ԻՆՉՊԷ՞Ս ԹԱԿԵԼ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ԴՈՒՌԸ
Յաջողութեան դուռը բոլորին առջեւ բաց է, բայց յաջողութեան տանող ճամբան իւրաքանիւր էակի համար տարբեր եւ ոլորապտոյտ է։ Ճանապարհորդ-յայտնագործ մարդը կեանքի խաչմերուկներուն մէջ կ՚երթեւեկէ, բազմաթիւ մարդոց դուռը կը զարնէ, յանձն առած գործին ինքզինք ամբողջապէս կը նուիրաբերէ, կը ձախողի, չի յուսահատիր եւ կրկին կը մաքառի, բայց արդեօք կը յաջողի՞…։
«Բախտաւոր մարդը միշտ յաջողութիւն կը գտնէ»։ Ժողովուրդի մտայնութեան մէջ կարծրատիպ դարձած խօսքն է սա, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ անբախտ ու անյաջողակ մարդուն հետ զուգորդուած եւ ինքնախաբէութեամբ պարուրուած մխիթարութիւն մը սոսկ։ Մինչդեռ իրականութեան մէջ կեանքէն դառնացած, ծոյլ ու յուսահատ մարդու մնայուն յանկերգն է, որ առաջին իսկ պահէն կը յանձնուի կեանքի անիրաւութեանց դիմաց՝ ինքզինք ապաշնորհ եւ անձեռնհաս որակելով։
Յուսահատ եւ դիւրաբեկ մարդը կը զլանայ վտանգներու կամ դժուարութիւններու տոկալ, որովհետեւ տեղի կու տայ նուազագոյն սպառնալիքներու եւ տուայտաքներու առջեւ, պարտուողականութեամբ կը համակերպի փոքր կարծուած անիրաւութեանց, կը հանդուրժէ սահմանափակ համարուող վնասները, շատ չանցած դէմ յանդիման գտնուելու շատ աւելի մեծ նեղութիւններու եւ տուժուածքներու, անդարմանելի աղէտներու եւ ողբերգական անակնկալներու։
Կեանքէն երկնչիլն ու յանձնուիլը մարդ անհատին մեծագոյն պատիժն ու չարիքը կը հանդիսանայ։ Կեանքի փորձութիւնները ըստ արժանւոյն դիմագրաւելու համար՝ անհրաժեշտ է զրահուիլ համբերատարութեամբ, հնարամտութեամբ, լաւատեսութեամբ, արիութեամբ, կորովով, փորձառութեամբ…։ Իսկ անվեհերութիւնը եւ պայքարը անգնահատելի բարիք են, զոր մարդս կը դարձնեն աւելի տոկուն ու վարժ՝ ժուժկալ կեանքի, զրկանքներու, միանգամայն պատրաստ՝ աւելի դաժան օրերու եւ աւելի վատ անակնկալներու։
Կեանքը միշտ ալ վարդագոյն թելերով հիւսուած չէ, տեւաբար պայծառ դիմագիծով չի ներկայանար, միմիայն յաջողութեամբ եւ ուրախութեամբ չի բնորոշուիր, ամէն քայլափոխի կամ անկիւնադարձի ներբողներ ու գնահատականներ չեն սպասեր մեզի...։ Պէտք է համոզուինք, թէ մեր երջանկութիւնը ու յաջող գոյերթը պայմանաւորուած են այն անյեղլի ճշմարտութեամբ, որ կեանքը որպէս երկարաժամկէտ ու դժուար արգելարշաւ կ՚ընդունի, եւ ոչ՝ կարճատեւ եւ հեշտ մրցավազք, որուն արդիւնքով ջանադիրներ եւ ձեռներէցներ միայն կը յաղթանակեն ու մեծ նուաճումներ կ՚արձանագրեն։
Հոգեբանական տեսանկիւնէն երբ դիտարկենք, յաջողութեան առաջին գրաւականը ներքին տրամադրուածութիւնն է, որ միաժամանակ միտքի ու յոյզերու ներդաշնակութիւն է: Շատերու մօտ կայ այն թիւր ըմբռնումը, թէ միայն միտքն է, որ մարդս գործի կը մղէ եւ զինք կեանքին նկատմամբ աւելի մարտունակ կը դարձնէ ու կը գօտեպնդէ։ Սակայն հոգեբաններ դիտել տուած են, որ երբ մտքերու եւ յոյզերու միջեւ անհամաձայնութիւն մը գոյանայ, այդ ժամանակ յոյզերը կը յաղթանակեն։
Յոյզերը զօրաւոր ուժ կը պարունակեն եւ այդ ուժականութեամբ մարդու կշիռքի նժարը իրենց կողմը կը քաշեն: Յոյզերը ի վիճակի են որոշակի իրադարձութիւններ ներքաշելու մարդու կեանք, դրական յոյզերը՝ լաւ, բացասականը՝ վատ: Այդ է պատճառը, որ ընկճուած եւ ջղային մարդոց կենսընթացին անյաջողութիւններն ու դժբախտութիւնները յաճախակի բնոյթ կը կրեն։ Մարդ կրնայ բազմաթիւ ցանկութիւններ ունենալ, իսկ երբ յոյզերը անհաղորդ կը մնան այդ բոլորէն, ապա ցանկութիւնը մտքերու ոլորտին մէջ կ՚արգելափակուի: Յոյզերը իրենց մէջ բովանդակող եռանդով կենդանութիւն կու տան մարդուն ներսիդին գտնուող ցանկութեանց ու ձգտումներուն, ինչպէս նաեւ մարդուն թոյլ կու տան, որ ան իր կեանքին մէջ առարկայի կամ երեւոյթի մը առկայութիւնը զգայ։ Ահա այդ զգացողութիւնն է, որ մեզի հնարաւորութիւն կու տայ ձգտիլ ու հասնիլ մեր նպատակներուն՝ յաղթահարելով ամէն տեսակի դառնութիւններ, փորձութիւններ եւ արգելակումներ:
Յաջողութեան հասնելու համար մարդ պէտք է համոզում ունենայ, որ իր նպատակին անպատճառ կը հասնի: Յաջողութեան հանդէպ հաւատքի բացակայութիւնը կը թուլացնէ նաեւ յոյզերու ազդեցութիւնը: Խուսափելու համար ոչ ցանկալի հանգուցալուծումներէն, մեր մտապաստառին վրայ նախօրօք պէտք չէ բեմագրութիւններ գրել եւ նախատրամադրուածութեամբ լեցուիլ։ Մեր «բեմագրած թատրերգութիւնները» սովորաբար ձախողութեան կը մատնուին, որովհետեւ ցանկութիւնները առհասարակ մեր «բեմագրութեանց» համաձայն չեն իրականանար, այլ՝ տիեզերական օրէնքներու: Նման մտայնութիւն ունեցող թուլակամ մարդիկ երբ տեսնեն, որ իրենց նախատեսածը յաջողութեան չէ հասած եւ կամ չէ իրագործուած, այն ատեն բացասական տրամադրուածութեան հոգեվիճակներու մէջ կ՚իյնան եւ կը հրաժարին իրենց նպատակէն՝ իրենք զիրենք ձախող եւ անպէտք համարելով։ Մինչդեռ թուացեալ անյաջողութեան մէջ անգամ պէտք է նպատակին հասնելու ճանապարհին տանող դրական տարրեր գտնել, ինչպէս որ ըսուած է, թէ «Այն ինչ որ թրթուրին համար մահ է, թիթեռնիկին համար ծնունդ է»:
Սեփական կարողութեանց հանդէպ թերահաւատութեան արմատները, ըստ ակնառու մանկավարժներու, մեր մէջ մանկութեան տարիներէն ձեւաւորուած կ՚ըլլան։ Նարկիզական (narcissist) բնաւորութեամբ ծնողներու կողմէ դաստիարակուած երախաները դժբախտաբար իրենց անձին մասին բացասական կարծիք ունին։ Մանկութեան հասունացման ու զարգացման իւրաքանչիւր փուլի ընթացքին ծնողներու կողմէ բացասական գնահատանքի արժանանալով` մանուկը կը սկսի վաղ հասակէն հարցականի տակ դնել իր անձն ու կարողութիւնները: Երբ մայրն ու հայրը իրենց երախան չեն ոգեւորեր եւ իր ինքնագնահատականը չեն բարձրացներ, այլ ընդհակառակը, երախային իրենց կամքն ու կարծիքը կը պարտադրեն` հաշուի չառնելով երախայի կամքը, այդ ժամանակ մանուկը իր սեփական ուժերուն, ձիրքերուն հանդէպ շարունակական թերահաւատութեան զգացումով կը մեծնայ: Նմանատիպ ծնողներ, երբ իրենց զաւակներու ենթագիտակցութեան մէջ կ՚արմատաւորեն անոնց «անճարակ» ըլլալու հանգամանքը, այն ատեն ապագայ երիտասարդը իւրաքանչիւր որոշումի եւ մարտահրաւէրի դիմաց հալածախտային նախածրագրաւորուած տրամադրուածութեամբ ինքզինք կը քննադատէ՝ կասկածի տակ առնելով իր կարողութիւններն ու շնորհքները։
Ժոզէֆ Ատտիսըն խօսելով յաջողութեան հասնելու բանալիին մասին՝ կ՚ըսէ. «Եթէ կ՚ուզէք ձեր կեանքի ընթացքին յաջողութեան հասնիլ, յամառութիւնը ձեր լաւագոյն ընկերը դարձուցէք, փորձը՝ իմաստուն խորհրդական, զգուշութիւնը՝ աւագ եղբայր, իսկ յոյսը՝ պահապան հրեշտակ»։ Յաջողութիւնը վերջնական ու մնայուն չէ, իսկ ձախորդութիւնը եւ պարտութիւնը ճակատագրական չեն։ Պէտք է քաջութիւն ու յարատեւութիւն ունենաս իւրաքանչիւր նպատակիդ ու գործիդ մէջ եւ հաւատք՝ քու իսկ ուժերուդ նկատմամբ։ Ձախողած գործիդ կրկի՛ն սկսէ, կրկի՛ն փորձէ եւ պիտի յաջողիս։ Յոռետեսութիւնը ոճրագործ մըն է, որ կը սպաննէ ամէն փափաք ու ձեռնարկ, իսկ անյաջողութեանդ վերջին աստիճանը՝ յաջողութեանդ առաջին աստիճանն է։ Միշտ իմացիր, որ չկայ ճշմարիտ յաջողութիւն առանց մոլորութիւններու եւ սխալներու։ Կրնաս ձախողուած աշխատանքիդ դարձեալ սկիզբէն սկսիլ, բայց նոյնիսկ առանց դէպի անցեալ վերադառնալու ու գործիդ մեկնարկը վերադիտարկելու. կրնաս հիմա տարբեր հնարամտութեամբ մեկնարկել ու շարունակել գործդ, բայց աւարտը ամբողջապէս փոխակերպել: Թոմաս Ուոթսըն կ՚ըսէ. «Եթէ կ՚ուզէք աւելի շատ յաջողութիւններու հասնիլ, ձեր անյաջողութիւններու քանակը կրկնապատկեցէք»։
Յաջողութեան եթէ հասած ես, ուրեմն՝ անտարակոյս յաջողութեան թշնամիներ ալ ունեցած ես եւ ցայսօր ունիս։ Յաջողութիւնը շատերու համար եղած է չարիքի աղբիւր, թշնամութիւններու եւ հակամարտութիւններու բացուող դարպաս։ Իրենց կամքէն ու նկրտումներէն դուրս ոչ մէկ ցանկութիւն ու ձգտում ճանչցող եսապաշտ-ինքնակեդրոն նման գոյակներ կը յաւակնին եւ կը յոխորտան, թէ իրենց շուրջ ընթացող կեանքը կը տնօրինուի լոկ իրենց փափաքներու համաձայն, իրենց հեռանկարներուն յարմարող ուղիով։ Այսօրինակ մարդուկներ դէմ կ՚արտայայտուին ամէն դիրքորոշումի կամ մտածումի, որ չի համընկնիր իրենց դաւանած սկզբունքներուն եւ գաղափարներուն, կտրականապէս կը մերժեն որեւէ առաջարկ, որ չի ծառայեր իրենց շահերուն ու ծրագիրներուն։ Կը խնդան կեղծ ժպիտով, կ՚ողջագուրուին պիղծ համբոյրներով ու մարդոց կը ներկայանան պատիր դիմակներով։ Իրենց նմանակիցին ընկրկումն ու նահանջը կ՚ոգեւորէ, կը յուսադրէ զանոնք, իսկ անոնց յառաջխաղացքը կամ վերելքը՝ կը մտահոգէ, կ՚անհանգստացնէ այդ թշուառ արարածները։
Սուրբ Օգոստինոս կ՚ըսէ. «Առանց Աստուծոյ մենք չենք կրնար, իսկ առանց մեզի Աստուած ի՛նք պիտի չընէ»։ Օգոստինոսի այս կարճ, եւ սակայն իմաստալից բառերը օգտագործելով, կրնանք ըսել, թէ առանց երկնքի միջամտութեան, առանց երկնաէջ անձրեւին ու երկնապարգեւ արեւին, մէկ խօսքով, առանց Աստուծոյ՝ մենք չենք կրնար հաց պատրաստել եւ յաջողութեան հասնիլ։ Ինչպէս հացագործին աշխատանքին յաջողութիւնը կախեալ է երկնաէջ անձրեւէն ու երկնապարգեւ արեւէն, այնպէս ալ մեր յաջողութիւններն ու ձեռքբերումները կախեալ են երկնաէջ Հացէն՝ Քրիստոսէ (Հմմտ. Յհ 6.51)։ Հացագործը իր ամբողջ յոյսը կը դնէ երկնքին վրայ։ Ան գիտէ, որ առանց երկնքին դատապարտուած է ձախողութեան եւ սնանկութեան։ Ուստի, երբ Քրիստոս ինքզինք հաց կը կոչէ, իրականութեան մէջ, մեր անձերը իր Անձէն կախեալ ըլլալն է, որ կը հրապարակէ։ Քրիստոս Ինքզինք հաց կոչելով՝ կապ մըն է, որ ստեղծած կամ հաստատած կ՚ըլլայ երկնքին ու երկրին միջեւ։ Ինչպէս նիւթական հաց պատրաստողները իրենց հայեացքը մի՛շտ դէպի երկինք կը սեւեռեն, այնպէս ալ աննիւթական Հացը փնտռողները, իրենց հայեացքը պէտք է Քրիստոսի վրայ սեւեռեն։
Իմաստութեամբ եւ բանականութեամբ մեծամեծ իրագործումներ կատարողներ, յաջողութեան հասած մեծահարուստներ պէտք չէ ուրանան զԱստուած, որ այդ բոլորին ետին կանգնողն ու այդ բոլորը յաջողութեամբ պսակողն է։ Յաջողակ մարդը երբ իր կատարած մեծ գործերով կը հպարտանայ՝ իր անձն է որ փառաբանած կ՚ըլլայ, մինչ անդին, քրիստոնեայ մարդը իր կատարած գործերուն մէջ Աստուծոյ գործակցութիւնն ու միջամտութիւնն է որ կը տեսնէ, եւ փառքը միայն փառքի Թագաւորին՝ Քրիստոսի կը յատկացնէ։ Եթէ գիտութեան հետամուտ եղող մարդը իր կարողութիւնները ի գործ կը դնէ հասկնալու համար հիմնադրութիւնը այս աշխարհին, ապա, քրիստոնեայ մարդը կոչուած է իր հաւատքը օգտագործելու, հասկնալու համար ո՛չ թէ հիմնադրութիւնը այս աշխարհին, այլ՝ Հիմնադիրը, Ապրեցնողը, Հայթայթիչը, Տէրն ու Տիրականը այս աշխարհին։
Երիտասարդ մը իր ուսուցիչին՝ Սոկրատին կը հարցնէ, թէ յաջողութեան գաղտնիքը ի՛նչ է։ Երիտասարդին հարցին պատասխանելու համար՝ Սոկրատ անոր կ՚առաջարկէ յաջորդ առաւօտ՝ գետի ափին իրեն հանդիպիլ։
Յաջորդ օր երբ կը հանդիպին, Սոկրատ երիտասարդէն կը խնդրէ, որ ան ջուր մտնէ։ Լսելով Սոկրատին խօսքը, ջուր կը մտնէ, սակայն Սոկրատ կը սկսի խեղդել զինք եւ շարունակ ջուրին տակ պահել։ Տղան կը փորձէ ջուրէն դուրս գալ, բայց անոր բոլոր ջանքերը ապարդիւն կ՚ըլլան։ Սոկրատ զինք այնքան ջուրին տակ կը պահէ, որ ան կը սկսի կապտիլ: Ապա ազատ կը ձգէ երիտասարդը։ Երբ ան ջուրի մակերես կ՚ելլէ՝ խոր շունչ մը կը քաշէ։
-Երբ ջուրին տակն էիր, ամենաշատը ի՞նչ կ՚ուզէիր,- հարց կու տայ Սոկրատես երիտասարդին։
-Օդ.- կը պատասխանէ տղան:
-Ահա ա՛յս է յաջողութեան գաղտնիքը։ Ինչպէս որ խեղդամահ ըլլալուդ ժամանակ կ՚ուզէիր օդին հասնիլ, նոյնպէս ալ երբ յաջողութեան հասնիլ կ՚ուզես՝ անպայման կը հասնիս։ Յաջողութեան հասնելու համար՝ այլ գաղտնիք մը չկայ,- կը պատախանէ Սոկրատ։
Սիրելի՛ ընթերցող, յաջողութիւնը երկա՜ր ճանապարհ է։ Այդ հազար մղոն երկարութեամբ ճամբան առաջին քայլէդ կը սկսի, որով պայմանաւորուած են փոքր յաջողութիւններդ ու նուաճումներդ։ Այդ ճանապարհորդութեան մէջ տեսակաւոր դռներ կը թակես, որոնք երբեմն խափուսիկ կ՚ըլլան, իսկ երբեմն՝ իսկական յաջողութեան տանող ճանապարհ։ Այդ դռները մերթընդմերթ թակարդալի են, որոնք միաժամանակ քեզ ձախողութեան, խոչընդոտներու եւ վտանգի կ՚ենթարկեն։ Մի՛ վախնար սխալ կատարելէ, այլ վախցիր նոյն սխալը կրկնելէ։
Յայտնի փիլիսոփայ մը ըսած է. «Պայքարելով՝ մարդուն համար պարտութիւն կրելը ամօթ բան մը չէ։ Կարեւորը պայքարիլն է, եւ ոչ թէ յաղթութեան յաջողութիւնը»։ Առ այդ, տաղանդը չէ որ կը յաջողցնէ, այլ՝ յարատեւութիւնը։ Մտքիդ պահարանի մէկ անկիւնին վրայ զետեղէ այն համոզումը, թէ կամքը, աշխատասիրութիւնը ու նպատակասլացութիւնը՝ երեք ձիրքեր են, որոնցմով մարդը թէ՛ ծովի եւ թէ հողի վրայ վստահ կը յաջողի։ Մեծ յաջողութիւններդ փոքր յաջողութիւններէդ կախեալ են, քեզի կը մնայ աննկուն կամքով եւ աներեր հաւատքով յարատեւել այդ երթուղիին վրայ…։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ