ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼ ԱՉՔԻՆ ԼՈՅՍԸ…

Յիրաւի, վեհ եւ մարդկային մասնագիտութիւն մըն է բժշկութիւնը: Մարդուն վերադարձնելով կորսուած առողջութիւնը՝ բժիշկները մէկընդմիշտ կը մնան պաշտելի էակներ հիւանդներուն համար:

Ակնաբուժութիւնը բժշկութեան նուրբ եւ միեւնոյն ատեն բարդ ոլորտներէն մէկն է, ամէն մարդու ալ վիճակուած չէ ըլլալ ակնաբոյժ, պահել մարդուն աչքին լոյսը եւ շատ պարագաներու՝ վերադարձնել այդ կորսուած լոյսը:

Հայաստանի անուանի ակնաբոյժներէն փրոֆ. Աննա Յովակիմեան այդ ոլորտի նուիրեալներէն է, որուն համբաւը նաեւ Հայաստանէն դուրս տարածուած է:

Օրեր առաջ Երեւանի մէջ ակնաբուժութեան փրոֆեսէօրը ներկայացուց արտասահմանի մէջ հրատարակած իր անգլերէն մասնագիտական գիրքը: Շնորհանդէսին ներկայ էին ակնաբուժութեան եւ այլ բնագաւառներու անուանի մասնագէտներ, բժիշկ-գիտնականներ, դիւանագիտական եւ միջազգային կառոյցի ներկայացուցիչներ, ուսանողներ:

Բժշկուհիին հրատարակած եզակի քարտէսագիրքը կը կոչուի «Մերձաւոր Արեւելքի բնակչութեան մէջ աչքի եղջերաթաղանթի եւ արտաքին հիւանդութիւններու բժշկական քարտէսագիրք»: Հայաստանի ակնաբուժական հնագոյն կեդրոնի՝ Մալայեանի անուան հիւանդանոցի աչքի բորբոքային հիւանդութիւններու բաժանմունքի ղեկավարը՝ փրոֆ. Աննա Յովակիմեան, այս աշխատութեան վրայ աշխատած է թէ՛ իր առօրեայ գործունէութենէն ելլելով եւ թէ՛ բազմաթիւ գիտական ծրագրերու մասնակցելով: Մասնագիտական փորձն ու գիտելիքները մէկտեղելով`բժիշկ-գիտնականին մեծագոյն ցանկութիւնը եղած է, որ ախտորոշման եւ բուժման արդիւնքներու խօսուն օրինակներով լի հրատարակութիւնը հարստացնէ ակնաբուժութեան ոլորտի համաշխարհային գրականութիւնը:

Փրոֆ. Աննա Յովակիմեան նաեւ դասախօս է Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանին մէջ եւ շնորհանդէսն ալ տեղի ունեցաւ այդ համալսարանին՝ 100-ամեայ բժշկական կրթական հաստատութեան երդիքին ներքոյ:

Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի ղեկավար Արմէն Մուրատեան նշեց, որ բազմիցս քննարկուած է, թէ համալսարանականներուն աշխարհագրութիւնը վաղուց հատած է մեր երկրի այն սահմանները, որոնք մեզ կը տարանջատեն բժշկական, առողջապահական զարգացած համակարգերէն:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, «IGI Global» ամերիկեան հրատարակչութեան կողմէ տպուած է այս քարտէսագիրքը եւ արժանացած՝ օտար մասնագէտներու գնահատանքին, իսկ այդ մէկը պատիւ է թէ՛ հայ բժշկութեան եւ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան:

Աննա Յովակիմեան տասնամեակներ առաջ իր մասնագիտական կրթութիւնը Հայաստանէն ետք շարունակած է Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ հոն վերապատրաստում անցած: Ան պատմեց ակնաբոյժ փրոֆ. Ալեքսանդր Մալայեանի եւ Հայկական ակնաբուժական նախագիծի հիմնադիր Րոճըր Յովհաննէսեանի համագործակցութեան մասին, որուն շնորհիւ հայ ակնաբոյժները հնարաւորութիւն ստացած են արտերկրի մէջ կատարելագործելու իրենց գիտելիքները:

Աննա Յովակիմեան ըսաւ, թէ ինք ուրախ է ըլլալով ակնաբուժութեան ոլորտի մեծագոյն մասնագէտներու հզօր գիտական փորձին եւ լայն աշխարհայեացքին ժառանգորդը:

ՔԱՐՏԷՍԱԳԻՐՔԸ

Իր տեսակին մէջ բացառիկ քարտէսագիրքին էջերուն մէջ բժիշկ-գիտնականը նկարագրած է աչքի եղջերաթաղանթին եւ արտաքին աչքի հիւանդութիւններուն եզակի դէպքերը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Յատկանշական է, որ այդ պարագաները իւրայատուկ են եւ շատ հազուադէպ կը հանդիպին աշխարհի ուրիշ տարածաշրջաններու մէջ: Եղջերաթաղանթը՝ աչքին առջեւի թափանցիկ թաղանթը, աչքին կարեւորագոյն մասերէն է, անոր միջոցով կ՚անցնին լոյսին ճառագայթները, նաեւ եղջերիկը աչքը կը պաշտպանէ վնասուելէ եւ փոշիէ:

Քարտէսագիրքին մէջ կը ներկայացուի լուսանցիկ այդ օրկանին շեղումներու, վնասուածքներու, ի ծնէ եւ ձեռքբերուած հիւանդութիւններու աւելի քան 800 նկար, որոնք ընտրուած են Աննա Յովակիմեանի եւ անոր գործընկերոջ նկարած աւելի քան 14 հազար աչքէ: Այդ առումով գիրքը միակն է աշխարհի մէջ, որ կը պարունակէ 800 բարձրորակ նկար, որմէ 102-ը կը ներկայացնեն հիւանդանոցային դէպքեր՝ նախքան բուժումը եւ բուժումէն ետք: Անոնց մէջ կան եղջերաթաղանթի ծանրագոյն հիւանդութիւն ունեցող այցելուներու աչքեր, որոնց կարգին՝ նաեւ երեխաներու:

Բժշկուհին իր աշխատանքին մէջ բազում նմանատիպ ախտորոշում, բուժում եւ վիրահատութիւն կատարած է: Նկարագրելով եղջերաթաղանթի վիրահատութիւնները, կոպերուն հիւանդութիւնները, բնածին խանգարումները՝ քարտէսագիրքը անփոխարինելի գիտական աշխատութիւն մըն է ակնաբոյժներու, երիտասարդ բժիշկներու, ուսանողներու, դասախօսներու եւ հետազօտողներու համար:

Գիրքին մէջ տեղ գտած են աշխարհի վրայ բացառիկ վիրահատութիւն նկատուող «Պոսթոնեան առաջին տեսակի» շինծու եղջերիկի տեղադրման դէպքերը: Հայաստանի մէջ արդէն կը կատարուի այդ բարդ վիրահատութիւնը, որուն հետեւանքով վնասուած եղջերաթաղանթը կը փոխարինուի արհեստականով:

507 էջէ եւ 13 գլուխներէ կազմուած մասնագիտական այս գիրքը անցած է երեք խստապահանջ գրախօսութենէ, որմէ ետք հրատարակուած է:

ՅՈՒՍԱՀԱՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԵՐ

Աննա Յովակիմեան պատմեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նմանատիպ գիտական գիրքի մը տպագրութեան համար ներկայացուած խստագոյն պահանջները երբեմն յուսահատութեան եւ հիասթափութեան հասցուցած են զինք: Զայն քաջալերած է իր քոյրը՝ ամերիկաբնակ նշանաւոր գիտնական Նաիրա Յովակիմեանը, որուն, ի դէպ, ԺԱՄԱՆԱԿ նոյնպէս անդրադարձած է՝ 26 օգոստոս 2014 թուականի թիւին մէջ հարցազրոյց մը կատարելով անոր հետ: Նաիրա Յովակիմեան, որ ԱՄՆ-ի մէջ երկու գիրքի, նաեւ ինքնակառավարման համակարգերու ուսմունքի հեղինակ է, թուաբանագիտութեան ամերիկեան լաւագոյն գիտնականներէն մին, քոյրը մղած է անկոտրում ուժի՝ ըսելով, որ ան իրաւունք չունի յուսահատելու, քանի որ պատասխանատու է ամուսինին, զաւակներուն եւ ծնողքին առջեւ՝ անոնցմէ խլած ժամանակին համար, ինչպէս նաեւ իր աշխատանքին արդիւնքին կը սպասեն շատեր, եւ ան նաեւ ձեւով մը պարտական է Հայաստանի ակնաբուժութեան եւ մեծ հաշուով՝ հայրենիքին առջեւ:

Շնորհանդէսին ընթացքին տեսակապի միջոցով աշխարհի զանազան անկիւններէն հնչեցին ողջոյններ եւ շնորհաւորութեան խօսքեր, մասնաւորապէս UCLA համալսարանէն ողջունեց Էնթընի Ալտաւէն, Հարաւային Գալիֆորնիայէն Ճոն Յովհաննիսեան, Ռուսաստանէն Անուշ Ամիրեան, Փերուի մայրաքաղաքը՝ Լիմայէն Քարլոս Սիվերիոն, Հայկական ակնաբուժական նախագիծէն Րոճըր Յովհաննէսեան եւ անուանի ակնաբոյժ Ալեքսանդր Մալայեան։

Տեսաուղերձներուն մէջ մասնագէտները համակարծիք էին, որ գիրքը ոչ միայն սորվողներու, այլեւ գործող ակնաբոյժներու համար կիրառական եւ շատ օգտակար աշխատութիւն մըն է: Եղան նաեւ ելոյթներ տեղւոյն վրայ:

Իր գործունէութեան ընթացքին հանդիպած հազուագիւտ դէպքերն ու բացառիկ վիրահատութիւնները ներկայացնելէ ետք, Աննա Յովակիմեան իր ելոյթը եզրափակեց յոյն բժիշկ եւ իմաստասէր Հիփոքրաթի խօսքերէն հատուածով մը, որ կ՚ըսէ, թէ ուսումնական գործընթացին մէջ բոլոր ճանապարհները խաւարէն դէպի լոյս կը տանին:

ՀԱՒԱՏԱԼ ՈՒԺԵՐՈՒՆ

52-ամեայ երիտասարդ գիտնականը մասնագէտներուն կոչ ուղղեց պարզապէս հաւատալու սեփական ուժերուն: Բժշկուհին վստահեցուց, որ աշխատասիրութիւն, յամառութիւն եւ գործին նուիրում ունենալու պարագային միայն կարելի է հասնիլ յաջողութեան եւ գիրք տպագրել արտերկրի մէջ:

Ձեռնարկի աւարտին, Աննա Յովակիմեան իր հեղինակած գիրքը նուիրեց բժշկական համալսարանին, Հայաստանի ակնաբուժական մեծ կեդրոններու ղեկավարներուն եւ իր ասպիրանտին, որ բռնած է նոյն ուղին:

Գիրքը լոյս տեսած է մէկ ամիս առաջ եւ կը վաճառուի ԱՄՆ-ի գրախանութներուն մէջ եւ առցանց:

ԱՆՆԱ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ

Երեւանի Պետական համալսարանի ակնաբուժութեան բաժնի դասախօս, Մալայեանի անուան աչքի կեդրոնի աչքի բորբոքային հիւանդութիւններու բաժնի վարիչ Աննա Յովակիմեան աւելի քան հարիւր գիտական յօդուածներու հեղինակ է: Ան 2000-2001 թուականներուն վերապատրաստուած է Սան Ֆրանսիսքոյի Գալիֆորնիա համալսարանին մէջ, 2004-2005 թուականներուն՝ ԱՄՆ-ի «Cincinnati Eye Institute»ին մէջ, իսկ 2009 թուականին Մոսկուայի Ֆէոտորովի անուան բուժարանին մէջ անցած ակնաքօղի (քաթարաքթ) վիրաբուժութեան վերապատրաստում:

Հմուտ ակնաբոյժը մասնագիտական շարք մը միաւորումներու անդամ է: Մասնակցած է ակնաբուժական տասնեակ միջազգային համաժողովներու եւ համագումարներու՝ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ:

ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԸ ԵՒ ԱՉՔԻ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Աննա Յովակիմեան վերջին շրջանին յաճախ ելոյթներ կ՚ունենայ լրատուամիջոցներով, ներկայացնելով ակնաբուժութեան մէջ եղած այն պարագաները, որոնք քորոնաժահրի հետեւանք են: Քորոնաժահրէն ետք շատցած է այն հիւանդներուն թիւը, որոնք ունին շաղկապենաբորբ: Այս մէկը յայտնի է իբրեւ վարդագոյն աչք, կը ներկայացնէ աչքի սպիտակուցաթաղանթին եւ կոպի ներքին մակերեւոյթին բորբոքումը, որուն ժամանակ աչքերը վարդագոյն են կամ կարմրաւուն։ Աչքերուն մէջ կը յառաջանայ քերուըտուք, ցաւի, այրուածքի զգացողութիւն, ախտահարուած աչքը լեցուած կ՚ըլլայ արցունքով։ Արտազատուկի պատճառով կոպերը առաւօտեան յաճախ իրար փակած կ՚ըլլան: Բժշկուհին նաեւ կը բացատրէ, որ այս մէկը թերեւս ամենամեղմ ախտահարումն է, որ յաճախ, առանց մասնայատուկ բուժումի կրնայ ինքնուրոյն անցնիլ 7-10 օրուայ ընթացքին: Կան աւելի լուրջ բորբոքումներ:

Բժշկուհին կը տեղեկացնէ, որ քորոնաժահրի պատճառով աւելի լուրջ ապտային տապեր կը յառաջանան աչքի խոռոչին մէջ, կ՚ըլլան նաեւ շատ աւելի լուրջ ախտահարումներ՝ ծիածանաբորբ եւ աչքի անօթներու այլ բորբոքումներ: Քորոնաժահրով վարակուած մարդոց մօտ եղած են պարագաներ, երբ խցանուած են աչքը սնուցող կարեւոր անօթները եւ անոնց սնուցումը վերականգնել կարելի չէ եղած եւ կուրութեան պատճառ դարձած է:

Աննա Յովակիմեան քորոնաժահրին եւ աչքի հիւանդութիւններուն առընչուող իր այս ուսումնասիրութիւնը տպագրած է ԱՄՆ-ի մէջ եւ այդպէսով Հայաստանը դարձած է առաջինը, որ ներկայացուցած է քորոնայէն ետք ծիածանաբորբ ունեցած հիւանդներուն դէպքերը:

Քորոնաժահրի բերած խնդիրներէն մէկն ալ այն է, որ մարդիկ կը խուսափին հիւանդանոցներ դիմելէ, դուրս չեն ելլեր տունէն եւ աչքի, ինչպէս նաեւ ուրիշ այլ հիւանդութիւններ կը սրին, անոնց բուժումը կը դժուարանայ: Այդ մէկը նկատելի է մանաւանդ տարեցներուն մօտ:

Աննա Յովակիմեան նաեւ այն կարծիքը ունի, որ քորոնայով հիւանդները բուժելու ժամանակ կիրարկուող հորմոնները, մանաւանդ անոնց երկարատեւ կիրարկումը յաճախ կը յանգեցնէ ոսպնեակի մթագնման՝ ակնաքօղի խորացման: Բայց եթէ ակնաքօղը եւ խաժամթութիւնը կարելի է վիրահատութեամբ բուժել, ապա աչքին անօթախցումները չափազանց դժուար է բուժել, իսկ ուշացումները կը յանգեցնեն անվերականգնելի ախտահարումներու:

Այնպէս որ քորոնան իր հետեւանքները կ՚ունենայ ինչպէս միւս օրկաններուն, այնպէս ալ աչքին վրայ եւ բժշկուհին միշտ խորհուրդ կու տայ ըլլալ ուշադիր եւ գանգատներու պարագային դիմել բժիշկի:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 27, 2022