ԵՐԵՔ ԿԱՐՄԻՐ ՍՆՏՈՒԿՆԵՐԸ
Օսմանեան կայսրութեան դէպքերէն անցեալ դարասկզբին փրկուած հայ մանուկ մը՝ Գեղամը, թափառելով Լիբանան, Սուրիա, ապա Երուսաղէմ, ի վերջոյ հաստատուած է Միջերկրական ծովու արեւելեան ափին գտնուող Կազզէի մէջ, որուն հանդէպ մեծ սէր տածելով երբեք չէ լքած այս վայրը: Այս մանուկը պիտի դառնար հռչակաւոր հայ լուսանկարիչ Գեղամ Ճեղալեանը (1910-1981), որ 1944 թուականին Կազզէի մէջ հիմնած է առաջին լուսանկարչական սթիւտիոն եւ կոչած զայն «Ֆոթոգեղամ»: Լուսանկարիչ Գեղամ Ճեղալեանի ոսպնեակով ներկայացուած է Կազզէն իր բոլոր երանգներով:
Անոր թոռնիկը՝ 36 տարեկան Գեղամ Աւետիս Ճեղալեան, իր մեծ հօր արուեստագիտական ջիղը ժառանգելով, ներկայիս Փարիզի Արուեստի ու ձեւաւորումի ամերիկեան համալսարանին մէջ դասախօս է: Ան հարցազրոյց մը տուած է Մերձաւոր Արեւելքի լուրերը ներկայացնող «Al-Monitor» ամերիկեան կայքէջին եւ պատմած է, թէ ինչպէ՛ս որոշած է պեղել իր մեծ հօր յուշերը եւ ինչպէ՛ս գտած է անոր երեք կարմիր սնտուկները, որոնց մէջ պահուած են բազմաթիւ լուսանկարներու սեւանկարները (նեկաթիւները): Իւրաքանչիւր սնտուկի մէջ զանազան ժամանակներու սեւանկարներ կան՝ 1940-ականներէն մինչեւ 1970-ականները թուագրուած, որ թոռը 2008 թուականին գտած է իրենց բնակարանին մէջ:
Ընթացիկ տարուան մարտ ամսուն, «Գահիրէի լուսանկարչական շաբաթ» փառատօն-ցուցահանդէսին ընթացքին, Գեղամ Ճեղալեան կրտսերը իր անուանակից մեծ հօր լուսանկարներուն նուիրուած ցուցահանդէս մը կազմակերպած է՝ «Կազզէի լուսանկարիչ Գեղամ. Սնտուկը կը բացուի» խորագիրով:
Ցուցահանդէսը, որ գրաւած է չորս դահլիճ, նոր Կազզէ մը կը բանայ հանդիսատէսին առջեւ: Կազզէն, որ շատերու մտապատկերներուն մէջ Իսրայէլի ռմբակոծութենէն խեղդուած ծուխով քաղաք մըն է, հմայք ձեռք կը բերէ Գեղամ Ճեղալեանի լուսանկարներուն ընդմէջէն: Գեղամ իւրաքանչիւր դահլիճ կոչած է անունով մը՝ «Սթիւտիոն», «Կազզէի յիշատակը», «Zoom Call», եւ «Ընտանիքը»:
Քառասուն տարիներու ժամանակամիջոց մը ընդգրկող լուսանկարներուն ընդմէջէն, հանդիսատեսը կը վայելէ զանազան ժամանակներու փայլուն Կազզէն, որ պատերազմի պատճառով թերեւս կորսնցուցած է իր երբեմնի փառքը:
Մեծ հայր Գեղամի տեսախցիկը վաւերացուցած է քառասուն տարուայ պատմութիւն, ներկայացնելով քաղաքին ամենակարեւոր մշակութային, ընկերային, քաղաքական, պաշտօնական անցուդարձերը: Լուսանկարներուն մէջ ամենայայտնի մարդոց դիմանկարներէն մինչեւ ծովու ափին հանգստացող անծանօթ ընտանիքներ կան: Լուսանկարիչը ականատեսի ակնոցով նկարահանած է պատմական այնպիսի ժամանակաշրջաններ, ինչպէս՝ 1956-1967 թուականներու Բրիտանիոյ վերահսկողութեան շրջանը, Եգիպտոսի տիրապետութիւնն ու Իսրայէլի բռնագրաւումը:
Գեղամ Ճեղալեանի լուսանկարներէն կը տեղեկանանք, որ Կազզէն 20-րդ դարու կէսերուն ունէր օդակայան ու երկաթուղի: Կը գործէին պաղեստինեան ժողովրդական երգի խումբեր, ծովափը կը ճեմէին լողազգեստով կիներ, տեղի կ՚ունենային դիմակահանդէսներու երեկոներ՝ մեծ սիմֆոնիք նուագախումբի ընկերակցութեամբ: Նախքան Քրիստոս հիմնուած հնագոյն այս քաղաքը անցեալ դարու կէսերուն եւրոպական շունչով ապրող քաղաք մըն էր, քաղաքակրթութեան օրրան մը, որ կը գրաւէր օտարները:
Հայ լուսանկարիչի նկարները նաեւ ի յայտ կը բերեն քաղաքական գործիչներու եւ յայտնի անձնաւորութիւններու այցելութիւնները Կազզէ. ինչպէս՝ Չէ Կուարայի, հնդիկ քաղաքական գործիչ Ներուի, Եգիպտոսի նախագահ Էնվէր Սետաթի, Եգիպտոսի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Մուհամմէտ Նաճիպի, ամերիկացի դերասան Եուլ Պրայնըրի եւ շատերու այցը, որ լուսանկարած է Գեղամ Ճեղարեան:
Թոռնիկ Գեղամի տուած հարցազրոյցին ընթացքին, ան կ՚անդրադառնայ իր մեծ հօր, որ մահացած է իր ծնունդէն չորս տարի առաջ, բայց անոր պատմութիւնները յաճախ նիւթ դարձած են ընտանիքին մէջ։ «Հասկցայ այդ մարդուն արժէքը, երբ գիտցայ, որ ան Կազզէ քաղաքին առաջին լուսանկարիչը եղած է, եւ այստեղէն ալ սկսայ փնտռել իր արխիւը», կ՚ըսէ Գեղամ: Փնտռտուքը, ըստ թոռան, տեւած է մօտաւորապէս տասն տարի։ «Մեծ հայրս ունէր երկու որդի եւ աղջիկ մը: Հայրս, 60-ական թուականներուն, դեղագործութիւն ուսանելու նպատակով Եգիպտոս փոխադրուած է: Երեք կարմիր սնտուկները պատահաբար ճամբորդած են ընտանիքիս հետ տարիներ շարունակ», կը պատմէ Գեղամ, որ սնտուկները գտած է Եգիպտոսի իրենց բնակարանը եւ այդ սնտուկներու բովանդակութեամբ ալ կրցած է կազմակերպել այս արժէքաւոր ցուցահանդէսը:
Այն հարցումին, թէ այդ սնտուկներուն մէջ գտած է ի՞նչ արժանի լուսանկարներ, որոնց հիմամբ որոշած է կազմակերպել սոյն ցուցահանդէսը, Գեղամ կը պատասխանէ, թէ գտած լուսանկարները անձնական բնոյթ չունին, այլ կը ներկայացնեն մարդու մը ընդմէջէն քաղաքի մը ամբողջ պատմութիւնը՝ 40-ականներէն սկսեալ մինչեւ 70-ականներու վերջաւորութիւնը։ «Գեղամի սթիւտիոն 1944 թուականին նման էր լուսանկարչական ուսումնարանի՝ Կազզէի մէջ: Ան ունեցած է բազմաթիւ աշակերտներ, որոնք մինչեւ օրս, երբ կը լսեն մեծ հօրս անունը, անմիջապէս կը յիշեն զինք ու կը սկսին լալ», կը շարունակէ Գեղամ:
Գեղամ Ճեղալեան սովորական լուսանկարիչ մը չէր, այլ ունէր պատմաբանի եւ ժամանակը վաւերագրողի աչք: Ան կը նկարէր Կազզէն բնիկ կազզեցիի աչքերով, կը սիրէր անոր գեղեցիկ բնութիւնը, անցուդարձը:
Գեղամ Կազզէ քաղաքին պատկանող գրեթէ ամէն ինչ վաւերացուցած է: Թոռնիկը ցուցահանդէսին ընթացքին պատմած է, որ իր մեծ հայրը, եկուոր ըլլալով Կազզէի մէջ իսկական կազզեցի մըն էր եւ այդ ակնյայտ է իր նկարներուն մէջ: Ան մեծ նմանութիւն գտած էր իր տառապեալ կեանքին՝ փրկուած հայ մը, որ ստիպուած գաղթած էր երկրէ երկիր, եւ պաղեստինցի ժողովուրդին ու անոր կրած տառապանքներուն միջեւ: Այս իսկ պատճառով ան միաձուլուած էր Կազզէի եւ կապուած անոր, ինչպէս իր ծննդավայրին կապուած պիտի ըլլար:
Գեղամ իր տեսախցիկով վաւերացուցած է 1948 թուականի Պաղեստինի աղէտը, յիշելով իր ազգի տառապանքն ու գաղթականութիւնը: Ան այցելած է ճամբարները ու նկարահանած զանոնք, նաեւ մարդասիրական օգնութիւններն ու աշխատանքները: Լուսանկարիչը նաեւ վաւերացուցած է Իսրայէլի կատարած 1956 թուականի Խան Եունէսի ջարդերը, ապա 1964-1967 թուականներուն Պաղեստինի բանակին հիմնադրութիւնը:
Գեղամ սոսկ լուսանկարիչ-լրագրող մը չէ եղած, ան այս գործը ըրած է մարդկային առաքելութենէն դրդուած, առ ի գիտութիւն պատմութեան: Ան չէ կրցած լուռ մնալ ի տես կոտորածներուն ու ջարդերուն, ի տես անարդարութեան:
Թոռը կը շարունակէ պատմել իր մեծ հօր արկածախնդրութիւններուն մասին. Պաղեստինի պատմութիւնը հաւասարապէս իրենը նկատելով, ան կողմ էր Պաղեստինի դատին եւ ազգային անձնաւորութիւն կը համարուէր, նոյնիսկ 1967 թուականին համագործակցած է Եգիպտոսի բանակին հետ: Ան կրցած է, շարք մը այլ լուսանկարիչներու հետ, ձեռք բերել Իսրայէլի բանակի նկարները եւ զանոնք ուղարկել Եգիպտոսի անվտանգութեան գործակալութիւն: Ահա թէ ինչո՛ւ ան կոչուած էր «ֆիտայի լուսանկարիչ»: Արկածախնդրութիւն էր նաեւ այն, որ իր բնակարանի գաղտնի պատուհանէն, ծածկոցներու տակ պատսպարուած, նկարած է հրասայլերուն երթեւեկութիւնը:
Ցուցադրուած միւս լուսանկարները՝ գեղարուեստականօրէն լուսաւորուած սթիւտիոյի դիմանկարներ են՝ նախասելֆի դարաշրջանէն, երբ լուսանկարչատուն այցելելը առանձնայատուկ արարողութիւն էր:
Ըստ թոռնիկ Գեղամին, անոր մեծ հայրը թէ՛ արուեստագէտ էր եւ թէ արհեստագէտ: Ան կը վկայակոչէ ֆրանսացի փիլիսոփայ Ռոլան Պարթի խօսքերը, թէ ինչը կը կազմէ յաջող լուսանկարը՝ երկու ազդակ՝ «Սթոտիոմ եւ Փոնթեքոմ»ը: Առաջինը տեսանելի ազդակներն են. ինչպէս՝ լոյսը, տեսանկիւնը եւ այլն, իսկ երկրորդը՝ անտեսանելի ազդակն է, որ կը հասնի հանդիսատեսին սրտին, առանց խօսքի. «Այս է որ ես գտայ մեծ հօրս լուսանկարներուն մէջ», կ՚ըսէ Գեղամ:
Իսկ այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ ցուցահանդէսին կախուած լուսանկարներէն ոչ մէկը անուն ունի, Գեղամ կը պատասխանէ.
«Այո՛, ուզեցի, որ հանդիսատեսը ժամերով դիտէ իւրաքանչիւր նկար եւ վերնագիրը կարդալով չզբաղի»: Գեղամ կը մեկնաբանէ որպէս նորաձեւող եւ Փարիզի մէջ աշխատող, ըսելով, որ յաջողակ կը նկատուի այն պատկերը, որուն առջեւ դիտողը կը կենայ երեք երկվայրկեան. «Ցուցահանդէսին նպատակն է, որ լուսանկարը ըլլայ հերոսը, որ կը խօսի եւ ոչ թէ մեկնաբանութիւնը»:
Իսկ ինչ կը վերաբերի ցուցահանդէսի արձագանգին, ըստ Գեղամին անսպասելի էր: Ժողովուրդը մեծ հաճոյքով դիտած է լուսանկարները: Ան նոյնիսկ առաջարկներ ստացած է ցուցահանդէսը պտտելու եւ այս ցուցահանդէսով պիտի շրջի Ֆրանսան, Պելժիան, Բրիտանիան եւ այլ երկիրներ: Առաջարկ մը եւս, որ ստացած է Գահիրէի ցուցահանդէսի օրերուն՝ իր մեծ հօր կեանքին մասին գիրք գրել, կամ թերեւս զայն վերածել նաեւ շարժապատկերի:
Ցուցահանդէսին մեկնարկը Եգիպտոսէն, Գեղամին համար, առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ «Գահիրէի լուսանկարչական շաբաթը» արաբական տարածաշրջանի ամենէն կարեւոր լուսանկարչական անցուդարձն է։ «Ասիկա առիթ կ՚ընծայէ, որ հանդիպիմ լուսանկարներու սիրահարներու ու երկրպագուներու եւ լսեմ անոնց իսկական կարծիքը», կ՚ըսէ Գեղամ:
Ըստ Գեղամին, ցուցահանդէսը Եգիպտոսի մէջ կայացնելու պատճառներէն է նաեւ, որ շատ մը եգիպտացիներ այնքան ալ ճիշդ չեն ընկալեր Պաղեստինի հարցը, եւ որ ներկայ սերունդը չի գիտեր, թէ որքա՛ն մօտ էին Կազզէն ու Եգիպտոսը պատմական ժամանակաշրջանի մը, երբ տիկին Ճիհան Սետաթ` Եգիպտոսի նախագահ Էնվէր Սետաթի կինը, իր գնումները կ՚ընէր Կազզէէն:
Իսկ «Zoom Call» դահլիճի անուանակոչութեան մասին Գեղամ կը պատմէ, թէ մեծ հօր Կազզէի սթիւտիոյին մէջ, որ ներկայիս կը պատկանի այլ սեփականատիրոջ մը, տակաւին պահուած է արխիւը: Սակայն, անվտանգութեան պատճառներով, Գեղամ չէ կրցած այնտեղէն հանել նկարները, հետեւաբար Zoom-ի միջոցաւ ցուցադրած է զանոնք:
Թոռ Գեղամը մեծ յոյս ունի, որ մօտ ատենին պիտի կարենայ ամբողջացնել իր մեծ հօր արխիւը եւ դնել զայն համայն մարդկութեան տրամադրութեան տակ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024