«ԿՈՄԻՏԱՍԸ ՀԵՐՈՍ Է»

Աշ­խար­հահռ­չակ ե­րա­ժիշտ Քրիս­տոֆ Պեն­տե­րեց­քի, որ այս օ­րե­րուն կը գտնուի Ե­րե­ւա­նի մէջ, ե­րէկ այ­ցե­լեց Կո­մի­տա­սի թան­գա­րա­նը։ Ծա­նօթ է, որ Պեն­տե­րեց­քի մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան նուա­գա­խում­բի հիմ­նադ­րու­թեան 10-ա­մեա­կին ձօ­նուած յո­բե­լե­նա­կան շքեղ հա­մեր­գին։ Թան­գա­րա­նի մէջ ե­րէկ կա­տա­րած շրջայ­ցին ըն­թաց­քին ալ ի­րեն ու­ղեկ­ցե­ցաւ յի­շեալ նուա­գա­խում­բի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Սէր­կէյ Սմբա­տեան։ Թան­գա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն ու­ղեկ­ցու­թեամբ Պեն­տե­րեց­քի ի­րա­կա­նա­ցուց ե­րէ­կուան շրջայ­ցը եւ իր թարմ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն լոյ­սին տակ յայտ­նեց, որ Կո­մի­տաս հե­րոս մըն է Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Միւս կող­մէ, «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Հա­յաս­տա­նի մէջ կրնայ կազ­մա­կեր­պուիլ այս մեծ ե­րա­ժիշ­տին ձօ­նուած փա­ռա­տօն մը՝ Պեն­տե­րեց­քիի օ­րե­րու ձե­ւա­չա­փին մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016