ՍԷՐԸ՝ ՔԱՂՑՐ ՏԱՌԱՊԱՆՔ
Երեւանի արուարձաններէն մէկուն մէջ՝ իւր չափահաս երկու զաւակներուն հետ կը բնակի Տիկին Անահիտը։ Երբեմնի գեղանի տիկինը, որ այսօր միջին տարիքի հասած միայնակ մայր մըն է, դժբախտաբար՝ ճակատագրի հեգնանքով քառորդ դար առաջ տեղի ունեցած պատերազմի ընթացքին կորսնցուցած է իր սիրասուն ամուսինը։
Ժամանակին երիտասարդ սրտերը զիրար անաղարտ ու նախանձագին սիրով կը սիրէին։ Անոնց գեղեցիկ սիրոյ պտուղներն են՝ Նարեկը եւ Նարէն։ Նարեկը երկու տարեկան էր, իսկ Նարէն տակաւին չէր ծնած, երբ կնոջը հասաւ սիրելիին մահուան գոյժը։ 1994 թուականի մայիսի սկզբին, երբ պատերազը այլեւս աւարտին կը մօտենար, հակառակորդի արձակած կրակոցէն Անահիտի ամուսինը՝ Արամը մէկընդմիշտ աչքերը փակեց կեանքին։ Կեանքը հայրենիքին նահատակած քաջարի հերոսը դասուեցաւ՝ «մահն իմացեալ անմահութիւն է», հազարաւորներու շարքին, իրմէ ետք թողնելով անդարմանելի սպի մը, զոր ցայսօր կը կոտտայ։
Մութ ու ցուրտ, կուշտ ու անօթի տարիներ անցան։ Մայրը միայնակ, ծնողքին օգնութեամբ մեծցուց, կրթեց ու դաստիարակեց զաւակները։ Տիկին Անահիտի տղաքը հէքեաթներու ու պատմուածքներու փոխարէն կը նախընտրէին ունկնդիր դառնալ ազատամարտիկ հօր պատմութիւններուն։ Հայրական գուրգուրանքի ու սիրոյ կարօտ մնացած տղոց օրը կը սկսէր ու կը վերջանար հօր շուրջ հիւսուած զրոյցներով։ Տիկին Անահիտը վերապրելով անցեալի քաղցր, երանելի յուշերը, զաւակներուն գունազարդ ու պատկերաւոր կը պատմէր իրենց առաջին հանդիպումէն սկսեալ իւրաքանչիւր օրուան մասին։
Անոնց երդիքէն ներս մշտապէս կը զգացուի հօր հոգեւոր ներկայութիւնը։ Կինը եւ զաւակները տակաւին վառ կը պահեն յաւերժի ճամբորդ դարձած հերոսի անմար յիշատակը։
Այս փոքրիկ, կիսատ ընտանիքի յարատեւ անդորրը խարխլուեցաւ, երբ մօր փոքրիկ արքայադստեր սրտին մէջ բոյն հիւսեց սէրը։ Զգացում՝ որ թէ՛ արարիչ է, թէ կործանարար։ Սէրը ունակ է կուրացնել մարդս. կ՚ըսեն, թէ յանուն սիրոյ կատարուած բոլոր քայլերը արդարացուած են։
Ի՜նչ զոհողութիւններու ու չարչարանքներու գնով, աչքի լոյսի պէս փայփայելով Տիկին Անահիտը մեծցուց իր գեղեցկուհի դուստրը, որ այժմ չարաբաստիկ զգացումի մը գերին դարձած է։
Ինչպէ՞ս սկսաւ երիտասարդ օրիորդի մոլորութիւնը։
Նարէն տակաւին քսան տարեկան էր, երբ տարիներ առաջ ան քանի մը օրով մօրաքրոջ տունը հիւրընկալուեցաւ, իսկ մօրաքրոջ ընտանիքը կը պատրաստուէին ընկերային նեղ շրջանակի մը մէջ տօնել իրենց զաւկի՝ Արայի տարեդարձը։ Նարէն իր հասակակից զարմուհիին՝ Հեղինէի հետ միասին, երկու անհոգ ու ժիր թիթեռնիկներ հաճելի ու բովանդակալից ժամանակ կ՚անցընէին։ Ահաւասիկ վրայ հասաւ սպասուած օրը։ Երեկոյեան հիւրերը ժամանեցին։ Ընտանեկան պարագաներէն զատ հրաւիրուած էին քանի մը մտերիմ ազգական ու ընկերներ։
Նարէն, որ օժտուած է բնատուր գեղեցկութեամբ՝ երկար, սեւ ու գանգուր մազերով, խաղողի ողկոյզներու պէս խնդուն աչքերով, կամար ունքերով, նրբակազմ ու բարակիրան օրիորդ մըն է, որու գեղեցիկ ու նրբիկ դէմքէն ժպիտը չէր պակսեր։ Իր գեղեցկութեամբ քանի-քանի սիրտ այրած էր հմայիչ օրիորդը։ Սակայն այդ օրը՝ այրուելու եւ այրելու կարգը իրեն հասած էր։
Զարմիկի՝ Արայի ընկերներէն մին՝ Մինասը, որ առանձնապէս հրապուրիչ արտաքին ունեցող մէկը չէ՝ միջին հասակի, նիհարակազմ, արծուաքիթ, տաքարիւն, գեղեցիկ ու ճաշակաւոր հագուող երիտասարդ մը, որ իրենց գիւղին մէջ յայտնի կնամոլ մըն է, վայրկենապէս գողցաւ երիտասարդուհիին սիրտը։ Անոնց հայեացքները խաչուեցան, պահ մը երկուքին մարմինէն տաք հոսանք մը անցաւ ու երկու անծանօթներ սիրոյ ամուր կապանքներով շղթայուեցան իրարու։ Բոլոր երեկոյի ընթացքին չկրցան իրարմէ աչք կտրել։ Դանդաղ վիպապաշտական երաժշտութիւն, քանի մը վայրկեան միասին ձեռք ձեռքի մտերմիկ պար, խաղեր… մէկ խօսքով անմոռաց ու հէքեաթային օր մը, զոր կ՚ուղեկցի Նարէին առ այսօր։ Տեղին է յիշել միջնադարի հայ առաջին նշանաւոր աշուղ երգիչներէն մէկուն՝ Նահապետ Քուչակի հետեւեալ սիրոյ հայրենը.
Երբ սէրն ի յաշխարհս եկաւ,
եկաւ իմ սիրտս բնակեցաւ.
Ապա յիմ սրտէս ի դուրս՝
յերկրէ յերկիր թափեցաւ.
Եկաւ ի գլուխս ելաւ,
Յըղեղս ելաւ՝ թառեցաւ.
Աչիցս արտասուք ուզեց,
նայ արիւն ի վար վաթեցաւ։
Շաբաթ մը վերջ Նարէն սպասուած հեռախօսազանգ մը ստացաւ. ան էր։ Պահ մը մարմինը թուլացաւ, յուզումէն սիրտը սկսաւ թրթռիլ, ձայնը կը դողար, երջանկութեան երանելի պահեր… ինչ որ միայն սէրը ի զօրու կ՚ըլլայ պարգեւելու։
Սկսաւ անոնց գեղեցիկ սիրոյ գաղտնի շրջանը. յաճախակի կրկնուող հեռախօսազանգեր, ծածուկ հանդիպումներ, անքուն գիշերներ, երկարատեւ շփում ընկերային ցանցերու մէջ։ Սիրոյ մոլութենէն Նարէն հետզհետէ սկսաւ նիհարնալ. երիտասարդուհիին վարքագիծի փոփոխութիւնը ակնառու էր։ Մայրը քանի մը օր դստեր վարք ու բարքին հետեւելէ ետք, այլեւս համոզուեցաւ, որ աղջիկը սիրահարուած է։ Բաւական պրպտելէ ետք՝ բացայայտուեցաւ, որ երիտասարդը յարմար չէ իր փոքրիկ այքայադստերը։ Մօր սիրտը կը վկայէր, թէ վերջինս ի զօրու չէ իր դուստրը երջանկացնելու։ Տիկին Անահիտը քանի մը անգամ փորձեց խօսիլ Նարէի հետ, սակայն մօր ու դստեր միջեւ տեղի ունեցած անկեղծ խօսակցութիւնները որեւէ արդիւնք չկրցան ապահովել։ Սիրոյ ճիրաններուն գերի դարձած օրիորդը չկրցաւ դիւրին ձերբազատուիլ դրախտային զգացումէն։
Օրէ օր ընտանիքին մէջ իրավիճակը սկսաւ շիկանալ. այլեւս բանի մը համն ու հոտը չմնաց։ Ճարահատեալ եղբայրը ստիպուած էր սպառնալու, բռնութիւն գործադրելու քրոջ վրայ, սակայն բոլոր պատժամիջոցները ապարդիւն մնացին։ Հերթական տհաճ խօսակցութեան ընթացքին Նարէն խոստովանեցաւ, թէ քանի մը անգամ փորձած էր հրաժարիլ սիրելիէն, սակայն ոչ մէկ կերպով ի զօրու եղաւ ազատուելու սիրոյ ամուր կապանքներէն։
Ան այլեւս ընտրած է՝ քաղցր տառապանքը…
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ