ԱՇԽԱՐՀԸ ԿԸ ՄԵՂԱՆՉԷ - Գ.

Փոքրիկ Հայկը շատ կը սիրէ երեկոյեան ժամերուն զրուցել իր հայրիկի հետ: Այս անգամ խօսակցութեան նիւթը մեղանչելն էր.

-Հայրիկ, ի՞նչ կը նշանակէ մեղանչել:

-Մեղանչել կը նշանակէ՝ մեղք գործել:

-Իսկ իմ դասընկերները կը պնդեն, թէ մեղանչել կը նշանակէ՝ մեղքերու թողութիւն խնդրել:

-Ո՛չ որդիս, շատերը ունին այդ թիւր կարծիքը: Մեղքերու թողութիւնը՝ ապաշխարութիւնն է:

-Հայրիկ, միթէ դժուա՞ր է չարէն հրաժարիլը, բարի ըլլալը: Նոյնիսկ իմ դասընկերներու մէջ շատեր կը սիրեն նեղացնել, ծաղրել, բամբասել դիմացինը: Ընդամէնը քանի մը հոգի են, որ պատրաստ են քեզի միշտ օգնելու:

-Հայկ չարը կը տիրէ աշխարհին: Տրուելով սատանայի սին գայթակղութիւններուն, օրէ օր կը շատնայ մոլորեալներու թիւը: Այլեւս մարդիկ կը դժուարանան զանազանել չարը բարիէն: Ցաւալի է, որ մեր երկիրը նոյնպէս կուլ գնաց սատանայի որոգայթներուն: Իսկ ժամանակին, հազարամեակներ առաջ, շումերները իրենց աւանդազրոյցներու մէջ կը վկայէին, թէ Հայաստանը սուրբերու երկիր է: Աստուծոյ սուրբ օրէնքներու երկիր, ուր կը գտնուի դրախտավայրը: Առհասարակ այսօր բոլոր քրիստոնեայ աշխարհը կը մեղանչէ: Զոր օրինակ, քրիստոնեայ արեւմուտքը սկսաւ պաշտօնականացնել միասեռականներու համակեցութիւնը, այսինքն՝ սկսաւ Սոդոմ ու Գոմորի վերածել աշխարհը, այն ալ՝ քրիստոնեայ աշխարհը: Վաղուց տեղի կ՚ունենան մարդիկը քոտաւորելու փորձեր: Այդ ամէնը որոշակի մտածեալ քայլեր են, որոնք պիտի իրագործուին Նեռի օրօք, եւ այս ամէնը կը կատարուի քրիստոնէական երկիրներու մէջ՝ քրիստոնէական արժէքներն ու հաւատքը տկարացնելու նպատակաւ: Աստուծոյ օրհնութիւնն ու Անոր պահպանութիւնը ի չիք դարձնելու համար, որպէսզի Նեռը հեշտութեամբ յայտնուի ու տիրէ այս աշխարհին:

-Իսկ պիտի յաջողի՞ն:

-Թերեւս այո: Քանզի մարդկութիւնը կը գերադասէ քայլել զարտուղի ճանապարհներով: Ոչ մէկը կը խորհի բարիք գործելու, փրկութեան, Աստուծոյ արքայութեան արժանանալու մասին: Բոլորը նոյն կերպ կը խորհին, կեանք մը կ՚ապրինք: Այսօր կանք, վաղը պիտի չըլլանք, ուստի ինչու ինքզինքնիս զրկենք երկրային հաճոյքներէն:

-Հայրիկ, կը հաճիս պատմել Սոդոմի ու Գոմորի մասին:

-Սոդոմն ու Գոմորը հինաւուրց քաղաքներ էին: Այդ քաղաքներու մէջ մեղքը այնքան շատցած էր, որ Աստուած որոշեց պատժել այդ երկու քաղաքները իւր բնակիչներով: Հին Կտակարանի «Ծննդոց 18» գլուխի մէջ Աբրահամ կը խնդրէ Տիրոջմէ խնայել երկիրն ու ժողովուրդը. «Մի՞ թէ դուն պիտի ոչնչացնես արդարը ամբարիշտի հետ: Եւ արդարը նոյն բանին կ՚ենթարկուի, ինչ որ ամբարիշտը: Եթէ քաղաքի մէջ ըլլայ յիսուն արդար, պիտի ոչնչացնե՞ս զանոնք, չե՞ս խնայեր ամբողջ քաղաքը յանուն այնտեղ գտնուող յիսուն արդարներու: Քա՛ւ լիցի, չընես այդ բանը՝ արդարը սպաննես ամբարիշտի հետ, եւ արդարը ենթարկուի նոյն բանին, ինչ որ ամբարիշտը: Ո՛չ, դուն, զոր կը դատես ամբողջ աշխարհը, այդպիսի դատաստան մը պիտի չընես»: Տէրը ըսաւ. «Եթէ Սոդոմի մէջ, այդ քաղաքի մէջ գտնուի յիսուն արդար, յանուն անոնց ես կը խնայեմ ամբողջ քաղաքը»: Աբրահամը պատասխանեց եւ ըսաւ. «Հիմա կը համարձակիմ խօսիլ Տիրոջ հետ, թէպէտ ես հող եմ ու մոխիր: Իսկ եթէ յիսուն արդարները պակսին հինգ հոգիով, այդ հինգի պատճառաւ դարձեալ պիտի կործանե՞ս ամբողջ քաղաքը»: Տէրն ըսաւ. «Չեմ կործաներ, եթէ այնտեղ գտնուի քառասունհինգ արդար»: Աբրահամը շարունակեց իր երկխօսութիւնը Տիրոջ հետ: Աստուած համաձայնեցաւ նոյնիսկ տասն արդարի գտնուելու պարագային խնայել քաղաքը: Աւաղ, այդ տասն արդարները չգնուեցան:

«Ծննդոց 18,19» գլուխի մէջ կը գրէ. «Երկու հրեշտակները երեկոյեան եկան Սոդոմ: Ղովտը կը նստէր Սոդոմի դարպասին մօտ: Երբ Ղովտը տեսաւ զանոնք, գնաց ընդառաջ, խոնարհեց գլուխը մինչեւ գետին եւ ըսաւ. «Համեցէ՛ք տեա՛րք, եկէք մտէ՛ք ձեր ծառայի տունը եւ գիշերեցէ՛ք այստեղ: Ես կը լուամ ձեր ոտքերը, եւ դուք վաղ առաւօտեան կը շարունակէք ձեր ճամբան»: Անոնք ըսին. «Ո՛չ, մենք այստեղ՝ քաղաքի հրապարակի մէջ պիտի գիշերենք»: Ղովտը զանոնք շատ ստիպեց  եւ անոնք դարձան անոր կողմը ու մտան իր տունը: Ղովտը ընթրիք պատրաստեց, բաղարջ հաց եփեց անոնց համար, եւ անոնք կերան:

Երբ անոնք տակաւին քուն չէին մտած, սոդոմացիներու քաղաքի տղամարդիկ՝ երիտասարդէն մինչեւ ծերը, ամբողջ ժողովուրդը միասին պաշարեցին վերջինիս տունը: Ղովտը դուրս կանչեցին ու հարցուցին անոր. «Ո՞ւր են այն տղամարդիկ, որոնք գիշերը եկան քեզ մօտ: Անոնք բե՛ր մեզ մօտ, որ կենակցինք անոնց հետ»: Ղովտը դուռէն դուրս՝ անոնց մօտ եկաւ եւ փակեց դուռը իր ետեւէն: Ան անոնց ըսաւ. «Քա՛ւ լիցի, եղբայրնե՛ր, մի՛ գործէք այդ չարիքը: Ես ունիմ երկու դուստր, որոնց տղամարդ մը չէ մօտեցած: Բերեմ անոնք ձեզ մօտ, եւ անոնց հետ ըրէք այն, ինչ հաճոյ է ձեզի, միայն թէ այդ մարդոց հանդէպ որեւէ մեղք մի՛ գործէք, որովհետեւ անոնք մտան իմ յարկի տակ»: Անոնք ըսին. «Հեռու կեցի՛ր: Դուն մեր երկիրը մտար բնակուելու իբրեւ պանդուխտ մը. միթէ կ՚ուզես դատաստա՞ն ալ տեսնել: Հիմա քեզ աւելի շատ պիտի չարչարենք, քան զանոնք»: Անոնք շատ կը բռնանային այդ մարդու՝ Ղովտի վրայ, եւ քիչ մնաց, որ ջարդէին դուռը: Ներսի մարդիկ, իրենց ձեռքերը մեկնելով, Ղովտը իրենց մօտ՝ տուն քաշեցին եւ տան դռները փակեցին: Դրան մօտ գտնուող մարդոց՝ փոքրէն մինչեւ մեծ կուրացուցին, եւ ասոնք յոգնեցան դուռը փնտռելէ»:

Այսպէս, Սոդոմի մէջ մէկ արդարէն զատ ուրիշը չգտնուեցաւ: Եւ Աստուած պատժեց Սոդոմ ու Գոմոր քաղաքները իրենց բնակչութեամբ, փրկելով միայն արդար Ղովտն ու իր ընտանիքը:

Ահաւասիկ Սոդոմի ու Գոմորի պատմութիւնը, որ այսօր նոյնութեամբ կը կրկնուի քրիստոնեայ աշխարհին մէջ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•վերջ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 26, 2021