ԹԵՒԱԾՈՂ ԻՄ ՄԻՏՔԸ

Դասուելով այն բարեբախտներու շարքին, որոնք յաջողած էին իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակել հայոց մայրաքաղաքի համբաւաւոր համալսարաններէն մէկուն մէջ, ես նոյնպէս՝ ուսման ծարաւս յագեցնելու նպատակաւ հասայ Երեւան։

Այսպէսով, սկսաւ կեանքիս՝ իմ հաստափոր գիրքի տարաբը-նոյթ բովանդակութիւն պարունակող էջերէն ամենայիշարժանն ու հետաքրքրականը։

Ուսանողական տարիներ՝ լի բազում արկածախնդրութիւններով, հոգերով, անակնկալներով ու բերկրալից ակնթարթներով։ Այսօր անհուն քաղցրութեամբ ու մեծ կարօտով կը յիշեմ մեր ամենօրեայ երկարաձիգ՝ յաճախ տաղ-տըկալի, բայց եւ այնպէս հաճելի դասաժամերը։ Ինչ խենդութիւններ ըսես չէինք ըրած այդ տարիներուն։ Սակայն, այդ ընթացքին, ժամանակ առ ժամանակ տեղի կու տար անյատակ կարօտը, եւ դուն անկարող կը գտնուէիր դիմակայելու այդ հեղձուցիչ զգացումին։

Կը յիշէիր տունդ, հարիւրաւոր քիլօմեթրեր անդին ձգած ընտանիքդ։ Կ՚ուզէիր ջերմագին պարուրուիլ սիրելիներուդ հետ, գլուխդ դնել մեծ մօրդ ծունկերուն, մտիկ ընել անոր պատկերաւոր պատմութիւնները, ըմբոշխնել մայրիկիդ պատրաստած ճաշերն ու կարկանդակները… Ամենէն դաժանը կ՚ըլլար այն, որ այդ սրտաճմլիկ երկվայրկեաններուն, երբ կոպերդ գոցէիր, ականջիդ կը հասնէր մօրդ ձայնը, երեւակայօրէն քու դիմաց կ՚ուրուագծուէր մեծ հօրդ, կամ եղբօրդ բարի պատկերը, օդի մէջ կը զգայիր քեզի քաջածանօթ զգլխիչ ապուրի մը բոյրը։ Աւա՜ղ, աչքերդ բանալուդ պէս, ամէն բան կ՚ըլլար ի չիք… Այսպիսի պահերուն թախանձագին կարօտէն փրկուելու միակ բալասանը՝ արցունքներն են։

Երբեմն ալ կը պատահէր, որ հոգւոյդ մէջ բոյն կը հիւսէր անպատճառ թախիծ մը։ Նմանօրինակ օրերէն մին մինչեւ օրս կը յիշեմ շատ պարզ ու յստակ, քանզի այն անեղծ հետք մը թողուց իմ ուղեղի մէջ։

Եւ այսպէս…

Գարնանային անձրեւոտ օր մը, անհուն թախիծ մը պատած հոգիս, դասերէ վերջ եկայ տուն։ Ես ալ չէի գիտեր իմ տխրութեան պատճառը։ Երկինքը անհրապոյր էր ու մառախլապատ՝ համահունչ իմ ներաշխարհին։ Ոչ մէկ բան կ՚ուզէի ընել, ուղղակի անկողին մտայ, գլուխս դրի բարձին ու քնացայ։ Քանի մը ժամ անց արթնցայ ու խորունկ շունչ մը քաշեցի, զգացի անձրեւէն ետք օդը համակած, բաւականին տրամադրող թարմութեան բոյր մը։

Կարծես քնացած ժամանակ անձրեւին կաթիլները իրենց հետ սրբեցին, տարին իմ անկումային տրամադրութիւնը, ի փոխարէն՝ նոր շունչ ու կայտառութիւն պարգեւելով ինծի։ Միտքս աղբիւրի պէս ջինջ էր ու զուլալ, պատրաստ արարելու, ստեղծագործելու…

Աղջամուղջին, քանի մը վայրկեան լուռ ու մունջ նստայ իմ անձուկ բնակարանը մէջտեղէն կիսող բազմոցին։ Ուշադրութեամբ զննեցի շուրջս։ Այդ պահուն իմ անշուք սենեակը, որ ինծի կը ծառայէր թէ՛ որպէս հիւրասենեակ ու ննջասենեակ, թէ  խոհանոց, իմ աչքին պայծառացաւ, դարձաւ երփներանգ։ Մօտեցայ պատուհանին եւ սկսայ զմայլիլ անձրեւէն ետք յառաջացած մայրամուտի շշմեցուցիչ երանգներով։ Մայրամուտով հմայուած, իմ մտքի մէջ ծլարձակեցան հետեւեալ տողերը.

Ամէն մայրամուտ ունի լուսաբաց,

Բայց տարիները չունին վերադարձ…

Այս տողերը անմիջապէս գիր առի իմ յուշամատեանի մէջ, այնուհետեւ զայն տեղադրեցի իմ ընկերային ցանցերու պատին։

Ամիսներ, նոյնիսկ տարիներ անց, կը թերթէի իմ դիմատետրը, յանկարծ նշմարեցի թեւաւոր խօսք դարձած իմ տողերը։ Անսահման երջանիկ էի, որ իմ միտքը թեւածեց, միեւնոյն ժամանակ յուզուեցայ, որ ընթերցողը այդ տողերը կը պարտի անյայտ հեղինակի մը։ Այժմ ալ համացանցի, զանազան ընկերային ցանցերու վրայ յաճախ կ՚առերեսուիմ իմ սաւառնող մտքի հետ։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2019