Մայր Աթոռ ՍՈՒՐԲ Էջմիածինի Մէջ՝ Տ. Ներսեհ ՎԱՐԴԱՊԵՏ Խալաթեանի Նկարներու Ցուցահանդէսը
Յունուարի 24-ին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան, Քահանայից պատրաստութեան լսարանի պատասխանատու Տ. Ներսեհ Վարդապետ Խալաթեանի՝ գեղանկարի եւ կրաֆիքի անհատական ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը, որուն ծիրէն ներս ներկայացուած են քառասունհինգ նկարներ: Այս մասին կը հաղորդէ Մայր Աթոռի տեղեկատուականը։
Ըստ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուական կեդրոնին, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վարդապետ Համբարձումեան:
Այս առիթով շնորհաւորանքի խօսքով հանդէս եկան նաեւ Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեան եւ Էջմիածինի քաղաքապետ Կարէն Գրիգորեան:
Իր հերթին, Տ. Ներսեհ Վարդապետ Խալաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենայն Հայոց Հայրապետին՝ ընձեռ-ւած հնարաւորութեան համար, ապա, անդրադառնալով իր ստեղծագործական կեանքին, ներկայացուց ցուցադրուած աշխատանքները:
Այնուհետեւ շարականներու կատարումներով հանդէս եկան «Սաղմոսերգու» հոգեւոր երաժշտութեան արական երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Վահէ Բէգոյեանի:
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանները, արուեստագէտներ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի սաները եւ այլ հրաւիրեալներ: Ցուցահանդէսը պիտի մնայ մինչեւ Յունուարի 28-ը: