ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

«Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին,
օրհնեալ է Ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով:
Օրհնութի՜ւն Բարձրեալին»
(Մտ 21.9)

Կիրակի, 28 մարտ 2021-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին յիշատակը, որ մեր ժողովուրդին բառապաշարին մէջ դրոշմուած է Ծաղկազարդ անունով:

Աւելի քան երկու հազար տարի անցած են այդ իւրայատուկ օրէն -իւրայատուկ, որովհետեւ Յիսուս Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին յաճախ մուտք գործած էր Երուսաղէմ, այս անգամուան մուտքը սակայն տարբեր ու իւրայատուկ էր անով, որ մարդու փրկագործութեան ծրագիրի ամենէն կարեւոր հանգրուանին սկիզբը կը դրուէր յաղթական այդ մուտքով, սակայն իւրաքանչիւր տարի յիշատակելով նոյն այդ դէպքը, մտապէս եւ հոգեպէս կը տեղափոխուինք Երուսաղէմ, ուր մարդիկ խառնուած մէկը իր վերարկուն կը փռէր ճամբուն վրայ, մէկ ուրիշը ծառերու ոստեր կը տարածէր (տե՛ս Մտ 21.8) ու ուրախութեամբ կը դիմաւորէին Յիսուսին, բացագանչելով՝ «օրհնեա՜լ է Ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով» (Մտ 21.9): Աւետարանական պատումէն կ՚իմանանք, սակայն, թէ նոյն այդ ժողովուրդը, որ ոգեւորութեամբ կը դիմաւորէր Յիսուսին, մի քանի օր ետք պիտի գոչէր՝ «թող խաչուի՛» (Մտ 27.23):

Պահ մը եթէ տեղափոխուինք մեր ներկային ու փորձենք համեմատական մը տանիլ այդ մարդոց հետ, պիտի նկատենք, որ շատ բան չէ փոխուած: Այսօր եւս, մենք՝ մարդիկս, օր մը ուրախութեամբ եւ մեծ ոգեւորութեամբ կը դիմաւորենք մեր Փրկիչին, մի քանի օր ետք սակայն, կը սկսինք անտեսել ու անուշադրութեան մատնել. օր մը ամբողջութեամբ կը նուիրենք Անոր՝ մեր աղօթքներով, խորհրդածութիւններով, եւ այլն, բայց յետոյ ամիսներով կը մոռնանք Անոր գոյութեան մասին:

Ինչ կը վերաբերի դիմաւորելուն, անցեալին եթէ մարդիկ իրենց վերարկուները կը հանէին ու ճամբուն վրայ կը փռէին՝ Յիսուսի ոտքերուն առջեւ, այսօր, սակայն, մարդիկ ճամբուն վրայ եղած հագուստներն անգամ կը լեցնեն իրենց վրայ, որպէսզի վայելուչ եւ գեղեցիկ երեւին, վայելուչ ու գեղեցիկ սակայն ո՛չ թէ Քրիստոսի դիմաց, այլ՝ մեր նմաններուն աչքին: Չեմ ուզեր խօսիլ միւս ծայրայեղութեան մասին, երբ ոմանք կը մոռնան կտոր մը հագուստ առնեն իրենց վրայ, եւ եկեղեցի կու գան՝ կարծէք գիշերային ակումբ եկած ըլլան…

Մէկ խօսքով՝ մարդը Աստուծոյ հետ իր յարաբերութեան մէջ գրեթէ մնացած է նոյնը, այսինքն պահի եւ շարժառիթի ազդեցութեան տակ. աւելի՛ն, շահի առկայութեամբ պայմանաւորուած է մեզմէ շատերուն այսօրուան յարաբերութիւնը Արարիչին հետ: Անդին, խումբ մըն ալ կայ, որ իր առօրեան կ՚ապրի զուտ աշխարհիկ հասկացողութեամբ, սակայն իւրաքանչիւր կիրակի կը շտապէ պատարագի մասնակցելու, Սուրբ Հաղորդութիւն ստանալու, բարեպաշտի իր «համբաւ»ը պահելու: Այս բոլորը կը կատարենք, որովհետեւ մեր ծնողներէն, մեր մեծերէն այդ է, որ տեսած ենք, այլ՝ խօսքով սովորութեան համաձայն է, որ կը շարժինք եւ ո՛չ թէ գիտակցութեամբ կամ ըմբռնումով:

Եթէ փորձենք պահ մը հասկնալ, թէ ինչո՞ւ մենք՝ մարդիկս աւելի երեւոյթներու ետեւէն ինկած ենք եւ ո՛չ թէ խորքը կը փորձենք թափանցել, թերեւս մեզմէ շատերը նոյն պատասխանը պիտի տան. որովհետեւ մեր սիրտերը դատարկուած են, ամայացած ու լճացած են. ամայացած ու լճացած են, քանի որ մեր մտածելակերպով ու գործերով Քրիստոսը հեռացուցած ենք մեզմէ, ձեւական կերպով կը յիշենք Անոր հետ կապուած բոլոր դէպքերը եւ այս օրերուն՝ յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, սակայն թոյլ չենք տար Իրեն, որպէսզի մտնէ մեր սիրտերէն ներս ու թագաւորէ այնտեղ, թոյլ չենք տար, որպէսզի մտնէ՝ ծաղկազարդելու մեր սիրտերը, նորոգելու մեր հին մարդը, թարմացնելու մեր հոգին:

Այստեղ, ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ Ներսէս Վարդապետ Դանիէլեանցի «Սիրտին Ծաղկազարդը» գրութենէն հատուածներ, օրուան խորհուրդին հետ համահունչ:

…Բնութեան ծաղկաստանը մտա՞ծ ես երբեք, ուր նարկիզն ու զմպուլներ, շուշանիկն ու նունուֆար, անմոռուկն ու հարսնուկը, մեխակն ու մանիշակը, Արարչին վեհաշուք տաճարին իբր խունկերը կնդրկաբոյր, կը խնկեն ու կը բուրեն ամէն կողմէ:

Մտիկ ըրա՞ծ ես բնութեան տաճարին երգեցիկներու հոգեհմայ մեղեդիներն ալ, որոնք կ՚արձագանգուին խորերն հոգիիդ՝ յիշեցնելով քեզ կեանքիդ գարնան օրերը, որոնք թերեւս անցած են սրտիդ անմեղ ու խնկոտ յիշատակներովն առլցուն: Ա՜հ, ի՛նչ խինդ ու խայտանք բնութեան մէջ. տե՛ս, ինչ սիրուն են սա ոստոստող խայտաբղէտ ուլիկներն ալ նորածին ու անընդհատ մայանքներով իրենց մայրիկներն փնտռող գառնուկներն անմեղ: Ո՞վ կրնայ անզգայ ու անտարբեր մնալ հանդէպ այս ամէնուն. օրուան ու եղանակին տպաւորութիւններն են ասոնք, որոնց հմայքը պահ մը մոռցնել կու տայ հոգիդ տանջող ու միտքդ լլկող կեանքի մտածումներն ահարկու:

Վաղն առաւօտ անպատճառ միտքդ դիր եկեղեցի մը երթալ, հոն, եթէ ոչ աղօթելու, գոնէ հանդիսատես ըլլալու այն հոգելից արարողութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Աստուծոյ տաճարին մէջ, զոր ծաղկազարդուած պիտի տեսնես իր կարգին, բնութեան տաճարին պէս: Հոն ալ պիտի լսես անմեղ մանկիկներու ալէլուներն, ու ակամայ քեզ փոխադրուած պիտի զգաս տարբեր աշխարհ մը ու դուն ալ սրտիդ տաճարին մէջ իրական փոփոխութեան մը պէտքը պիտի զգաս անպատճառ, պիտի փնտռես հոգեկան աշխարհիդ մէջ անհրաժեշտ փոփոխութիւն մը սրտի եւ զգացումներու, փոփոխութիւն մը մտքի եւ մտածումներու. եթէ ոչ, ի՞նչ կ՚արժեն կամ ի՞նչ օգուտ կրնան ունենալ քեզի համար արտաքին բնութեան եղանակներու փոփոխութիւնները՝ մինչ դու նոյնն ես եւ անփոփոխ: Ի՞նչ վերաբերութիւն ունին քեզ արտաքին աշխարհի հոգեպարար խնդութիւններն ու ծիծաղները, մինչ սեւ խորհուրդներու մռայլն է պատեր հոգիիդ երկինքը, կամ ի՞նչ կրնայ ազդել քեզ գարնան կենսատու եղանակը, քանի որ քու սրտիդ ու զգացումներուդ մէջ սառ անտարբերութեան մը ցուրտ ձմեռը կը տիրէ: Բնութեան եւ Աստուծոյ տաճարներուն մէջ տեղի ունեցած բոլոր այս փոփոխութեան հանդէպ, սրտով եւ զգացումներովը անփոփոխ եւ անտարբեր մարդը՝ դու չե՞ս նմանցներ սեւ կամ ճերմակ դագաղի մը մէջ մահուան յաւիտենական քունը քաշող դիակի մը, որ արդէն սկսած է գարշահոտիլ: Ի՞նչ կ՚արժեն այդ դագաղը պճնազարդող ծաղկեփունջներու ու պսակներու հիւսկէնները, ժամերով կատարուած մեռելական փառաշուք կարգը, եկեղեցականներու լալու աստիճան տխուր ու մելանուշ երգերը, եւ որ աւելին է ու աւելորդ՝ անմահութեան փառապսակն ու դափնին հիւսող սրբազանին դամբանականը:

Ա՜հ, մեռելը բան մը չի զգար, դագաղէն ներս ոչինչ կ՚ազդէ, ուր սիրտը դադրեր է բաբախելէ, ուր կեանքը տեղի տուած է մահուան:

Երբ Յիսուս Իր վերջին օրերուն վերջին այցը կու տար այն քաղքին, ուր Իրեն կը սպասէր անխուսափելի վտանգ մը, կանգ առաւ անոր հանդիպակաց բլրին վրայ ու սկսաւ լալ. Իրեններէն ոչ ոք հասկցաւ կամ հարցուց այդ լացին նպատակն ու պատճառը: Յիսուս գուշակած էր Երուսաղէմի ապագայ դժբաղդութիւնը (Ղկ 19.41-44): Քաղքին բազմութիւնը, որուն մէջ ամէն տեսակն ալ կը գտնուի, դիմաւորեց զԻնքը: Ժողովուրդին ցոյցը կատարեալ էր, հրեայ ռաբբիներու եւ փարիսեցիներու նախանձը շարժելու չափ (Մտ 21.8: Մր 11.8-11: Ղկ 19.36-40: Յհ 12.13-19): Բայց Յիսուս առանց ուշադրութիւն ընծայելու հրէից տրտունջին ու ժողովուրդին ցոյցին, անցաւ լուռ ու մունջ ամբոխին մէջէն, գիտնալով, որ քանի մը օր յետոյ տարբեր աղաղակներ պիտի լսէ նոյն խաժամուժ օրհներգու բերաններէն. գիտէր, որ ցնծութեան ու ցոյցի այդ ձայները շուտ պիտի փոխուէին վայրագ զայրոյթի վրէժխնդրութեան խուլ գոռումներուն: Այդ փառաւոր անցքի ճամբան պիտի տանէր յետոյ զԻնքը Բեթելայ սարը մահապարտներու կառափնատեղին. վերջապէս նա կը տեսնէր այն ի պատիւ Իրեն ընծայուած ծաղկեփունջերու եւ դափնեպսակներու քովիկը, դժնիկի ու տատասկի սուր փուշերէ հիւսուած պսակն ալ, զոր լաւ գիտէ պատրաստել ապերախտ մարդուն ձեռքը՝ իր բարերարին ճակտին համար:

Սակայն, Յիսուս անտրտունջ եւ անմռունչ շարունակեց Իր սկսած կեանքի ճամբան, լայն հետքեր ձգելով Իրեն հետեւողներու կեանքին եւ սրտին վրայ:

Անոր միակ նպատակն էր՝ վերականգնել ինկած մարդն իր անկումէն, ուղղել անոր ներքին կեանքը, փոխել, նորոգել անոր սրտին զգացումները, ստեղծել նոր ի նորոյ անոր ներսիդին, ազնիւ ու արդար փափաքներ եւ սուրբ միտումներ, ճանչցնել անոր իր մեծութիւնը եւ զինքը ստորնացնող մեղքը: Յիսուս, մարդուն անկման եւ ապականութեան բուն պատճառը մատնանշելով, պահանջեց, որ մարդն իր սիրտը փոխէ նախ, վասնզի սիրտն է աղբիւր եւ կեդրոն ազնիւ կամ չար զգացումներու, պէտք է այն մաքուր ու սուրբ ըլլայ աղտեղի խորհուրդներէ, անձրեւներու կաթիլներէն լճացած ափ մը մաքուր ու վճիտ ջրին մէջ երկնքի կապոյտ անհունութիւնը կը ցոլանայ, այնպէս չէ՞ միթէ սուրբ սիրտն ալ՝ ուր կը պատկերանայ, կը ցոլանայ երկնային սիրոյ տիեզերք մը անհուն…:

Սէրը պայման դրաւ սրտին. առաջինը՝ վերջինը պիտի մաքրէր, պիտի սրբացնէր, վասնզի սէրը սրտերու մէջ կ՚աստուածանայ եւ անոր համար ալ ստեղծուած է այն, ինչպէս կ՚ըսէ Օգոստինոս: Վերջին Սեղանին վրայ ալ նոյն սիրոյ պատուէրն էր, որ կը կրկնէր Ան. «Նոր պատուէր մը կու տամ ձեզի. սիրեցէ՛ք զիրար, մարդիկ ձեզի այս սիրով պիտի ճանչնան, թէ Իմ աշակերտներս էք, եթէ սիրէք զիրար» (Յհ 13.36-35):

Սիրտը կեդրոնն է մեր յոյզերուն եւ զգացմանց, անկէ կը բխին, կը յորդին՝ ինչ որ բարի է կամ չար, ինչ որ պիղծ է կամ մաքուր: Անոր թաքուն խորշերուն մէջ կը պահուին կամ կը պահէ մարդ իր կեանքին չափ սիրելի բաներ: Ա՜հ, սիրտը գիրք մըն է, որուն իւրաքանչիւր ծալքերուն մէջ կը գրուին, կը դրոշմուին աներեւոյթ ձեռքով մը այն ամէն բաները, որ տեղի կ՚ունենան մեր օրօրոցին քովիկէն, մինչեւ մեր դագաղին մօտիկը:

Սրտին գիրքը ծերերը կը թղթատեն մխիթարուելու համար, մինչ երիտասարդները դեռ հոն կը գրեն հապճեպ ու եռանդուն, կարծելով, թէ պիտի կրնան լեցնել անոր պարապը՝ բայց անհո՜ւն էջերը, զոր միայն Յիսուսի բացատրած սէրը կրնայ լեցնել ու լիացնել:

Մարդիկ, ըլլան հարուստ կամ աղքատ, տգէտ կամ զարգացեալ, կրնան ըլլալ միանգամայն սուտ, խաբեբայ, հպարտ, չարասէր ու անձնասէր, ոխակալ ու վրէժխնդիր, եթէ իրենց սիրտը մաքուր չէ, վասնզի այս ամէն չարիքներ կը բխին, միմիայն անմաքուր ու ապականուած սրտէ մը:

Յիսուսի նպատակն էր՝ ազդել մարդու այս սրտին եւ փոխել զայն: Ան Իր կեանքին մէջ երբեք չխնդաց. ժպիտ մը կամ ծիծաղի հետք մը անգամ չգծեց Իր դէմքին կամ շրթներուն վրայ, բայց երկու անգամ Անոր լացը կը յիշուի ու վերջին տագնապի պահուն Իր մահու չափ տրտմութիւնը (Ղկ 19.41: Յհ 11.35: Մտ 26.38): Ու այս մանէը միա՜կ նպատակի մը համար. փրկել մարդը, ուղղել անոր միտքը, բարձրացնել անոր հոգին, մաքրել, սրբել անոր սիրտն ու մարդը նորէն ստեղծել: Բայց Անոր արցունքն ու տրտմութիւնները, տագնապներն ու յուզմունքները բաւական չէին իր պաշտելի նպատակն իրագործելու համար: Յիսուս անոր ձեռնարկեց Բեթելայ սարին վրայ, Ինք հոն բարձրացաւ ու բարձրացուց մարդն ալ. խաչին վրայ սկսաւ ստեղծագործութիւնը մարդուն, նոր մարդը զգաց իր մէջ այն սէրը, որ Յիսուսի փեռեկուած կողէն ու աստուածային սրտէն կաթկթեցաւ իր ցամքած սրտին վրայ:

Ի՞նչ կ՚արժէ բնութեան եւ Աստուծոյ տաճարին ծաղկազարդուիլն ու փոփոխութիւնները, մինչ դու չես զգար փոփոխութիւն մը քու մէջդ հոգեպէս եւ սիրտդ իբր ամայի անապատ մը կը մնայ թափուր, ուր չճառագայթէր, չցոլանար սէրը սրբացնող ու աստուածացնող. քննէ՛, քննէ՛ սիրտդ, թէ կա՞յ հոն անցք մը այդ երկնային սիրոյ համար, թէ՞ սառ անտարբերութեան, սառ ձմեռը կը տիրէ հոն. ինքնամփոփ մտածէ, թէ հոգեկան կեանքդ կը զգա՞յ իր մէջ սիրոյ գարունը, թէ հոն կը բողբոջե՞ն առաքինութեան, սրբութեան եւ արդարութեան ծաղիկներ, յիշէ հոգեկան կեանքիդ վիճակը, երբ արտաքին բնութիւնը կը պճնազարդի աչքերուդ հանդէպ եւ օրուան տպաւորութիւնը կը պատկերացնէ մտքիդ մէջ քու ապրած քրիստոնէական կեանքդ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

23 մարտ 2021, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մարտ 27, 2021