ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՈԳԵՒՈՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան հո­վա­նիին տակ գոր­ծող «Ճէմ Քա­րա­ճա» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ թա­տե­րա­կան խան­դա­վառ ներ­կա­յա­ցում մը։ «Ույ­կուր» թա­տե­րա­խում­բին կող­մէ ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ «Փաթ­րոն չըլ­տըր­տը» ա­նուն խա­ղը, ո­րու բե­մադ­րիչն է Պի­րոլ Էն­կե­լէր։ Դե­րա­սան­նե­րու կար­գին կը գտնուի մեր հա­մակ­րե­լի ա­րուես­տա­գէտ­նե­րէն Գրի­գոր Տինչ­քա­յըք­ճը, որ այս առ­թիւ բե­մը կը բաժ­նէ Սե­զաի Այ­տը­նի, Ա­լեւ Օ­րա­լօղ­լուի, Պուր­ճու Թու­նա­յի, Էն­կին Ալ­փա­թէ­շի, Մե­լիհ Չար­տա­քի եւ Թայ­յէս Ֆար­զա­նի նման յայտ­նի ա­նուն­նե­րու հետ։

Ե­րէ­կուան ե­րե­կոյ­թը պա­տուեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, ո­րու կող­քին էին Տ. Սար­գիս Ա. Քհնյ. Գու­յում­ճեան եւ Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան։ Ներ­կայ էին նաեւ մեր հա­մայն­քէն բազ­մա­թիւ թա­տե­րա­սէր­ներ։

Նե­ժատ Ույ­կու­րի կող­մէ հե­ղի­նա­կուած խա­ղի ներ­կա­յաց­ման ա­ւար­տին հան­դի­սա­տես­նե­րը ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նե­ցին դե­րա­սան­նե­րը։

Ուրբաթ, Մայիս 27, 2016