«Օսքար» Մրցանակը Մերժե՞լ… Ընդունի՞լ
Արեւմտեան, մանաւանդ հոլիվուտեան մակերեսային բարքերէն հանդիսացող «Օսքար»ներու մրցանակաբաշխութեան եւ հանդիսութեան կազմակերպիչները անշուշտ կը հետապնդեն նպատակներ, որոնցմէ տեսանելիները սպառողական շուկային մէջ քարոզչութիւնն ու… դրամն են: Այս պայմաններուն մէջ, անշուշտ, մրցանակները շահողները անպայման ամենէն որակաւորները կրնան չըլլալ, իսկ անուրանալի արժէքը, որակը, արդէն մրցանակէն եւ քարոզչութենէն կը խրտչի: Եթէ այս համակարգը իր «պաշտպան հրեշտակները» ունի, անխուսափելիօրէն կան նաեւ «մերժող սատանաները»…
«ՕՍՔԱՐ»Ի 88-ՐԴ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ
Շարժապատկերային արուեստի Ամերիկեան ակադեմիայի ամէնամեայ ազգային մրցանակի՝ «Օսքար»ի 88-րդ մրցանակաբաշխութեան հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ 28 Փետրուարին, Հոլիվուտի «Տոլպի» թատերասրահին մէջ: Պիտի պարգեւատրուին 2015 թուականին պատրաստուած լաւագոյն շարժապատկերները: Հանդիսութեան ընթացքին 24 հիմնական անուանակարգերու մէջ օսքարներ պիտի ստանան՝ բեմադրիչներ, դերասաններ, երաժիշտներ, արտադրիչներ եւ ընդհանրապէս շարժապատկերի պատրաստութեան առընչուած գործիչներ: Ուղղակի պատկերասփռուելիք հանդիսութեան բեմադրիչն է Կլէն Ուէյս, իսկ հանդիսավարն է դերասան Քրիս Ռոք, որ 2005 թուականին եւս «Օսքար»ի 77-րդ մրցանակաբաշխութեան հանդիսավարն էր:
ՅԱՒԱԿՆՈՐԴՆԵՐ (NOMINEES)
Պեւըրլի Հիլզի «Սամուէլ Կոլտուին» թատերասրահին մէջ, 14 Յունուար 2016-ին բեմադրիչներ Կիլմօ տէլ Թորօ եւ Անկ Լի յայտարարեցին «Օսքար»ի 88-րդ մրցանակներուն յաւակնորդներուն անունները:
«Տը րեվընընթ» շարժապատկերը յաւակնորդ է 12 օսքարներու, «Մէտ Մէքս: Ֆիւրի ռոտ»՝ 10:
Յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով՝ Ալեխանտրօ Ինարիթուի կողմէ բեմադրուած շարժապատկեր մը յաւակնորդներու շարքին առաջին դիրքը կը գրաւէ:
Ժողովրդականութիւն վայելող 7 անուանակարգերու պատկերը հետեւեալն է.
ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐ
«Տը պիկ շորթ», «Պրիտճ օֆ սփայզ», «Պրուքլին», «Մէտ Մէքս: Ֆիւրի ռոտ», «Տը մարշըն», «Տը ռեվընընթ», «Ռում», «Սփոթլայթ»
ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԲԵՄԱԴՐԻՉ
Ատամ ՄաքՔայ («Տը պիկ շորթ»), Ճորճ Միլլըր («Մէտ Մէքս: Ֆիւրի ռոտ»), Ալեխանտրօ Ինարիթու («Տը րեվընընթ»), Լենի Ապրահամսըն («Ռում»), Թոմի Մաքարթի («Սփոթլայթ»)
ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԴԵՐԱՍԱՆ
Պրայան Քրանսթըն («Թրամպօ»), Մաթ Տամոն («Տը մարշըն»), Լէոնարտօ ՏիՔափրիօ («Տը րեվընընթ»), Միքայէլ Ֆասպենտըր («Սթիվ Ճոպզ»), Էտի Ռետմէյն («Տը տենիշ կըրլ»)
ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԴԵՐԱՍԱՆՈՒՀԻ
Քէյթ Պլանշէթ («Քարօլ»), Պրի Լարսըն («Ռում»), Ճենիֆըր Լաուրընս («Ճոյ»), Շարլոթ Ռամփլինկ («45 եիրզ»), Սաիորս Ռոնան («Պրուքլին»)
ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՕԳՆԱԿԱՆ ԴԵՐԱՍԱՆ
Քրիսթիան Պէյլ («Տը պիկ շորթ»), Թոմ Հարտի («Տը ռեվընընթ»), Մարք Ռուֆալլօ («Սփոթլայթ»), Մարք Ռիլանս («Պրիտճ օֆ սփայզ»), Սիլվեսթըր Սթալոն («Քրիտ»)
ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՕԳՆԱԿԱՆ ԴԵՐԱՍԱՆՈՒՀԻ
Ճենիֆըր Ճէյսըն Լէյ («Տը հէթֆուլ էյթ»), Ռունի Մարա («Քարոլ»), Ռէյչըլ ՄաքԱտամս («Սփոթլայթ»), Ալիսիա Վիքանտէր («Տը տենիշ կըրլ»), Քէյթ Վինսլէթ («Սթիվ Ճոպզ»)
ՕՏԱՐԱԼԵԶՈՒ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԺԱՊԱՒԷՆ
«Էմպրէյս օֆ տը սըրփընթ» (Քոլոմպիա, սպաներէն), «Մուսթանկ» (Ֆրանսա, թրքերէն), «Սան օֆ սոլ» (Հունգարիա, հունգարերէն), «Թիպ» (Յորդանան, արաբերէն), «Ը ուոր» (Դանիա)
ՕՍՔԱՐՆԵՐԸ ՄԵՐԺՈՂՆԵՐ
Օսքարներու մրցանակաբաշխութիւնը, հանդիսութիւնը, արարողութիւնը, ընդհանրապէս օսքարները մերժողներ ալ եղած են:
Դերասան, բեմադրիչ, գրող Վուտի Էլըն, որ ընդհանրապէս այսպիսի հանդիսութիւններու ներկայ չ՚ըլլար, ըսած է. «Ես այդպիսի արարողութեան մը հանդէպ յարգանք չունիմ: Ես պարզապէս չեմ կարծեր, որ անոնք գիտեն, թէ ի՛նչ կ՚ընեն: Երբ կը տեսնէք, թէ ո՛վ կը շահի այդ բաները, կամ ո՛վ չի շահիր, դուք կրնաք գիտնալ, թէ ի՛նչ անիմաստ բան է այս Օսքարը»:
2010 թուականի վերջաւորութեան որոշուեցաւ պատուոյ Օսքար շնորհել ֆրանսական շարժապատկերի Լա Նուվէլ Վակ շարժումի հսկային՝ Ժան-Լուք Կոտարտին, որ այն օրերուն 80 տարեկան էր եւ բնաւ չէր մասնակցած նման հանդիսութիւններու:
Անշուշտ բոլոր միջոցներով փորձեցին հետը կապուիլ, բայց… ի զուր: Կոտարտի երկար տարիներու ընկերուհին ըսաւ. «Ժան-Լուք Միացեալ Նահանգներ պիտի չերթայ, ան սկսած է ծերանալ այդպիսի բաներու համար: Դուք այդքան հեռու տեղ կ՚երթա՞ք մետաղի կտորի մը համար»:
Դերասան Ճորճ Սի. Սքոթ առաջին աշխարհահռչակ դերասանն էր, որ մերժեց լաւագոյն դերասանի Օսքարը (Patton, 1970):
Նախքան հանդիսութիւնը՝ Սքոթ մերժելու իր մտադրութեան մասին հեռագրեց կազմակերպիչներուն: Առանց բառերը ծամծմելու՝ Օսքարի մասին Սքոթ ըսած է. «Հանդիսութիւնը երկու ժամուան միսի տողանցք է, տնտեսական պատճառներով հանրային ցուցադրութիւն մը՝ շինծու սասփենսով»:
Երկու տարի ետք, «Տը Կատֆատըր» շարժապատկերին առիթով ստացած լաւագոյն դերասանի Օսքարը մերժեց Մարլոն Պրանտօ, որ Սաչին Լիթըլֆետհըր անունով ամերիկացի հնդիկ (ափաչի) մը ղրկեց իր փոխարէն: Հանդիսատեսները Լիթըլֆետհըրը դիմաւորեցին «պու»երով եւ սուլոցներով, երբ յայտարարեց, որ ինք ղրկուած է բողոքելու համար ամերիկացի բնիկներուն՝ հնդիկներուն հանդէպ Հոլիվուտի (շարժապատկերներու) դէմ:
Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Սաչին Լիթըլֆետհըր ամերիկացի բնիկ հնդիկ չէ, այլ մեքսիկացի դերասանուհի մը՝ Մարիա Քրուզ անունով:
Հոլիվուտի առաջատար դերասանուհիներէն Քաթրին Հեփպըրն, որ 12 անգամ թեկնածու եղած է եւ 4 անգամ նուաճած՝ լաւագոյն դերասանուհիի Օսքարը, մինչեւ 1974-ը չէ մասնակցած հանդիսութիւններուն:
ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՓԱՍՏԵՐ ԵՒ ՄՐՑԱՆԻՇՆԵՐ
Ամենէն շատ «Օսքար» ստացած է Ուոլթ Տիզնի՝ 26 անգամ, յաւակնորդ՝ 59 անգամ. ապա՝ երաժշտութեան հեղինակներ Ալֆրետ Նիւմէն (9 Օսքար) եւ Ճոն Ուիլեամզ (5 Օսքար), յաւակնորդ՝ իւրաքանչիւրը 45 անգամ, որ երկրորդ մրցանիշն է Ուոլթ Տիզնիէն ետք:
- Դերասաններէն ամենէն շատ Օսքարի յաւակնորդ եղած է Ճէք Նիքըլսըն՝ 12 անգամ, որոնցմէ 8-ը՝ գլխաւոր դերի համար, 4-ը՝ երկրորդական դերի համար, ստացած է 3 Օսքար, իսկ դերասանուհիներէն Մերիլ Սթրիփ՝ 17 անգամ եղած է յաւակնորդ, ստացած է 3 Օսքար:
- Դերասաններէն Ճէք Նիքըլսընն եւ Մայքլ Քէյնը (2 Օսքար) յաւակնորդ եղած են 5 տասնամեակ անընդմէջ (1960-2000): Փոլ Նիւմըն նոյնպէս 5 տասնամեակի ընթացքին յաւակնորդ եղած է Օսքարի (10 անգամ, 1 Օսքարի մրցանակակիր), սակայն 4 անգամ՝ 1950, 1960, 1980, 2000-ական թուականներուն: Դերասանուհիներէն նման յաջողութեան հասած է Քեթրին Հեփպըրն. ան Օսքարի յաւակնորդ եղած է 1930-1960-ական թուականներուն եւ 1980-ին, ընդհանուր՝ 12 անգամ: Դերասան Տանիէլ Տէյ-Լիւիս միակ դերասանն է, որ արժանացած է Օսքարի երկու տարբեր դարերու մէջ (20-րդ եւ 21-րդ):
- Դերասան-դերասանուհիներէն ամենէն շատ Օսքար ստացած է Քեթրին Հեփպըրն՝ 4 անգամ (4-ն ալ՝ լաւագոյն դերասանուհի անուանակարգով): Տանիէլ Տէյ-Լուիս (3 լաւագոյն դերասան), Ճէք Նիքըլսըն (2 լաւագոյն դերասան, 1 երկրորդական լաւագոյն դերասան), Ուոլտըր Պրենընը (3-ն ալ՝ լաւագոյն օգնական դերասան) եւ Ինկրիտ Պերկմըն (2 լաւագոյն դերասանուհի, 1 օգնական լաւագոյն դերասանուհի) ստացած են 3 Օսքար:
- Երկու դերասաններ երկու տարի անընդմէջ ստացած են Օսքար լաւագոյն դերասան անուանակարգին մէջ՝ Սփենսըր Թրէյսի՝ 1937 թուականին «Քէփթընզ քարէյճըզ» եւ 1938 թուականին «Պոյզ թաուն» շարժապատկերներուն համար, Թոմ Հենքս՝ 1993 թուականին «Ֆիլատելֆիա» եւ 1994 թուականին «Ֆորեսթ կամփ» շարժապատկերներուն համար:
- Քրիստոֆըր Փլամըր ամենէն տարեց դերասանն է, որ ստացած է Օսքար մրցանակը: 2012 թուականին ան ստացած է Օսքար՝ լաւագոյն օգնական դերասան անուանակարգին մէջ, 82 տարեկանին, իսկ տակաւին ողջ ամենէն տարեց օսքարակիրը Լուիզ Ռէյնըրն է, ան 103 տարեկան է:
- Օրսոն Ուելս («Սիթիզըն քէյն»), Չարլի Չափլին («Տը կրէյթ տիքթէյթըր») եւ Սիլվեսթր Սթալոն («Ռաքի») այն դերասաններն են, որոնք յաւակնորդ եղած են Օսքարի միաժամանակ լաւագոյն դերասան եւ լաւագոյն բեմագրութեան անուանակարգերուն մէջ:
- Բեմադրիչներէն ամենէն շատը՝ 4 Օսքար ստացած է Ճոն Ֆորտ, 3-ական Օսքար ստացած են Ուիլիըմ Ուայլըր եւ Ֆրենք Քափրան (Քափրան Օսքար մը եւս ստացած է իբրեւ արտադրիչ):
- «Պէն հուր» (1959), «Թիթանիք» (1997) եւ «Տը լորտ օֆ տը րինկզ» (2003) շարժապատկերները ստացած են ամենէն շատ՝ 12 Օսքար: 10 Օսքար ստացած է «Ուեսթ սայտ սթորի», «Կան ուիթ տը ուինտ» (1939) եւ «Ճիճի» (1958) շարժապատկերները:
- «Տը լեսթ էմփըրըր» (1987) եւ «Տի ինկլիշ փեշընթ» (1996) շարժապատկերները՝ 9-ական Օսքար: «Տը պեսթ յիրզ օֆ աուր լայֆզ» (1946), «Ֆրոմ հիր թու իթըրնիթի» (1953), «Մայ ֆէյր լէյտի» (1964), «Քապարէ» (1972), «Կանտի» (1982), «Ամատէոս» (1984), «Սլամտոկ միլիոնէր» (2008) շարժապատկերները ստացած են 8-ական Օսքար:
- Ամենէն շատ Օսքարի ներկայացուած են «Օլ ապաութ Իվ» (1950) եւ «Թիթանիք» (1997) շարժապատկերները՝ 14 Օսքար: «Հուզ էֆրէյտ օֆ Վիրճինիա Ուոլֆ» (1966) Վիրճինիա յաւակնորդ եղած է Օսքարի այդ տարուան բոլոր անուանակարգերուն մէջ՝ 13 եւ ստացած՝ 5 Օսքար: 13 անուանակարգերուն մէջ Օսքարի ներկայացուած են նաեւ «Լորտ ֆրաթերնիթի րինկ» (2001, ստացած է 4 Օսքար) եւ «Միսթիրիըզ հիսթըրի» (2008, ստացած է 3 Օսքար):
- Օսքարի պատմութեան մէջ 3 ժապաւէնի «Իթ հափընտ ուան նայթ» (1934 թ.), «Ուան ֆլիւ օվըր տը քուքուզ նեսթ» (1975 թ.) Քուքուզ եւ «Տը սայլընս օֆ լեմպս» շարժապատկերները արժանացած են 5 մեծ Օսքարի (լաւագոյն ժապաւէն, լաւագոյն բեմադրիչ, լաւագոյն բեմագրութիւն, լաւագոյն դերասան, լաւագոյն դերասանուհի անուանակարգերուն մէջ):
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Օգտագործուած աղբիւրներ՝ «Օսքար»ի պաշտօնական կայք, եւ դերասաններու կայքեր