ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Մարդոց հոգին կը նմանի խորունկ ու անհուն ծովերու կոհակներէն ու յորձանքէն փրկուելու ջանացող նաւի մը, որու աշխատակազմին կ՚անդամակցին սիրտն ու միտքը։ Զգացումներու ու մտածումներու համադրումը թիկունք կը կանգնին հոգին ազատելու համար փոթորիկներէ, ահագնակերպ ալիքներէ՝ նեղութիւններէ, դժուարութիւններէ։ Սակայն սրտին ու մտքին համագործակցութեան բացակայութիւնը հոգւոյ տառապանքին պատճառ կը դառնայ։
Կը բախենք դռներ, կ՚որոնենք լուծումներ, որպէսզի ճար մը գտնենք մեր թեւազուրկ վիճակին՝ թնճուկներուն ու խոչընդոտներուն համար։ Այս բոլորէն հեռանալու, անդորրութեան հասնելու համար կը փորձենք մեկուսանալ, եղափոխութիւն մը կատարել մեր ներաշխարհէն ներս։ Սակայն մեր չլուծուած հարցերը թոյլ չեն տար, որ առողջ խորհինք, մէկ կողմ քաշուինք կեանքի ագահ ու նախանձոտ նայուածքէն եւ զուգահեռաբար աշխարհի ամենագեղեցիկ ու տեսարժան վայրերը կը դառնան անապատի, ինչպէս որ նաւի մը մէջ լաւ չտեղադրուած բեռը դիւրաւ կը տապալի եւ պատճառ կը դառնայ վնասներու ու կորուստներու։
Սոքրաթէսին պատմած են մարդու մը մասին, որ տարուայ մը ընթացքին առանձին կը կատարէ անհամար ճամբորդութիւններ, սակայն ան ամէն անգամ կը վերադառնայ նոյն հոգեվիճակով։ Իսկ Սոքրաթէս կը պատասխանէ, թէ այս մէկը բնական է, քանի որ ան ինքն իրեն տարած է այդ ճամբորդութիւններուն։
Բազմաթիւ յօդուածներ գրի առնուած են առանձնութեան պատճառներուն մասին, սակայն այս բարդ երեւոյթը հնարաւոր չէ կատարելապէս վերլուծել ու բացայայտել։ Մեր ներքին ձայնը լսելու, մեր գործած արարքները վերաքննելու ու հաշուետուութիւն մը ընելու գրեթէ ամենալաւ ձեւը կը հանդիսանայ առանձնանալ՝ մեկուսանալ, սակայն այդ կը վերածուի անհաճոյ զգացումի մը ընկերային յարաբերութիւններու թերութեան եւ կամ բացակայութեան պատճառով։ Հակառակ բազմաթիւներով շրջապատուելուն, ՝մարդ կրնայ ինքզինք առանձին զգալ, որու պատճառներէն մին է լաւ արտայայտուելու կարողութիւնը չունենալ եւ չկարենալ բացայայտօրէն պատմել իր զգացումներն ու մտածումները անվստահութեան պատճառով։
Ժամանակի ընթացքին մարդիկ կը սորվին թէ՛ առանձին մնալ եւ թէ նոյնաժամանակ ուրիշներու հետ շփման մէջ ըլլալու պահանջը իրականացնել դասաւորուած հունի մէջ։ Սակայն մեր կեանքի ողջ տեւողութեան կը զուգադիպինք այնպիսի հան-գրուաններու, որոնք կը խանգարեն այս կանոնաւորուածութիւնը։
*
Երբ առանձին եմ, կը սուզուիմ իմ ներաշխարհի ծովուն մակերեսէն դէպի յատակ, ուր այլեւս գոյութիւն չունին փոթորիկներ, կայծակներու որոտումը, ալիքներու խենթութիւնը… Այդ փոքր աշխարհէն ներս մարմին կը ստանան զգացումներս, կարծիքներս, հմտանալու ձգտումներս, նաեւ մտահոգութիւններս, բացասական զգացումներս, որոնք յանկարծ օձի մը նման կը փաթթուին վիզս ու կը ջանան խեղթել իրենց ճնշմամբ։ Անկասկած ամէն մարդ ունի իր օձը, սակայն երբեմն այնպէս կը թուի, թէ ոչ մէկը կրնայ ազատել զիս այդ հալածանքէն, մղձաւանջէն։ Փոթորիկներուս սաստկութիւնը կը պարզացնեն իրենց աննկատ ու անտարբեր վերաբերմունքով։ Գուցէ այս պատճառո՞վ է, որ հակուած եմ մենութեան, միշտ կ՚ուզեմ մնալ սենեակիս չորս պատին ներքեւ։
Պատահական է, որ համացանցի մէջ տեսնենք մարդոց գրածները առանձնութեան մասին, թէ որքան լաւ բան է այդ եւ ապրիլ առանց մէկու մը կարիքը ունենալու։ Անոնք կը կարծեն, թէ առանձնութիւնը միայն մի քանի ժամուան համար իրենց սենեակը փակուած մնալն է, բայց չեն զգացած առանձնութեան ցրտութիւնը, արտառոց անխռովութիւնը. չեն գիտեր, թէ մութ գիշերներու անշշուկ ու անշունչ մթնոլորտին մէջ որքան աղմկալից ու զգայացունց կ՚ըլլայ ներքին ձայնիդ արձագանգող լացուկոծը, գոռում-գոչումը։ Մութ ու գորշ գոյներով ողողուած կեանքի զանազան երեսակներուն կ՚անդրադառնայ մարդ եւ կը տեսնէ, թէ որքա՜ն դժուար է առանձին կեանքի եւ մահուան պայքար տանիլը։
Ինչպէ՞ս կրնանք առանձին ապրիլ, երբ մարդ շարժանկար մը դիտելէ եւ կամ նոյնիսկ գիրք մը ընթերցելէ յետոյ կարիքը կը զգայ ուրիշներու հետ զրուցելու, իր դիտածները եւ կամ կարդացածները քննարկելու ու կարծիքներ փոխանակելու իր երկխօսին կամ երկխօսներուն հետ, քանի որ բան մը կարելի է այլ ձեւերով մեկնաբանել, տեսնել այն մանրամասնութիւնները, որոնց չենք անդրադառնար առաջին հայեացքով։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024