողջ ու­տե­լի­քը՝ հաց, միս, կաթ­նա­շոռ, մա­ծուն, սե­րուց­քով հա­մե­մուած աղ­ցան­ներ, լո­լիկ, վա­րունգ, կա­զա­յին ըմ­պե­լիք­ներ, ալ­քո­հոլ…: Մէկ ամ­սուան ու­տե­լի­քի պա­շա­րը կը սպա­ռեն քա­նի մը օ­րե­րու ըն­թաց­քին, իսկ յե­տոյ ալ կը դժգո­հին, որ Սե­ւա­նի օդն ու ջու­րը լաւ չեն, ա­ղի­քա­յին եւ այլ հի­ւան­դու­թիւն­ներ կը պատ­ճա­ռեն…:

Բար­բա­րո­սու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին նաեւ ջու­րին մէջ՝ գա­րե­ջու­րի շի­շե­րով, աղ­մուկ-ա­ղա­ղա­կով: Տա­սը հո­գիով կը հեծ­նեն խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րու ջրա­յին մա­շած հե­ծա­նի­ւին վրայ եւ այն­պի­սի աղ­մու­կով կը քշեն, որ պահ մը կը կար­ծես աշ­խար­հի վերջն է, եւ կը զար­մա­նաս, թէ մա­շած այդ հե­ծա­նի­ւը ինչ­պէ՞ս կը դի­մա­նայ նման շա­հա­գոր­ծու­մի: Մինչ­դեռ... որ­քան գե­ղե­ցիկ է լսել Սե­ւա­նայ լի­ճի լռու­թիւ­նը՝ ի­րիկ­նա­մու­տին կամ ար­շա­լոյ­սի շո­ղե­րուն հետ: Սե­ւա­նայ լիճ գա­ցող­նե­րը կար­ծես ան­տե­ղեակ են այդ վա­յել­քին մա­սին եւ ի­րենց աղ­մու­կով վստահ են, որ պա­տիւ կը բե­րեն լի­ճին:

Հա­րուստ­նե­րը կամ երկ­րէն դուրս կը հանգս­տա­նան, կամ ալ կ՚ընտ­րեն Սե­ւա­նայ լի­ճի ա­փին կա­ռու­ցուած բարձ­րաշ­խար­հիկ պան­դոկ­նե­րը, ուր ի­րենց ջրա­յին փա­փաք­նե­րը կը հա­գեց­նեն մա­քուր ու յա­ճախ ջրա­փո­խուող լո­ղա­ւա­զան­նե­րուն մէջ: Սե­ւա­նի վճա­րո­վի լո­ղափ­նե­րը ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի սուղ գի­ներ կը պա­հան­ջեն բնա­կիչ­նե­րէն, ուս­տի մի­ջին խա­ւին պատ­կա­նող կամ օ­րուան հա­ցի վաս­տա­կով ապ­րող մար­դիկ ստի­պուած կը նա­խընտ­րեն ա­զատ ա­փե­րը, ուր ու­զած­նուն պէս կրնան հանգս­տա­նալ, ե­թէ ի հար­կէ, հան­գիստ կա­րե­լի է նկա­տել այն բո­լոր ե­րե­ւոյթ­նե­րը, ո­րոնք տե­ղի կ­­՚ու­նե­նան Սե­ւա­նայ լի­ճի շուր­ջը:

Այդ անվ­ճար ա­փե­րուն վրայ կա­րե­լի է հան­դի­պիլ ժո­ղո­վուր­դի տար­բեր խա­ւե­րու ի­րա­կան դէմ­քին, երբ կի­ներ եր­կար փէ­շե­րով կը մտնեն ջու­րե­րուն մէջ, քա­նի որ ի­րենց ա­ւան­դա­պաշտ ա­մու­սին­նե­րու եւ ըն­տա­նի­քի միւս ան­դամ­նե­րուն հետ են, իսկ ան­դին ա­նոնց ա­մու­սին­նե­րը՝ ա­ւա­զին պառ­կած կը դի­տեն միւս հանգս­տա­ցող­նե­րը, կրկին բարձր ե­րաժշ­տու­թեան զու­գա­հեռ: Եր­բեք հասկ­նա­լի չէ այդ հան­գիս­տին ի­մաս­տը: Ա­նոնք ամ­բողջ ձմեռ մը ի­րենց ա­րեւ չտե­սած մար­մին­նե­րը մէ­կ ան­գա­մէն կը բա­նան լեռ­նա­յին ա­րե­ւուն տակ, եւ ապ­խած ձու­կե­րու պէս այ­րե­լով՝ կը սկսին հայ­հո­յել ամ­րան ալ, Սե­ւա­նին ալ, ա­րե­ւուն ալ, հան­գիս­տին ալ: Նաեւ եր­բեք հասկ­նա­լի չէ այ­րող ա­րե­ւուն տակ գնդակ խա­ղա­ցող տղա­մար­դոց վի­ճա­կը, ո­րոնք քիչ յե­տոյ այն­պի­սի խղճա­լի տեսք մը կ­­՚ու­նե­նան, որ հա­կաայ­րուած­քա­յին ոչ մէկ քսուկ կը փրկէ: Յե­տոյ, նոյն կարճ տա­բատ­նե­րով, մու­ճակ­նե­րով, ին­չով որ ա­փին էին, կի­սա­մերկ կը բարձ­րա­նան թե­րակղ­զիի ե­կե­ղե­ցին, եւ քիչ մը գի­նով­ցած կը վի­ճին Տէր Հօր հետ, որ կը յոր­դո­րէ հա­մա­պա­տաս­խան տես­քով մտնել Աս­տու­ծոյ տուն:

Սե­ւա­նի ա­փին, պահ մը կը կաս­կա­ծիս մեր հա­զա­րա­մեայ մշա­կոյ­թի, պատ­մու­թեան եւ ա­ռաս­պել­նե­րուն գո­յու­թեան մա­սին: Մի­թէ՞ ե­կե­ղե­ցիի բա­կը գտնուող այս լաս­տիկ մու­ճա­կով ու գի­նով­ցած մար­դի­կը մեր հնա­գոյն մշա­կոյ­թը կրող­նե­րուն հե­տե­ւորդ­նե՞րն են, եւ ար­դեօք ի՞նչ կը փնտռեն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, եւ մի­թէ պար­տա­դի՞ր է ա­նոնց կի­սա­մերկ ե­կե­ղե­ցի մտնե­լը, երբ կը տես­նես, որ նկա­տո­ղու­թե­նէն յե­տոյ կը սկսին հա­կա­ճա­ռել ի­րենց ար­գի­լող­նե­րուն հետ...: Նոյն աղ­մուկն է նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ շուր­ջը, որ բար­ձուն­քին ծուա­րած, կար­ծես կը դի­տէ ա­մառ­նա­յին այ­ցե­լու­նե­րուն վար­քը…

Հան­գիստ կո­չուող այդ օ­րե­րուն խղճա­լի տեսք ու­նին մա­նա­ւանդ ե­րա­խա­նե­րը: Ա­նոնք պար­տա­ւոր են են­թար­կուե­լու ի­րենց ծնող­քի հրա­ման­նե­րուն, ո­րոնք, ջու­րի ափ բե­րե­լով ի­րենց ե­րա­խա­նե­րը մէկ վայր­կեան հան­գիստ չեն ձգեր զա­նոնք՝ վար­տիքդ հա­նէ, վար­տի­քը հա­գիր, կեր, մի՛ ու­տեր, գնա՛, ե­կուր, կը բա­ւէ, մի՛ մտներ ջուր… Ե­րա­խա­ն բե­րել ջու­րին ա­փը եւ ար­գի­լել զուար­ճա­նալ ի­րեն հա­մար այն­քան սի­րե­լի ջու­րին մէջ, այս եւս ա­նի­մաստ հան­գիս­տին մաս կը կազ­մէ:

Սե­ւա­նի ա­փին ա­ւան­դա­կան հան­գիստ ան­ցը­նող­նե­րը, ան­շուշտ, տե­ղեակ չեն Սե­ւա­նի թաք­նուած հմայ­քին մա­սին: Սե­ւա­նը, ան­շուշտ, միայն ան­կուշտ հանգս­տա­ցող­նե­րուն կող­մէ գրա­ւուած այդ ա­փե­րը չեն, ուր շու­նը տէ­րը չի ճանչ­նար՝ ու­տե­լէ ետք ի­րա­րու կը խառ­նուին հաց, կօ­շիկ, ձմե­րուկ, ան­ձե­ռոց, գլխարկ, ե­րա­խայ, թաց հա­գուստ...: Իսկ ե­րե­կո­յեան, լեռ­նա­յին քա­մին կը ջա­նայ ցա­քուց­րիւ ը­նել այդ ա­մէ­նը:

Սե­ւա­նը միայն այդ չէ...: Կան Ա­րե­գու­նիի ու Սե­ւա­նի լեռ­նաշղ­թա­նե­րով պաշտ­պա­նուած գե­ղե­ցիկ ա­փեր, ուր կը թուի, թէ մար­դու ոտք չէ կո­խած, ուր ա­ւա­զը մանր է ու ճեր­մակ, իսկ ջու­րը՝ մա­քուր, լռու­թիւ­նը՝ աս­տուա­ծա­յին: Այդ ա­փե­րը հե­ռու են ինք­նա­շարժ­նե­րու ճա­նա­պար­հէն եւ ա­ւան­դա­կան հանգս­տա­վայ­րե­րը նա­խընտ­րող­նե­րը, լաւ է, որ տե­ղեակ չեն այդ ա­փե­րուն մա­սին: Այդ ա­փե­րուն շատ մօտ կան հրա­շա­լի գիւ­ղեր, ուր կա­րե­լի է տուն վար­ձե­լով, խա­ղաղ հան­գիստ մը անց­ը­նել Սե­ւա­նի ա­փին՝ ա­մէն առ­տու քա­լե­լով ան­տա­ռա­յին ու­ղիով մին­չեւ ափ եւ ե­րե­կո­յեան նոյն­պէս հե­տիոտն դառ­նալ դէ­պի գիւղ: Այդ մէ­կը նաեւ ա­ռիթ է ճանչ­նա­լու այդ գիւ­ղե­րուն բնա­կիչ­նե­րը, ո­րոնք տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ խա­ղա­ղօ­րէն կը բնա­կին լի­ճին եւ ան­տա­ռին հա­րե­ւա­նու­թեամբ: Այդ գիւ­ղե­րը ու­նին նաեւ գե­ղե­ցիկ ա­նուա­նում­ներ՝ Ար­տա­նիշ, Ջիլ, Ծա­փա­թաղ, Փամ­պակ, Ա­րե­գու­նի, Դա­րա­նակ:

Հա­յաս­տա­նը ճանչ­նալ՝ բա­ցա­յայ­տե­լով Սե­ւա­նի գե­ղեց­կու­թիւ­նը հարս­տու­թիւնն ու հմայ­քը խելք եւ ի­մաստ­նու­թիւն կը պա­հան­ջէ: Տես­նե­լով Սե­ւա­նի ա­փին անխ­նայ ու փնթի հանգս­տա­ցող մար­դի­կը, ո­րոնք վա­ղը կրնան Ե­րե­ւա­նի մէջ փո­ղոց ել­լել ու պայ­քա­րիլ ինչ-ինչ հար­ցե­րու հա­մար, կ­­՚ու­զես մօ­տե­նալ եւ ը­սել, որ հայ­րե­նի­քի, երկ­րի մէջ փո­փո­խու­թիւ­նը կը սկսի, երբ դուն գի­տակ­ցիս քե­զի բա­ժին հա­սած բնու­թեան ար­ժէ­քը, կրա­կով, կեր­պըն­կա­լով, մի­սի ոս­կոր­նե­րով եւ ա­պա­կեայ շի­շի կտոր­նե­րով չայ­լան­դա­կես բնու­թիւ­նը, որ միայն քե­զի չի պատ­կա­նիր:

Կ­­՚ու­զես մօ­տե­նալ այդ մար­դոց եւ ը­սել՝ ե­թէ դուն աղ­բը կը նե­տես այս­քան հրա­շա­գեղ, այս­քան համ­բե­րա­տար, այս­քան զու­լալ եւ այս­քան մեծ­սիրտ լի­ճին մէջ, ա­պա քե­զ ոչ մէկ փո­փո­խու­թիւն կը փրկէ այս աշ­խար­հին մէջ:

Սե­ւա­նայ լի­ճը՝ հայ­րե­նի բնու­թեան այս հրաշ­քը, լռու­թեամբ իր մէջ կը կրէ վէր­քեր, ո­րոնք սփո­փանք չու­նին…: Ան աշ­խար­հի ա­մե­նէն համ­բե­րա­տար լիճն է:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յուլիս 26, 2016