Երկուշաբթի 25, Նոյեմբեր 2024
ԲԱԲԵԼՈՆԱՑՈՒՄ
“Because I could not stop for death
he kindly stopped for me.”
Emily Dickinson
քեզի ինչքան ուս տան
ուզելով թէ չուզելով
վերջը միշտ մեռելաթաղն է
որ քեզի համար
լրիւ անծանօթ
իր ուսերուն վրայ
աղաթաթախ աչքերու նայուածքներուն տակ
քեզ տանելու է
դէպի քարակնճիռ դամբարան
մեռելներ կան
որոնք միայն արժանի են
ուսերով թաղուելու
այլ ոչ մեղագործ ձեռքերով
ուսերը մեղք չեն գործեր
լուսերակներով ողողուած ճամբաներու
աւարտը
միշտ անխուսափելի ածխախաւար
անորոշութիւնն է
իսկական բաբելոնները
դժոխամրուր կամ դրախտաշող
նոյն կէտէն կը սկսին
իսկ այդ աննկատ սկիզբի աւարտը
ընտելացումն է ԲԱԲԵԼՈՆՈՒԹԵԱՆ
ՅԱԿՈԲ ՆԱԼՊԱՆՏ ՏԼՏԼԵԱՆ
Հալէպ, 10 Մայիս 2014
Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2015