ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԱՍՏՂԸ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ ՄԷՋ
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր պիտի ունենայ իր պատուոյ աստղը՝ Հոլիվուտի «Փառքի ծառուղի»ին մէջ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հոլիվուտի «Փենթէյճս» թատերասրահին առջեւ վաղը տեղի պիտի ունենայ մասնաւոր արարողութիւն մը, որու ընթացքին Գալիֆորնիոյ նահանգային խորհուրդի անդամ Քեւըն տը Լէոն «Փառքի պողոտա»յին վրայ պատուոյ աստղ մը պիտի շնորհէ աշխարհահռչակ երգիչին։ Հարկ է նշել, որ օր մը վերջ ալ՝ Հոկտեմբերի 28-ին վերոյիշեալ թատերասրահին մէջ նախատեսուած է Շարլ Ազնաւուրի համերգը։
92-ամեայ Շարլ Ազնաւուր արդէն ութ տասնամեակէ ի վեր ստեղծագործական գործունէութիւն կը ծաւալէ։ Իր համերգները միշտ կը ստեղծեն լայն արձագանգ, մինչ ամբողջ աշխարհի մէջ նոյն հետաքրքրութեամբ կը վաճառուին նաեւ Ազնաւուրի ձայնագրութիւնները։