ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԻ ՄՏԵՐՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

«Լեզուն ցեղն է, նրա մտայնութիւնը,
նրա հոգեբանութիւնը ու նրա ազգային միութիւնը» (Կոստան Զարեան)


• «Մշակոյթը ստեղծուում է երբ ժողովուրդի ոգին ամուսնանում է տուեալ երկրի, հողի հետ:

Մշակոյթը դրսից չի կարելի առնել, ինչպէս առնում են ապրանքը կամ մտաւորական որոշ արժէքները: Գաղափարները, իդէալները, երկու սենթ արժէք չունեն, եթէ նրանք սերտօրէն կապուած չեն երկրի, տեղական ենթազարգացման հետ: Այդ տեսակէտից, Արարատեան դաշտում տնկուած մի կաղամախը աւելի կարեւոր է, քան Փարիզում բուսած տասը սորբոնացած մտաւորականները»:

Ի՜նչ դիպուկ, պարզ եւ դիւրըմբռնելի բացատրութիւն մշակոյթ հասկացողութեան մասին: Մեր օրերուն, դժբախտաբար, առանց հասկնալու, ըմբռնելու, ներթափանցելու մեր մշակոյթի էութեան ու խորքին, ամէն ջանք կը թափենք դուրսէն «արդիական», «նոր» եւ «ժամանակակից» մշակոյթ բերենք մեր իրականութիւն եւ մեր ունեցածին միացնելով կամ խառնելով ունենանք աւելի «զօրաւոր», աւելի «տոկուն» եւ աւելի «ճկուն» մշակոյթ: Զարեան, սակայն, շա՜տ գեղեցիկ կերպով կը բացատրէ ու կը փորձէ հասկցնել, թէ ո՞րն է իսկական մշակոյթը, ինչպէս առանց այրի ու կնոջ յարաբերութեան կարելի չէ զաւակն ունենալ, այդպէս ալ հայրենի հողէն կտրուած կամ առանց հայրենի հողին սեփական մշակոյթ կարծել ունենալը եթէ ծիծաղելի չէ, ապա՝ յիմարութիւն ու անտրամաբանութիւն է:

Ցանկացած մշակոյթ, ինչպէս Զարեանը կը հաստատէ, կը ծնի, կը ստեղծուի, կը յառաջանայ «երբ ժողովուրդի ոգին ամուսնանում է տուեալ երկրի, հողի հետ», ամփոփ, պարզ ու յստակ: Իսկ դուրսէն եկած կամ դուրսէն բերուած մշակոյթը անարժէք է, որովհետեւ իր մէջ չունի այդ ժողովուրդի ոգին, այդ ժողովուրդին ապրած երկրի հողին ուժը, ուժականութիւնն ու ոգին: Այդ առումով, ըստ Զարեանի՝ «Արարատեան դաշտում տնկուած մի կաղամախը աւելի կարեւոր է, քան Փարիզում բուսած տասը սորբոնացած մտաւորականները». բնականաբար, ծայրայեղութեան պէտք չէ երթալ, անտեսելով դուրսինը, ընդհակառակը, դուրսինը նկատի ունենալով զարգացնել ու զօրացնել մեր ունեցածը, ո՛չ թէ եղածը փոխելով, այլ՝ եղածը բարելաւելով ու կոկելով: Ինչպէս երբ ծառի մը վրայէն մի քանի ճիւղեր կտրելով, այդ ճիւղերը այլեւս անկենդան կը դառնան, այդպէս ալ, երբ մշակոյթը կտրուի իր արմատէն, զինք սնուցած հողէն անկենդան ու անհոգի կը դառնայ: 

«Ապրել նշանակում է ճակատագրականապէս ստիպուած լինել բանեցնել մեր ազատութիւնը: Որոշել եւ իրագործել այն ինչ որ ուզում ենք լինել: Ու այդ՝ կեանքի տեւողութեան ամբողջ ընթացքին, ամէն օր, ամէն վայրկեան, ամէն տեղ: Եւ եթէ նոյնիսկ պատահի, որ լքման եւ յոգնութեան ժամանակ, թողնենք որ լինի այն ինչ որ պիտի լինի,- ասել է պարզապէս, մենք որոշել էինք չորոշել:

Ուստի, խենթութիւն է՝ կարճամտութիւն է՝ խօսել «առարկայական պայմանների», «դէպքերի դասաւորման» եւ պատմական նիւթապաշտութիւնների մասին: Պայմանները ոչինչ չեն որոշում. ընդհակառակը, նրանք ներկայանում են մեզ իբրեւ անդադար նորոգուող դիլեմաներ, որոնց առջեւ մենք ստիպուած ենք նորանոր որոշումներ առնել: Փոխել, ընտրել, նորոգել, նորոգուել:

Լինելու կամքը: Կերտելու, ստեղծագործելու կամքը: Տիրող քաօսի խաւարում մեր ուզած լոյսը վառելու կամքը»:

Ի՜նչ հրաշալի ըմբռնում կեանքի եւ կեանքը ապրելու հասկացողութեան:

Քրիստոնէութեան, աւելի խորը՝ Աստուածաշունչի առաջին էջերու առաջին տողերուն մէջ արձանագրուած մարդ ազատ ստեղծուած ըլլալու իրականութեան ամենէն ճշմարտացի եւ շքեղ փաստերէն մէկն է, որ Զարեան կու տայ այստեղ. «Ապրել նշանակում է ճակատագրականապէս ստիպուած լինել բանեցնել մեր ազատութիւնը: Որոշել եւ իրագործել այն ինչ որ ուզում ենք լինել». որոշել ու իրագործել այն ինչ որ կ՚ուզենք ըլլալ: Սա՛ հաւատքի ըմբռնումով պարզ ու յստակ է: Միւս կողմէ եւս, որպէս լոկ մարդ, կեանքը ապրելու հիմնական գաղտինքը կը կայանայ մեր ազատ ըլլալու գիտակցումին մէջ: Այդ ազատութիւնը սակայն որպէս ամենաթողութիւն պէտք չէ հասկնալ, ընդհակառակը, որպէս գիտակից պատասխանատուութիւն մեր իւրաքանչիւր արարքի, գործունէութեան եւ վերաբերմունքի համար:

Ոմանք կրնան առարկել, ըսելով, թէ հաւատքի կեանքի մէջ մարդ ազատ չէ, որովհետեւ պարտադրուած կերպով պէտք է գործադրէ իրեն թելադրուած պատուիրաններն ու օրէնքները: Այս պատճառաբանութիւնը յառաջացնողները ճիշդ կերպով չեն հասկցած հաւատքը եւ ո՛չ ալ հաւատքի կեանքը: Աստուած ո՛չ ոքի կը պարտադրէ որեւէ մէկ պատուիրան կամ օրէնք գործադրել առանց իր ազատ կամեցողութեան: Հաւատքի կեանքը պարզապէս մեզի կը ներկայացնէ որոշակի պատուիրաններ ու օրէնքներ եւ զանոնք գործադրելու կամ չգործդարելու պարագային հանդերձեալին մէջ մեզի սպասող վարձատրութիւնը կամ պատիժը, եւ մարդուն ձգած է ընտրութեան ազատութիւնը:

Նոյնը կը վերաբերի նաեւ աշխարհի մեր կեանքին, այլ խօսքով քաղաքական կեանքին: Ազգեր ու ժողովուրդներ դժգոհ ըլլալով զիրենք կառավարող իշխանութիւններէն, կ՚ապստամբին անոնց դէմ եւ կը փոխեն: Շատ երկիրներու մէջ գործող իշխանութիւնները մարդուն այդ ազատութիւնը չե՛ն տար՝ դիմելու նման քայլերու, իսկ այլ երկիրներու մէջ մարդ իր մտածելու եւ որոշումներ կայացնելու ազատութեան հանգամանքը օգտագործելով, կը դիմէ նման քայլերու:

Ճիշդ այս պարագային՝ եղած պայմաններէն՝ շատ յաճախ քարացած եւ անհոգի կաղապարներէն դուրս գալու համար մարդուն կատարած քայլերուն մասին արժէ կարդալ եւ փորձել ուսումնասիրել Զարեանի այս տողերը. «Ուստի, խենթութիւն է՝ կարճամտութիւն է՝ խօսել “առարկայական պայմանների”, “դէպքերի դասաւորման” եւ պատմական նիւթապաշտութիւնների մասին: Պայմանները ոչինչ չեն որոշում. ընդհակառակը, նրանք ներկայանում են մեզ իբրեւ անդադար նորոգուող դիլեմաներ, որոնց առջեւ մենք ստիպուած ենք նորանոր որոշումներ առնել: Փոխել, ընտրել, նորոգել, նորոգուել:

Լինելու կամքը: Կերտելու, ստեղծագործելու կամքը: Տիրող քաօսի խաւարում մեր ուզած լոյսը վառելու կամքը». մարդը ի բնէ ստեղծուած է ազատ կամքով: Ապրելու, արարելու, գործելու, խաւարը վանելով միշտ լոյսին մէջ եւ լոյսով ապրելու համար:

• «Կեանքը, բովանդակ աշխարհը, բովանդակ տիեզերքը, իր բոլոր մանրամասնութիւններով արձանագրուած է մեր էութեան մէջ: Բայց մենք ապրում ենք մեր կարողութիւնների ամենաչնչին մի մասով միայն, մոռացութեան մէջ, ամբողջ մարմնով կաղ, ամբողջ հոգվ խուլ: Անցնում ենք առանց տեսնելու, լսում ենք առանց լսելու: Եւ մէկ էլ՝ փողոցից անցնողի մի նայւածք, մեղեդիի մի կտոր, դաշտանկարի մի տեսք, հացի կամ ջուրի յատուկ մի համ, լսած մի խօսք՝ եւ մեր բանականութեան վարագոյրների տակ ահաւասիկ ղօղանջի նման մի աշխարհ է բարձրանում: Ձայների ժխորներ են ման գալիս, երգում, հառաչում եւ թուում են մեզ նոր, ինչպէս ամպոտած երկնքի բացուած մի ծայրը, ուր թաքնուած արեւ է տառապում: Ու թուում է նոր, որովհետեւ շատ հին է, շատ մերը, շատ կապւած մեր էութեան այն մասերի հետ, որոնք դեռ աւելի են քան մենք:

Մեր հոգեբանութեան պեղուած շերտերը եւ այդ շերտերի տակ պառկած հայրենիքը:

Այն հայրենիքը, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ մեր տիեզերաբաղձ անբաւականութիւնը գիտակցելու մի որոշ ձեւ: Աշխարհը, որի լայնատարած թեւերի տակ կարող ենք ծածկել մեր վախը եւ սպասել: Սպասել ճակատագրի իրականացման գերագոյն այն վիճակին, որ միայն այստեղից չէ:

Ու ծարաւ, այրուած շրթերի մէջ սիրոյ եւ տառապանքի խօսքերը սեղմած, մենք գնում ենք ճամբայից ճամբայ, երկրից երկիր, ու նրան որոնում: Խենթացած քայլերով ընկնում ենք կրկտեսիլքների ետեւից, մեր բազուկները ժայռերին զարնում, հեռաւոր ձայների արձագանգների առջեւ դողահար կանգ առնում եւ, երբ, բախտաւոր արեւածագի մի պահին, վերջապէս տիրանում ենք նրա ներկայութեան՝ մեր զայրացած թեւերը վեր ենք ցցում, գլխով ժխտական նշաններ անում, ճչում, աղաղակում եւ նետուում որոնումների նոր ստորերկրաների մէջ, խաւարներում թաւալ գալիս ու մեկնում մի նոր հայրենիքի ետեւից հառաչելու համար:

Կռիւ, պատերազմ, յեղափոխութիւն:

Կանգ առնելու տարափ: Մահ՝ յանուն մեր էութեան տիեզերական բնոյթին, յանուն մեր տառապող անյագ անբաւականութեան:

Ու միտքս են գալիս Սրբուհի Թերեզայի հառաչները.-
Ապրում եմ առանց մէջս ապրելու,
Այնքա՜ն եմ ուզում կեանքը վեհ կեանքի,
Որ մեռնում եմ չկարողանալ մեռնելու համար…
Վառուած յոյսը՝ այդ կեանքը կեանքի՝
Ա՜յնպիսի վիշտ է կուտակում հոգում,
Որ մեռնում եմ չկարողանալ մեռնելու համար…»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 3

21 փետրուար 2021, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Փետրուար 27, 2021