ԹՈՓԳԱԲՈՒՑԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Թոփգաբուի ընտանիքը երէկ խանդավառ օր մը ապրեցաւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ։ Համանուն սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս հաւաքը տօնական մթնոլորտի մը մէջ համախմբեց թէ՛ շրջանաւարտները եւ թէ դպրոցի վաստակաւոր կրթական մշակները։ Միութեան ատենապետուհի Նատին Թաշ, դպրոցի հիմնադրի ներկայացուցիչ Եգուարդ Հարփութ, տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան, նախկին տնօրէնուհիներէն Անի Աքշեհիրլի, վաստակաւոր ուսուցչուհի Էլմաս Պոզ հանդէս եկան սրտի խօսքերով։ 25-ամեայ եւ 50-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտներուն յանձնուեցան յուշանուէրներ։

Հաւաքոյթի ընթացքին յատկապէս ընդգծուեցաւ, որ յաջորդ տարի պիտի նշուի Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի հիմնադրութեան 200-ամեայ յոբելեանը։

Երկուշաբթի, Մայիս 27, 2019