ԱԼԹԸՆՕՂԼՈՒ ՊԻՏԻ ՆՈՒԱԳԷ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Ֆրանսահայ յայտնի խմբավար Ալէն Ալթընօղլու կը պատրաստուի այցելել Հայաստան։ Ծանօթ է, որ ան նախկին պոլսահայ ընտանիքի մը որդին է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ալէն Ալթընօղլու Ապրիլի 3-ին համերգային երեկոյթի մը ընթացքին պիտի ղեկավարէ Հայաստանի Ֆիլհարմոնիք ազգային նուագախումբը։ Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ տեղի պիտի ունենայ այս ձեռնարկը, որուն պիտի մասնակցի նաեւ թաւջութակահար Ալեքսանտր Չավուշեան։ Այս վերջինը պիտի նուագէ Սէն-Սանսի թաւջութակի քոնչերթոն։ Ըստ նախատեսուած երգացանկին, նոյն երեկոյթին ընթացքին պիտի հնչեն նաեւ Վակնէրի եւ Ռավէլի նման յայտնի հեղինակներու ստեղծագործութիւնները։
Սոյն համերգի կազմակերպման ծրագրին աջակցութիւն կը բերէ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը։