ՎԱՀԱՆ ՄԱԼԷԶԵԱՆ (Գ.)
Այսօր, ընթերցողներուն դարձեալ պիտի ներկայացնենք Վահան Մալէզեանի ստեղծագործութիւններէն հատուածներ, որպէսզի ընթերցողները աւելի լաւ ճանչնան գրող Վահան Մալէզեանը եւ սէր արթննայ անոնց մէջ, գէթ մէկ անգամ փնտռել ու կարդալ անոր ստեղծագործութիւնները1:
Վահան Մալէզեանի նշանաւոր գործերէն մին է՝ «Անցած օրեր» (Յուշամատեան Գատըքէօյի գրական երեկոյթներու, 1892-1894), տպուած Փարիզ, 1927-ին:
«Անցած օրեր» գիրքին յառաջաբանը գրած է Արշակ Չօպանեան՝ Մալէզեանի խնդրանքին համաձայն: Չօպանեան այսպէս կը սկսի իր յառաջաբանը.
• Վահան Մալէզեան, որ սիրուն գաղափարը յղացեր է տարիներ առաջ իր ընտանեկան յարկին տակ տեղի ունեցած գրական երեկոյթներու յիշատակը պահպանող հին տժգունած թուղթերու ծրարը հատորիկի մը մէջ ամփոփելու, կ՚ուզէ, որ յառաջաբան մը գրեմ այդ հաւաքածոյին համար:
Վաղեմի բարեկամիս փափաքը ամենասրտագին ու փութկոտ հաճոյքով կը կատարեմ, որովհետեւ անցեալի վարդերու եւ մեխակներու այդ չորցած թերթերու փունջը իմ ալ պատանութեանս է՛ն աղուոր օրերէն մի քանին կ՚ոգէ ու երախտագիտութեան գորովագին զգացումի մը, որ այդ օրերէն ի վեր սրտիս մէջ կենդանի մնացած է միշտ՝ հրապարակային արտայայտութիւն մը տալու քաղցր առիթ մըն է, որ կ՚ընծայուի ինծի ատով: Անձնական տեսակէտէն դուրս, բանաստեղծական ժամանցներու, գրական խաղերու այդ նշխարներն ու պատկերը այն միջավայրին, ուր երկնուած են անոնք, պոլսահայ համայնքին ոչ միայն գրական շարժման, այլեւ կենցաղավարական զարգացման մէկ որոշ ու թանկագին շրջանը կը ներկայացնեն, որ մեր ցեղին դարաւոր գոյութեան ամենէն գեղեցիկ ու բեղմնաւոր վայրկեաններէն մին եղած է ու միտքով վերադառնալ այդ վայրկեանին, այդ օրերուն յուշերը քրքրել։ Այդ շրջանին գլխաւոր փայլը կազմող ներուժ կամ շնորհալի դէմքերուն -որոնք մեծ մասամբ անհետացած են- խանդաղատագին յարգանքի ողջոյն մը ուղղել, աւելի եւս քաղցր ու նուիրական պարտականութեան մը կատարումն է (էջ 9-10):
Չօպանեան ներկայացնելով պոլսահայ գրական կեանքի վիճակը եւ նախքան անդրադարձ կատարելը Մալէզեանի նախաձեռնութեան, կ՚ընէ հետեւեալ ակնարկը.
•…Պէշիկթաշլեանի օրով, Օրթաքէօյ ու Բերա, հայ գրական քանի մը «սալօն»ներ արդէն գոյութիւն ունեցած են՝ այնտեղ հաստատուած մեծ գերդաստաններու տան մէջ. հոն ինչպէս Եւրոպայի ամենէն զարգացած ազգերու սալօններուն մէջ, կը հաւաքուէին ժամանակին ծանօթ գրագէտները, արուեստագէտները, ազգասէր ու գրասէր անձնաւորութիւնները. եւ այդ հաւաքմանց մէջ՝ զոր կը լուսաւորէին ու կ՚ոգեւորէին գեղասէր ու նրբաճաշակ տիկիններու եւ օրիորդներու հմայքն ու սրամտութիւնը, խօսակցութիւնը կը թաւալէր ոչ թէ ուտելիքի, զուարճութեան կամ բամբասանքի հետ կապ ունեցող ռամիկ նիւթերու շուրջ, ժամերը կ՚անցնէին ոչ թէ թղթախաղով, ինչպէս քաղաքին ուրիշ շատ մը շրջաններուն մէջ, այլ օրուան ազգային հարցերուն շուրջ խորհրդակցութիւններով, գրական ու գեղարուեստական նիւթերու վրայ գաղափարներու փոխանակութեամբ, բանաստեղծութեանց արտասանութեամբ, նուագով, վերջապէս մտաւոր բարձր հաճոյքներով. այդ սալօններուն մէջ է, որ Պէշիկթաշլեան եւ իր ժամանակակից ուրիշ տաղանդաւոր մտաւորականներ իրենց բարոյական նեցուկը գտած են, հոն պատրաստուած է հողը թրքահայ թատրոնի ստեղծման, միացեալ ընկերութեանց հիմնարկման, հոն ուրուագծուած են թրքահայութեան ազատագրման ձգտող առաջին ծրագիրները:
Այդ գեղեցիկ աւանդութիւնն է, որ կը կրկնուէր, 1892-էն 1894, Գատըքէօյ, Մալէզեանց տան մէջ: Այդ կարեւոր ու բեղմնաւոր շրջանին, ուր գրական նոր սերունդի մը ճիգով, արեւմտեան աշխարհաբարը իր ամենէն մաքուր ու յղկուած ձեւն ստացաւ, ուր վիպակը, երգիծանքը, բանաստեղծութիւնը, գեղարուեստական արձակը մասնաւոր փայլով մշակուեցան, ուր գրականութեան արտակարգ սէր մը սկսաւ ծաւալիլ հասարակութեան բաւական լայն խաւերուն մէջ եւ ուր, միւս կողմէ, ազգային ազատագրութեան ձգտող շարժումն ալ, թէեւ աւելի սահմանափակ ոլորտի մը մէջ, կը տարածէր իր խիզախ ու գաղտնի փորձերը, Մալէզեանց տունը եղաւ, որոշ ատեն մը, ամենէն փայլուն հայ գրական սալօնը: Անկից առաջ, եւ անոր հետ, գոյութիւն ունէին, ինչպէս Մալէզեան ինքն իսկ կը յիշէ իր յուզեալ ու խանդակաթ ներածութեան մէջ, քանի մը ուրիշ սալօններ, տաղանդաւոր բանաստեղծուհի եւ նրբաճաշակ գրահմուտ տիկին Սիպիլի, երաժշտասէր տիկին Այվազեանի, մանկավարժական նոր մեթոտները Պոլսոյ հայութեան մէջ տարածող եւ ջերմ գրասէր տիկին Մատակեանի սալօնները՝ արդէն իսկ գրական հաւաքավայրեր էին, ինչպէս եւ Օրթաքէօյ՝ Եսայեանց տունը, ուր կը յիշեմ գրական սկսնակութեանս առաջին օրերուն՝ մասնակցած ըլլալ բռնայանգի մրցումի մը, մեծանուն դերասան Ադամեանին եւ խումբ մը գրասէրներու հետ: Բայց Մալէզեանց սալօնը ամենէն ընդարձակն ու ամենէն շքեղը եղաւ այդ գրական հաւաքավայրերուն: Տարիքով, խառնուածքով, դաստիարակութեամբ իրարմէ բաւական տարբեր անձեր, ծանօթ գրագէտներ, ինչպէս եւ գրասէրներ (որոնց մէջ գլխաւոր տեղը կը բռնէին Վահանի համբաւաւոր իննեակին սիրուն ընկերները), հոն կը միանային, գրականութեան եւ արուեստի տիրական հմայքով իրարու կապուած, Մալէզեան ընտանիքին սրտագին հիւրամեծարութեան մէջ եղբայրացած, օրուան հանրային կարեւոր հարցերուն վրայ ու մասնաւորապէս գրական ու գեղարուեստական նիւթերու մասին կը խօսակցէին. անոնք որ զիրար անձնապէս ճանչնալու առիթ չէին ունեցած, հոն իրարու կը հանդիպէին ու իսկոյն կը մտերմանային՝ բարեկամութեամբ տոգորուած այդ միջավայրին մէջ. ոմանք հեռաւոր թաղերէ կու գային Գատըքէօյ բարեկամի մը տունը գիշերել՝ այդ երեկոյթներուն ներկայ գտնուելու համար. յետոյ՝ թուղթի կտորները կը բաժնուէին եւ բռնայանգի մրցումը ու հարց-պատասխաններու սրամտութեան խաղերը կը սկսէին. անոնց կը մասնակցէին գրեթէ ամէնքը, գրագէտ ու գրասէր, այր ու կին. արձակագիրը բանաստեղծի կը ջանար փոխուիլ վայրկեան մը, երգիծաբանը քնարերգութեամբ կ՚ոսկեզօծէր իր ժպիտը, քնարերգակը կը փորձէր սրամտութիւն խառնել իր զգայնական զեղումներուն, յետոյ քիչ մը երգ, նուագ, արտասանութիւններ, քիչ մը պար, ու ամէնքը կը բաժնուէին գողտրիկ ու մաքուր հաճոյք մը վայելած մարդոց խորին գոհունակութեամբ (էջ 13-17):
Գիրքին մէջ ներկայացուած են այդ հաւաքներու ընթացքին եղած զրոյցներուն, քննարկումներուն արձանագրութիւնները, այսօրուան բառապաշարով եթէ փորձենք արտայայտուիլ՝ ատենագրութիւնները: Մալէզեան իր նախաբանին մէջ այս մասին այսպէս կը գրէ. «Այս յուշամատեանին մէջ արտագրելով երեսնամեայ գրախաղեր, ձեռագիրներ եւ պատկերներ, որ քաղցրօրէն կ՚ոգեկոչեն այդ երանելի շրջանին ազնուական դէմքերն ու գրական դէպքերը, կրկին է նպատակս: Փոքրիկ յիշատակարան մը կանգնել, փառաբանելու համար գրականութիւնը, որուն կը պարտիմ կեանքիս ամենէն գեղեցիկ խոյանքները եւ վայելքները եւ յաւերժացնելու համար իննեակն ու իր շուրջը ստեղծուած բարեկամութիւնը՝ որ անցեալի մշուշին մէջէն կարծես փարոս մըն է, որ կը պլպլայ տակաւին» (էջ 43):
Մալէզեանենց տան հաւաքներուն մասնակցած են այդ ժամանակաշրջանին եւ առ այսօր մեծ համբաւ ունեցող հայորդիներ, ինչպէս՝ Արշակ Չօպանեան, Տիգրան Կամսարական, Յարութիւն Ալփիար, Աղեքսանդր Փանոսեան, Զարուհի Սէֆէրեան, Յակոբ Ճիլաճեան, Լեւոն Տէմիրճիպաշեան, Լեւոն Բաշալեան, Երուանդ Օտեան, Տիրան Քելէկեան, Արթիւր Մաղաքեան, Յակոբ Գուրգէն, Գրիգոր Զօհրապ, Մաքրուհի Ֆրէնկեան, Արփիար Արփիարեան եւ ուրիշներ:
Մալէզեան իր նախաբանին մէջ՝ «Յետադարձ ակնարկ մը», այսպէս կը գրէ.
• Կարելի է ըսել, որ մասնաւորապէս 1892-1894 տարիները կեանքիս երջանկագոյն թուականը կը կազմեն: Իրաւաբանական ուսանող էի այդ միջոցին, դեռաբոյս երիտասարդ եւ իմ գերագոյն հաճոյքս էր, երկչոտ քերթող, գրականութեան դարպասել: Ու իմ նորածիլ ճաշակներս ոչ մէկ տեղ կրնային յագուրդ գտնել ո՛րքան Գատըքէօյ, ուր ժամադիր եղած էին օրուան ամենէն մեծ գրողները. Ե. Տէմիրճիպաշեան, Գ. Զօհրապ, Տ. Քելէկեան, Տ. Կամսարական, Յ. Սեթեան, Ա. Փանոսեան, Գ. Ֆնտգլեան, Յ. Ալփիար եւ այլն:
Եղիան, որ հիւանդագին խորհրդապատկեր մըն էր գրականութեան, կը խնկարկէր Նիրվանային, իր առանձնոցին մէջ գետնամած երազելով ու լալով: Հազիւ երբեմն կրնայինք իրեն հանդիպիլ Մօտայի ծայրը, ուր կ՚երթար, ինք այլեւս վտիտ ստուեր մը, անհուն ոչինչին հետ պահ մը խառնուիլ եւ յուզուիլ: Ես սակայն առանձնաշնորհեալ մըն էի, որովհետեւ իր մօտ իմ ժամերս ունէի, ինչպէս ինք մեր տան մէջ իր անկիւնը:
Արշակը, որ նոր աւարտած էր Կեդրոնականի շրջանը եւ կը դասախօսէր Արամեան վարժարանի մէջ, յաճախ իմ հիւրս կ՚ըլլար: Այն ատեն ալ Չօպանեան ունէր այն տեսակ մը քաղցրօրէն միամիտ հոգին, որ այսօր ալ իր յատկանիշներէն մին կը կազմէ: Իր նորածիլ տաղանդը յայտնութեան մը հմայքը կը սփռէր իր շուրջը եւ արդէն իր բանաստեղծութիւնները ձեռքէ ձեռք կը խլուէին: Գատըքէօյի մէջ է, որ ան իր առաջին սէրը ապրեցաւ կամ եւս երազեց, երգելով գեղեցիկ ոտանաւորներու մէջ իր սիրտին թրթռումները:
Իսկ ես, իմ թիթեռնիկի ոստոստումներս կ՚ընէի, ծաղիկէ ծաղիկ: Իմ անդրանիկ ներշնչումներս կ՚որոնէի վէտվէտ աչքերու մէջ, ուր սիրոյ ժպիտներ կը շողային եւ կ՚երգէի փոքր քնարիս վրայ տարտամ երգեր, ուր տաղանդէն աւելի սիրտը կը թրթռար: Իմ երազի եւ սիրոյ քաղցրագոյն ժամերս ապրած եմ Մօտայի կամ Մէօհիւրտարի մէջ: Մանաւանդ Մօտան դրախտն էր իմ տարփատենչ հոգիիս համար, ուր կ՚երթայի ժամերով երազել, երազե՜լ, մինչեւ որ գիշերը վրայ հասնէր, կամ գոռացող ալիքներուն պաղը այլեւս մարմինս սարսուռներով ցնցէր: Ի՜նչ հեշտին ժամեր, մի քանին նուիրական եւ յաւիտենական, որոնց յիշատակը յաճախ ուժ տուաւ ինծի, երբ կեանքին դաժանութիւնները եկան քայքայել հոգիիս մէջ յոյսին տաճարները եւ գեղեցկութեան պալատները, զոր ժպտելով ու երգելով կառուցած էի…: (էջ 31-33):
Անդրադառնալով այդ երեկոյթներուն, Մալէզեան կը գրէ.
• Այդ երեկոյթներուն առաջինը տեղի ունեցաւ մեր տան մէջ, 22 փետրուար 1892-ի գիշերը: Շարքը անգամ մը որ սկսաւ, այլեւս մէկ տունէն միւսը վարակ գտաւ: Գրչի վարպետներ իրենց հեղինակաւոր ձայնը լսելի կ՚ընէին այդ հաւաքոյթներուն մէջ, իսկ երիտասարդները իրենց խանդավառութեամբ կ՚ոգեւորէին մթնոլորտը: Բռնայանգերը հրթիռներու պէս կ՚արձակուէին, թուղթի թերթիկները թիթեռնիկներու նման կը թռչտէին եւ հարց-պատասխաններուն կը յաջորդէին յեղակարծ ու կայծկլտուն սրամտութիւններ: Մեծէն մինչեւ կրտսերը յանդուգն մրցակցութեան մը մէջ կը փնտռէր յաղթանակը, որ միշտ ալ վարպետներուն բաժինը չէր ըլլար, այլ շատ անգամ սկսնակները ժիւրիին ձեռքէն կը խլէին օրուան դափնիները, ծափն ու մրցանակ: Ու այդ սիրուն հաւաքոյթներուն մէջ գրչի ու մտքի խաղերը կը համեմուէին յաճախ դաշնակով ու երգով, շքեղ ու համեղ մեծարանքներով, զոր ինները [Մաղաք եւ Արթիւր Մաղաքեան, Զգօն եւ Խոսրով Հազարեան, Լեւոն Տէմիրճիպաշեան, Յակոբ Ճիլաճեան, Մելիք Ղազարոսեան, Լեւոն Կիւլպէնկեան, Վահան Մալէզեան] սովորութիւն ունէին տանտիրոջ յիշեցնելու «կէտերը» բացատրութեամբ, իբրեւ երեկոյթին ամենայն անհամբերութեամբ սպասուած անակնկալը՝ զոր տանտիրուհին միայն գիտէր (էջ 39-40):
***
Մալէզեան իր «Ճամբուս վրայ (Յուշագեղ)» հատորին մէջ, «Բարեկամնե՜ր» վերնագիրը կրող գրութեան մէջ, բարեկամներու եւ բարեկամութեան մասին խօսելով, ի միջի այլոց կը գրէ.
• Օ՜, անշուշտ շուրջս եւ հեռուներն ալ փոյթեռանդ բարեկամներ եւ նոյն իսկ գաղափարակից ընկերներ չեն պակսիր, բայց նոյնը չէ բնաւ, քանզի կը զգամ, թէ տաք եւ անկեղծ չէ անոնց ժպիտը եւ խօսքը, անոնց ձայնին մէջ չկայ սիրոյ եւ գորովի ազնիւ շեշտը, որուն վարժուած էր սիրտս: Ոմանք պէտք ունին ինծի, ուրիշներ ընկերային ու ազգային դիրքիս նախանձի զգացումով կը նային ու կան անոնց մէջ դժգոհներ ալ, որոնք չեն ներեր ինծի որ իրենց պէս չեմ խորհիր կամ իրենց ուզածը չեմ կրնար ընել միշտ եւ միշտ:
Ու ես պէտք է ժպտիմ ամէնուն, խօսիմ զուարթ շեշտով մը, պարտկելով դառնութիւնները իմ վիրաւոր սրտիս եւ իմ առօրեայ յարաբերութեանցս մէջ դնելով կեղծ միամտութիւն մը, որ հոգիս կը տանջէ:
Ո՜րքան անտանելի է, ո՛րքան տխուր է, փոթորիկներէն վերջ, կեանքի վերջալոյսին, մինակ զգալ ինքզինքը, ու բազմութեան մէջէն քալել, լքեալ ու մոլորեալ մարդու մը պէս, որ բան մը կը փնտռէ ու չի գտներ:
Գիտէի, թէ անկեղծ եւ անձնուէր բարեկամ մը մարդուս համար թանկագին գանձ մըն է, բայց չէի գիտեր, թէ բարեկամութիւնը յաճախ բառ մըն է լոկ, ա՛յն աստիճան դիւրաբեկ եւ խուսափուկ զգացում մը, որ ձեռքերուն մէջ փոշիանման կը փսորուի, գունագեղ թիթեռնիկի մը պէս:
Եւ ճշմարիտ մտերիմներու ցուրտ բացակայութեան մէջ, զոր անգթօրէն կը դառնացնէ ապերախտութիւնը անոնց մանաւանդ2 որոնց օգտակար միայն եղած եմ եւ որ, կարծես այդ իսկ պատճառաւ, օրին մէկը իրենց ժահրովը փոխարինած եմ իմ սրտագին բարեացակամութիւնս, յուսաբեկ եւ գլխիկոր՝ շունչս կ՚առնեմ դէպի տուն, ընտանեկան սիրոյ երջանիկ բոյնիս մէջ տաքցնելու համար սառած հոգիս (էջ 94-95):
***
Յակոբ Օշականն ու Մալէզեանը մտերմութիւն ունեցած են: Այդ մտերմութեան փաստը յատկապէս ի յայտ կու գայ Մալէզեանի Յակոբ Օշականի մահուան առաջին տարելիցին առիթով գրած գրութեան մէջ, ուր Մալէզեան կը մէջբերէ Օշականի իրեն ուղղած մէկ նամակը:
•Այս պահուն որ ողբացեալ Յակոբ Օշականի մահուան տարելիցին առթիւ, վաստակաւոր մեծ գրագէտին յիշատակը յարգողները համակրանքի եւ գնահատանքի արտայայտութիւններ կ՚ընեն սգահանդէսներով, կենսագրականներով եւ գրադատականներով, ես ալ, որպէս անկեղծ բարեկամը հանգուցեալին, երկիւղած գորովանքով կ՚ամփոփուիմ հանգրուանիս մենութեան եւ լռութեան մէջ, թղթածրարներուս մէջէն թախիծով կը հանեմ իր զանազան նամակները, որոնց վերընթերցումը յուզմունքով կը տրորէ սիրտս:
Խոր է զգացած ցաւս, որ Օշական իր ողջութեանը չհասկցուեցաւ պէտք եղած յստակութեամբ կամ լայնախոհութեամբ եւ շատերու համար մնաց հակասութիւններով թնճուկուած առեղծուած մը, որովհետեւ իր յորդագեղ անկեղծութեան եւ արտայայտութեանց մէջ գործեց չափազանցութիւններ՝ որ ինքնայատուկ էին իր խորաթափանց նկարագրին եւ ինքնատիպ ոճին: Օշական արտասովոր գրող մը եւ քննող մըն էր, կնճռոտ խառնուածքով մը:
Երբ Նիւ Եորք կը գտնուէի, Օշական ինծի ուղղեց մտերմական նամակ մը, իր մէկ յանդուգն երկասիրութեան մասին, որ, եթէ հրատարակուէր, միտքերու մէջ պարզապէս յեղափոխութիւն մը պիտի արծարծէր եւ ի հիմանէ պիտի խորտակէր, զարմանքի հոսանքով մը, կասկածները կամ եւս վարկածները որ միջոց մը ստուեր ածեցին իր հայրենասիրութեան վրայ:
Ահա՛ թէ ինչպէս կը սկսէր այդ պատմական նամակը.
«Կ՚երեւակայեմ զարմանքդ, յետոյ վախդ: Բայց, ինծի պէս անցած ես տաքէն ու պաղէն ու վարժ վախ ու զարմանք յաղթահարելու: Կը դիմեմ քեզի տեսակ մը թաքուն վստահութեամբ: Մեծ գործի մը գործաւորները կը ներշնչեն այդ պայծառ, անպարտելի ապահովութիւնը երբեմն, մանաւանդ եթէ հասած են գագաթին, աւարտին: Դուն ըրիր ճամբադ: Ուրախ եմ: Բայց բախտը կ՚ուզէ, որ իր ճամբան փոխանակ հարթուելու, հետզհետէ դառնայ աւելի արկածալից: Ոչ մէկ գրողի պիտի կրնայ սա ներքին խաղաղութեամբ բանալ իմ սիրտը: Ու չես գիտեր պատճառը: Մենք մեր ճերմակ մազերուն տակ, կը պահենք խարտեաշ մեր սկզբնական անդրին, մեր պատանութեան անայլայլելի աստուածը, զոր կեանքը պիտի խաղցնէ մեր բոլոր ճամբաներուն դարձուածքներուն: Բայց, պիտի բերէ մեր ծունկերուն, նորէն անաղարտ, երբ ասոնք, ծունկերը ալ իյնան կթոտած: Նամակ մը չէ գրածս, ոչ ալ ինքնավերլուծում:
Քեզմէ կ՚ուզեմ վճռական գաղտնապահութիւն մը, քեզի ղրկուած ձեռագրին հեղինակին իրական անունին շուրջը…: Պիտի խնդրեմ, որ կարդաս. թէեւ այս խնդրանքը տաժանագին է, բայց պարկեշտութիւն պիտի չըլլար անծանօթ բան մը յանձնարարել…: Երկին հոգեյատակը, իմ ոգին է, այնքան գէշ, սխալ հասկցուած: Կ՚ատեմ արեւմտեան մշակոյթը որ դրամին վրայ բարձրացուցած է իր աստուածները: Եթէ այսօր Սովետ աստուածութիւնները վիրաւոր են այնքան, անիկա չի նշանակեր, թէ վաղը պիտի չառողջանան անոնք: Ամէն պարագայի դրամին բռնութիւնը աւելի անարգ է՝ քան ուժին բռնութիւնը»:
Ստուար ձեռագիրը, զոր ինծի ղրկած էր, որոշ վերապահումներով եւ մասնաւոր գաղտնապահութեան պայմանով կաշկանդուած, ձեռքս մնաց առկախ եւ երբ Փարիզ վերադարձայ հետս բերի, իրմէ սպասելով նոր հրահանգի մը: Ափսո՜ս, մահը եկաւ բանտարկել այդ զարմանալի յեղաշրջումի կամ ինքնանդրադարձումի փաստը կազմող ձեռագիրը, զոր խղճի պարտականութիւն մը սեպեցի յանձնել իր Վահէ զաւկին, որպէս ինծի վստահուած նուիրական աւանդ մը: Չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ անոր ճակատագիրը, բայց յոյսն ունիմ, որ օր մը լոյս կը տեսնէ գաղտնիքի խաւարէն վերջապէս դուրս գալով:
Հայրենաբաղձութիւնը անկասկած Օշականի հոգին կը մրկէր եւ ես Հայաստանի սիրոյն եւ կարօտին փաստը կը նկատեմ 1947 հոկտեմբերին ինծի ուղղած նամակն ալ, երբ թերթերէն լսեր եւ խանդավառուեր էր որ Փարիզի Սովետ Ընդհ. Հիւպատոս Ապրամօֆ եւ Ներգաղթի Պատուիրակ Հինայէկեան սիրալիր ընդունելութեան մը առթիւ հրաւէր ուղղեցին ինծի Հայաստան այցելելու.
««Արեւմուտք»ի մէջ կարդացի հրաւէրը քեզ Հայաստան ուզող: Ի՞նչ մեղքս պահեմ, Հայաստանէն իմ զգացած տագնապին մեծագոյն հեղինակները այն մարդերն են, որ յաւակնեցան երկիրը ներկայացնել: Ոչ ոք որ վստահութիւն ներշնչէր: Դո՞ւն: Կը հաւատամ, թէ առնուազն սուտի անընդունակ մէկն ես: Կրնաս լռել, բայց պիտի չխօսիս սուտը: Ահա՛ թէ ինչու խանդավառ եմ, խանդավառ եմ ընելիքներուդ հաշւոյն: Այդ ընելիքներդ թերեւս հոն, երկրին մէջ պիտի ունենան աւելի տարողութիւն…: Պիտի պարզես սփիւռքը իբրեւ մէկը որ կը ճանչնայ այդ սփիւռքին վէրքերը, դժբախտութիւնները, ուժն ու արժանիքը…: Եթէ յաջողեցար, այն ատեն կը ստեղծուի հոս, ինքնաբերաբար, անհրաժեշտ խաղաղութիւնը ու մենք կը դադրինք տառապելէ, մեր սիրոյն մէջ մեր հայրենիքին: Թո՛ղ նային մեր վրայ այնպէս, ինչպէս ենք: Ահագին տռամա մըն է սփիւռքը…: Նամակի մը սահմանը չ՚արտօներ զիս աւելիին, այս ուղղութեամբ: Թող հայրենիքը միակտուր տեսնէ սփիւռքը եւ իրաւ տեսած կ՚ըլլայ: Քու վկայութիւնը ըլլալու է թանկ, քանի որ հալածուած մըն ես»:
Պատերազմէն քիչ առաջ գրած նամակներուն մէջ անդրադարձած էր իր գրական ծրագրին («Համայնապատկերին արուեստագէտ սերունդը», 1900-էն անդին բոլոր մեծ անունները, դուն ալ ունիս քեզի նուիրուած մենագրութիւն մը 50-60 էջնոց): Եւ ահա՛ ինչ որ ինծի կը գրէր, միշտ Երուսաղէմէն, 1939 օգոստոս 25-ին.
«Շնորհակալ եմ կրկին որ զիս չէք մերժած, Բաշալեան Լեւոնին պէս, որ շատ ուշ կամեցաւ երկու տող բան գրել: Կը խորհիմ, թէ ունիք ձեր գրածները, տպուած ձեր քով: Ատոնք ու թանկագին ձեռագիրները, որոնց մասին ձեր տեղեկութիւնը շատ խանդավառեց զիս, կը բաւեն, որպէսզի քեզի նուիրելիք էջերը գրուին այնպէս ինչպէս որ պէտք է: Ըսեր եմ քեզի ատեն մը. «Ձեր գրական դէմքին մասին իմ համակրանքը քառասուն ու աւելի տարիներու պատմութիւն մըն է: Անցեալ տարի երբ իրապաշտները կը թղթատէի, կրկին կարդացի ձեր մէկ երկու պատմուածքները: Ուրախ եմ յայտնելու, որ իմ պատանիի զգացումներս չեն փոխուած նաեւ հիմա: Ու ասիկա բաւ է որպէս զի ձեր գլուխը ունենաք հայ գրողներու պատմութեան մէջ, որ ձեր պատմութիւնն է անշուշտ, այսինքն իրական տաղանդ մը ունեցող մարդոց պատմութիւն: Կը ղրկէք երկու ամիսէն (կը պաղատիմ որ չմերժէք զիս): Ի՞նչ մեղքս պահեմ, գրական քննադատութիւնը կեանքի վերլուծում մ՚է: Որքան խոր, լաւ ճանչնամ մարդը, այնքան լաւ դուրս կու գայ պատկերը իմ գրչէն: Ահա՛ թէ ինչ բաժիններ ունիք գրելիքիս մէջ. ա) Մարդը եւ գործը, բ) Բանաստեղծը, գ) Վիպողը, դ) Գրագէտը: Այս բարակրաֆները կ՚ամբողջանան, երբ շատ լսած, կարդացած ըլլամ: Ու կը խնդրեմ, որ հոս ալ օգնէք ինծի…: Հիմա իմ ժամանակս ամբողջովին առնուած է արեւմտահայ գրականութեան պատմութեամբ: Եթէ ապրեցայ, ուրիշ խնդիր: Կայուն առողջութիւն մը ունիմ: Ով գիտէ, մինչեւ երբ»:
Մինչեւ ե՞րբ, աւա՜ղ, մինչեւ այն սեւ օրը, շա՜տ շուտ, որ հայ գրականութեան այս ախոյեանին խարխուլ կեանքին ճրագը յանկարծ մարեցաւ… («Ճամբուս Ծայրը» Ա. հատոր, Փարիզ, 1954, էջ 360-364):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
1 Մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կ՚ուզենք յանձնել, թէ թերթիս աշխատակիցներէն Անուշ Թրուանց, 31 յունուար 2023-ի թիւին մէջ ունի գրութիւն մը՝ «Վահան Մալէզեանի յուշերը Օրթագիւղի մասին» խորագրով, ընթերցողները կրնան թերթիս թուայնացած թիւերը բանալ ու կարդալ այս գրութիւնը:
2 Ոմանք կեանքի մտերիմներ եւ գաղափարի ընկերներ, որոնց միշտ եղբայրական ձեռք կարկառած եւ բոլոր դուռներս լայն բացած եմ, մինչեւ անգամ թշնամական պայքար բացին ինծի դէմ, օրին մէկը, յանկարծ, նոյնիսկ մամուլի միջոցաւ, առանց իմ կողմէս ամենադոյզն դրդապատճառի: Սակայն այդպիսիներուն համար սրտիս մէջ զայրոյթ չունիմ, այլ կարեկցութեան զգացում մը: