ԴԷՊԻ ՈՒՍՈՒՑՉԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ -1
Ինչպէս շատերուն, դպրոցական տարիներուն զիս նոյնպէս հմայած է ուսուցիչի մասնագիտութիւնը: Տուն դառնալուն պէս ընկերուհիներուս հետ կը խաղայինք զանազան խաղեր: Ես կը նախընտրէի հանդէս գալ ուսուցիչի դերին մէջ: Ամենաշատը Թանիային հետ դպրոց-դպրոց խաղացած ենք. ան մշտապէս եղած էր իմ աշակերտուհին: Երբեմն մինակս կը խաղայի ու իմ երեւակայական աշակերտներէն դաս կը հարցնէի կամ կը բացատրէի օրուան նիւթը անոնց: Այսօր, իմ մանկութեան այդ ժամերը վերածուած են քաղցր յուշերու: Ես խնամքով կը պահեմ զանոնք, յաճախ կը վերապրիմ իմ անհոգ տարիներէն զանազան դրուագներ:
Չեմ յիշեր՝ երբեւէ փափաքած եմ ուսուցչուհի դառնալու մասին: Երիտասարդ տարիքիս այդպիսի ուժգին ցանկութիւն չեմ ունեցած: Սակայն իմ կեանքը կը նմանի անակնկալներով լի տուփիկի մը: Ամենակարող Աստուած զանազան առիթներով անսպասելի անակնկալներ կը մատուցէ անարժանիս: Իմ մարմնի իւրաքանչիւր բջիջով կը զգամ Տիրոջ անսահման սէրը բազմամեղիս նկատմամբ: Բարձրեալը ողորմած ու բարեգութ է Իր անհնազանդ զաւակներէն մէկուն՝ ինծի նկատմամբ: Ամէն անգամ անսպասելի ուղիներ կը գծէ ինծի համար՝ սիւնակագրութիւն, ուսուցչագործութիւն, իսկ մինչեւ մասնագիտութիւնը ստանալը՝ գործարարութիւն, վաճառողուհիի աշխատանք, հացթուխի օգնական...
44-օրեայ պատերազմի անարդար աւարտէն վերջ, երբ մեր ազգադաւ իշխանութիւնները դաւադրաբար յանձնեցին Արցախը, ակնթարթի մը մէջ ես որոշեցի փափաքողներուն փոխանցել իմ գիտելիքները: Կարծեմ 2020 թուականի դեկտեմբերի սկիզբն էր, մեր ազգականուհիի՝ Մարինէին հրուշակեղէնի խանութի մէջ էի: Տխուր ու տրտում նստած կը թերթէի իմ դիմատետրը: Յանկարծ որոշեցի հանդէս գալ յայտարարութեամբ. «Բոլոր անոնք, որոնք կ՚ուզեն սորվիլ թրքերէն, կրնան դիմել ինծի անձնական նամակով կամ զանգահարել»: Վստահ էի, թէ իմ յայտարարութիւնը արձագանգ պիտի չգտնէ: Իմ վստահութիւնը ունէր հիմնաւոր պատճառներ: Երբ մշտական բնակութեան նպատակով հաստատուեցանք Հայաստանի մէջ, իմ ուղղորդութեամբ ամուսինս՝ Արին որոշեց թրքերէնի մասնաւոր դաս տալ: Անոր տեղադրած յայտարարութենէն վերջ միայն մէկ ուսանող փափաքեցաւ սորվիլ այդ լեզուն: Աւելի քան տարի մը Արին չկրցաւ ունենալ երկրորդ աշակերտ, մինչդեռ մենք յայտարարութեան մէջ նշած էինք՝ թրքերէնի մասնաւոր պարապմունքներ լեզուակիրի կողմէ: Այս մէկը մեծ առաւելութիւն մըն էր, որ շատեր չկրցան գնահատել: Աւելի ճիշդ՝ մեր Տիրոջ կամքը չէր:
Երբ ես տեղադրեցի յայտարարութիւնը՝ սկսայ անդադար հեռախօսազանգեր ստանալ իմ հեռաձայնին. մէկը կը գոցէր, միւսը կը հեռաձայնէր, միեւնոյն ժամանակ իմ դիմատետրի մէջ նամակներու տեղատարափ էր: Արցախցիներու շրջանին թրքերէն սորվելու փափաքը մեծ էր: Հարկաւ կային քննադատողներ ալ, որոնց կը զայրացնէր իմ յայտարարութիւնը: Ես կը յարգեմ այդպիսիներու ազնիւ զայրոյթը, չէ՞ որ մարդկային ու տարածքային՝ հայրենիքի կորուստի ցաւը մթագնած է շատերու բանականութիւնը: Եւ այդ բառը լսելուն պէս անոնք կը կորսնցնեն ինքնակառավարումը՝ տրուելով զայրոյթին ու բացասական զգացումներուն: Ինչեւէ...
Ի զարմանս, ես ունեցայ գրեթէ ութ աշակերտ ու աշակերտուհի: Առանց երկար-բարակ խորհելու յայտարարութիւնը տեղադրեցի՝ սակայն ես պատրաստ չէի մէկու մը լեզու սորվեցնելու: Պաղ քրտինք ու վախ մը պատեց զիս: Իմ փխրուն ուսերուն վրայ մեծ պատասխանատուութիւն մը վերցուցի։ Պարտաւոր եմ մինչեւ վերջ կենալ իմ խօսքի ետեւը: Պատասխանատուութեան ծանրութենէն պահ մը կտրուեցաւ իմ շունչը։ Կը զգայի, թէ ինչպէս դժուարութեամբ կը շնչեմ ու կ՚արտաշնչեմ: Յաջորդ վայրկեանին այդ նոյն պատասխանատուութիւնը մտերմիկ ապտակ մը հասցուց ինծի եւ անմիջապէս սթափեցայ: Զգացի՝ պատրաստ եմ: Սկսայ պարապուելու: Իմ առաջին աշակերտուհին Էրիքան էր: Հայրենասէր ու գեղեցկուհի այդ աղջնակը Հադրութէն էր: Էրիքան անկարող էր համակերպուիլ Հադրութի կորուստի ցաւին հետ: Ինչպէս բոլորը՝ ան ու իր ընտանիքը ձեռնունայն լքած էին իրենց տունը, վստահ ըլլալով՝ շուտով ամէն բան պիտի աւարտի եւ իրենք պիտի վերադառնան իրենց տուները: Էրիքայի ընտանիքի կորուստը քառապատիկ էր, անոնք Հադրութի գերեզմաններէն մէկուն մէջ ձգած են քանի մը տարի առաջ արկածի մը ժամանակ մահացած իրենց 19-ամեայ եղբայրը: Ընտանիքը եղաւ ցիրուցան, քոյրը մնաց Ստեփանակերտի մէջ, մայրն ու իմ աշակերտուհին՝ Երեւան, իսկ հայրն ու միւս քոյրը՝ Ռուսաստան: Վերջիններս վաղուց կը բնակէին Հայաստանի սահմաններէն հեռու: Աննկարագրելի ցաւալի կորուստներուն անսպասելի աւելցաւ եւս մէկը, հարիւրապատկելով մորմոքն ու կսկիծը, քանի մը ամիս վերջ՝ մայիսին անսպասելի մահացաւ Էրիքայի մայրիկը: Երբեմնի կենսուրախ ու անհոգ աղջիկը մէկ անգամէն փոխուեցաւ: Այսօր Էրիքան կը բնակի իր ռուսաստանաբնակ քոյրիկին հետ:
Իմ երկրորդ աշակերտը Էրիքն էր՝ կրկին Արցախէն:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
•շարունակելի
Երեւան