ՎԵՐԱԾՆՈՒԱԾ ՀՐԱՇԱԼԻՔ
Նշանաւոր գրող Կոստան Զարեանին թոռը՝ ճարտարապետ Արա Զարեան, երեք տարի շարունակ մեկնած է Իտալիայէն Արցախ եւ որմնանկարներու իտալացի վերականգնող Քրիստին Լամուրէի հետ, Արցախի Դադիվանքին մէջ վերականգնած է Դադիվանքէն ներս գտնուող Ս. Նիկողայոս Սքանչելագործի պատկերով որմնանկարը:
Դադիվանքը, որ Արցախի Դադիվանք գիւղին մէջ, Դադիվան լերան լանջին գտնուող միջնադարեան վանական համալիր մըն է, 1920 թուականին Արցախը Խորհրդային Ատրպէյճանին բռնակցուելէն ետք զրկուած է կալուածներէն եւ դադրած գործելէ: 1960-ական թուականներուն ատրպէյճանական իշխանութիւնները վանական համալիրի տարածքին հիմնած են գիւղ մը՝ բնակեցնելով վանքին տարածքը: Բնակիչները վնասած են վանքային համալիրին շէնքերը, ընտանիք մը, բնակելով ուղղակի եկեղեցւոյ ներսը, ձմեռները տաքնալու համար կրակ վառած է, որ մուրով պատած է որմնանկարները: Այդ մուրը ձեւով մը ծածկած է որմնանկարները արտաքին աչքերէն, եւ յետագային ատրպէյճանցիները չեն գիտցած, որ պատին վրայ անգին գանձ կայ, չեն վնասած որմնանկարը, ինչպէս յաճախ ըրած են շատ մը յուշարձաններու վրայ եղած պատկերներու պարագային:
1993 թուականին ազատագրուած է Դադիվանքը եւ տարի մը ետք՝ 1994 թուականին, վերաբացուած: 1999 թուականին վանական համալիրէն ներս սկսած են վերանորոգման աշխատանքները։ Այսօր Դադիվանքը աստիճանաբար կը գտնէ իր երբեմնի շքեղութիւնը, տարեկան հազարաւոր զբօսաշրջիկներ կ՚այցելեն Թարթառ գետի ափին գտնուող հրաշակերտ տաճարը, որ ուխտատեղի դարձած է շատերուն համար:
Երեք տարի շարունակ Դադիվանքը ուխտատեղի դարձած է նոյնպէս նաեւ Արա Զարեանին եւ Քրիստին Լամուրէին համար: Ինչպէս կը պատմէ Արա Զարեան, բազմաթիւ եկեղեցիներու մէջ աշխատած է, բայց այն զգացողութիւնը, որ ունեցած է Դադիվանքի մէջ, անփոխարինելի մնացած է եւ երբեք ոչ մէկ վայրի մէջ նոյնը ապրած է: Նոյն զգացումները ունեցած է նաեւ իտալացի մասնագէտ Քրիստին Լամուրէն. ան աշխարհի բազում եկեղեցիներուն մէջ վերականգնումներ կատարած է, այդ կարգին աշխատելով նաեւ Հայաստանի կարգ մը եկեղեցիներուն մէջ, բայց միայն Դադիվանքի մէջ ցանկութիւն յայտնած է մկրտուիլ եւ դառնալ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ անդամ: Մկրտութիւնը կատարած է Դադիվանքի վանահայր Տ. Յովհաննէս Քահանայ Յովհաննիսեանը, իսկ կնքահայրը եղած է Քրիստինի հայ գործընկերը՝ Արա Զարեան:
Վերջերս Արա Զարեան եւ Քրիստին Լամուրէ կրկին կը գտնուէին Հայաստան: Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ անոնք մասնակցեցան «Դադիվանք. վերածնած հրաշալիք» անունով պատկերագիրքի շնորհանդէսին՝ ներկաներուն պատմելով նաեւ այն աշխատանքին մասին, զոր կատարած են Դադիվանքի մէջ:
«Դադիվանք. վերածնած հրաշալիք» պատկերագիրքը լոյս տեսած է հայուհի բարերարի մը՝ Գայիանէ Գէորգեանի ջանքերով, որ անգամ մը այցելելով Դադիվանք, լեցուած է անոր խորհուրդով եւ որոշած է հիմնել հիմնադրամ մը, որ հայկական եկեղեցիներու պատմութիւնը օտարներուն ներկայացնելու ծրագիրները պիտի իրականացնէ: Ան հիմնած է «Վիքթորիա» միջազգային հիմնադրամը, եւ ահաւասիկ, իբրեւ առաջին նախագիծ, հրատարակած է Դադիվանքին նուիրուած եռալեզու շքեղ պատկերագիրքը:
Գիրքը Դադիվանքի վանական համալիրին եւ համալիրէն ներս գտնուող Սուրբ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ որմնանկարներուն մասին աշխատութիւն մըն է, որ յատուկ ուշադրութիւն կը բեւեռէ որմնանկարներուն մէջ ներկայացուող Սուրբ Նիկողայոս սքանչելագործի հայրապետական իշխանութիւն ստանալու վարքագրական դրուագին, տեսարան մը, որու կարելի չէ հանդիպիլ հայ միջնադարեան յուշարձանային արուեստին մէջ:
Պատկերագիրքին հեղինակներէն՝ պատմական գիտութիւններու տոքթոր, Մատենադարանի աշխատակից Կարէն Մատթէոսեան ըսաւ, որ Դադիվանքը կառուցած է Հաթերքի իշխանուհի Արզու Խաթունը, եւ ըստ պատմական վկայութիւններուն, համալիրի որմնանկարին պատուիրատուն ալ եղած է Արցախի իշխանուհիներէն մէկը, եւ ահաւասիկ, Դադիվանքին եւ անոր որմնանկարին պատմութիւնը ներկայացնող գիրքին նախաձեռնողն ալ կրկին կին մըն է, ուրեմն կրնանք այս օրինակով ըսել, թէ հայոց պատմութեան, արուեստին մէջ ի՛նչ նշանակալի դեր ունեցած են հայ կիները:
Խօսելով որմնանկարին մասին, Կարէն Մատթէոսեան յիշեցուց, որ Սուրբ Նիկողայոսը ամբողջ աշխարհին յայտնի Սանթա Քլաուզն է, որ բարեգործ սուրբ մըն է, եւ որմնանկարը հետաքրքրական է այն առումով, որ միշտ այն տեսակէտը եղած է, թէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ որմնանկարները այս պատկերը չեն ունեցած, բայց Դադիվանքի օրինակով, ահաւասիկ, կը փաստուի, որ այդպէս չէ։ «Գիրքին մէջ մենք փորձած ենք ներկայացնել Դադիվանքի որմանկարը՝ իր պատմական, մշակութային, պատմագրական, գեղարուեստական եւ բոլոր արժէքներով», ըսաւ Կարէն Մատթէոսեան:
Պատկերագիրքին մէջ օրհնութեան գիր ունի Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, իր սրտի խօսքը գրած է նաեւ հիմնադրամի տնօրէն Գայիանէ Գէորգեան, ինչպէս նաեւ մասնագիտական վերլուծութիւններ կատարած են արուեստաբան Աւետ Աւետիսեան, վերականգնող ճարտարապետ Արա Զարեան, վերականգնող Քրիստին Լամուրէ: Ընթերցողը կը կարդայ եւ շքեղ պատկերներու միջոցաւ կը տեսնէ ստեղծման պատմութիւնը Դադիվանքի, որ եղած է հոգեւոր եւ մշակութային հաղորդակցութեանց կեդրոն:
Գիրքի շնորհանդէսին խօսուեցաւ այն մասին, որ հայկական միջնադարեան արուեստին մէջ, եօթներորդ դարէն սկսեալ, եկեղեցիները որմնանկարներով զարդարելու արուեստը մեծ տարածում ունէր, սակայն երկար ժամանակ այս նիւթը չէ ուսումնասիրուած, մինչեւ նախորդ դարու կէսը: Այդ իմաստով է նաեւ, որ այսօր կարեւորութիւն կը ստանայ Դադիվանքի որմնանկարներուն նուիրուած գիրքին լոյս ընծայումը: Մատենադարանէն առաջ գիրքի շնորհանդէսը տեղի ունեցած է Արցախի մէջ, իսկ Մատենադարանի շնորհանդէսին Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, բերելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի օրհնութիւնը՝ ըսաւ.
«Դադիվանքը մեզի՝ բոլորիս, համար շատ մեծ հոգեւոր նշանակութիւն ունեցող անուն մը եւ վայր մըն է, միջնադարու մեր կարեւոր վանքերէն մէկը, ինչպէս նաեւ, շատ անկեղծ պիտի ըսեմ, ան սիրելի է նաեւ անոր համար, որ կը գտնուի մեր շատ սիրելի Արցախ աշխարհին մէջ: Ասիկա պարզ պատկերագիրք մը չէ, այլ վկայագիր մըն է, վկայագիր՝ թէ՛ անցեալի մեր մշակոյթին, թէ՛ անոր հանդէպ այսօրուան վերաբերմունքին, փայփայանքին, գուրգուրանքին եւ վերականգնման: Մենք մեծ գոհունակութեամբ եւ շնորհակալութեամբ մեր օրհնութիւնը կը բերենք բոլոր անոնց, որոնք իրականացուցին Դադիվանքի որմնանկարներուն վերականգնումը, այնուհետեւ այդ կարեւոր գործին հիման վրայ ստեղծուեցաւ այս պատկերագիրքը, այս վկայագիրը: Որմնանկարային արուեստին մասին դարեր շարունակ չէ խօսուած, եւ երբ մենք կը խօսինք հայ գեղարուեստի մասին, մենք սովորաբար կը խօսինք մանրանկարչութեան մասին, սակայն միշտ տարօրինակ թուած է այն, որ կոթողական մտածողութիւն ունեցող ազգ մը ինչպէ՛ս չէ ունեցած նաեւ կոթողական գեղանկարչութիւն: Կարգ մը ժամանակաշրջաններ նոյնիսկ, երբ եկեղեցիներու, վանքերու, տաճարներու մէջ որմնանկարները գոյութիւն ունէին, շատեր կը խօսէին, որ այդ մէկը քաղկեդոնական ազդեցութիւն մըն է, քաղկեդոնական եկեղեցիներու արուեստէն մուտք գործած է, բայց Դադիվանքը մեզի կ՚ապացուցէ, որ որմնանկարը նաեւ իւրայատուկ է մե՛ր եկեղեցւոյ, Հա՛յ Եկեղեցւոյ, եւ ընդհանրապէս, որմնանկարները, քրիստոնէութեան առաջին իսկ օրէն, նոյնիսկ, երբ քրիստոնէութիւն ալ չկար տակաւին, միշտ եղած են աղօթատեղիներուն մէջ եւ փոխարինած են սուրբ գրային պատմութիւններուն: Բնականաբար, բոլորս գիտենք, որ այդ ժամանակաշրջանին բոլորը գրաճանաչ չէին, եւ նկարը, պատկերը ամենախօսուն եւ ամենապարզ միջոցն էր Սուրբ Գիրքը ուսուցանելու համար: Դադիվանքի որմնանկարները անշուշտ, մեծ հետազօտութիւններու կարօտ ունին եւ մեծ հետաքրքրութիւն ունին թէ՛ իրենց ոճական առումով, թէ՛ հայկական կերպարներ ներկայացնելու տեսակէտէն: Այս որմնանկարին օրինակով նաեւ կը տեսնենք, որ Արցախեան աշխարհը, որ կը թուի, թէ լեռներու մէջ կորսուած երկիր մըն էր, ինչպէ՛ս կրնար այդ ժամանակներուն՝ 13-14-րդ դարերուն ազդեցութիւններ ունենալ այլ մշակոյթներէ: Բայց այդ ազդեցութիւնները կան, եւ այդ մէկը ցոյց կու տայ, որ հայ ժողովուրդը, Արցախական աշխարհը երբեք համամարդկային մշակոյթէն եւ կեանքէն կտրուած չէ եղած, մաս կազմած է այդ աշխարհին եւ իր սեփականը տուած է: Յատուկ շնորհակալութիւն պէտք է յայտնել գիրքին՝ մանաւանդ օտար հեղինակներուն, որոնք այս գործին լծուած են եւ կատարած են ամենաբարձր մակարդակով»:
Ճարտարապետ Արա Զարեան պատմեց Հայաստանի եւ Արցախի մէջ եկեղեցիներէն ներս տարուող իր վերականգնողական աշխատանքին մասին՝ ըսելով, որ կը գործակցին Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ առաջնորդարաններուն հետ՝ նպատակ ունենալով գտնել որմնանկարներ, ուսումնասիրել, մաքրել հնարաւորինս չափով, ամրակայել, ընել պահպանողական վերականգնում: «Մենք նպատակ ունինք այնպէս մաքրել, ամրակայել, վերականգնել, որպէսզի մեզմէ ետք գան պատմաբանները, արուեստաբանները եւ կարենան տեսանելի եւ վերականգնուած որմնանկաներուն կտորներով հաւաքել այդ բարդ աշխարհը եւ ներկայացնել նախ մեզի՝ հայերուս, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայկական որմնանկարչութիւնը: Մինչեւ հիմա անտեսուած է այդ ասպարէզը, կարծես նշանակութիւն չենք տուած, որովհետեւ ուրիշ մշակոյթի ասպարէզներ կային, ինչպէս օրինակ՝ մանրանկարչութիւնը եւ խաչքարի արուեստը, կամ պարզապէս, պայմաններ, հնարաւորութիւններ չեն եղած, որպէսզի մօտենանք այն եկեղեցիներուն, որոնց պատերուն վրայ որմնանկարներ կան: Մեր նպատակը՝ հնարաւոր չափով արագ տեղ հասնիլն է, որպէսզի գոյութիւն ունեցող փոքր մասնիկներն ալ չանհետանան, եւ վերականգնումէն յետոյ կը բացուի այլ աշխարհ մը, որուն շատ սպասած ենք: Հնարաւոր չէ խօսիլ հայ մշակոյթի, եկեղեցաշինութեան, հայ արուեստին մասին եւ չխօսիլ որմնանկարչութեան մասին՝ ըսելով, թէ մենք որմնանկարչութիւն չենք ունեցած, թէ այդ մէկը մեր արուեստին մէջ բիւզանդական կամ այլ արուեստներէն ներմուծուած ասպարէզ մըն է: Բայց այդպէս չէ, եւ մեր աշխատանքն ալ այն իմաստը ունի, որ կրնանք փաստել այդ նկարներուն հայկական ըլլալը», ըսաւ Արա Զարեան:
Արա Զարեան նման վերականգնումներ կատարած է նաեւ Լմբատավանքի, Կարմրաւոր եկեղեցւոյ, Մաստարայի, Որոտնավանքի եւ այլ եկեղեցիներու մէջ:
Հայ մշակոյթի հանդէպ սէրը ան ժառանգած է իր գրող մեծ հօրմէն, իսկ հայկական ճարտարապետութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնը՝ ճարտարապետ հօրմէն՝ Արմէն Զարեանէն: Կրթութիւնը ստանալով Հայաստանի մէջ եւ իր մասնագիտական գործունէութեան սկսելով Հայաստանէն, Արա Զարեան 1992 թուականէն ի վեր կը բնակի Իտալիա: 1992-1996 թուականներուն ան եղած է Վենետիկի Հայ մշակոյթի ուսումնասիրման եւ վաւերագրման կեդրոնի խմբագրապետ, 1996-1998 թուականներուն՝ Վենետիկի համալսարանի դասախօս:
1997 թուականին ան կազմած է Տորչելլօ կղզիի մկրտարանին չափագրութեան նախագիծը, իսկ երկու անգամ՝ 1996 եւ 2000 թուականներուն ձեւաւորած է Վենետիկի Պիէնալէի Հայաստանի տաղաւարը:
Մատենադարանի մէջ Դադիվանքին նուիրուած ձեռնարկէն ետք Արա Զարեան Քրիստին Լամուրէի հետ մեկնեցաւ Իտալիա՝ Մայիս ամսուն կրկին վերադառնալու եւ հայ եկեղեցիներու մէջ վերականգնողական աշխատանքները շարունակելու:
ՆԱԽՆԱԿԱՆ ՀՄԱՅՔԸ
Աւանդութեան համաձայն, Դադիվանքը հիմնուած է Քրիստոսի առաքեալներէն Թադէոսի հետեւորդ Դադէի կողմէ՝ Ա. դարուն։ Դադիվանքի վերանորոգման ծրագիրէն ներս իրականացուած պեղումներու ընթացքին՝ 2007 թուականի 21 Յուլիսին, վանական համալիրի եկեղեցիներէն մէկուն խորանի տակ գտնուած են Սուրբ Դադէ առաքեալի մասունքները։ Գտնուած է նաեւ մէկ այլ դամբարան, որ, ըստ մասնագէտներու, հայկական քրիստոնէական աւանդոյթներուն բնորոշ չէ. այնտեղ թաղուած մարդը նստած է աթոռին, գտնուած այդ նմոյշը այժմ Ստեփանակերտի թանգարանին մէջ է։ 9-րդ դարուն կառուցուած են վանական համալիրի առաջին կառոյցները՝ ի դէմս Սուրբ Դադիի միանաւ վանքի։ 1145 թուականին համալիրը աւերած են սելճուկները, սակայն 1170 թուականին ան վերանորոգուած է: 12-րդ դարուն Մխիթար Գօշը որոշ ժամանակ բնակած է այստեղ եւ աշխատած է իր «Դատաստանագիրք»ին վրայ։ Վանական համալիրէն ներս եղած են զանազան շինութիւններ՝ 2 ժամատուն, 2 հնագոյն եկեղեցի, միաբանական խուցեր, հիւրատուն, գործատուն, գրատուն եւ այլն, որոնց հիմնական մասը կառուցուած է Զաքարեան իշխանապետութեան տարիներուն։ Հարաւ-արեւմտեան մասը Հասան Ճալալի ապարանքը կը գտնուի, առաջին յարկին վրայ՝ հնձանն ու մառանը։ Դադիվանքի կեդրոնական կառոյցը Սուրբ Աստուածածին կաթողիկէն է, որ 1234 թուականին կառուցած է Հաթերքի իշխանուհի Արզու Խաթունը՝ ի յիշատակ իր ամուսնոյն՝ Վախթանգ Վախթանգեանի եւ երկու որդիներուն՝ Հասանի եւ Գրիգորի: Կառոյցին համահունչ է երկյարկանի զանգակատունը, որուն արեւմտեան մասը պահպանուած են երկու խաչքարեր՝ քանդակուած 1283 թուականին՝ վարպետ Աթանասի կողմէ։ Ատոնք, ինչպէս նաեւ պատերուն կատարուած արձանագրութիւնները կը պատմեն 12-13-րդ դարերու դէպքերու մասին։
Ուշ միջնադարուն Դադիվանքը եղած է Արցախի հայկական մելիքութիւններու կազմին մէջ: 19-րդ դարուն ռուս-պարսկական առաջին պատերազմի հետեւանքով Արեւելեան Հայաստանի Գուգարք, Ուտիք եւ Արցախ նահանգները, ինչպէս նաեւ՝ Սիւնիքի հարաւային հատուածը՝ Զանգեզուրը, կը մտնէին Ռուսական կայսրութեան կազմ եւ յետագային կը միաւորուէին Թիֆլիզի եւ Ելիզաւետփոլի նահագներու մէջ։ Դադիվանքը ունեցած է մեծ տարածքի վրայ սփռուած կալուածներ, սակայն 1920 թուականին Արցախը Խորհրդային Ատրպէյճանին բռնակցուելէ ետք կորսնցուցած է ամէն ինչ, մինչեւ Արցախեան շարժումը, երբ փոխուած է անոր կարգավիճակը:
2001 թուականի 8 Հոկտեմբերին, Եւրոպայի Խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի 16 անդամներու կողմէ, որոնց կազմի մէջ էին Հայաստանի, Յունական Կիպրոսի, Իտալիոյ, Ռումինիոյ, Յունաստանի, Ռուսաստանի ներկայացուցիչներ, ստորագրուեցաւ Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանմանը վերաբերող թիւ 9256 փաստաթուղթը, որու համաձայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ատրպէյճանական քաղաքականութեան զոհ գացած աղաղակող օրինակներէն է Դադիվանքի աւերումը:
Եկեղեցւոյ հարաւային պատի վրայ Քրիստոսը Աւետարան կը պարզէ Դաւիթ Սքանչելագործին, իսկ Աստուածածինը՝ խաչազարդ ուրար։ Ըստ Կ. Գանձակեցիի «Հայոց պատմութիւն» աշխատութեան՝ Դաւիթ Ծարեցին՝ Սքանչելագործը, իր գործունէութիւնը ծաւալած է Հանդաբերդ ամրոցին կից Ծար Ջերմուկին մէջ՝ «Բաղնիք-արքունաք»ը։ Պատմիչը կը վկայէ, որ Քրիստոսը Դաւիթ Ծարեցիին «երեւցած եւ ըսած է՝ վերափոխէ աշխարհը, բուժէ մարդիկը», եւ ան հանքային ջուրի միջոցաւ բուժած է մարդիկը։ Արզու Խաթունը Սքանչելագործի տեսիլքը պատկերած է իր կառուցած եկեղեցւոյ պատին։ Դաւիթ Ծարեցիի տեսիլքի որմնանկարը կատարուած է 12-րդ դարու երկրորդ քառորդին՝ Արզու Խաթունի կենդանութեան օրօք։ Կ. Գանձակեցին կը վկայէ, որ հարաւային պատի բարձրարժէք որմնանկարի հեղինակը Արզու Խաթունն է. «Բոլոր անոնք, որոնք կը տեսնէին այդ աշխատանքները, Աստուծոյ օրհնութիւն կու տային, որ կիներուն ոստայնանկութեան, իմաստութեան եւ նկարակերտութեան հանճար տուած է, մանաւանդ՝ այդ բարեպաշտ կնոջը»։ Փաստօրէն, Արզու Խաթուն արուեստագէտ կին էր, գիտէր ներկերու գունային երանգներ, քանդակաձեւ զարդանախշեր, ինչպէս նաեւ՝ հագուստի հիւսածոյ նախշեր ստեղծել։ Մատենագրութենէն յայտնի է, որ Արզու Խաթուն իր դուստրերու հետ վարագոյրներ գործած է Նոր Գետիկի, Հաղբատի, Մակարավանքի, Դադիվանքի եկեղեցիներուն համար։
Իսկ Դադիվանքի մէջ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի քարկոծութեան տեսարանը պատկերող որմնանկարի յօրինուածքային մեկնակէտը, ըստ վերականգնող մասնագէտի, հետեւեալն է.
Կարմիր եզրագծով շրջանակուած տեսարանի խորքը բաժնուած է երկու մասի: Ստորին՝ շագանակագոյն հատուածը կը պատկերէ երկիրը, իսկ վերին՝ կապտաւուն հատուածը՝ երկինքը: Ինչպէս դիմացի պատի որմնանկարին մէջ, այս մէկուն մէջ նոյնպէս երկրի եւ երկինքի սահմանը պատկերուած է ճերմակաւուն հորիզոնական եզրագիծով: Թեմաթիկ յօրինուածքը քառախումբ է: Ստորին ձախակողմին պատկերուած է քարկոծողներու վեց հոգինոց խումբը, որու դիմաց կեցած է Ս. Ստեփանոս Նախավկան, աջ ձեռքին բուրվառը կայ, իսկ ձախ ձեռքին՝ սկիհը: Քարկոծողներու ձեռքերուն կան կարմիր, կլոր քարեր, որոնք կը նետեն դէպի սուրբը: Հետաքրքրական է նկատել, որ նետուած քարերուն մէկ մասը ինկած է գետին, միւսը կախուած է օդին մէջ եւ հրաշքով արգելակուած այնպէս մը, որ չվնասեն Ս. Ստեփանոսը:
Որմնանկարի մաքրման, ամրակայման ու պահպանողական վերականգնման աշխատանքներու աւարտին, ինչպէս Արա Զարեան կը նկատէ, Ս. Ստեփանոս Նախավկայի քարկոծութեան տեսարանը պատկերագրող որմնանկարը վերադարձած է իր նախնական հմայքին: Ան աւելի ընթեռնելի դարձնելու նպատակով վերականգնողները յարմար գտած են իրականացնել ժամանակաւոր լուսաւորութիւն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ