ՊահրԷյնի մէջ գիրքի ցուցահանդէս

Ա­ւե­լի քան ե­րեք հա­րիւր եւ ութ­սուն հրա­տա­րակ­չա­տու­ներ՝ քսան տար­բեր եր­կիր­նե­րէ ժա­մա­նած՝ մաս կազ­մե­ցին Պահ­րէյ­նի թա­գա­ւո­րու­թեան 17-րդ Մի­ջազ­գա­յին գիր­քի ցու­ցա­հան­դէ­սին։ Ցու­ցա­հան­դէ­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ Մարտ 24-Ապ­րիլ 3 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ, Պահ­րէյ­նի Ազ­գա­յին թան­գա­րա­նի մեծ ցու­ցա­հան­դէ­սի սրա­հին մէջ՝ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան։

Աս­տուա­ծա­շուն­չի ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը՝ պաշ­տօ­նա­կան հրա­ւէ­րո­վը Պահ­րէյ­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թան, մաս կազ­մեց այս մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սին։ Աս­տուա­ծա­շուն­չի ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը ա­ռա­ջին ան­գամն էր, որ կը մաս­նակ­ցէր այս ցու­ցա­հան­դէ­սին՝ ըլ­լա­լով միակ քրիս­տո­նէա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը։ Աս­տուա­ծա­շուն­չի ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը ցու­ցադ­րու­թեան դրած էր ա­ւե­լի քան եր­կու հա­րիւր Աս­տուա­ծա­շուն­չեր եւ տար­բեր լե­զու­նե­րով՝ նաեւ փոքր ցու­ցա­հան­դէս մը ներ­կա­յաց­նե­լով Աս­տուա­ծա­շուն­չը պատ­մու­թեան ա­ռանց­քին, վեր առ­նե­լով ա­նոր մշա­կու­թա­յին յատ­կու­թիւն­նե­րը եւ տար­բեր թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րը։

Աս­տուա­ծա­շուն­չի ըն­կե­րակ­ցու­թեան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը սոյն ցու­ցա­հան­դէ­սին ստեղ­ծեց մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն։ Տե­ղա­կան մա­մու­լը անդ­րա­դար­ձաւ այս ի­րո­ղու­թեան։ Մեծ էր թի­ւը այ­ցե­լու­նե­րուն՝ ո­րոնց հե­տաքրք­րու­թիւ­նը եւ հար­ցում­նե­րը կը կեդ­րո­նա­նա­յին ստա­նա­լու ա­ւե­լի տե­ղե­կու­թիւն Աս­տուա­ծա­շուն­չի բո­վան­դա­կու­թեան եւ ա­նոր աս­տուա­ծա­բա­նա­կան տուեալ­նե­րու վրայ։ Հե­տաքր­քա­կան էր տե­ղա­ցի չա­փա­հաս տիկ­նոջ մը ակ­նար­կու­թիւ­նը։ Երբ նա­յե­ցաւ աս­տուա­ծա­շուն­չե­րուն եւ ա­նոր կող­քի այլ հրա­տա­րակ­չա­տան մը տա­ղա­ւա­րին վրայ ցու­ցադ­րու­թեան դրուած քու­րան­նե­րուն ը­սաւ. «Այս մեծ վկա­յու­թիւն մըն է Պահ­րէյ­նի եւ բո­լոր այ­ցե­լու­նե­րուն, ո­րոնք կրնան տես­նել, թէ կա­րե­լի է միա­սին ապ­րիլ»։

Աս­տուա­ծա­շուն­չի ըն­կե­րակ­ցու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Տքթ. Հրայր ճէ­պէ­ճեան ու­նե­ցաւ յա­տուկ հար­ցազ­րոյց մը Պահ­րէյ­նի հե­ռա­տե­սի­լէն։ Ան խօ­սե­ցաւ Աս­տուա­ծա­շուն­չի ըն­կե­րակ­ցու­թեան մա­սին, ինչ­պէս նաեւ՝ Աս­տուա­ծա­շունչ մա­տեա­նին։ «Աս­տուա­ծա­շուն­չը միայն քրիս­տո­նէա­կան կրօ­նին գիր­քը չէ։ Ան նաեւ մշա­կու­թա­յին գիրք մըն է, որ հա­մա­կե­ցու­թիւն կը քա­ջա­լե­րէ տար­բեր կրօն­նե­րու եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ», ը­սաւ ան։

Տքթ. Հրայր Ճէ­պէ­ճեան նաեւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Պահ­րէյ­նի պե­տու­թեան, որ կը քա­ջա­լե­րէ միջկ­րօ­նա­կան գո­յա­կե­ցու­թիւ­նը եւ հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը։ «Պահ­րէյ­նի թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը այն եր­կիրն է, ուր տար­բեր ժո­ղո­վուրդ­ներ, մշա­կոյթ­ներ եւ կրօն­ներ միա­սին կ՚ապ­րին հա­մե­րաշ­խօ­րէն։ Եւ ներ­կայ օ­րե­րուն մէջ, մենք պէտք ու­նինք այս տե­սա­կի օ­րի­նա­կե­լի հա­մա­կե­ցու­թիւն­նե­րու», ը­սաւ ան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2016