ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԶԳՈՒՇԱՆԱԼ ԱԳԱՀՈՒԹԵՆԷՆ
Այս կիրակի օրուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 36.1-9:
Պօղոս առաքեալին Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած առաջին նամակէն 4.8-24:
Ղուկասի Աւետարանէն 12.13-31:
Ղուկասի Աւետարանէն առնուած հատուածին մէջ կը հանդիպինք «Անմիտ հարուստին առակը»ին, իսկ հատուածին երկրորդ մասին կը խօսուի, թէ մարդ ինչո՞ւ պէտք է Աստուծոյ վստահի:
Սկսինք Անմիտ հարուստին առակով: Նախ կարդանք.
«Ժողովուրդէն մէկը Յիսուսի ըսաւ.
-Վարդապե՛տ, ըսէ՛ եղբօրս, որ մեր հօր ձգած ժառանգութենէն իմ բաժինս տայ:
Յիսուս պատասխանեց.
-Ո՛վ մարդ, ո՞վ զիս դատաւոր կամ իրաւունքի բաժանարար կարգեց ձեր վրայ:
Ապա դառնալով ժողովուրդին, շարունակեց.
-Նայեցէք եւ զգուշացէ՛ք ագահութեան բոլոր տեսակներէն, որովհետեւ մարդու մը կեանքը կախեալ չէ՛ իր ամբարած հարստութենէն:
Յիսուս անոնց առակ մըն ալ խօսեցաւ եւ ըսաւ.
-Հարուստ մարդ մը կար, որուն արտերը առատ բերք տուին: Անիկա կը մտածէր ու կ՚ըսէր. «Ի՞նչ ընելու եմ, որովհետեւ հունձքս ամբարելու համար շտեմարաններուս մէջ տեղ չմնաց: Այո՛, գիտե՛մ ինչ պիտի ընեմ: Պիտի քակեմ շտեմարաններս, աւելի ընդարձակները պիտի շինեմ եւ հոն ամբարեմ ցորենս եւ ամբողջ բերքերս: Ապա ես ինծի պիտի ըսեմ.- Ով մարդ, քանի որ երկար տարիներու համար ամբարած հարստութիւն ունիս, հանգիստ ըրէ. կե՛ր, խմէ՛ եւ վայելէ՛»: Բայց Աստուած ըսաւ իրեն. «Անմիտ մարդ, այս գիշեր իսկ հոգիդ քեզմէ պիտի առնեն. որո՞ւն պիտի մնայ պատրաստածդ»:
Եւ Յիսուս եզրակացուց.
-Նոյնն է պարագան բոլոր անոնց, որոնք միայն իրենց անձերուն համար հարստութիւն կը դիզեն, փոխանակ Աստուծոյ աչքին հարստանալու» (Ղկ 12.13-21):
Հրեաները Քրիստոսի մասին տարբեր ընկալում եւ տարբեր սպասում ունէին: Չհաշուած այն չնչին մասը, որ Քրիստոսին որպէս խոստացուած Փրկիչ կը սպասէր՝ հոգեւոր ընկալումով, անդին, տարբեր-տարբեր խմբաւորումներ ըստ իրենց ընկալումներուն կը սպասէին Քրիստոսին, որ պիտի գար՝ իրենց հասկացողութեամբ՝ իրենց հարցերն ու խնդիրները լուծելու համար:
Վերջին խմբաւորումներէն մէկուն երեւի կը պատկանէր եղբայրներէն մէկը, որ մօտենալով Տէր Յիսուսի, կը խնդրէր որ իր եւ իր եղբօր միջեւ եղած ժառանգութեան խնդիրը լուծէր: Հետաքրքրական կ՚ըլլայ մեր Տիրոջ պատասխանը. ո՛վ մարդ, ո՞վ զիս դատաւոր կամ իրաւունքի բաժանարար կարգեց ձեր վրայ:
Ոմանք այստեղ կրնան առարկել, ըսելով.
-Լաւ, այդ պարագային ինչպէ՞ս հասկնալ Տիրոջ հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Եւ Հայրը ոեւէ մէկը չի դատեր, այլ դատելու իշխանութիւնը ամբողջութեամբ յանձնած է Որդիին, որպէսզի բոլորն ալ պատուեն Որդին, ինչպէս որ Հայրը կը պատուեն» (Յհ 5.22-23). ինչպէս նաեւ՝ «Ես Ինձմէ չեմ կրնար դատել, այլ կը դատեմ այնպէս՝ ինչպէս Հօրմէս կը լսեմ. եւ ուրեմն Իմ դատաստանս արդար է, որովհետեւ կը գործադրեմ ո՛չ թէ Իմ կամքս, այլ կամքը Անոր՝ որ զիս ղրկեց» (Յհ 5.30). եւ՝ «դատաստան ընելու եկայ այս աշխարհ, որպէսզի չտեսնողները տեսնեն եւ անոնք որ կը տեսնեն՝ կուրնան» (Յհ 9.39):
Այս բոլոր արտայայտութիւնները շատ դիւրութեամբ կարելի է հասկնալ ու ըմբռնել, եթէ այս արտայայտութիւններուն հոգեւոր ակնոցով մօտենանք: Մարդը, որ մօտեցած էր Տէր Յիսուսի խնդրելով՝ որպէսզի օգնէ իրեն տիրանալու համար իր իրաւունքին, աշխարհիկ ակնկալիքով մօտեցած էր Անոր եւ աշխարհիկ բաներ կը խնդրէր, որով մեր Տէրը արդար ու իրաւ կերպով ընդվզեցաւ, ըսելով, թէ Ի՛նք մեր վրայ դատաւոր չէ կարգուած նման հարցերու համար: Իսկ երբ Յովհաննէսի Աւետարանէն վեր հանուած համարները կարդանք, եւ զանոնք հոգեւոր ակնոցով դիտենք ու փորձենք հասկնալ, ապա պարզ ու յստակ կը դառնայ Տէր Յիսուսի Դատաւոր ըլլալու հանգամանքը:
Եւ ժողովուրդին դառնալով ու անոր ուղղելով իր խօսքը անուղղակիօրէն կը յանդիմանէր եղբայրները, որոնք չէին կրնար իրենց մնացած ժառանգութիւնը բաժնել, եւ անոնց յանդիմանելով կը յանդիմանէր նաեւ բոլոր ժամանակներու նման խնդիրներով իրենք զիրենք ծանրաբեռնողները, ըսելով.
-Նայեցէք եւ զգուշացէ՛ք ագահութեան բոլոր տեսակներէն, որովհետեւ մարդու մը կեանքը կախեալ չէ՛ իր ամբարած հարստութենէն:
Տէր Յիսուսի ըսել ուզածը այն է, որ մարդ պէտք չէ ինքզինք աշխարհիկ բաներու կապէ եւ ատոնցմով ինքզինք զրկէ երկնայիններէն: Ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ. «Ձեր հարստութիւնը մի՛ դիզէք երկրի վրայ, ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն եւ կամ գողերը պատդ քանդելով ներս կը մտնեն ու կը գողնան զայն: Այլ ձեր հարստութիւնը դիզեցէք երկինքի մէջ, ուր ցեցն ու ժանգը չեն կրնար փճացնել զայն, եւ ոչ ալ գողերը կրնան պատդ քանդելով ներս մտնել եւ գողնալ: Որովհետեւ ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կ՚ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը» (Մտ 6.19-21): Ժառանգութեան եւ այլ սովորութիւնները կան ո՛չ թէ մարդոց կեանքը ծանրաբեռնելու եւ կամ դժուարացնելու, ընդհակառակը թեթեւցնելու եւ դիւրացնելու, որպէսզի մեր կեանքը աւելի հեզասահ ապրինք, զգուշանալով ագահութենէն եւ անոր ամէն տեսակի երեւոյթներէն, հետեւելով Տէր Յիուսի թելադրութեան:
Էմմանուէլ Քահանայ Նազարեան կը գրէ. «Ագահութիւնը հոգեկան հիւանդութիւն մըն է, եւ աշխարհին մէջ եղած հիւանդութիւններուն՝ ամենէն սարսափելին»: Հետեւաբար, ագահութիւնը հիւանդութիւն մըն է, որմէ պէտք է բուժուիլ եթէ վարակած է մեզ, քանի որ սովորական հիւանդութիւն մը չէ, այլ՝ սարսափելի հիւանդութիւն մը, որ եթէ չդարմանենք, կրնայ ահաւոր ու վտանագաւոր հետեւեանքներ ունենալ:
Ագահութիւնը վատ դաստիարակ է նաեւ, այսինքն՝ այն ծնողները որոնք ագահ են, շռայլ եւ սանձարձակ զաւակներ կը մեծցնեն: Այս մասին եւ ընդհանրապէս ագահութեան մասին Պօղոս Ատրիանապոլսեցի Պատրիարքը կը գրէ. «Ագահութիւնը դրամի եւ ունեցուածքի անկարգ բաղձանք է: Ագահները իրենց ամբողջ կեանքը տանջանքով կ՚ապրին, որովհետեւ միշտ գանձեր մթերելու համար կը տառապին, եւ ցաւերով կը մեռնին, քանի որ գանձերը իրենց կամքին հակառակ կը ձգեն ու անդառնալի ուղիով կ՚երթան: Ագահներուն զաւակները յաճախ շռայլ կ՚ըլլան, եւ ինչ որ իրենց ծնողները քառասուն կամ յիսուն տարուան ընթացքին հաւաքեցին, ասոնց այն նոյնքան օրուան ընթացքին կը վատնեն»:
Ագահութեան մասին լաւագոյն օրինակներնէն մին է Տէր Յիսուսի պատմած Անմիտ հարուստին առակը, ուր Ան կը պատմէ, թէ ինչպէս մեծահարուստ մը, որ բազմաթիւ ունեցուածքներու տէր էր, տեսնելով թէ իր ունեցուածքները երթալով կը շատնեն ու իր ամբարները այլեւս չե՛ն կրնար պարունակել իր ունեցուածքները, կը սկսի մտածել, թէ ի՞նչ պէտք է ընել: Գիւտ մը ըրածի նման, կու գայ այն եզրակացութեան, որ իր ունեցած շտեմարանները քանդէ, անոնց տեղ աւելի մեծերը կառուցէ, իր ունեցուածքները այնտեղ ամբարէ, եւ ապա իր կեանքը հանգիստ կերպով շարունակէ ապրիլ: Սակայն, իր չմտածածն ու միտքէն իսկ չանցուցածը յանկարծ կու գայ թակելու իր ականջին դռները, յիշեցնելով անոր.
-Անմիտ մարդ, այս գիշեր իսկ հոգիդ քեզմէ պիտի առնեն. որո՞ւն պիտի մնայ պատրաստածդ:
Այս յիշեցումը ո՛չ միայն այդ անմիտ հարուստին ուղղուած է, այլեւ բոլոր ժամանակներու հարուստներուն ու ունեւորներուն, որոնք այս կամ այն կերպով, եւ շատ յաճախ ուղղակիօրէն Աստուծոյ օրհնութեամբ հարստացած են, որովհետեւ Առակագիրը կը գրէ, թէ՝ «Տիրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ» (Առ 10.22):
Մարդ ո՛չ թէ աշխարհի համար պէտք է հարուստ ըլլայ, այլ՝ ամէն բանէ առաջ պէտք է Աստուծոյ աչքին հարուստ ըլլայ:
Ոմանք կրնան հարցնել, թէ մարդ ինչպէ՞ս կրնայ Աստուծոյ աչքին հարուստ երեւալ: Պատասխանը պարզ է. Անոր կամքը կատարելով եւ գործադրելով Անոր պատուիրանները, առաքինութեան գործերով զարդարելով ու սիրելով բոլորը: Հարստութեան պարագային կարելի է աւելնցել նաեւ, իր ունեցածով բաժնեկից դառնալ իր նմաններուն, այիսնքն՝ մարդոց: Այստեղ բնականաբար ըսել չենք ուզեր, թէ իր ամբողջ ունեցածով բաժնեկցի իր նմաններուն հետ, ո՛չ, այլ՝ ըստ յարմարութեան վարուիլ իր ունեցուածքին հետ, գիտակցելով թէ իր այդ ունեցածը ո՛չ թէ միայն իր սեփական շնորհքի արդիւնքն է, այլ՝ Աստուծոյ իրեն պարգեւած օրհնութիւնը, որով ինք եւս իմաստութեամբ պէտք է վարուի իր ունեցուածքին հետ, որպէսզի աշխարհի մէջ ձեռք ձգած անցողակի ու փճացող հարստութեամբ, կարենայ երկինքին մէջ անանցանելի ու չփճացող հարստութիւն ձեռք ձգէ:
Միասնաբար կարդանք, թէ Սրբազան Պօղոս առաքեալը ի՛նչ կը յորդորէ հարուստներուն, որով յաւելեալ պատճառներ կ՚ունենանք ջանք թափելու Աստուծոյ աչքին հարստանալու.
«Այս աշխարհի հարուստներուն պատուիրէ, որ շատ չհպարտանան եւ անկայուն հարստութեան չվստահին, այլ՝ վստահին Աստուծոյ, որ ամէն ինչ առատօրէն կու տայ մեզի, որպէսզի վայելենք: Պատուիրէ, որ բարիք գործեն, լաւ գործերով հարստանան, եւ ըլլան առատաձեռն, սիրալիր եւ իրենց ունեցածով ուրիշներուն օգնելու պատրաստ: Այդպիսով իրենք իրենց համար կ՚ամբարեն գանձ մը՝ որով ամուր հիմ նետած կ՚ըլլան հանդերձեալին մէջ, ճշմարիտ կեանքը ձեռք ձգելու համար» (Եփ 6.17-19):
Մեր սիրելի ընթերցողներուն ներկայացնելով մի քանի մտածումներ ագահութեան մասին, Պօղոս Ատրիանապոլսեցի Պատրիարքէն:
- Ագահը, որ սիրտին մէջ գանձեր չունի, կը նշանակէ, թէ գանձերը իրենց մէջ շղթայած են ագահին սիրտը. հետեւաբար, երբ գանձերը կը կորսուին, կը կորսուի նաեւ անոր սիրտը, եւ անկենդան կը մնայ, քանի որ ագահներուն կեանքը անոնց գանձերն են:
- Ոսկիին դեղնութեան պատճառը թերեւս մարդոց հանդէպ երկիւղն է, որոնք ոսկիին ետեւէն ինկած են՝ բռնելու համար զայն, եւ անարգ հաճոյքներու հետ փոխանակելու համար, եւ կամ ագահակամ բարքով բանտի մէջ բանտարկելու համար: Այս պատճառով ալ ոսկին զարհուրած՝ գաղտնի կերպով կը պտտի ու փախչելու միջոցներ կը փնտռէ: Որովհետեւ, եթէ մարդիկ զայն օգտակար ու համեստ նպատակով փնտռէին, անշուշտ ան յայտնի կերպով կը պտտէր, բոլորին հետ ընտանի կը դառնար, եւ երբեք չէր ուզեր փախչիլ, հետեւաբար մարդիկ իրենց պէտք եղած ժամանակը առանց յոգնութեան կը գտնէին զայն եւ անընդհատ չէին տառապեր:
- Ագահութեան ախտը կը կարճեցնէ կեանքը, քանի որ ագահը միտքով կը տանջուի, թէ ինչպէս իր չունեցածը ձեռք բերէ, ինչպէս պահպանէ ունեցածը, ու այսպիսով միշտ կը հիւծուի ու կը մաշուի: Որովհետեւ դրամ ձեռք բերելը աշխատանքով է, պահելը՝ երկիւղով, իսկ կորսնցնելը՝ ցաւերով:
- Ագահը ինքզինք ազատ թող չհամարէ՝ որովհետեւ ոսկի շղթաներով կապուած է: Եւ իրապէս, մեծ անմտութիւն է կապուիլ այն բանին, որ մարդուն կենդանութեան ժամանակ երկիւղ կը ծնի, իսկ մահուան ժամանակ՝ ցաւ:
- Ագահը չի՛ կամենար երկինք բարձրանալ, քանի որ գիտէ, թէ այնտեղ ոսկի չկայ. սակայն, կը կամենայ սանդարամետ իջնել, որովհետեւ կը կարծէ, թէ թերեւս այնտեղ ոսկի գտնէ:
Աւարտենք Ղպտի Եկեղեցւոյ նախկին երջանկայիշատակ հայրապետ Շնուտա Գ.-ի պատասխանով, այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ձերբազատուիլ ագահութեան մեղքէն:
«Ագահութեան մեղքին կը նախորդէ ուրիշ մեղք մը՝ դրամասիրութիւն, կամ ալ ուիրշները չսիրելու մեղքը, եւ այլն: Խրատս է քեզի, որ մարդիկը սիրես, եւ ո՛չ թէ՝ աշխարհը, եւ անոր մէջ եղածները (Ա. Յհ 2.15): Եւ վստահ եղիր, որ այս մէկը ագահութիւնը սիրտէդ պիտի վռտնէ: Իսկ եթէ ագահութիւնը մօտդ մնաց, դուն քեզ պարտադրէ տալու, եւ դուն քեզի ըսէ. "Եթէ դրամը չձգեմ, ան զիս պիտի ձգէ, եւ երբ աշխարհէն բաժնուիմ, հետս պիտի չտանիմ զայն"»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
21 նոյեմբեր 2022, Վաղարշապատ