44 ԱՍՏԻՃԱՆԻ ՏԱԿ

Արտագաղթի խնդիրը սեւ ամպի մը պէս մշտապէս կախուած էր նորանկախ Հայաստանի գլուխին: Կրնաք խորհիլ, եթէ մինչեւ վերջին՝ Արցախի 44-օրեայ պատերազմը, չգնահատելով մեր ձեռքբերումները, մեր ազատ, անհոգ ու խաղաղ կեանքը, արտագաղթը լուրջ հարց էր մեր երկրի համար, ապա այսօր՝ այս նուաստացուցիչ ու տխուր պայմաններու պարագային, ան ինչպիսի չափերու պէտք է հասած ըլլայ, վերածուելով լրջագոյն սպառնալիքի հայկական երկու հանրապետութիւններու համար:

Տակաւին 2012 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նկարահանուեցաւ «44 աստիճանի տակ» գեղարուեստական շարժանկար մը, ուր լաւագոյնս կը պատկերուի արտագաղթի նիւթը: Վերջերս պատահաբար գտայ այս յուզիչ, ազդու եւ գեղեցիկ՝ թերեւս ինծի համար, գլուխ գործոցը:

Դերասան եւ բեմադիր Զօհրապ Բեկ-Գասպարենցի «44 աստիճանի տակ» գեղարուեստական շարժանկարի առանցքին մէջ նոյնպէս արտագաղթն է, ինչ որ կը սպառնայ դատարկել երկիրը:

Հայաստանի խուլ գիւղերէն մին կը դատարկուի: Հերթական ընտանիքը՝ մեծ ու փոքրով կը պատրաստուի լքել հայրենի տունը: Այլեւս ճամպրուկները պինդ գոցուած են, տունի դուռը կղպուած: Ընտանիքի պարագլուխը տան բանալիները տամուկ աչքերով կը յանձնէ իր դրացիին, որպէսզի վերջինս ժամանակ առ ժամանակ այցելէ իրենց տուն: Հրաժեշտի պահուն արցունքները կը խեղդեն ալեհեր ծերուկը: Սակայն ինչ ընել, պարտաւոր է ընտանիքի հետ մեկնիլ. դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ «կրին քարտ» ստաձած են: Անկարելի է այսպիսի հնարաւորութիւնը ձեռքէ բաց թողնել: Սակայն ընտանիքի երիտասարդ զաւակը այնքան կ՚աճապարէ վայրկեան առաջ հեռանալ իր օրրանէն, որ դրացիի հետ կէսբերան զրոյցի բռնուած իր հօրը կ՚ըսէ, որպէսզի շտապէ: Իսկ դրացիին խորհուրդ կու տայ նոյնպէս հեռանալ.

-Եթէ զիս մտիկ ընես՝ դուն ալ կ՚երթաս այստեղէն:

-Ծօ՛, գնա՛ հա:

-Դէհ, մնայ եւ փթէ,- բաւական կոպիտ եղանակով կը սաստէ երիտասարդը իր տարեց դրացին:

Այսպէս օրէ օր գիւղը կը դատարկուի: Բնիկ գիւղացիները կը լքեն զայն: Սա վշտալի պատկերի առընթեր յուսադրող ու լուսաւոր կէտ մըն ալ կայ՝ ներգաղթը: Ի համեմատ արտագաղթի աննշան, սակայն ոգեւորիչ:

Շարժանկարի գլխաւոր հերոսները՝ Մկրոն ու Սիրանոյշը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ թողնելով իրենց բարեկեցիկ ու անտրտունջ կեանքը՝ մշտական բնակութիւն կը հաստատեն Հայաստանի մէջ: Այն խուլ գիւղի մէջ, որու բնակիչները կը լքեն զայն: Ի դէպ, գլխաւոր հերոսի՝ Մկրոյի կերպարը կը մարմնաւորէ շարժանկարի բեմադիր՝ Զօհրապ Բեկ-Գասպարենց: Հայ մը, որ նոյնպէս տարիներ առաջ, իրական կեանքին մէջ, արտագաղթած է Հայաստանէն:

Մկրոն չ՚ընդունիր Մասիսի պատկերով հայրենիք սիրողները եւ կը կարծէ, թէ այդ սէրը պէտք է արտայայտել Հայաստանի մէջ ապրելով: Կինը փոքր-ինչ դժուարութեամբ կը յարմարուի նոր պայմաններուն, որոնք շատ գոհացուցիչ չեն: Իսկ երբեմն ալ չի թաքցներ իր բողոքը: Ան շատ կը կարօտնայ իր նախկին կեանքը, ընտանիքը, ընկերները, սակայն, միեւնոյն ժամանակ կը գիտակցի, որ պարտաւոր է հետեւիլ իր ամուսինին: Ուր ամուսինը, հոն ալ կինը: Սա շարժանկարի մէջ, գլխաւոր հերոսուհիի՝ Սիրանոյշի միջոցաւ, լաւագոյնս ներկայացուած է հայ կնոջ կերպարը՝ հեզ ու խոնարհ, գեղեցիկ:

Սիրանոյշը յաճախ իր միտքի մէջ զրոյցի կը բռնուի իր սիրելի մայրիկին հետ: Անոր հետ կը բաժնէ իր առօրեան: Կը պատմէ, թէ որքան շատ կը սիրէ իր ամուսինը, որքան շատ կը կարօտնայ այն ամէնը, ինչ ձգեց անցեալին:

Մկրոն կը զբաղի մեղուապահութեամբ, ուրիշ ոչինչ ընել գիտէ: Վստահ է, թէ իւրաքանչիւր մարդ ունի իր մասնագիտութիւնը: Եւ ամէն անգամ այս կամ այն կենցաղային հարցերու մէջ անոնց օգնութեան ձեռք կը մեկնէ դրացի Կարապետը: Կարապետը Մկրոյի բնութագրմամբ, պարապ մարդ մըն է. «Ատոր համար ալ միտքը ամէն ինչի վրայ կը բզզայ», իր անկարողութիւնը կը պատճառաբանէ գլխաւոր հերոսը:

Այսպէս հերոսները կ՚ապրին՝ իրարու հետ անուշութեամբ հարեւանութիւն կ՚ընեն: Այդ ընթացքին ալ մէկը միւսի ետեւէն Մկրոյին իրենց տունի բանալիները կը ղրկեն համագիւղացիները, որպէսզի վերջինս երբեմն այցելէ: Մկրոն համոզուած է՝ եթէ այդ շրջանի բնակիչները իր չալպուտուրիկներու կէսին չափ աշխատին (ան այսպէս կը դիմէ մեղուներուն, ինչպէս նաեւ իր սիրելի մարդոց), ուրիշ երկրի մը մէջ ապրելու, ուրիշ մեղր ուտելու անհրաժեշտութիւն չեն ունենար: Իսկ երթալու պարագային ալ կ՚ուզէ, որ իր չալպուտուրիկներու պէս հաւաքեն նեկտարը ու վերադառնան:

Գիւղը հետզհետէ կը դատարկուի: Վերջաւորութեան գիւղի մէջ կը մնան երեքով՝ Մկրոն, Սիրանոյշը եւ Կարապետը: Պահ մը, Կարապետի ժամանակաւոր բացակայութենէն հիասթափուած ու յուսալքուած, Մկրոն կը փորձէ ականջալուր ըլլալ Սիրանոյշին, սակայն կէս ճանապարհէն կը դառնայ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 27, 2022