ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՌՈՏՈԼՖ ՊԱՐՍԻԿԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Երեւանի մէջ երէկ բացուեցաւ ֆրանսահայ արուեստագէտ Ռոտոլֆ Պարսիկեանի «Թուային կեանք» խորագրեալ ցուցահանդէսը։ Նոր ժանրի ստեղծագործութիւններով կազմակերպուած ձեռնարկ մըն է այս մէկը, որ գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։ Ռոտոլֆ Պարսիկեանի ցուցահանդէսը բացուած է «Գաբրիէլ Սունդուկեան» պետական ակադեմական թատրոնի մուտքասրահին մէջ։ Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ դեկտեմբերի 12-ը։ 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 26, 2021