6-7 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻ ԴԷՊՔԵՐՈՒ 60-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ ԶՐՈՅՑ՝ ՍԵՐՏԱՐ ՔՈՐՈՒՃՈՒԻ ՀԵՏ
Բանկալթըի «Նոստալժի» գրախանութ-մշակոյթի տան եւ «Պիրզամանլար» գեղարուեստասրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ 6-7 Սեպտեմբեր 1955 թուականի դէպքերու 60-րդ տարելիցին ձօնուած հաւաքոյթ մը։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերու տարելիցին առթիւ լոյս տեսաւ Սերտար Քորուճուի հեղինակութեամբ յատկանշական գիրք մը։ Ֆենէրի Յունաց Պատրիարքարանի այդ շրջանի լուսանկարիչ Տիմիթրիոս Քալումենոսի ոսպնեակէն 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը կը ներկայացուին այս գրքին մէջ։ Յունաց Պատրիարքարանի այժմու լուսանկարիչ Նիքոլաուս Մանկինասն ալ իր նպաստը բերած է այս ծրագրին։ Քանի մը ամիս առաջ լոյս տեսած եւ հանրութեան ներկայացուած այս գրքին երկրորդ հրատարակութիւնը կատարուած է արդէն։
Շաբաթ յետմիջօրէին տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ «Պիրզամանլար» գեղարուեստասրահի եւ համանուն հրատարակչատան տնօրէն Օսման Քէօքէր։ Աւելի վերջ արտայայտուեցաւ Սերտար Քորուճու, որ մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ «Իսթոս» հրատարակչատան կողմէ լոյս ընծայուած գործին առընչութեամբ։ Ան պատասխանեց նաեւ ներկաներու հարցումներուն։
Հաւաքոյթի եզրափակիչ հանգրուանին Սերտար Քորուճու մակագրեց գիրքերը՝ նկատի ունենալով, որ անոնք արդէն կը վաճառուին նաեւ այդ նոյն մթնոլորտին մէջ։