ՏԱՔՈՒԿ ՅՈՒՇԵՐ…

Սեպտեմբերի մէկէն սկսեալ անհամբեր կը սպասէինք մայիսի քսանհինգին՝ վերջին զանգին: Իսկ ամառնային արձակուրդներու հոլովոյթին կը կարօտնայինք դպրոցն ու մեր ընկերները:

Տունէն մինչեւ դպրոց իմ ճամբան կ՚երկարէր մէկ քիլօմեթր, ութ հարիւր մեթր: Անասելի տանջանք մըն էր առաւօտեան կանուխ արթննալը: Մեր դասերը կը սկսէին առաւօտեան ժամը իննին: Օրական հինգ-վեց, երբեմն ալ եօթ դաս: Ժամը երկուքին կամ երեքին այլեւս տունը կ՚ըլլայինք:

Ամէն օր նոյն ճամբան ոտքով կը կտրէինք, կ՚անցնէինք: Դէպի դպրոց տանող ճամբան դաժան էր ու անցանկալի. քանի մը զառիվեր յաղթահարելով, յոգնած ու քրտնած, սովորութեանս համաձայն՝ գրեթէ միշտ ուշացած կը հասնէի դպրոց: Իսկ վերադարձի ճամբան դիւրին էր: Այստեղ զառիվերները կը փոխարինուէին զառիվարներով: Բաց աստի, միշտ ալ ցանկալի է տունդարձի ճամբան, զոր ես կ՚անցնէի իմ ընկերուհիներու հետ:

Մայան իմ դպրոցական տարիներու մտերիմ ընկերուհին էր: Ընկերուհիներ ըլլալէ զատ մենք նաեւ դրացիներ էինք. իրարմէ քանի մը տուն անդին կը բնակէինք: Առտուն դպրոց միասին չէինք երթար: Ան ինքնաշարժով, ես ալ ոտքով կը հասնէինք Ստեփանակերտի թիւ ութ միջնակարգ դպրոց: Սակայն գրեթէ միշտ միասին կը վերադառնայինք:

Մայան մեր դասարանի գերազանցիկն էր, դպրոցի լաւագոյն աշակերտներէն մին: Ան առաջին դասարան ամիս մը ուշ յաճախած էր: Նոյնիսկ մեր առաջին ուսուցչուհին դժուարութեամբ զինք ընդունած էր մեր դասարան: Սակայն պարտաճանաչ եւ ընդունակ աշակերտուհին ինքզինքը արդարացուց: Յիրաւի, մեր դասարանի մէջ կային շատ լաւ սորվողներ, սակայն Մաեան իր առաջին հորիզոնականը տասն տարի շարունակ ոչ մէկուն զիջած է: Անոր պէս ոչ մէկը գիտէր թուաբանութիւն: Բոլոր առարկաներուն հաւասարաչափ կը տիրապետէր: Պարզապէս կը փայլէր:

Դասերէ վերջ զրուցելով տուն կը հասնէինք: Ճանապարհին, տեղ մը կը վաճառուէր Ստեփանակերտի ամենահամով լցնովի պաղպաղակը: Բնական, անարատ կաթով, շատ համեղ պատրաստուած այս պաղպաղակը բոլոր մեծ ու պզտիկներու սիրելին էր: Զայն այնքան շատ կը սիրէինք, որ մէկով չէինք գոհանար: Ես ու Մայան կը փորձէինք պաղպաղակը հնարաւորինս դանդաղ ուտել, որպէսզի ուշ լմննար: Սակայն, ի հեճուկս մեր բոլոր ջանքերուն՝ այն անմիջապէս կը վերջանար: Երկուքս ալ նոյն փափաքը ունէինք՝ երանի՜ դէպի մեր տուն տանող ամբողջ ճանապարհի երկայնքով ըլլար քանի մը հատ պաղպաղակի սարք, որպէսզի ուր որ մեր պաղպաղակը վերջանար՝ գնէինք երկրորդը, երրորդը... այսպէս մինչեւ տուն հասնիլը:

Տարիները անցան, շրջանաւարտ եղանք: Իմ ու Մայայի տարիներու ընկերութիւնն ալ ընդհատուեցաւ: Մէյ մըն ալ տեսայ մեր երազը իրականութիւն դարձաւ: Եւ այդ երազն իրականացնողը ես էի: Աստուծոյ կամօք ես կրցայ ձեռք բերել քանի մը հատ պաղպաղակի սարք ու զանոնք տեղադրել՝ մեր սիրելի մայրաքաղաքի զանազան անկիւններու մէջ: Թէ՛ դրամ կը շահէի, թէ՛ իմ ուզածի չափ կը վայելէի իմ մանկութեան սիրելի պաղպաղակները:

Գործարարութիւնը իմ արեան մէջ էր, այդ ճիւղը զիս միշտ հրապուրած է: Մինչեւ այսօր երբեք չեմ ախորժած տնային աշխատանքներէ, սակայն դուրսի աշխատանքը զիս միշտ հետաքրքրած է: Կը յիշեմ, երբ առաջին դասարանի մէջ գրել-կարդալ, համրել սորվեցայ, ուսումնական տարեվերջին քանի մը հատ տեսակ-տեսակ մազակալներ, ծամակալներ գնեցի ու բերի մեր փողոցի երեխաներուն վաճառեցի: Պզտիկ սեղան մը դրի մեր տան դիմաց, վրան գեղեցիկ կերպաս մը փռեցի ու շարեցի գոյնզգոյն՝ ճերմակ, կարմիր, կապոյտ, դեղին, կանաչ, վարդագոյն երիցուկի գլխիկներով իմ ծամակալները ու սկսայ վաճառել: Թիթեռնիկ պնդակալներ ալ ունէի: Բոլորը վաճառեցի: Իմ ընկերուհիները մէկիկ-մէկիկ գնեցին:

Իսկ երբ քանի մը տարի անց, մեր փողոցի արեւածաղիկ վաճառող՝  ռուսի Նինան՝ Նինա պապոն, մեկնեցաւ Ռուսաստան, որոշեցի իր գործը շարունակել: Այսպէս սկսայ արեւածաղիկ ու փոփ-քոռն վաճառել: Աւելի ուշ ինձ դիւթեց հաւկիթներու առեւտուրը: Առտու կանուխ կ՚իջնէի մեր հաւաբուն, կը հաւաքէի բոլոր հաւկիթները ու ծածուկ կը յանձնէի մեր դրկից Նունէին: Նունէն հաւկիթները կը վաճառէր իր գործընկերներուն եւ երեկոյեան կը բերէր իմ գումարը:

Այսպէս, մինչեւ դպրոցը աւարտելը, փորձեցի ձեւով մը գումար վաստակել: Օր մըն ալ որոշեցի փորել մեր պարտէզը, կանաչի ու վարդեր ցանել: Տակաւին երկու շարք չփորած յոգնեցայ, նստայ քարի մը վրայ եւ սկսայ լալու: Այլեւս յայտնի էր՝ ոչ մէկ տեսակ ֆիզիքական աշխատանք ինծի համար էր: Ես աւելի լաւ է խորհիմ ուսման մասին: Միայն սորվելով կրնամ հասնիլ իմ նպատակներուն: Որոշեցի եւ այդպէս ալ ըրի:

Երանի այն օրերուն, երբ իմ գործը երազելն էր: Այսօր ես զրկուած եմ այդ հաճոյքէն: Ներկան մռայլ է, ապագան՝ մշուշոտ:

Թող Աստուծոյ կամքը ըլլայ Արցախի եւ Հայաստանի ճակատագրերու մէջ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2021