ՀԱՅՈՒՆ ԾԱՌԱՅԵԼԸ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԾԱՌԱՅԵԼ Է

Հայ ազգային ազատագրական պայքարի գործիչ, մանկավարժ Գագիկ Օզանեան, 1910-ականներուն կը թղթակցէր պոլսահայ մամուլին եւ ծանօթ անուն էր մտաւորական ու գրոց բրոց շրջանակներէն ներս: Ան, իր հօրեղբորորդիի՝ Անդրանիկին պէս, ծնած է Շապին Գարահիսար: Նախնական կրթութիւնը Գագիկ Օզանեան ստացած է ծննդավայրի «Սուրբ Փրկիչ» դպրոցին մէջ։ Ապա ուսումը շարունակած է Մարզուանի Անատոլիա քոլէճը։ Պահ մը զբաղած է առեւտուրով։ Եղած է Հնչակեան գործիչ եւ իբրեւ այդպիսին ձերբակալուած ու տարուած է Կիրեսունի ու Տրապիզոնի բանտերը, մէկուկէս տարի։ 1903-1906 թուականներու միջեւ իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարած է իր ծննդավայրի վարժարանին մէջ։ Այնուհետեւ, որպէս տնօրէն պաշտօնավարած է Մարզուանի Սուրբ Սահակեան վարժարանին մէջ։ Հոն ստանձնած է հայերէնի, քաղաքական տնտեսութեան եւ առեւտուրի դասաւանդումը։

1909 թուականի ապրիլին՝ Ատանայի դէպքերու ժամանակ Գագիկ Օզանեան կազմակերպած է Շապին Գարահիսարի ինքնապաշտպանութիւնը։ Մարզուանի մէջ հրատարակած է «Հայկունի» երկշաբաթաթերթը։ Ինչպէս նաեւ 1912 թուականին կը հրատարակէ «Հայապատում» եւ 1913 թուականին՝ «Պատմութիւն հայ լեզուի եւ բանահիւսութեան» հատորները: Այս երկու ուշագրաւ երկասիրութիւնները ցոյց կու տան բանասիրութեան ու պատմութեան մէջ ունեցած իր հմտութիւնը։ Զոհ գացած է 1915 թուական ապրիլին, Սվասի մէջ։

«Հայապատում»ը լոյս կը տեսնէ Մարզուանի մէջ՝ Ստեփանոս Սապահ-Կիւլեանի յառաջաբանով: Այդ մէկը ժամանակին իրադարձութիւն էր, քանի որ Ստեփանոս Սապահ-Կիւլեան հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ էր, Հնչակեան կուսակցութեան առաջնորդներէն եւ ժամանակի ընդունուած հրապարակախօսներէն եւ մտաւորականներէն:

Հատուած մը Գագիկ Օզանեանի «Հայապատում»էն.

ՀԱՅԱՊԱՏՈՒՄ

Ազգասիրական զգացումը մարդուն մէջ շատ բնական գիծ մըն է։ Դժուարաւ պիտի գտնէինք ոեւէ մէկը, որ բնական անքակտելի կապով մը միացած չըլլար զինք արտադրող համայնքին հետ։ Եթէ նիւթական ու բնական միջավայրը հայրենասիրական ա՛յնքան ջերմին զգացումներ կը ստեղծէ սրտին մէջ, ֆիզիքական ու բնական միջավայրն ալ շատ բնականօրէն պիտի գար արենակցական ու ազգասիրական բուռն զգացումներով տոգորել մարդը, որ ո՛չ միայն իբրեւ իմացական էակ, այլեւ իբրեւ թագաւոր-կենդանի՝ բնազդական որոշ յատկանիշներ պէտք է ներկայացնէր այս տեսակէտով։ Արտայայտութեան եղանակներն են միայն որ առաւել կամ նուազ կը մատնանշեն մէկու մը մէջ տիրող այս զգացումը եւ կամ կը զանազանեն ազգասիրական ըմբռնումները։

Ի հարկէ կը հպարտանայ մարդ, երբ՝ բնական տրամադրութիւն եւ ձգտում զգալով հանդերձ դէպի իր հայրենիքն ու ցեղակիցները, զորս անպայման սիրելու ստիպուած է կարծես, գիտակցութիւնը կ՚ունենայ թէ կը պատկանի ուշիմ, ընդունակ եւ առաջադէմ ժողովուրդի մը եւ պատուաբեր ցեղի մը։ Այս է պատճառը, որ հայ ժողովուրդը եւ իր զաւակները տարապայման հպարտութեամբ մըն է որ կը պարծենան իրենց ցեղին ընդունակութիւններովը, կրօնքովը, պատմութիւնովն ու աւանդութիւններով։ Այս անմեղ հպարտութիւնը որեւէ ժողովուրդի մէջ աւելի ուժգին թափ կ՚առնէ՝ համաձայն այն պատմական ուղիին, որուն մէջէն քալած է ազգ մը։ Որեւէ ցեղի պատկանող անհատ մը աւելի խանդավառ հայրենասէր է՝ իր ցեղին պատմութեան շողշողուն էջերովը, քան այն՝ որ կը պատկանի պատմական համեմատաբար աւելի աննշան ընթացք մը ունեցող ցեղի մը։ Ֆրանսացի ժողովուրդը աւելի հայրենասէր, աւելի՛ ֆրանսացի է՝ իր պատկանած այդ մեծ ու փայլուն ցեղին պատմական սխրագործութիւններովը, քան սերպիացին կամ աֆղանը։ Ինչո՞ւ։ Արդեօք այս վերջինները ազգասէր չե՞ն։

Կարելի չէ ժխտել անոնց ազգասիրութիւնը, սակայն անոնք իրենց աչքին առջեւ չունին այն պատմական մեծ անցեալը, որ ֆրանսացիի՛նն է, այն պատմական գիտակցութիւնը, որ Ֆրանսայի քալած ճամբէն կը շղթայուի իր զաւակներու սրտին հետ։

Ճիշդ այս կերպո՛վ է ահա որ հայ ցեղին զաւակները անտանելի կերպով ազգամոլ եղած են։ Խօսէ՛ Հայոց պատմութեան աւանդական մասը լաւ գիտցող հայու մը հետ, եւ պիտի տեսնես, թէ անոր համար աշխարհիս վրայ հայ ցեղէն աւելի բարձր, անկէ աւելի քաջ եւ կտրիճ ազգ գոյութիւն չունի։ Ազգերու պատմութեան մէջ թատր եկող ո՛չ մէկ նշանակելի դէմք կամ մեծ դէպք կրնայ ան փոխել հայ կեանքին մէջ ասպարէզ եկող դէմքերու եւ դէպքերու մեծութեան ու հսկայականութեան հետ։ Անոր համար գերազանցօրէն ընդունակ ցեղը հայն է, հայ լեզուին պէս մեծավայելուչ լեզու չկայ, հայուն եկեղեցիէն աւելի նուիրական սրբավայր չկայ, հայուն բարքերուն պէս մաքուր բարք չկայ, իսկ հայկական փառաւոր անցեալը որեւէ մեծ ազգի պատմութիւնը կրնայ ստուերել։ Հայերու այս կարծիքը շատ տարամերժական եւ միակողմանի է անշուշտ. վասնզի Քննական պատմութիւնը, որ ամենէն անկեղծ փորձաքարն է անցեալի լուսաբանութեան, քիչ մը տարբեր բաներ կ՚ըսէ մեզի, թելադրելով որ չափաւորենք մեր ազգամոլութիւնը, ու ամէն առաջդիմութիւն, ընդունակութիւն եւ առաւելութիւններ չվերագրենք հայ ցեղին։

Այսու հանդերձ որչափ ալ միակողմանի ըլլայ հայու մը պարծենկոտութիւնը՝ իր ցեղին մասին, գիտութիւնն ու պատմութիւնը կու գան հաւաստել մեզ, թէ արհամարհելի ժողովուրդ մը չէ եղած այս ազգը իր պատմութեան ընթացքին մէջ եւ ունեցած է անցեալ մը, որ իսկապէս կրնայ պատիւ բերել որեւէ ժողովուրդի։ Ամէն ազգերու պատմութիւն ալ արձանագրած է սեւ էջեր՝ իր ամենամաքուր երեսներուն քովն ի վեր։ Ու հայ ցեղը չէր հարկաւ որ բացառութիւն պիտի կազմէր այս ընդհանուր օրէնքէն։ Մենք հոն, - հայուն պատմութեան մէջ,- այո՛ կը գտնենք լաւագոյն ղեկավարներուն քով անկարողներ, դիւցազուններու քով դաւաճաններ, գիտակից կղերին քով անգիտակից հրէշներ, սակայն եւ այնպէս այս հակադրութիւնները՝ պատմութեան էութենէ՛ն իսկ յատուկ են որեւէ ցեղի եւ անխուսափելի մասերն են ցեղային մտայնութեան ու ըմբռնողութիւններու, մէկ խօսքով ցեղային հոգեբանութեան արտայայտութեան։ Մենք կը սխալէինք, եթէ մակերեսիկ կերպով դատէինք ազգի մը նկարագիրը, որ, անհատի մը նման, կ՚ունենայ անպատճառ իր յանձնարարելի կամ դատապարտելի կողմերը։ Արդ, վճիռ տալ հայուն նկարագրին մասին՝ մեր նպատակէն դուրս է բոլորովին, որովհետեւ այդ վճիռը պէտք է հիմնուած ըլլայ գիտական համբերատար ուսումնասիրութեան վրայ, մինչ մենք հայ կեանքին տարբեր մէկ երեսովը կ՚ուզենք զբաղիլ, երես մը՝ որ, մեր կարծիքով, հայոց պատմութեան ամենէն յատկանշական մէկ մասը կը կազմէ, եւ աւելի գիտակցական հիմերու վրայ կը դնէ մեր ազգին ու ցեղին նկատմամբ մեր ունեցած սէրը։

Հայուն պատմական դե՛րն է որ զինքը կը դնէ աշխարհի Քաղաքակրթութեան պատմութեան մէջ։ Եւ եթէ այսօր օտարազգի պատմագիրներ արժանաւորապէս վեր չեն հանած այս նահատակ ժողովուրդին անգնահատելի զոհողութիւնները, քաղաքակրթութեան անունով, ատիկա պատճառ մը չէ սակայն թէ միշտ լռութիւն պիտի ըլլայ հայուն բաժինը այդ մասին։ Անոր դերը՝ պատմութեան ընթացքին մէջ շատ հսկայական է։ Այդ դե՛րն է որ մեր պարծանքը պէտք է կազմէ. այլապէս աւանդական փայլուն յաղթութիւններու եւ մեր ազգասիրական զգացումները գգուող պատմութիւնները չեն որ ազգի մը մեծագործութիւնները կ՚ապացուցանեն։

*

«Հայուն ծառայելը քաղաքակրթութեան ծառայել է». յայտարարած էր Անգլիոյ դիւանագիտական մեծագոյն դէմքերէն մին, Կլատըսթըն, որ ապահովաբար իր դատաստանը վարկպարազի ենթադրութիւններու եւ թեթեւ քննութիւններու վրայ հիմնած չէր։ Այս նշանաւոր հայասէրին յայտարարութեան մէջ կայ այնպիսի խորունկ նշանակութիւն մը, զոր ըմբռնելու համար պէտք է խորապէս ուսումնասիրել հայ ցեղը՝ իր պատմութիւնով, գրականութիւնով, կրօնքով եւ բովանդակ կեանքով։ Հայոց պատմութիւնը վերծանելու համար չի բաւեր անուններու եւ թուականներու հմտութիւնը։ Պէտք է ուսումնասիրել բոլոր իրարու յաջորդող դէպքերու եւ պատմութեան ընթացքին մէջ թատր եկող դէմքերու յարաբերականութիւնը, հայ կեանքին բոլոր դիմայեղումները, անոր աղերսը համապատասխան ժամանակաշրջաններու ընդհանուր ազգերու պատմութեան հետ, եւ այն ոգին, որ կը տիրէ զանազան շրջաններու մէջ։ Հայոց պատմութեան էութիւնը կը կայանայ քաղաքակրթութեան բոլոր տարերքներու ճանաչողութեան եւ պատմական-տնտեսագիտական, ընկերային, քաղաքական ու հասարակական ազդակներու ու աստիճանական զարգացման ըմբռնողութեան մէջ։ Այս բոլոր գործօններու ուսումնասիրութիւնը մեզ պիտի հասցնէր այն անժխտելի եզրակացութեան, թէ հայ ցեղը, իր ծագումով արեւմտեան, խառնուածքով ու նկարագրով արեւմտեան, երկար դարեր ապրելով Ասիոյ խորը, պահպանած է միշտ իր ձգտումները եւ ապրած է արեւելեան այդ միջավայրին մէջ՝ մի՛շտ առաջդիմական ոգիով դրօշակակիրն հանդիսացած այն քաղաքակրթութեան, որ ի՛րն էր։ Հայը կը նմանի այն պանդուխտին, որ՝ հեռացած իր հայրենի օճախէն, հաստատուած օտար երկինքներու ներքեւ, շրջապատուած տարբեր տարբեր պայմաններով եւ դրուած նոր միջավայրի մը մէջ, - համեմատաբար սահմանափակ, - կարօտով կը յիշէ իր ծագումը, իր հայրենի կեանքն ու կենցաղը եւ շարունակ կը ջանայ իր նոր բնակավայրին մէջ իսկ քիչ մը իր ծննդավայրի կեանքը ապրիլ, եւ կամ կը նմանի այն ծառին, որ փոխադրուած իր բնական միջավայրէն, տնկուած է տեղ մը՝ ուր կը պակսին իր բարգաւաճման պայմանները, ու այլ եւ այլ ծառեր ու թուփեր կ՚ուզեն արգիլել իր անկաշկանդ աճումը, այսուհանդերձ անիկա, լի կենսունակութեամբ, վեր կը բարձրանայ ու ճիւղեր կ՚արձակէ։

Հայ ցեղը՝ Արեւմուտքէն եկած ու Փոքր Ասիա հաստատուած, իր հետ բերած ըլլալով արեւմտեան ազգերու աշխուժութիւնը, ընդունակութիւններն ու ուշիմութիւնը, ճակատագրին բերումով զետեղուած է արեւելեան միջավայրի մը մէջ, շրջապատուած այնպիսի ազգութիւններէ ու ցեղերէ, որոնք համեմատաբար ստոր ու բարբարոս ձգտումներով տոգորուած՝ կը ճգնէին սպաննել միշտ իր բոլոր զարգացական ճիգերը եւ մէկիկ մէկիկ ու բրտօրէն կը փետրատէին անոր բոլոր բարձրագոյն իղձերն ու կամեցողութիւնները։ Դարերու ընթացքին այս իսկական նահատակութիւնը կը շարունակուի՝ անհաւասար եւ սոսկալի պայքարի մը ձեւով, որուն մէջ ներքին անդիմադրելի առաջդիմական միտում մը կը մղէ զինքը հերոսական զոհաբերութիւններու եւ խելայեղիչ դիւցազնութեանց։ Քաղաքակրթական ոգին կը զարթնու իրմով, առաջդիմութեան կայծը կը վառի իր մէջ եւ նորանոր հարուածներ կը սպաննեն իր յառաջդիմասէր ոգին, նորանոր բարբարոս հոսանքներ կը սպառնան խեղդել զինքը՝ իր բոլոր ձգտումներով ու ընդունակութիւններով։ Պատմական յանձնառութեան մը առաքեալը եւ արեւմտականութեան ջահակիրը՝ հայ ժողովուրդը կը մարտնչի շարունակ բարձր բռնելով ա՛յն դրօշը՝ որ կը պատկանի արեւմտեան քաղաքակրթութեան։ Ահա՛ այն պատմական դերը, զոր կատարեց հայ ազգը, ահա՛ այն պատմական ուղին, որուն մէջէն քալեց այս ցեղը անօրինակ եւ ապշեցուցիչ արիութեամբ մը։ Իր աշխարհագրական դիրքով եւ միջավայրով անիկա կը գտնուէր հոն, ուր պէտք է իրարու շփուէին, - կամ աւելի ճիշդը բաղխէին, - երկու քաղաքակրթութիւնները՝ Արեւմուտքն ու Արեւելքը, առաջինը՝ իր առաջդիմական, բարեշրջական բոլոր ստորոգելիքներով եւ երկրորդը՝ իր ամեհի, վայրագ ու պահպանողական բնազդներով։

Ու հայ ժողովուրդը ստիպուեցաւ փոխնիփոխն մաքառիլ զանազան արեւելեան ցեղերու հետ։

Պատմական առաջին բաղխումը պարսիկներուն հետ ըլլալ վիճակուած էր։ Ի՜նչ ահեղ յարձակումներ, ի՜նչ սոսկալի հոսանքներ եւ կրօնական ի՜նչ բուռն հալածանքներ՝ Պարսկաստանէն եկան Հայաստան, կրօնքի անունով, ձգտումներու անունով, արեւելեան ոգիի անունով։ Հոդ հայ ցեղը իր դերին մէջն էր, այնպիսի ամեհի լուծի մը տակ, զոր իրեն տուած էր իր նոր կրօնը, իր իսկական հայրենիքէն հասած նոր դաւանանքը։ Դարեր անցան։ Ահա Արեւելքի ուրիշ մէկ ախոյեանն էր որ ասպարէզ կը կարդար։ Մահմետական կրօնքին հիմնուելէն վերջ արաբական արշաւանքը կազմակերպուեցաւ։ Ուժգին հրոսում մը հայոց աշխարհէն ներս, լաց, կոծ, արիւն, արցունք։ Սակայն հայ ցեղը իր կուրծքովը կը դիմակալէր ամէն տեսակ խոչընդոտներու։ Ապա, թաթարական մեծ արշաւանքը կու գար քանդել իր բոլոր էութիւնը, մինչ ներքին նո՛յն ոգին էր որ զօրավիգ կ՚ըլլար իրեն՝ աւանդաբար իրեն յանձնուած քաղաքակրթական շինարար դերը պահպանելու։ Առաջդիմական տարրն էր հայը, Ասիոյ մէջ քաղաքակրթութեան ջահակիրը, որ ամէ՛ն տեղ, ամէ՛ն երկրի, ամէ՛ն շրջանի ու ժամանակի մէջ՝ երբե՛ք չդաւաճանեց իր կոչումին, իր դերին։ Արեւմտեան բազմաթիւ ազգեր ալ իրենց կարգին հսկայական բախումներ ունեցան Արեւելքի ներկայացուցիչներուն հետ, բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը տեւական ու մնայուն կերպով վտանգին սպասեց, ինչպէս հայը, եւ ո՛չ մէկը պահապան հրեշտակի մը պէս իր դրօշէն չզատուեցաւ ինչպէս հայը։ Ասիոյ մէջ հա՛յն էր որ պահեց արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը եւ քրիստոնէական կրօնը։

Ահա՛ հայ ցեղին դերը պատմութեան մէջ։

Նորագոյն ժամանակներու մէջ ալ, երբ բախտը միեւնոյն ժողովուրդին զաւակները անջատած է իրարմէ եւ երեք տարբեր քաղաքական սահմաններու մէջ կաշկանդած, կրկին միեւնոյն պատմական դե՛րն է որ կը հետապնդուի հայկական բոլոր հատուածներուն մէջ ալ։ Օսմանեան պետութեան մէջ ահաւասիկ հայ ցեղը՝ առաջապահներու կարգին մէջ եւ ուսուցիչը առաջդիմական ոգիին. արեւմտեան ազգ, ուշիմ եւ ընդունակ։ Ռուսական պետութեան մէջ հայրենիքին երիտասարդ ու զարգացած դասակարգին ստեղծած քաղաքական ու տնտեսական ահեղ պայքարին մէջ՝ կրկին ձախակողմի՛ն հետն է հայ ժողովուրդը, առաջապահներու գունդին մէջ։ Իսկ պարսկական իրականութեան մէջ հայ ժողովուրդին ազատատենչ ձգտումները դեռ նոր արձագանգեցին աշխարհի չորս կողմը։

Ի՞նչ է այն ներքին ուժը, որ ափ մը հայ ժողովուրդը լեցուած է առաջդիմական ոգիով, ի՞նչ է այն մղիչ զօրութիւնը, որ հերոսութիւններու մղած է հայ ցեղը, տուեալ զանազան պայմաններուն մէջ։ Անիկա աներեւոյթ այն ձեռքն է, որ այս ուշիմ ցեղին ուղեղին մէջ իմացականութեան բո՛ցը վառած է, որ հպարտութեամբ մատնանիշ կ՚ընէ այն մեծ իտէալը՝ որ մեծ ազգերուն յատուկ է։

Ու հայ ժողովուրդը իր մաքուր իտէալով, իր բարձրագոյն ձգտումներով եւ իր գնահատելի ընդունակութիւններով մեծ ազգ մըն է ապաքէն, մեծ իր մաքառումներուն մէջ, ու մեծ՝ իր զոհաբերութիւններով։

Ծառայութիւնը, զոր հայ զեղը մատուցած է նրեւմտեան խաղաքակրթութեան, իրաւունք կու տայ իրեն ըսելու թէ «Հայուն ծառայելը՝ քաղաքակրթութեան ծառայել է»։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 27, 2024