ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. «ԴԱԴՐԷ՛, ՀԱՆԴԱՐՏԷ՛»

Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 9.8-19:
Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած Երկրորդ Նամակէն 1.1-11:
Մարկոսի Աւետարանէն 4.35-40:

Մարկոսի Աւետարանին տուեալ հատուածին մէջ կը կարդանք.

Նոյն օրը երեկոյեան, Յիսուս Իր աշակերտներուն ըսաւ.

-Եկէք լիճին միւս կողմը անցնինք։

Աշակերտները ձգեցին ժողովուրդը եւ բարձրացան այն նաւակին մէջ, ուր Յիսուս կը գտնուէր։ Հոն ուրիշ նաւակներ ալ կային։ Յանկարծ զօրաւոր հով մը փոթորկեց լիճը։ Ալիքները նաւակին զարնուելով՝ ներս կը թափէին, զայն լեցնելու աստիճան, մինչ Յիսուս նաւակին յետսակողմը բարձի մը վրայ կը քնանար։ Աշակերտները արթնցուցին զԻնք եւ ըսին.

-Վարդապե՛տ, հոգդ չէ՞ որ մենք կը կորսուինք։

Յիսուս ոտքի ելլելով սաստեց հովը, ըսելով.

-Դադրէ՛,- եւ լիճին ըսաւ.- հանդարտէ՛։

Հովը դադրեցաւ եւ կատարեալ հանդարտութիւն տիրեց։ Ապա Յիսուս Իր աշակերտնրուն ըսաւ.

-Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւի՞ն հաւատք չունիք։

Աւետարանական այս հատուածը մեզի կը ներկայացնէ Տէր Յիսուս Քրիստոսի փոթորիկն ու լիճը հանդարտեցնելու դէպքը: Այս դէպքէն երեք կէտեր առանձնացնենք ու միասնաբար խորհրդածենք այդ կէտերուն մասին:

ա. Առաքեալներուն իրարանցումի մատնուիլը:

բ. Տէր Յիսուսի հեղինակութիւնը:

գ. Տէր Յիսուսի յանդիմանութիւնը:

Անդրադառնանք առանձին-առանձին.

ա. Առաքեալներուն իրարանցումի մատնուիլը. Առաքեալները իրենց Ուսուցիչին հետ նաւ մտան, որպէսզի լիճին միւս կողմը անցնին: Յանկարծ, եղանակը կը փոխուի, քամի կը սկսի, լիճը կը սկսի ալեկոծիլ: Վիճակը երթալով կը ծանրանար ու վտանգաւոր կը դառնար: Աշակերտները այլեւս չէին կրնար տիրապետել վիճակին, իրարանցումի մատնուած էին եւ ելք չէին գտներ: Այս բոլոր իրարանցումին մէջ, յանկարծ, կը նկատեն, թէ իրենց Ուսուցիչը, նաւուն ետեւի կողմը հանգիստ քնացած էր…: Պահ մը կը մտածեն արթնցնել զԻնք, բայց կը քաշուին, որովհետեւ գիտէին Իր առօրեայ ծանրաբեռնուածութեան մասին: Սակայն, երբ կը զգան, թէ նաւը պիտի խորտակուի եւ ընկղմելու վտանգին առջեւ կանգնած են, կը մօտենան Անոր, կ՚արթնցնեն, որոշակի դատապարտութեան ոճով մը, թէ՝ Վարդապե՛տ, հոգդ չէ՞ որ մենք կը կորսուինք…:

Առաջին ակնարկով առաքեալներուն վարուելակերպը բնական էր ու տրամաբանական: Սակայն, երբ մտածենք անոնց տեսածներուն ու լսածներուն մասին, որ ամէն օր կը տեսնէին ու կը լսէին Տէր Յիսուս Քրիստոսէ, ապա այպանելի էր իրենց այդ իրարանցումի մատնուիլը, որովհետեւ իրենց Ուսուցիչը իրենց կողքին էր:

Տեղափոխենք այդ բոլորը մեր այսօրուան կեանքին: Մեզմէ իւրաքանչիւրս, սիրելիներ, այդ նաւու ուղեւորներէն ենք, որ Տէր Յիսուսի հետ նաւ մտած ենք՝ Ս. Մկրտութեան խորհուրդով, եւ կը նաւարկենք՝ այս կեանքէն հասնելու համար հանդերձեալ կեանքին: Ինչպէս առաքեալներուն պարագան էր, նոյնն է նաեւ մեր պարագան. յաճախ, մեր նաւարկութեան ընթացքին կրնանք տեսակ-տեսակ դժուարութիւններու եւ նեղութիւններու հանդիպիլ, երբեմն նոյնիսկ այնպիսի ծանր իրավիճակներու մէջ կը յայտնուինք, որ կը կարծենք թէ այլեւս վե՛րջ, ասկէ անդին այլեւս պիտի չկարենանք շարունակել ու պիտի ընկղմինք:

Բայց արդեօք այդպէ՞ս է:

Մէկ բան պէտք է յստակ ըլլայ մեզի համար. եթէ Տէր Յիսուսի հետ մուտք գործած ենք նաւակ՝ Ս. Մկրտութեամբ եւ Ս. Հոգիին զրահով, ապա պէտք է լաւ գիտակցինք, որ արդէն իսկ մեր նպատակակէտ՝ հանդերձեալ կեանք հասնելու համար անհրաժեշտ զէնքն ու զինամթերքը ունինք, մեզի կը մնայ սակայն ճի՛շդ կերպով օգտագործել մեր ձեռքերուն մէջ եղած այդ զէնքն ու զինամթերքը, մեզի կը մնայ հասկնալ թէ ե՞րբ, ո՞ւր եւ ի՞նչ ձեւով պէտք է օգտագործենք զանոնք, որպէսզի կարենանք մեր առջեւ ցցուած արգելքները յաղթահարենք, առանց վնաս պատճառելու մեր շուրջիններուն, ընդհակառակը, անոնց եւս օգնելով յաղթահարել դժուարութիւններն ու արգելքները:

Զէնք եւ զինամթերք ունենալու գիտակցութիւնը մեզ պէտք են մղեն նաեւ գիտակցելու, որ երբ դժուարութիւններու, փորձանքներու կամ արգելքներու կը հանդիպինք, պէտք չէ կորսնցնենք մեր սթափութիւնը, պէտք չէ թոյլցնենք մեր կեդրոնացումը, ընդհակառակը, սթափ եւ զգաստ վիճակով՝ զէնքն ու զինամթերքը մեր ձեռքերուն, պէտք է նայինք մեր նաւակի Նաւավարին ու Անկէ խորհուրդ եւ ուղղութիւն ստանանք, թէ նման իրավիճակներու մէջ ինչպէ՛ս պէտք է վարուինք: Պէտք չէ աշակերտներուն նմանինք, այսինքն՝ եթէ դժուարութեան մէջ յայտնուած ենք ու այնպիսի վիճակի մը հասած ենք, որ այլեւս մեզի հնարաւոր չի՛ թուիր այդ արգելքը յաղթահարելը, պէտք չէ դատապարտողի հոգեբանութեամբ մօտենանք մեր Տիրոջ, ըսելու թէ՝ հոգ չէ՞ որ ես/մենք այս վիճակին հասած եմ/ենք, այդպէս հանգիստ կանգնած ես ղեկին մօտ: Ճիշդ հակառակը, նման իրավիճակներու մէջ, պէտք է մօտենանք Անոր ու ըսենք. Նաւավար բարի, ձեռքէս եկածը ըրի, ջանք գործադրեցի, չարչարուեցայ, բայց կարողութենէս վեր է, չեմ կրնար շարունակել, կը խնդրեմ ու կը պաղատիմ Քեզի, ո՛ւժ եւ իմաստութիւն տուր ինծի, որպէսզի այս հանգրուանն ալ յաղթահարեմ… Այս պարագային պէտք է վստահ ըլլանք, որ Ան ո՛չ միայն օգնութիւն պիտի պարգեւէ մեզի, այլ՝ մեր ձեռքերէն բռնած պիտի առաջնորդէ մեզ դէպի յաղթանակ: Կարեւորը մենք մեր բաժինը կատարենք, եւ ո՛չ թէ Իր վրայ ձգենք ամէն ինչ, աւելին՝ դատապարտենք ու մեղադրենք զԻնք, որ մեզ այդպէս անօգնական ձգած է:

բ. Տէր Յիսուսի հեղինակութիւնը. Առաքեալները իրար անցած ու վախցած մօտեցան եւ արթնցուցին իրենց Վարդապետը: Տէր Յիսուս հակառակ անոնց իրարանցումին ու խուճապին, Իր սովորական հանգստութեամբ ու հանդարտութեամբ պառկած տեղէն կը կանգնի, ու նայելով Իր չորս կողմը, հանգիստ ձայնով՝ սակայն հեղինակութեամբ, կը հրամայէ՛.

-Դադրէ՛, հանդարտէ՛:

Եւ անմիջապէս ամէն ինչ կը խաղաղի: Փոթորիկը կը դադրի, իսկ լիճը կը հանդարտի՛: Աշակերտները ա՛լ աւելի իրարու կ՚անցնին, որովհետեւ չեն կրնար հասկնալ կատարուածը:

Գանք մեր առօրեային դարձեալ:

Վստահաբար մեզմէ շատեր ամէնօրեայ դրութեամբ դժուարութիւններու եւ նեղութիւններու մէջ են՝ ֆիզիքական առումով, միաժամանակ հոգեւոր գետնի վրայ փորձութիւններու ու պայքարի մէջ են: Յաճախ երբ կ՚անդրադառնանք մեր ունեցած մէկ թերութեան, կամ կը գիտակցինք մեր մեղաւոր ընթացքը, կ՚որոշենք ձերբազատիլ մեզ չարչարող մեղքէն, կ՚որոշենք յաղթահարել մեր դիմաց ցցուած փորձութիւնը, կ՚որոշենք մաքրուիլ մեղքէն… եւ ահա այս որոշում առած պահուն իսկ կը սկսին բուն փորձութիւնները եւ բուն մարտահրաւէրները, այդ պահուն է, որ ամէն ինչ գլխիվայր կը դառնայ եւ կը յայտնուինք մեծ անորոշութեան ու վախի մէջ, որով շատ յաճախ չենք իմանար թէ ի՛նչ ընենք, կամ ինչպէ՞ս վարուինք, քանի որ բարիի թշնամին ու մեզի՝ մարդոց նախանձողը, սատանան, երբ հասկնայ որ մենք որոշած ենք լքել զինք, դուրս գալ անոր տիրապետութենէն ու երթալ դէպի Աստուած, ապա կատղած գազանի նման ամէն կերպ կ՚աշխատի, որպէսզի սայթաքեցնէ ու մոլորեցնէ մեզ, որպէսզի մեր նպատակակէտին չհասնինք: Իսկ մենք, երբեմն, տեղի տալով այդ կատաղի յարձակումներուն կը սկինք կասկածիլ ու մտահոգուիլ, եւ նոյնիսկ մտածել, թէ արդեօք ճի՞շդ էր մեր առած որոշումը, եւ կամ նոյնիսկ եթէ այս բաներուն մասին չմտածենք, կը սկսինք մեզ պատէ պատ զարնել, իրար անցնիլ, խուճապի մատնուիլ, կարծելով թէ այդպիսով պիտի կարենանք լուծում մը գտնել, ինչպէս կ՚ընէին առաքեալները… Բնականաբար եթէ այս ընթացքը որդեգրենք, պիտի խորտակուինք եւ սատանան թոյլ պիտի չտայ մեզի, որպէսզի մեր նպատակին հասնինք:

Ահա այդ իրարանցումին ու խուճապին մէջ է, որ մեր ականջներուն կը հնչեն Տէր Յիսուսի հեղինակութեամբ լեցուն բառերը.

-Դադրէ՛, հանդարտէ՛:

Արդարեւ, մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ունեցած հոգեւոր պայքարին մէջ պարտաւոր է պահ մը դադրելու ու հանդարտելու, որպէսզի այդ պայքարին մէջ ունեցած իրարանցումն ու խուճապը մեզ խեղդամահ չընեն, որպէսզի այդ խառնիճաղանճը մեզ դէպի անդունդ չտանի: Պարզապէս պէտք է դադրինք ու հանդարտինք մէյ մը, որպէսզի կարենանք քաջութիւն եւ համրձակութիւն ձեռք ձգել՝ մեր աչքերը դէպի երկինք բարձրացնելու եւ Սաղմոսերգուին հետ ըսելու.

«Աչքերս դէպի լեռները կը բարձրացնեմ,
ուրկէ օգնութիւն պիտի գայ ինծի։
Օգնութիւնս Տիրոջմէն է որ պիտի գայ,
որ Արարիչն է երկինքին ու երկրին։
Անիկա թոյլ պիտի չտայ որ փորձանքի մէջ իյնաս,
որովհետեւ քու անքուն Պահապանդ է Ան։
Արդարեւ Ան չի՛ ննջեր եւ չի՛ քնանար,
Իր ժողովուրդին Պահապանն է Ան։
Տէրը քու պահապանդ է,
քու հովանի պաշտպա՛նդ է, կողքիդ կանգնած։
Ո՛չ ցերեկ ատեն արեգակը քեզի վնաս պիտի տայ,
ո՛չ ալ լուսինը՝ գիշեր ատեն։
Տէրը Ի՛նք քեզ պիտի պահէ ամէն չարիքէ,
եւ քեզ պիտի պահպանէ։
Տունէդ դուրս ըլլաս թէ ներս՝
Տէրը Ի՛նք քեզ պիտի պաշտպանէ,
այժմէն մինչեւ յաւիտեան» 
(Սղ 121)։

գ. Տէր Յիսուսի յանդիմանութիւնը. Տէր Յիսուս արթննալէ, փոթորիկն ու լիճը խաղաղեցնելէ ետք, կը դառնայ Իր աշակերտներուն ու յանդիմանական շեշտով կ՚ըսէ անոնց.

-Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւի՞ն հաւատք չունիք։

Աշակերտները ամէն օր Իր հետ էին, կը լսէին Իր ուսուցումները, իրենց աչքերով ականատես կը դառնային Իր գործած հրաշքներուն եւ զարմանահրաշ գործերուն: Աւելին, անոնք իրենց աչքերով տեսած էին, թէ ինչպէս հինգ հազարը կերակրած էր, կոյրերուն տեսողութիւն տուած էր, խուլերուն՝ լսել, կաղերը ոտքի հանած էր, Կանայի մէջ ջուրը գինիի վերածած էր, եւ տակաւին նմանատիպ հարիւրաւոր եթէ ոչ հազարաւոր հրաշքներ, ու այդ բոլորէն ետք տակաւին կը վախնային ու կը կասկածէին, եւ Տէր Յիսուս Իր այս յանդիմանութեամբ կ՚ուզէր յիշեցնել անոնց այդ բոլորը, որպէսզի այսպէս խուճապի եւ իրարանցումի չմատնուէին:

Դարձեալ գանք մեր առօրեային: Մենք մեզի հարցնենք, թէ արդեօք այսօր մենք, աշակերտներուն նոյն ըրածը չե՞նք ըներ: Հիմա ոմանք պիտի ըսեն, բայց մենք չենք տեսած ու չենք լսած…: Այս առարկութիւնը պատասխանատուութենէ փախչելու ամենէն դիւրին կերպն է: Ո՛չ ոք մեզմէ իրաւունք ունի նման չմտածուած պատճառաբանութիւն յառաջ բերելու: Ճի՛շդ է որ մենք չենք տեսած ու չենք լսած մեր Տիրոջ, սակայն Աստուածաշունչը ունինք մեր ձեռքերուն մէջ, որու միջոցով մեր Տէրը կը յայտնուի մեզի ու մեզմէ իւրաքանչիւրիս հետ կը խօսի, մեզի կը մնայ սակայն մեր աչքերն ու ականջները բանալ՝ տեսնելու եւ լսելու զԻնք:

Եթէ մեր աչքերն ու ականջները բանանք, այդպիսիով մեր հոգիին ու սիրտին դռները բացած կ՚ըլլանք մեր Տիրոջ դիմաց, որով կու գայ ու մեր մէջ կը բնակի (տե՛ս Յհ 14.23), իսկ մենք Անով զօրացած կրնանք պայքարիլ մեր բոլոր թշնամիներուն դէմ, եւ կրնանք միշտ բարիով յաղթել չարին (տե՛ս Հռ 12.17-21): Իսկ եթէ մեր աչքերն ու ականջները չբանանք եւ մենք մեզ աշխարհի ունայնութիւններով ու վախերով լեցնենք, ապա վստահ ըլլանք, որ պիտի լսենք մեր Տիրոջ սաստող յանդիմանութիւնը, թէ՝

-Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւի՞ն հաւատք չունիք։

Վախկոտ չըլլանք, այլ՝ Քրիստոսով զօրաւոր:

Անհաւատ չըլլանք, այլ՝ Ս. Հոգիով հաւատացեալ:

Վախկոտ չըլլանք, այլ՝ մեր գործերով համարձակ:

Անհաւատ չըլլանք, այլ՝ մեր օրինակով վկայող:

Վախկոտ չըլլանք, այլ՝ սիրով գօտեպնդուած:

Անհաւատ չըլլանք, այլ՝ հաւատքը որպէս վահան առնենք մեր վրայ, որպէսզի կարենանք չարին արձակած բոլոր մխացող նետերը մարել (տե՛ս Եփ 6.16):

Վախկոտ չըլլանք, այլ՝ աղօթքով պարսպապատուած չարին բոլոր յարձակումներուն դէմ:

Անհաւատ չըլլանք, այլ՝ Սուրբ Հոգիով զԱստուած փառաբանողներ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

20 օգոստոս 2023, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Օգոստոս 26, 2023