ԹԱՏՐՈՆԸ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆ Է»

Այսօր համայն աշխարհ կը նշէ 1961 թուականին՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Թատրոնի միջազգային կաճառի իններորդ համաժողովին հռչակած Թատրոնի միջազգային օրը։ Այս համաշխարհային օրուան խորհուրդն է՝ նպաստել ազգերու միջեւ խաղաղութեան ու բարեկամութեան ամրապնդումին, աշխարհի բոլոր թատերական գործիչներու համագործակցութեան։ Թատրոնի միջազգային օրուան առթիւ առաջին ուղերձը՝ 1962 թուականին գրած է ֆրանսացի գրող ու նկարիչ Ժան Կոկտօ։

 Ի՞նչ է թատրոնը։ «Թատրոն» բառը առաջացած է հին յունարէն theatron բառէն, որ թարգմանաբար կը նշանակէ՝ վայր մը, ուր կը դիտեն։

Թատրոններու մէջ մինչեւ օրս կը ներկայացուի աւանդաբար երկու խաղատեսակ՝ կատակերգութիւն ու ողբերգութիւն։ Այս խաղատեսակներու խորհրդանիշները դարձած են յայտնի թատերային դիմակները։ Թատրոնը կը համարուի մշակոյթի հնագոյն տարրերէն մին, որ տակաւին Ք.Ա. 2500 թուականին մարդկութեան յայտնի եղած էր։ Հին Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած է առաջին թատերական ներկայացումը, որուն նիւթ եղած է եգիպտական դիցաբանութենէն Օսիրիս աստուծոյ պատմութիւնը։

Արեւելահայ մեծանուն բանաստեղծ, գրող Պարոյր Սեւակ իր նշանաւոր արտայայտութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Արուեստի մէջ առաջնորդուիլ ժողովուրդի ճաշակով, կը նշանակէ չծառայել ժողովուրդին»։ Ինչպէս ծանօթ է, արուեստը պէտք է յղկէ ժողովուրդի ճաշակը եւ նոր ճաշակ մը ձեւաւորէ։ Ներկայացում դիտելը մարդուն կը դաստիարակէ եւ ան աստիճանաբար կը փոխուի։ Սակայն կան կաթիլներ, որոնք հանդիսատեսն ալ չի հասկնար, թէ ո՞ւր կ՚իյնան եւ ապագային ո՞ւր պիտի ծլարձակին անոնք։ Այս խորհրդանշական օրուան կապակցութեամբ իմ զրուցակիցն է՝ դերասանուհի Սէրտա Արսլան։

1975 թուականի յուլիսի 3-ին Պոլիս ծնած Սէրտա Արսլան՝ Սիլվա եւ Արսլան Արսլան ամոլի միակ դուստրն է։ Հայրական կողմէ արմատները կը հասնին Էլազըղ, իսկ մայրական կողմէ՝ Սեբաստիա նահանգի Զառա գաւառակը։ Իմ զրուցակիցը ջերմ, բարի ու վառ տպաւորութիւններով լի մանկութիւն մը ապրած է։ «Իմ մանկութիւնը այժմու տղոց մանկութենէն շատ կը տարբերի։ Մեր մանկութիւնը փողոցները խաղալով անցած է։ Հեռաձայններ ու համակարգիչներ չկային, լարուածութիւն չկար, շատ աւելի հանգիստ ու հանդարտ կեանք մը կ՚ապրէինք։ Այն ատեն միայն կար հեռատեսիլը, զոր երբեմն կը դիտէինք», նշեց ան։ Սէրտա Արսլան նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղական մասնաւոր վարժարանի մը մէջ։ Մարմարա համալսարանէն շրջանաւարտ եղած է։ Ուսանողական տարիներէն ի վեր մինչ օրս աշխատած է զանազան ասպարէզներու մէջ։ Աւելի քան քսան տարի աշխատանք տարած է որպէս սեմինարներու, մամլոյ ասուլիսներու կազմակերպիչ։ Ներկայիս ալ ազատ ժամերուն նոյն աշխատանքը կը կատարէ։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին Սէրտա Արսլան սիրով պատասխանեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն.

-Ինչպէ՞ս սկսաւ ձեր այս օրը։

-Բաւական յագեցած ու ծանրաբեռնուած։ Այսօր ամբողջ օրը աճապարանքի մէջ եմ՝ մէկ տեղէն միւսը կը վազեմ։ Ընելիքներս շատ են, սակայն ժամանակս սեղմ է։ Այսօր ինծի համար 24 ժամը բաւարար չէ։ Ձեզի հետ հանդիպումէն ետք ալ տակաւին շատ գործ ունիմ։

-Առաջին անգամ ե՞րբ բեմ բարձրացաք։

-12 տարեկան էի, սակայն մինչ այդ դպրոցին մէջ կազմակերպուած հանդէսներուն կը մասնակցէի։ Ինչպէս վերը նշեցի, թրքական վարժարան յաճախած եմ։ Մեր ընտանիքը հայախօս էր, ես ալ կը փափաքէի հայկական շրջանակի մը մէջ ըլլալ։ Այդ իսկ պատճառաւ սկսայ յաճախել «Մարալ» երգի-պարի համոյթը։

-Սիրելի Սէրտա, դերասանուհի ըլլալը ձեր մանկութեա՞ն երազն էր։

-Ոչ, նման փափաք մը չունէի։ Ամէն բան ինքնաբերաբար ձեւաւորուեցաւ. օր մըն ալ անդրադարձայ, որ բեմին վրայ եմ։

-Քանի՞ ներկայացումի մէջ խաղացած էք։

-Աւելի քան երկու տասնեակ։

-Կա՞յ այնպիսի կերպար մը, զոր կը փափաքէիք մարմնաւորել։

-Չկայ, որովհետեւ, ըստ իս իւրաքանչիւր դեր իւրովի բացառիկ ու գեղեցիկ է։ Կարծրատիպ մը կայ, թէ հոգեկան անհանգստութիւններ ունեցողներու կամ յիմարներու դերերը առաւել քան դժուար է մարմնաւորել։ Ո՛չ, այդպիսի բան չկայ, քանզի կեանքի մէջ որեւէ կերպարի ճիշդ մարմնաւորումը այլեւս բաւականին խրթին է. մեծ ու քրտնաջան աշխատանք կը պահանջէ։ Ես դերերը չեմ զատեր կամ դասակարգեր, ամէն դեր իր նրբութիւններն ու կարգապահութիւնը ունի։

-Մինչեւ այսօր ինչպիսի՞ կերպարներով հանդէս եկած էք։

-Սա պահուն բոլորը մի առ մի չեմ կրնար թուել։ Իմ կերտած կերպարներէն են՝ անտառի պարիկը, գիւղին տէր հայրը. ի դէպ, նշեմ որ նոյն ներկայացումին մէջ երկրորդ դերով մըն ալ հանդէս եկած եմ, մարմնաւորելով գիւղի խենթի կերպարը։ Քանզի նախապէս թատրոնի աշխարհ պարելով մուտք գործեցի, «քանթօ» պարեցի, «քանթօ»ի պարուհի մըն էի եւ այլն։

-Այդ կերպարներէն ամենէն շատ ո՞րը սիրած էք։

-Վերջին անգամ Արթօ Պէրպէրեանի հետ խաղացած էինք՝ «Գնալը ա՜խ Գնալը», եւ «Վա՜խ Գնալը» երկու մասերէ բաղկացեալ ներկայացումը, ուր ես կը մարմնաւորէի Մարդ անունով դրական ու բազմազբաղ կերպարը։ Այդ կերպարը ինձմէ քրտնաջան աշխատանք, մեծ ջանք ու եռանդ պահանջեց, սակայն ես զայն մեծագոյն սիրով ու հաճոյքով խաղացի։ Տէր հօր ու խենթի կերպարներն ալ ինծի համար շատ առանձնայատուկ էին։

-Կայ այնպիսի՞ ներկայացում, որու մէջ թէկուզ փոքր դեր մը անգամ կը ցանկանայիք խաղալ։

-Ի հարկէ, ամէն դերասան կը փափաքի աշխարհի մէջ մեծ տարածում գտած որեւէ դասական ներկայացումի մէջ խաղալ։ Սակայն վերջերս կը տեսնեմ, թէ կնոջական խնդիրները շեշտադրող բազմաթիւ ներկայացումներ բեմ կը բարձրանան։ Այդ խաղերուն մէկ մասը թարգմանուած է, իսկ մէկ մասն ալ՝ ոչ։ Երիտասարդներուն գրած նիւթերը շատ փոխուած են ու մեծ մասամբ անոնց կիզակէտին կը գտնուին կնոջական խնդիրները։ Սիրով կը նախընտրէի խաղալ երիտասարդներու կողմէ գրուած գեղեցիկ ու արդիական թատրերգութեան մը մէջ, որ իր մէջ կ՚ընդգրկէ նաեւ աշխարհիկ խնդիրներ։

-Ո՞ր թատրոնին մէջ կ՚աշխատիք։

-Մեր «Պէրպէրեան» խումբը այժմու՝ չակերտեալ կը հանգչի, որորվհետեւ մենք Գարակէօզեան սանուց միութեան բեմին վրայ կը խաղայինք։ Երկար տարիներէ ի վեր սանուց միութիւնը կը նորոգուի։ Մեր շուրջը գտնուող քանի մը միութիւններ եւս կը վերանորոգուին, այդ իսկ պատճառաւ խաղալու համար բեմ մը չունինք եւ խումբով շատ յաճախ չենք կրնար հանդէս գալ։

Կայ BGS (Boğaziçi gösteri sanatları) խումբ մը, որու հետ երբեմն բեմ կը բարձրանանք։ Հարկ է նշել նաեւ, որ աւելի քան քսան տարիէ ի վեր հայկական ու թրքական վարժարաններու մէջ տղոց հետ կ՚աշխատիմ։ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն սկսայ, այնուհետեւ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին հետ շարունակեցի։ Երկար տարիներ Կեդրոնական վարժարանին հետ աշխատեցանք։ Այդ տարիներուն անոնց հետ դպրոցներու միջեւ տեղի ունեցող թատրոնի մրցոյթներուն կը պատրաստուէինք։ Այժմ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի հետ հաճելի աշխատանք կը տանինք։

-Սիրելի Սէրտա, ներկայացումներով շրջագայա՞ծ էք։

-Քանի մը անգամ դուրսէն՝ Եւրոպայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն հրաւէր ստացանք, սակայն տեւական արգելքներ ու խոչընդոտներ եղան։ Զոր օրինակ՝ «Գնալը ա՜խ Գնալը» ներկայացումը բաւական սիրուած ու ճանաչում գտած խաղ մըն էր։ Մենք բազմիցս խաղացինք այդ ներկայացումը, որու մէջ կը պատմուէր Գնալը կղզիի հայոց առօրեան։ Մենք մեզ պատմող սքանչելի ու հետաքրքրական հայալեզու ներկայացում մըն էր այս մէկը, որ անշուշտ լի էր թրքաբանական մէջբերումներով ու արտայայտութիւններով։ Ի դէպ, խաղին մէջ ես ասորիի մը դերը ստանձնած էի, ուստի թրքերէն հատուածները ինծի կը պատկանէր։ Երբ Ամերիկայէն հրաւէր ստացանք, պահանջեցին, որ թրքերէն հատուածը զանց առնենք ներկայացումէն։ Սակայն մեր խաղին մէջ դերերը իրարմէ կախեալ էին, հետեւաբար անհնարին էր որեւէ բաժին վերցնել։ Ոստի՝ աւելի լաւ էր չխաղալ, քան թերի խաղալ։ Մենք ալ ստիպուած եղանք ներողութիւն խնդրել ու մերժել հրաւէրը։

-Քանի՞ տարի է բեմին վրայ էք։

-Առաւել քան երեսուն տարի է։

-Թատերական կրթութիւն ունի՞ք։

-Անշուշտ ունիմ։ Թուրքիոյ մէջ նշանաւոր Շահիքա Թեքանտի «Սթիւտիոյի դերասաններ» դպրոցը աւարտած եմ։

-Շարժանկարի մը մէջ նկարահանուա՞ծ էք։

-Այո՛, նկարահանուած եմ։ Վերջերս ալ Պալեաններու գերդաստանի մասին սկսաւ նկարահանուիլ փաստավաւերագրական ժապաւէն մը, ուր ես մարմնաւորեցի Լեւոն Պալեանի մայրը։

-Ո՞վ է ձեր սիրելի մեծանուն արուեստագէտը կամ դերասանը։

-Ատիլէ Նաշիթը, Տեմէթ Էվկարը շատ կը սիրեմ, իսկ մեր վարպետներէն՝ Անի Իփեքքայան, որու հետ բեմ բարձրացանք ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի 100-ամեակին կապակցութեամբ՝ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ամփիթատրոնին մէջ։ Աշխարհահռչակ անուններէն ալ մեր հայազգի Շերը (Շերլին Սարգսեան) կը սիրեմ։

-Ըստ ձեզ, ո՞րն է դերասանի մը համար ամենէն մեծ ուրախութիւնը։

-Եթէ ներկայացումէն վերջ հանդիսատեսներուն աչքերը կը խնդան կամ վերջիններս շնորհապարտ ու հիացական քեզ կը դիտեն, ուրեմն խաղը յաջողութիւն գտած է։ Ահաւասիկ՝ ամենէն մեծ ուրախութիւնը։

-Ի՞նչ է թատրոնը։

-Թատրոնը քաղաքակրթութիւն է։

-Սիրելի Սէրտա, թատրոնը ձեզի ի՞նչ տուած է։

-Ըստ իս, ո՛չ միայն ինծի, այլեւ ընկերներուս ու աշակերտներուս ալ ընկերային մտածելակերպ մը տուած է։ Թատրոնը իմ դիմաց ծառացած հարցերուն ու խնդիրներուն զանազան տեսանկիւններէ մօտենալու ունակութիւն տուած է։ Երջանկութիւն պարգեւած է։ Թատրոնը կը սորվեցնէ խելացի ու կարգապահ ըլլալ։

-Ո՞վ է դերասանը։

-Դերասանը հասարակ անձ մըն է, որ բեմի վրայ կը կերտէ իր դերը, այնուհետեւ դիմակի նման զայն կը հանէ, մէկ կողմ կը դնէ ու տուն կ՚երթայ։

-Ի՞նչ կարծիք ունիք այսօրուայ հայ երիտասարդներու մասին։ Նոր սերունդը կը զբաղի՞ արուեստով, մասնաւորապէս թատրոնով։

-Իմ կարծիքով՝ Թուրքիոյ եւ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ երիտասարդութիւնը մի քանի մասի բաժնուած է։ Մեր երիտասարդներուն մասին հանգիստօրէն կրնամ ըսել, թէ մէկ մասը անտարբեր է աշխարհի նկատմամբ, մէկ մասն ալ՝ ինքնամփոփ, պրկուած։ Միայն չնչին հատուածն է, որ հաղորդ կը դառնայ կեանքին, արուեստին ու մշակոյթին։

Համատարած ամօթալի ու ցաւալի երեւոյթ մըն է, որ նոր սերունդի մօտ մեր ոսկեղնիկը շատ տկար է։ Ընդհանուր անտարբերութիւն կը տիրէ մայրենիի նկատմամբ։ Լեզուն օրէ օր կորստեան կը մատ-նըւի։ Ընտանիքները հայերէն չեն խօսիր։ Միայն դպրոցի մէջ է, որ դասաժամերուն հայերէն կը սորվին ու կը խօսին։ Ես մեր վարժարաններուն մէջ թատրոնի դասընթացքները կը փորձեմ հնարաւորինս հայերէնով կազմակերպել։

-Ձեր կարծիքով դերասանութիւնը բնատուր տաղա՞նդ է, թէ՞ վարժանքներու արդիւնք։

-Ըստ իս, դերասանութիւնը տաղանդ է։ Եթէ ի ծնէ դերասանական յատկութիւն ունիք, համապատասխան կրթութիւն ստանալով կը կատարելագործուիք, կը փայլիք։ Եթէ տաղանդ չունիք, սակայն մեծ փափաք ունիք դերասան դառնալու, այդ պարագային ալ աշխատասիրութեամբ ու ճիշդ կրթութեան միջոցաւ կրնաք բարձարանալ։

-Ի՞նչ բանէ կը վախնաք։

-Անսպասելի բնական եւ մարդկային աղէտներէն կը վախնամ։ Զոր օրինակ, եթէ յանկարծակ երկրաշարժ ըլլայ կամ պատերազմ։

-Կը սիրէ՞ք երազել։ Երազներ ունի՞ք։

-Այո՛, Պոլսոյ մէջ թատրոնի դպրոց մը ունենալ։

-Սիրելի Սէրտա, կա՞յ այնպիսի ժամանակաշրջան, որ կը ցանկայիք այցելել։

-Ըստ իս, 1930-50-ական թուականները շատ հետաքրքրական ու նախընտրելի էին։ Կեանքը աւելի պարզ էր, մարդիկ անկեղծ էին, երջանիկ ըլլալը առաւել դիւրին էր։ Կը փափաքէի այդ ժամանակաշրջանը այցելել։

-Ո՞ր նշանաւոր անհատին հետ կը փափաքէիք սրճել։

-Սերժ Թանկեանին։

-Հայաստան այցելած է՞ք։

-Այո՛, հինգ-վեց տարի առաջ այցելած եմ։

-Հայաստանի մասին ինչպիսի՞ տպաւորութիւններ, զգացումներ ունեցաք։

-Երբ կ՚երթայի, նախեւառաջ պրկուած էի, չէի գիտեր, թէ Հայաստանը զիս՝ թրքահայս ինչպէ՞ս պիտի ընդունի։ Սակայն երբ հասանք, ամէն կողմէ հայերէն իմացայ, ջերմ վերաբերմունքի արժանացայ։ Հայաստանը շատ սիրեցի։ Յուսամ, մօտ ապագային կրկին կրնամ այցելել։

-Ո՞վ է հայը։

-Ես կը փորձեմ այժմ պոլսահայու նկարագիրը տալ՝ աշխատասէր, խելացի, խարդախութիւններէ զերծ մնացող, ազնիւ ու անկեղծ, քիչ մըն ալ ինքնամփոփ ու երկիւղած։

-Ո՞րն է ձեր սիրելի մեծ հայը։

-Որպէս այդպիսին մէկը չկայ, սակայն որպէս հէքեաթային հերոս՝ իմ սիրելի մեծ հայը Քաջ Նազարն է։ Երանի մենք հայերս անոր բախտէն ունենայինք։

-Պոլսոյ մէջ նախընտրած վայր մը ունի՞ք։

-Գուզկունճուքը, ուր եկեղեցին, սինակոկը ու մզկիթը քով քովի են։ Ծովափնեայ այդ շրջանը, իսկական մշակութային խառնարան մըն է։ Շատ կը սիրեմ այնտեղ այցելել, փողոցներով պտըտիլ։

-Սիրելի Սէրտա, ո՞ւր կը փափաքէիք ապրիլ։

-Թատրոն ունեցող փոքրիկ ու հանգիստ եւրոպական քաղաքի կամ գիւղի մը մէջ։

-Ո՞ր երաժշտութիւնը անդադար կրնաք լսել։

-Դասական երաժշտութիւնը, բաց աստի, մեծ յարգանք կը տածեմ Արամ Խաչատուրեանի արուեստին նկատմամբ։ Անոր գործերը անդադար կրնամ լսել։

-Կը սիրէ՞ք շարժանկար դիտել, նախընտրած շարժապատկեր մը ունի՞ք։

-Այո՛, աւելի շատ նախապատուութիւնը կու տամ եւրոպական շարժանկարներուն։ Կը սիրեմ Կապրիէլ Կարսիա Մարքէզի «Kolera günlerimde aşk» վէպի հիման վրայ նկարահանուած գեղարուեստական ժապաւէնը։ Միակ շարժապատկերը, որ ամէն օր կրնամ դիտել։

-Ո՞րն է ձեր ընթերցած վերջին գիրքը։

-Մարիա Քալասի կեանքը։ Առհասարակ գիրք կարդալ շատ կը սիրեմ. նախապատուութիւնը կու տամ դերասաններու կեանքին, թատրոնին, թատրոնի կեանքին վերաբերող գիրքերու։

-Կա՞ն այնպիսի խօսքեր, որոնք միշտ կը տողանցեն ձեր ուղեղին մէջ։

-Թատրոնի մէջ մեր խաղացած Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ»էն հետեւեալ տողերը յաճախ կը թաւալին ուղեղիս մէջ՝ «Ի հարկէ… ի հարկէ… ցորենը… պարէնը…», եւ «Աստուած սէր է վարդապետ»։

-Սիրելի Սէրտա, հուսկ Համաշխարհային թատրոնի օրուան կապակցութեամբ ի՞նչ կը մաղթէք թատրոնին։

-Մեր թատրոնը ազատ չէ, դժուար կացութեան մէջ յայտնուած է։ Թատրոնի նկատմամբ ճնշումներ կը գործադրուին։ Մեծագոյն մաղթանքս է, որպէսզի մեր թատրոնը ազատ ըլլայ, ձերբազատուի բոլոր տեսակի ճնշումներէ։

Ես նոյնպէս կը շնորհաւորեմ բոլոր դերասաններն ու թատերասէրները Համաշխարհային թատրոնի օրուան առթիւ։ Իմ բարեմաղթանքն է թատրոնին երկարակեցութիւն, որպէսզի ան ազնուացնէ մարդոց սրտերը, գթասիրտ ու ողորմած դարձնէ զանոնք՝ աշխարհի վրայէն ի սպառ վերացնելով պատերազմներն ու մարդկային չարագործութիւնները։ Ինչպէս Պարոյր Սեւակ իր «Ես ուզում եմ» բանաստեղծական տողերուն մէջ կ՚ըսէ.

Թէ կռիւը անխուսափ է՝
Թող չկռուեն երկու երկիր, այլ մարդ ու կին։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 27, 2019